Կիրակի 12, Յունուար 2025
ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԸ
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տրիան շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ, Պէշթեփէի համալիրէն ներս ֆրանսացի նախարարը տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։ Լը Տրիան այսօր ալ հանդիպումներ ուեցաւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի, ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։
Ֆրանսացի նախարարին այցելութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ անհաղորդ կացութիւնը հասած է բաւական լուրջ համեմատութիւններու։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017