ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ՝ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

ԴԱՐ­ՄԱ­ՆԱ­ՏԱՆ ՍՊԱՍ­ՄԱՆ ՍՐԱ­ՀԻՆ ՄԷՋ

Բո­լիք­լի­նի­քա­յի մը սպաս­ման սրա­հին մէջ եր­կու սփիւռ­քա­հա­յեր, ո­րոնք հա­ւա­նա­բար նոյն շրջա­նը կը բնա­կին, կը հան­դի­պին ի­րա­րու: Աս­տուած մի ա­րաս­ցէ, երբ մէ­կը ան­հանգս­տա­նայ, շատ եր­կար ժա­մեր պի­տի վատ­նէ այս սպաս­ման սրահ­նե­րուն մէջ, մա­նա­ւանդ ա­նոնք, ո­րոնք նիւ­թա­պէս ան­կա­րող են անձ­նա­կան բժիշկ­նե­րու դի­մե­լու: Մի­ջին տա­րի­քի կին մըն է մին, որ կը զրու­ցէ վաթ­սու­նը անց կո­րա­քա­մակ, հի­ւան­դու­թե­նէն տժգու­նած ու սպա­ռած վի­ճա­կի մը մէջ հե­ւա­հար նստած տղա­մար­դու մը հետ, ու.

-Չէ, ա­սի ա­սանկ չ­­՚ըլ­լար, ես պի­տի ել­լեմ ու եր­թամ ու­րիշ բժիշ­կի, տանս մօտ ըլ­լա­լուն հա­մար ո­րո­շած էի հոս գալ, բայց այս եր­կար սպա­սու­մը ա­ռող­ջը կը հի­ւան­դաց­նէ, ըլ­լա­լիք բան չէ,- կ­­՚ը­սէ կի­նը դժգո­հան­քով:

-Իսկ ի՞նչ է գան­գատդ, քոյրս,- կը հարց­նէ հի­ւանդ մար­դը:

-Թե­թեւ պա­ղա­րու­թիւն մը ու­նիմ կար­ծես, ա­ռաջ­քը առ­նե­լու եմ, որ չբար­դա­նայ,- կը պա­տաս­խա­նէ տի­կի­նը ա­պա ինք եւս կը հարց­նէ հի­ւան­դին,- իսկ դուք ին­չէ՞ կը գան­գա­տիք:

-Ես ի՞նչ չու­նիմ որ, ի՛նչ հի­ւան­դու­թիւն որ գի­տես բոյն դրած է մէջս, օ­րա­կան տաս­նե­րեք տե­սակ դե­ղա­հատ պէտք է կլլեմ, է՛, գի­տես, դե­ղե­րը մէկ կող­մէն կ­­՚ա­ռող­ջաց­նեն, միւս կող­մէն ու­րիշ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու սկիզբ կը դնեն, բայց ա­ռանց ա­նոնց ալ կա­րե­լի չէ, ա­նոր հա­մար ալ ստի­պուած եմ ա­մի­սը մէյ մը հոս գա­լու, ար­դէն գործ չու­նիմ, հոս կու գամ, կը նստիմ, ա­մէն ինչ կորսն­ցու­ցինք, աս օ­րե­րուն մնա­ցինք, գո­նէ բժիշ­կը ձրի է, հա­պա ե­թէ մտա­ծենք դե­ղե­րուն գի­նը...:

ԴԵ­ՂԱ­ՏԱՆ ՄԷՋ

Սփիւռ­քա­հայ տի­կին մը, դե­ղա­գի­րը ձեռ­քին, կը մտնէ դե­ղա­տուն մը. դե­ղա­գոր­ծու­հին տես­նե­լով դե­ղա­գի­րին պա­րու­նա­կու­թիւ­նը իս­կոյն կը հարց­նէ.

-Էս ա­մէ՞նն էք ու­զում:

-Ա­յո, հար­կաւ:

Կը պա­տաս­խա­նէ սփիւռ­քա­հա­յը հար­ցու­մէն շշմած ու մտա­ծե­լով, թէ ին­չո՞ւ է այս հար­ցու­մը, բայց ա­հա ու­շադ­րու­թիւ­նը կը շե­ղէ ան­դին, հա­յաս­տան­ցի յա­ճա­խորդ մը, որ միայն եր­կու հա­տիկ գլխա­ցա­ւի դե­ղա­հատ կը խնդրէ հոն կանգ­նած այլ դե­ղա­գոր­ծու­հիէ մը:

ՀԱՆ­ՐԱ­ԽԱ­ՆՈՒ­ԹԻՆ ՄԷՋ

Կէ­սօր է, հան­րա­խա­նու­թին մէջ խու­ճա­պի մատ­նուած են վա­ճա­ռող պաշ­տօ­նեա­նե­րը. յա­ճա­խորդ­նե­րու բազ­մու­թիւ­նը խու­ժած է ներս, կար­ծես սո­վի տա­րիէն նոր դուրս ե­լած ա­մէն ոք գնու­մի վա­զած է: Յա­ճա­խորդ­նե­րուն ձեռ­քե­րու ծանր կո­ղով­նե­րը ի­րա­րու կը հա­րուա­ծեն, մէ­կը միւ­սը կը հրէ, վա­ճա­ռող­նե­րը կը դժգո­հին այս խճո­ղուա­ծու­թե­նէն, հա­պա հա­շուիչ մե­քե­նա­նե­րուն մօ՞տ, հոն ալ ու­րիշ ի­րա­րան­ցում մը կը տի­րէ, կարգ առ­նե­լը չէ, այ­լեւ եր­կար սպա­սելն է մտա­հո­գու­թիւն ու դժգո­հանք յա­ռա­ջաց­նո­ղը:

Սփիւռ­քա­հայ կին մը, կո­ղո­վը ձեռ­քին, բո­լո­րին նման կանգ­նած է հա­շուի­չին մօտ ու իր կար­գին կը սպա­սէ: Դէ­մը՝ տա­րեց մա­միկ մը միայն սեւ հաց մը բռնած գան­գատ­ներ կը տե­ղաց­նէ աջ ու ձախ, սա­կայն երբ կ­­՚անդ­րա­դառ­նայ, որ ոչ մէ­կը զինք մտիկ ը­նե­լու տրա­մադ­րու­թիւնն ու­նի, ե­տե­ւը կանգ­նող սփիւռ­քա­հա­յուն կ­­՚ուղ­ղէ խօս­քը ու.

-Էս­տե­ղից չէ՞ք, հա՛, ե­րե­ւում ա ձեր ար­տա­քի­նից: Տես­նո՞ւմ էք էս պրոպ­քան (ռուս. խճո­ղում), ա­մէն օր էս ժա­մե­րին, ու ընդ­հան­րա­պէ՛ս, էս­պէս է լի­նում: Չես ի­մա­նում ե՞րբ ես գա­լու, որ էս­պէս չլի­նի, ու ո՞ւմ էլ հարց տաս, կ­­՚ա­սեն՝ փող չու­նենք, աշ­խա­տանք չու­նենք, պա ո՞ր­տե­ղից են բե­րում էս­քան փող: Պար­զուում ա, որ հա­յե­րը փոր սի­րող ժո­ղովրդ­նե­րից են: Իսկ ինձ նման ան­տէր ծե­րուկն որ­տե­ղի՞ց փող բե­րի, որ ապ­րի: Թո­շակ են տա­լիս, հէ՛, էդ թո­շա­կը սահ­մա­նո­ղը պէտք է ի՛նք ապ­րի էն կո­պեկ­նե­րով, որ հաս­կա­նայ ինչ­պէ՞ս ենք ապ­րում, մենք՝ թո­շա­կա­ռու­ներս:

Այ քեզ բա՜ն...

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017