ԿԵԱՆՔԷՆ ՀԵՌԱՑԱՒ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ԱՆՏՈՆ ԱՂԱՅԵԱՆՑ
Երեւանի մէջ 77 տարեկանին մահացած է բեմադրիչ, Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Փրոֆ. Անտոն Աղայեանց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Անտոն Աղայեանցի թաղման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ այսօր։
Անտոն Աղայեանց ծնած է Լենինկրատի մէջ (Սեն Փեթերսպուրկ)։ Ուսանած է Երեւանի Գեղարուեստաթատերական կաճառին մէջ, ապա ուսումը շարունակած է Լենինկրատի Թատերական արուեստի ակադեմիայէն ներս։
1963 թուականին աշխատած է Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան մէջ։ Հեռուստաթատրոնին մէջ բեմադրած է զանազան թատերախաղեր։ Ան դասաւանդած է Երեւանի Թատրոնի եւ շարժանկարի պետական կաճառին եւ Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ։
Ան ամուսինն է հաղորդավար, դերասանուհի Նոննա Զոտովայի։
Հռչակաւոր բեմադրիչ Անտոն Աղայեանցի մահուան տխուր առթիւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր մը յղեց։
«Նշանակալի է Անտոն Աղայեանցի աւանդը հայ թատերարուեստի, մասնաւորապէս՝ հեռուստաթատրոնի զարգացման գործին մէջ։ Անոր բեմադրած ներկայացումները ջերմութեան ընկալուած են հանդիսատեսին կողմէ։ Գնահատելի է նաեւ վաստակաշատ բեմադրիչի երկարամեայ մանկավարժական գործունէութիւնը՝ ուղղուած արուեստագէտներու նոր սերունդի դաստիարակութեան։
«Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Անտոն Աղայեանցի ընտանիքին, հարազատներուն, մերձաւորներուն եւ գործընկերներուն», գրուած է Սերժ Սարգսեանի ցաւակցականին մէջ։