Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ս. Գրիգոր Տաթեւացի, իր «Ոսկեփորիկ» գիրքին մէջ, կը պատասխանէ «անհաւատ»ներու հարցումները, մանաւանդ անոնց՝ որ կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս միայն «սուրբ մարդ» էր։

Այս հարցումներուն կարգին է՝ թէ Քրիստոս իբրեւ մա՞րդ յարութիւն առաւ։ Ուստի Տաթեւացի կ՚ըսէ, թէ՝ «իբրեւ մարդ» խօսքն իսկ ցոյց կու տայ, որ Քրիստոս ըստ էութեան Աստուա՛ծ է, բայց մարմնով «իբրեւ մարդ» ծնաւ եւ «իբրեւ մարդ» ապրեցաւ։ Ուստի, մարգարէներ, առաքեալներ, աւետարանիչներ եւ սուրբ հայրեր կը վկայեն ու կը հաստատեն, թէ՝ Քրիստոս ճշմարիտ Աստուած է։

Կան ոմանք որ կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս «իբրեւ մարդ» յարութիւն առաւ։ Այս մասին Տաթեւացին սապէս կ՚ըսէ.

«Այժմ խօսինք Քրիստոսի յարութեան մասին։

«Նախ առնենք քու գայթակղութիւնդ, որ կ՚ըսես, թէ իբրեւ մարդ յարութիւն առաւ, իբր ուրիշէն յարութիւն առաւ Քրիստոս, իբր թէ Հայրը կամ Սուրբ Հոգին մեռելներէն յարութիւն պարգեւեց Քրիստոսին։

«Ո՜վ դուն մեկնիչ, չլսեցի՞ր Տիրոջմէն, որ կ՚ըսէր.- Իշխանութիւն ունիմ իմ անձը գնելով։ Այսինքն՝ ենթարկուելու մահուան, եւ իշխանութիւն ունիմ բարձրանալու. (ՅՈՎՀ. Ժ 18), այսինքն՝ յառնելու գերեզմանէն։

«Ինչպէս ինքն իր կամքով եկաւ չարչարուելու եւ մեռաւ, եւ ինքն ի՛ր կարողութեամբ յարութին առաւ։

«Եւ դարձեալ կ՚ըսէր.- Մարդու Որդին պէտք էր յանձնուէր մեղաւոր մարդոց ձեռքը, պէտք էր խաչուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր. (ՂՈՒԿ. ԻԴ 7)։ Եւ դարձեալ հրեշտակը իւղաբեր կիներուն կ՚ըսէր.- Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք։ Հոս չէ՛ ան. յարութի՛ւն առաւ. (ՂՈՒԿ. ԻԴ 5)։ Ինչո՞ւ չըսաւ, թէ՝ յարութիւն ստացաւ, այլ թէ՝ յարութիւն առա՛ւ։ Նաեւ առաքեալն ալ բազմաթիւ տեղեր կ՚ըսէ.- Հայրը անոր յարութիւն պարգեւեց մեռելներէն, նաեւ՝ Հոգին. (հմմտ. ՀՌՈՄ. Ժ 9, Ա ԹԵՍ. Ա 10)։ Այս իսկ պատճառով կ՚ըսէ, որ երեք անձերու ներգործութեամբ՝ որ Հօր, Որդիի եւ Հոգիի ներգործութիւնն ու կարողութիւնը նո՛յնն է, որով՝ եթէ կ՚ըսուի, որ Հայրը կամ Սուրբ Հոգին յարութիւն պարգեւեց Որդիին, ապա այդ միեւնոյն կարող զօրութիւնն է, որուն շնորհիւ ինքը յարութիւն առաւ, որով Հայրը երբ յարութիւն կու տայ, նոյնն է նաեւ Ս. Հոգինն ներգործութիւնը։

«Այլեւ երբեմն պատիւը կը վերապահուի Հօր, որ պատճառն ու սկիզբն է, եւ այդ պատճառով կ՚ըսուի, թէ Հայրն է որ յարութիւն տուաւ Քրիստոսի։

«Սա պէտք է հասկցուի, որ Քրիստոս յարութիւն առաւ ո՛չ թէ անկատար յարութեամբ, այլ՝ կատարեա՛լ։

«Եւ ասիկա որո՛շ է։ Նախ՝ քանի որ Հռոմէացիներուն ուղղուած նամակին մէջ Առաքեալը կ՚ըսէ, թէ. Քրիստոս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, այսուհետեւ չի մեռնիր եւ մահը իրեն այլեւս չի տիրեր. (ՀՌՈՄ. Զ 9)։

«Երկրորդ՝ Եբրայեցիներու ուղղուած նամակին մէջ կ՚ըսէ.- Ինչպէս իւրաքանչիւր մարդ մէկ անգամ կը մեռնի, եւ մահէն յետոյ դատաստան կայ, այդպէս ալ Քրիստոս մէր մեղքերը անարգելու համար մէկ անգամ մեռաւ. (ԵԲՐ. Թ 27)։ Բայց երկրորդ անգամ պիտի գայ մարդոց դատաստանին եւ հատուցմանը համար։

«Երրորդ՝ մէ՛կ անգամ մեռնելով՝ մարդոց համար կատարեալ փրկութիւն ըրաւ. այդ պատճառով երկրորդ անգամ չի մեռնիր, ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ։

«Չորրորդ՝ քանի որ Քրիստոսի յարութինը պատճառն է բոլոր մարդոց, որովհետեւ.- ան մեռելներու անդրանիկն է եւ ննջեցեալներու պտուղը. (ԿՈՂ. Ա 18), եւ.- ինչպէս Ադամով բոլորը մեռան, այդպէս ալ Քրիստոսով բոլորին կեանք եւ յարութին տրուեցաւ. (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 22), կ՚ըսէ Կորնթացիներուն յղած նամակին մէջ Առաքեալը։

«Արդ, պէտք է, որ պատճառը կատարեալ ըլլայ յարութեամբ, որպէսզի մենք ալ անով կատարեալ յարութիւն ունենանք։

«Գիտնալու է, որ եօթը թերութիւններ կան, որոնք կը վերնան մեր յարութեան ժամանակ. երեքը հոգիինն են, իսկ չորսը՝ մարմինինը։ Այս թերութիւնները ո՛չ թէ յարութենէն յետոյ վերցուեցան Քրիստոսի մէջ, ինչպէս կ՚ըսեն հերձուածողներէ ոմանք, այլ յղութեան պահէն իսկ, երբ Սուրբ Հոգիի միջնորդութեամբ Բանը մարմին եղաւ եւ Բանական Հոգիի նոյն մասն ու մարմինը միացան եւ աստուածացաւ Կոյսի արգանդին մէջ։ Եւ յայտնի է, որ տգիտութիւնը, մոռացումը եւ տրտմութիւնը վերացան Բանական հոգիէն, քանի որ ուրախութիւն եղաւ երկինքի եւ երկրի համար։ Ուրեմն ինքը տրտմութիւն չունէր։

«Եւ դարձեալ կ՚ըսէ.- Հայրս ամէն ինչ տուած է ինծի, եւ ո՛չ ոք կը ճանչնայ Որդին՝ բացի Հօրմէն, եւ ո՛չ ոք կը ճանչնայ Հայրը՝ բացի Որդիէն, կամ բացի անկէ՝ որուն յայտնել ուզէ Որդին. (ՄԱՏԹ. ԺԱ 27)։

«Մարմնի փառքը աստուածանա՛լն էր, որ յղութեան պահուն եղաւ, ո՛չ թէ երբ մկրտը-ւեցաւ կամ յարութիւն առաւ, այլ երբ Կոյսէն Էմմանուէլ ծնաւ, այսինքն՝ մարդացաւ Աստուած։ Եւ հրեշտակը կ՚ըսէր.- Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է. (ՂՈՒԿ. Բ 11)։

«Աստուածութիւնը ծածկուած էր մարմնի մէջ մինչեւ մկրտութիւնը, որ Հայրը վկայեց եւ Հոգին իջաւ Քրիստոսի վրայ։ Յետոյ քարոզեց եւ հրաշքներ գործեց հաւատացեալներու համար եւ մինչեւ խաչ ու յարութիւն քօղարկուեցաւ թշնամիներու եւ անհաւատներու համար.- որպէսզի անգղին աչքը զանիկա չտեսնէ. (ՅՈԲ. ԻԸ 7), ինչպէս կ՚ըսէ Յոբ։

«Ապա, յարութենէն յետոյ, երբ կատարեց տնօրինութինը, փրկեց մարդոց հոգիները եւ իր հետ յարութիւն պարգեւեց։ Եւ երբ իր մէջ ծածկուած մարմնի աստուածութիւնը յայտնուեցաւ եւ յարութենէն յետոյ այնպէս փառաւոր մարմնով երեւաց աշակերտներուն, ինչպէս Թաբոր լերան վրայ։ Իսկ անոնք, որ Թաբոր լերան վրայ չէին տեսած, տարակուսեցան եւ անստուգութեան մատնուեցան՝ երբ յարութենէն յետոյ տեսան։ Եւ այդ պատճառով՝ անոնց տարակուսանքը հաստատեց Յիսուս եւ ըսաւ.-

«Ի՞նչ իրար անցեր էք եւ ինչո՞ւ կասկածներ կ՚ունենաք ձեր միտքերուն մէջ։ Նայեցէ՛ք ձեռքերուս եւ ոտքերուս. նոյնինքն ե՛ս եմ։ Շօշափեցէ՛ք զիս եւ պիտի տեսնէք որ միս ու ոսկոր ունիմ, բան մը՝ ոգին չ՚ունենար. (ՂՈՒԿ. ԻԴ 38-39)։

«Քանզի փոփոխութիւնները մեր մարմիններու եւ հոգիներու հետ պիտի կատարուի յարութենէն յետոյ, սակայն Քրիստոսի հետ միաւորուելու ժամանակ փոփոխութիւն չկար եւ չեղաւ եւ ո՛չ ալ յաւիտենական պիտի ըլլայ ո՛չ խօսքով, ո՛չ հոգիով եւ ոչ ալ մարմնով, ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ Եբրայեցիներուն յղուած նամակին մէջ.-

«Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է միշտ. երէկ, այսօր եւ յաւիտեան. (ԵԲՐ. ԺԳ 8)։

«Երէկ, այսինքն՝ անցեալի մէջ, այսօր՝ ներկայիս եւ յաւիտեան՝ հանդերձեալ կեանքին մէջ։

«Եւ ինչպէս Մարգարէն կ՚ըսէ Յիսուսի համար.-

«Սակայն դուն նո՛յնն ես, եւ քու տարիներդ չեն պակսեր. (ԵԲՐ. Ա 12)։

«Քրիստոս ո՛չ այլայլելի, ո՛չ փոփոխելի է…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 22, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2017