կարծախ գիւղին մէջ Աշուղ Ջիւանիի Տօնը եւ Նոյնանուն Թանգարանի Բացումը
Կարծախ գիւղին մէջ, Օգոստոսի 27-ը, նշանաւոր դարձաւ Ջիւանիի տուն-թանգարանի բացումով: Նախորդ տարի բացուած էր թանգարանին ցուցասրահը, իսկ այս տարի բացուեցաւ յուշային մասը: Տօնական օրը սկսաւ գիւղի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով:
Հանդիսապետութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Տ. Բաբգէն Վարդապետ Սալբիեանի եւ մասնակցութեամբ՝ Ախալքալաքի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Տ. Տաթեւ Քահանայ Մարուքեանի, օրուան պատարագիչն էր Կարծախ գիւղի հոգեւոր հովիւ Տ. Տիգրան Քահանայ Մխիթարեան: Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ռուբէն Մատթէոսեան, Ջիւանիի տուն-թագարանի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սօս Սահակեան, Ջիւանիի տուն-թանգարանի գործադիր տնօրէն Աշոտ Յակոբեան, Ախալքալաքի Շրջանային վարչութեան մշակոյթի բաժինի ղեկավար Վալերի Ստելմաշով, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան ուսումնարանի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան եւ այլք:
Ըստ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան մամլոյ դիւանին, յաւարտ Ս. Պատարագի` հիւրերը այցելեցին նոր կառուցուած եւ բարեկարգուած Ջիւանիի տուն-թանգարան եւ մասնակցեցան բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, մշակոյթի գործիչներ եւ այլ հիւրեր:
Այնուհետեւ, գիւղի յարակից բլուրին վրայ, տեղի ունեցաւ դաշտահանդէս եւ հիւրասիրութիւն: