ԱՇՈՒՂ ՇԵՐԱՄԻ 160-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՓԱՌԱՏՕՆ

«Շիրակի էսքիզներ» հանրապետական պարային 4-րդ մրցոյթ-փառատօնի կալա-համերգը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբերի 28-ին, Կիւմրիի տրամաթիքական թատրոնի դահլիճին մէջ։ Սոյն ձեռնարկը նուիրուած է ժամանակակից գուսանական երգարուեստի սկզբնաւորող աշուղ Շերամի 160-ամեակին: Փառատօնի մասնակից իւրաքանչիւր համոյթ պարտադրաբար պէտք է բեմադրէ նոր պարային կատարում մը՝ Շերամի երաժշտութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այդ նպատակով Կիւմրիի մէջ կ՚ըլլան «Շիրակի էսքիզներ» հեռուստափառատօնի նախորդ երեք եթերաշրջաններուն մրցանակային տեղեր զբաղեցուցած բոլոր պարային համոյթներու գեղարուեստական ղեկավարները՝ Հայաստանի 4 մարզերու 9 համայնքներէն եւ մայրաքաղաք Երեւանէն: «Շիրակի էսքիզներ»ու մրցութային հատուածին կը մասնակցին Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալող մանկապատանեկան պարային խումբերն ու համոյթները: Մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ երեք տարիքային խումբերու մէջ՝ 8-12 տարեկաններ, 12-16 եւ 16-էն բարձր: Մասնագիտական դատակազմը մասնակից պարային համոյթները կը գնահատէ հետեւեալ համակարգով. հագուստի եւ երաժշտութեան ընտրութիւն, բեմադրութիւն եւ կատարողական վարպետութիւն։

«Շիրակի էսքիզներ» փառատօն-հեռուստանախագիծը նպատակ ունի մէկ կողմէ բացայայտել մարզէ ներս գործող լաւագոյն պարային համոյթներն ու խումբերը, իսկ միւս կողմէ՝ նպաստել ազգային պարարուեստի զարգացման ու քարոզչութեան:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017