ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՉԻՆԱՍՏԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կը մեկ­նի Փե­քին, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սի Ծին­փի­նի կող­մէ։ Հա­յաս­տան-Չի­նաս­տան բարձր մա­կար­դա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան Փե­քի­նի մէջ, ուր նա­խա­տե­սուած է նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ շարք մը ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման ու զար­գաց­ման ուղ­ղեալ փաս­տա­թուղ­թե­րու ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն։

Այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած են նաեւ Սերժ Սարգ­սեա­նի հան­դի­պում­նե­րը Չի­նաս­տա­նի Ժո­ղովր­դա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հա­մա­չի­նա­կան ժո­ղո­վի մշտա­կան կո­մի­տէի նա­խա­գահ Ճանկ Տը­ծեա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի Վար­չա­պետ Լի Քե­ցեա­նի հետ։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան կը հիւ­րըն­կա­լուի նաեւ Փե­քի­նի հա­մալ­սա­րա­նէն ներս, ուր հան­դէս կու գայ ե­լոյ­թով մը։

Դէ­պի Չի­նաս­տան պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս Սերժ Սարգ­սեան շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի մաս­նակ­ցի նաեւ Ա­սիոյ հե­ղի­նա­կա­ւոր Պուա­յո­յի մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վին։

Միւս կող­մէ, Փե­քին ու­ղե­ւո­րուե­լէ ա­ռաջ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ մէկ­տե­ղուե­ցաւ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տիու­ժա­յի եւ ՀԱՊԿ-ի Միա­ցեալ սպա­յա­կոյ­տի պետ զօ­րա­վար Ա­լեք­սանտր Սթու­տե­նի­քի­նի հետ։  Ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան։ Զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին ՀԱՊԿ-ի շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ա­ռանձ­նա­պէս ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք ՀԱՊԿ-ի հա­ւա­քա­կան խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու հա­մա­տեղ զօ­րա­վար­ժու­թեան նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քը։ Կող­մե­րը կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան նաեւ Կով­կա­սի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015