ԿԻ՛Ն ԸԼԼԱԼՈՒ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

IV. Հէնրի, իր թագաւորական կնիքին վրայ սա արձանագրութիւնը դրած էր. «Արժանիքը կերպով մը կը յայտնուի»։ Արդարեւ ծածուկ մնացած եւ քօղարկուած ամէն արժանիք, ի վերջոյ կը յայտնուի եւ ամէն արժէք իր արդար տեղը կը գտնէ։ Անշուշտ ասիկա երբեմն երկար ժամանակաշրջանի մը կրնայ կարօտիլ եւ իսկակա՛ն արժանիքը, անպայմա՛ն միջոցը կը գտնէ երեւան գալու՝ յայտնուե՛լու։

Արական զօրութեան տիրապետութեան տակ՝ ամէն շրջանի զանազան դրութիւններ, ընկերային կեանքի ապրելակերպեր՝ առիթ են ընծայած նախապաշարումներու եւ կանխակալութիւններու իգական սեռի նկատմամբ։

Եւ այս նախապաշարումներու պատճառով, իգական սեռը մի՛շտ ունեցած է երկրորդական դեր մը ընկերային կեանքի ընթացքին, մանաւանդ պատմութեան մէջ։

Խորհեցէք կեանք մը՝ որուն կեդրոնը կայ մի՛շտ արական սեռի ներկայացուցիչը՝ ա՛յր-մարդը։ Բայց այր-մարդեր երբեք չեն խորհած եւ անդրադարձած, թէ իգական սեռին հանդէպ ցուցաբերուած այս անտարբերութիւնը ի՜նչ մեծ վնասներու պատճառ է եղած մարդկային ցեղին, ընկերութեան՝ իր ստեղծած անիրաւութիւններուն եւ անհաւասարութիւններու բերմամբ։ Արդարեւ, ընկերային ներդաշնակութիւնը եթէ չհաստատուի եւ չգործադրուի, այլապէս ընկերային խաղաղութիւնը ապահովել կարելի չ՚ըլլա՛ր։

Ընկերային նախապաշարումներու եւ կաշկանդումներու պատճառով կարելի չեղաւ ապահովել այն ներդաշնակութիւնը այր-մարդու եւ կին-մարդու միջեւ եւ երկար շրջաններ շարունակեց արական սեռի գերադասութիւնը կին-մարդու նկատմամբ։ Եւ կին-մարդը երկար ժամանակ զրկուեցաւ իր արդար իրաւունքներէն՝ որպէս մա՛րդ։ Մինչդեռ ան ալ այր-մարդու հետ հասարակաց արժէք մը ունէր, քանի որ ան ալ «մա՛րդ» էր։ Ահաւասիկ այս կէտին է որ ծնունդ առաւ «féminisme»ը, այսինքն՝ կնոջականութեան կամ իգապաշտ վարդապետութեան շարժումը։ «Féminisme» բառը, ֆրանսերէնի մէջ, առաջին անգամ գործածուեցաւ 1837 թուականին։ «Robert» բառարանին մէջ կը նշանակէ. «կիներու, ընկերութեան մէջ դերը եւ իրաւունքները զարգացնելու դիտում ունեցող վարդապետութիւն»։ Արդարեւ այս վարդապետութիւնը բոլորովին նոր գաղափար մը չէ հաստատած, այլ արդէն գոյութիւն ունեցող բայց քօղարկուած իրողութիւն մը՝ իգական սեռին իրաւունքներուն եւ կարեւորութեան անդրադարձումի հրաւէր մը՝ ծածուկ մնացած արժէքի մը մարդկութեան ուշադրութեանը «ներկայացո՛ւմ» մըն է։ Սակայն, յաճախ, մտածումը գործողութենէն զանազանել կարելի չ՚ըլլար։ Այս իսկ պատճառով, «իգապաշտ» շարժումը ո՛չ միայն գաղափար եւ վարդապետութիւն, այլ նաեւ՝ այդ «շարժում»ին տրուած անուն մըն է։ Արդէն որեւէ վարդապետութիւն եթէ շարժում մը չստեղծէ, արժէք չի՛ ներկայացներ։

Ուրեմն կ՚արժէ ուսումնասիրել, թէ ի՛նչ է «կին-մարդ»ը՝ այր-մարդու համեմատութեամբ։

Աստուածաշունչի պատկերացուցած «ստեղծագործութեան պատմութիւն»ը կը սկսի կին-մարդուն այր-մարդու հաւասարութեան իրականութեամբ, քանի որ անոնք ունին հասարակաց եզր մը՝ զիրենք հաւասար նկատող արժէք մը՝ «մարդ» ըլլալու հանգամա՛նքը։ Այսինքն, «այր»ը եւ «կին»ը՝ եբրայեցերէն «իշ» եւ «իշշա», միասին կը կազմեն «մարդ»ը։ Ուստի հաւասարութեան գաղափարը կը ներկայացնէ՝ զիրար ամբողջացնելու, զիրար լրացնելու եւ միասին «ամբողջ» մը կազմելու գործողութիւնը՝ ճիշդ պատ մը հիւսելու համար գործած-ւած աղիւսներուն նման՝ ուր իւրաքանչիւր աղիւս կարեւոր դեր մը կը խաղայ պատին շինութեան եւ կարելի չէ զանազանել անոնց կարեւորութիւնը անոնց գտնուած դիրքով, քանի որ մէկ հատը իսկ պակսի՝ ամբողջ պատը փուլ կու գայ եւ կը կորսնցնէ իր «պատ» ըլլալու հանգամանքը։ Ուրեմն, հաւասարութիւնը, դիրքի զօրութեան, վեր կամ վար ըլլալու հարց մը չէ, արտաքին արժէք մը չէ, այլ՝ ամբողջի մը բաղկացուցիչ անհրաժեշտ տարր մը ըլլալու մէջ է, այսինքն ներքին հանգամանք մըն է։ 

Կարողութիւն, տարողութիւն, զօրութիւն եւ այլ յատկութիւններ կրնան նոյնը չըլլալ, այսինքն հաւասար չըլլա՛լ, բայց իրենց կատարած դերը ամբողջ մը կազմելու «անհրաժեշտութիւն»ը անոնք իսկական իմաստով «հաւասա՛ր» կ՚ընէ։

Եւ ուրեմն, քանի որ կինը եւ այրը իրենց իւրայատուկ կարողութիւններով «ամբողջ» մը «մա՛րդ»ը կը կազմեն, ապա ուրեմն, անոնք «հաւասա՛ր» են։

Աստուածաշնչական այն աւանդութիւնը, թէ կինը այր մարդէն ստեղծուեցաւ, եւ ո՛չ թէ այրը կինէն, չի հակասեր այս հաւասարութեան ճշմարտութեան, քանի որ «այրն ալ կնոջմէ կը ծնի» եւ երկուքին ծնունդն ալ ի վերջոյ Աստուծմէ՛ է։

«Ծնունդ»ը ստեղծագործութեան յարացոյցն է՝ փոքր մէկ տիպարը, մանրանկարը։ Ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ յատուկ կարողութիւն մըն է, իսկ ծնիլը՝ մարդուն տրուած աստուածատուր շնորհ մըն է եւ յատուկ է միա՛յն կին-մարդուն՝ որ կը բարձրացնէ զայն «մայր» ըլլալու պատիւին։

Ուրեմն աստուածատուր այս շնորհը կիներու տրուած ըլլալով, արդէն կինը կը խլէ կ՚անցնի այր-մարդուն բոլոր առաւելութիւնները եւ կարողութիւնները։ Եւ կին-մարդուն այս յատկութիւնը զինք կը հաւասարացնէ արդէն այր-մարդուն՝ որ շատ մը առաւելութիւններ ունենալ կը կարծէ՝ կին-մարդուն նկատմամբ։ Ուստի այր-մարդը եթէ կին-մարդուն բաղդատմամբ զօրաւոր է, կարող է, բարձր է, կին-մարդն ալ ծնելու՝ մա՛յր ըլլալու առանձնաշնորհութիւնը ունի, որ կը համապատասխանէ աստուածային ստեղծագործութեա՛ն։

Արուակեդրոն մտայնութեամբ երբ այր-մարդը մի՛շտ առաջնակարգ եւ կարեւորագոյն է համարուած, պէտք է իր բոլոր առաւելութիւնները, կարողութիւնները եւ զօրութիւնը համեմատէ մայրութեան կին-մարդու առանձնաշնորհեալ կարողութեան հետ եւ ըստ այնմ անգամ մը եւս քննութեան ենթարկէ այր-մարդու գերադասութիւնը եւ կին-մարդու հետ հաւասարութեան էական հարցը…։

Կին-մարդը՝ որպէս մայր կը բարձրանայ մեծագոյն պատիւին՝ որ ազդակն է կեանքին տեւականացման, քանի որ մայրն է՝ ծնողը բոլոր կենդանիներուն։ Ինչո՞ւ ուրեմն սակայն այն նախապաշարումը՝ որու համաձայն կին-մարդը կը ստորադասուի, կը ստորագնահատուի այր-մարդուն։ Եւ ինչո՞ւ կ՚անտեսուի, կը մերժուի այր-մարդու եւ կին մարդու աստուածահաստատ հաւասա՛րութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 8, 2017, Իսթանպուլ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2017