«ԿՏՈՐ ՄԸ ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻՔ»

Գրադարանիս մէջ տեղ գտած անլեզու բայց մշտաբարբառ ոսկեղնիկ գիրքեր զիս անդադրում կը կանչեն ըսելով. «Կարդա՛ մեզ։ Ըմբոշխնէ՛ մեր աստուածապարգեւ հայ լեզուն։ Հարստացո՛ւր հոգեիմացական աշխարհդ անանց արժէքներով։ Ծանօթացի՛ր անշունչ բայց շնչատու այն անմեռ էակներուն հետ, որոնց երկունքն ենք հարազատ բնութեամբն ու իսկատիպ կոչումովը։ Ջանա՛ հոգւոյդ մէջ գէթ վառել ու խնկել հայ լեզուն՝ անոր լոյսին դիմաց նօսրացնելով քու ներսիդիդ գոյաւորուած եւ թանձրացեալ ստուերը…»։

Ո՞վ էր ինծի հետ խօսողը, զիս յանդիմանողն ու յուշողը։ Ուրուակա՞ն մը, ոգի՞ մը…։ Ո՛չ, հայ գիրքն էր այդ, որ հայ գիրի գոյառումն ու մարմնացումն էր։ Ան՝ որ հայ գիրքի մշակողի եւ տարածողի պատմակերտ առաքելութեան գիծը կը հանդիսանար՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի աստուածաթափանց հիւսքէն քակուած եւ թարգմանիչներու գրահիւսութեան արուեստովը դարերու վրայ դրասանգուած։ Ահա, այսօր, հե՛ղ մը եւս կը խօսակցէր ինծի հետ՝ անոր (հայ գիրքին) հոգին բանալու իմ հոգւոյս մէջ։

Չէի կրնար չանսալ այս աղերսահայց բայց պատգամաշեշտ կոչին, որ զիս ուշքի կը հրաւիրէր եւ կ՚ուզէր վերստին պատուաստել իմ հոգիս ու միաշաղախել հոգեկան «կտրուածքներս»։

Ձեռքս ակամայ կ՚երթայ վախճանեալ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի «Հող, Մարդ եւ Գիր» խորագրեալ հաստափոր գիրքին։ Էջադիրը տակաւին իր տեղն էր։ Դպրեվանքեան ուսանողութեանս շրջանին, զայն կամքէ անկախ պատճառներով մէկդի էի թողած եւ հիմա պահն էր դա՛րձեալ հաղորդուելու հոգեխոյզ ու գրատենչ Վեհափառին եւ անոր մտքի ճախրանքներուն հետ։

Առաջին իսկ վայրկեանին կը սկսիմ ընթեռնուլ Շահան Շահնուրի մէջբեր-ւած հատուածը եւ «ճաշակել» անոր յորդահոս եւ խորախորհուրդ հայապաշտութիւնը.

«Հայոց այդ վերջին զանգակն է, որ կը հնչէ անվերջ եւ ձայն կու տայ իրեններուն, անոնց, որոնք ցրուած են աշխարհէ աշխարհ, ծովէ ծով։ Կ՚ըսեն թէ աւերակ եկեղեցիի մը նկուղին մէջ մնացած զանգակ մըն էր ան, շատ հին եւ տեսքով անշահ։ Բայց ան կը ղօղանջէ անդադար։ Իր ճի՛շդ մօտը գտնուող թուրքը բա՜ն չի լսեր, մինչ երկրագունդիս ամենէն հեռաւոր անկիւնն իսկ ինկած հայոցմէ ոմանք՝ իրենց զանգակը կը լսեն արտակարգ յստակութեամբ։ Սփիւռքի մէջ կան նաեւ հայեր, որ անգիտակ են։ Անոնք իրենց ձեռքը կը դնեն իրենց կուրծքին վրայ եւ կ՚ըսեն.

-«ՍԻՐՏՍ ԽՕՍԵՑԱՒ»։ Անոնք չեն գիտեր որ հեռաւոր հողին ընդերքէն եկող ձայնն է, որ լեզու ելած է»։

Շահան Շահնուրի գրչէն կեանք առած բառերը երբ հանդիպեցան աչքերուս, իրենց բնագրային արդէն իսկ այնքան ուժեղ թելադրականութենէն անդին, շատ խոր, ինծի համար անպեղելի եւ անհասանելի ակունքներէ բխող գոյութենականութեան ուժով մը առին ու տարին իմ մտքի խոհահիւս թելերը դէպի այն վայրը, այն սիգապանծ եկեղեցւոյ զանգակատունը, որուն մասին լսած էի Ալիս մեծ մայրիկիս կողմէ եւ ըստ այդմ իմ մտապատկերիս դիմաց ուրուագծուած էր սրտակեղէք պատկեր մը։

Աւերակ էր չորս դին, մահ, փլուզում, տուներու հրկիզում։ Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ վրայ սկսած էր փչել մահասարսուռ խորշակը, որ կարծես ախորժակն ունէր հայկական բարձրաւանդակին։ Յաճախ իր մահաբեր շունչը արձակեր էր ան հայկական հողին եւ անոր վրայ ապրող ու կենսագործող ժողովուրդին վրայ։ Հաճո՞յք կ՚առնէր Հայաստանի հողէն։ Իր դառնաշունչ այցելութեամբը տուները վերածուեր էին փլատակի, եկեղեցիները՝ աւերակի, ծառերը՝ խանձողի, արտերը՝ կոխոտուած խոտի, իսկ մարդերը՝ դիակներու կամ դիականման գոյութիւններու, «գերի», «տարագիր», «գաղթական» անուններով մահուան ստուեր հագած։

Քսաներորդ դարը նոր բացուած էր Հայաստանի վրայ։ Ստրկութեան լուծը ծանրօրէն օղակուած էր հայ ժողովուրդի վիզին։ Օսմանցին կ՚աւերէր ու կ՚աւարէր։ Շնչելը դարձած էր տաժանք։ Հայաստանի ու Կիլիկիոյ կենսախայտ ու կենսատու մթնոլորտը դարձեր էր հեղձուցիչ իր հարազատ զաւակներուն համար։

Տակաւին երէկ աշուն էր Կիլիկիոյ եւ Հայաստանի մէջ։ Կանաչաւուն դեղինը մանանայի պէս, Աստուծոյ անտեսանալի մատներով ցանուած էր հայոց լեռներուն եւ դաշտերուն վրայ։ Իսկ Հայկազնեան ժողովուրդի զաւակները երկար խոնջէնքէ ետք, արդար զգացումով կը սպասէին հողի երկունքին՝ վայելելու համար իրենց քրտինքին բարիքը։ Դաշտերու ցորենները ոսկի հասկ էին կապած։ Կալերը սկսած էին ցորենախուրձերով պարիսպ ու աշտարակ հիւսել իրենց շուրջ։ Հայկական երդիքներու ամբարները դատարկ էին, բայց լեցուելու յոյսով մաքրուած էին ու յարդարուած՝ ընդունելու համար իրենց ձմեռնային տաք բնակիչները՝ հայոց հողին արմտիքը։ Խնդութեան եւ բերկրանքի քաղցր շունչ մը կար հայ ազգի կեանքին մէջ։ Ամէն մարդ տենդագին գործի լծուած էր։

Իսկ 24 Ապրիլ 1915-ի՞ն…

Ահա ա՛յդ օր, բնաջնջուեցաւ խաղաղակեաց լուսաբաղձ ժողովուրդը հայոց, որ ո՛չ մէկ ազգի կամ ժողովուրդի չարիք ըրած էր, այլ ինքզինք նուիրած էր աղօթքի, արդիւնաբերող ու ստեղծագործ աշխատանքի եւ մարդկային քաղաքակրթութեան սատարող ազնիւ ճիգի ու պտղաւէտ երկունքի։ Զոհաբերուեցան ու ջարդուեցան աւելի քան 1.5 միլիոն հայորդիք՝ ողջակիզուելով, ջրամոյն ըլլալով, բարձունքներէ գահավիժելով։ Աւերուեցա՜ն հայ մտքին ու հանճարին բազմադարեան ստեղծագործութիւնները։ Քանդուեցա՜ն հայ մշակոյթին բոցավառ օճախները խնկաբոյր՝ հայոց անհամար հոյակերտ վանքերն ու բազմահարուստ մատենադարանները։ Հրդեհուեցա՜ն մեր աղօթքի երկնախորան տաճարները՝ վեհասլաց հայ եկեղեցիները։ Փճացուեցան հայ քրտինքին յուռթի ծիլն ու ծաղիկը միանգամայն։ Եւ այսպէս ոգե-լըքւած, ուժաքամ ժողովուրդը հայոց աղիողորմ ձայնով, կողկողագին ողբերով կը բաժնուէր այն բոլորէն, զորս շինած էր սիրոյ եւ ցնծութեան խանդոտ երգերով։ Ո՛րքան որ ալ սպաննէին հայը, չէին կրնար սպաննել հայու հոգին, հողը, հայրենիքը:

Հայոց սուրբ հողն էր այդ։ Հայորդիք ո՛րքան հողին սէրը ունէին, կարծես հայրենի հողն ալ նո՛յնքան իրենց

սիրով կ՚ապրէր, յաճախ տառապելով, հազուադէպ հրճուելով։ Երբ մարդիկ իրեն հետ էին՝ աղբիւր կը բխէր իրմէ։ Երբ մարդիկ իրենց ձեռքերը խառնէին իր մէջ՝ ցորեն ու խաղող, հաց եւ գինի, կեանք եւ խնդութիւն կը ցայտէր իրմէ։ Երբ ժայռերը զգային իրենց տէրերու հրաշագործ ձեռքերը, վարժ ու նրբին գուրգուրանքով՝

կը դադրէին ժայռ ըլլալէ եւ կը դառնային սրբատաշ, նախշուն ու խօսուն քարեր, խոյակ ու քանդակ, կամար ու գմբէթ, խաչքար ու յուշարձան։

«Հողն ալ սիրտ ունի՝ եթէ սիրտ ունինք այդ սրտին տրոփը զգալու։

Հողն ալ կեանք ունի՝ եթէ շունչ ունինք այդ կեանքին շունչը զգալու։

Կրակը կրցաւ այրել դաշտին խոտը, ցորենին ցօղունն ու հասկը, ծառին ճիւղն ու պտուղը, տունին գերանն ու ձեղունը։ Հարուածը կրցաւ քանդել պատն ու սիւնը, խորտակել քանդակն ու խաչքարը։ Բայց ո՛չ կրակը եւ ո՛չ ալ հար-ւածը կրցան իջնել մինչեւ հողին ու քարին սիրտը, ուր կը բաբախէր հայուն սիրտը (Գարեգին Ա. Կաթողիկոս)։

Այդ սիրտին տէրը նոյնինքն սրտոտ հայ ժողովուրդն է։ Անոր գաղտնի ճամբան միայն ի՛նք գիտէ, որովհետեւ հո՛ն դրած է իր սիրտը եւ ցանած իր կեանքը։ Որովհետեւ հո՛ն է իր «Գանձը»՝ ողջ պատմութիւնը։

***

Երեք տարի անցած էր այդ վշտամորմոք եւ դառնակսկիծ օրերէն։ Ո՞վ էր հայը մինչեւ 1918 թուականի Մայիս 28-ը։ Ան զոհ էր. գաղթական. խմբագիր. բանաստեղծ. շինական։ Ան ամէն ինչ էր. բայց քաղաքականապէս՝ գրեթէ ոչինչ։

Արդարեւ, ո՛չ միայն հայութեան, այլեւ ամբողջ Կովկասի համար «կենաց մահու» արհաւրալից դրուագներ կ՚արձանագրը-ւէին Առաջին աշխարհամարտի ճակատագրական այդ օրերուն։ Ռուսական բանակը խուճապահար կը նահանջէր՝ ռազմաճակատը ձգելով անտէր եւ անպաշտպան։ Օգտուելով առիթէն՝ Կովկասեան ճակատի վրայ թուրքերը զօրաշարժի կը ձեռնարկէին։ 1918-ի Մայիս 21-ին գրաւ-ւած էր Սարդարապատ գիւղն ու կայանը։ Հայոց մայրաքաղաքը՝ Երեւան բռնագը-րաւման վտանգի տակ էր։

Դանակը ոսկորին հասած էր...:

Չուշացաւ սակայն հրաշքը. օրհասական պահուն հնչեց Սարդարապատի ոգեղինացած ղեկավարի՝ անզուգական Արամ Մանուկեանի կոչը. «Հայեր, միացէ՛ք, կենաց ու մահու ժամն է, թշնամին անողոք է ու անգութ։ Հասել է այն՝ մեր դռներին, մեր սրտերին։ Բոլորս ոտքի՝ դէպի սրբազան պատերազմ»։

Խնդրոյ առարկան մեր ժողովուրդի լինելութիւնն էր, հարցականներ կ՚ուրուագծուէին ողջ հայ ազգի գոյութեան շուրջ։ Հայոց պատմութեան այդ ճակատագրական պահուն հանուր հայութիւնը ոտքի կը կանգնէր՝ բոլոր հնարաւորութիւններով պաշտպանելու եւ պահպանելու իր գոյութիւնն ու հայրենիքը։

«Կենաց մահու» ահալի ճակատամարտեր տեղի ունեցան Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ։ Ազգաջնջման եւ ցեղային սպանդի ենթարկուած հայ ժողովուրդի վերջին բեկորները. անհաւասար ուժերով մաքառելով կերտեցին 1918-ի մայիսեան ռազմայաղթանակներու արգասիքը՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը։ Գերմարդկային ճիգերով կեանքի կոչուած հայրենիքի այդ փոքր հողատարածքը. «գերահրաշ» ուժգնութեամբ դիմակայեց բազմապիսի դժուարութիւններ եւ իր գոյութեան կարճ ժամանակահատուածով հանդերձ՝ դարձաւ այսօրուան մեր անկախ պետականութեան վերամարմնաւորման հիմնական կորիզն ու կիզակէտը։

Եւ այսպէս, արեան հեղեղներու, թնդանօթներու բոմբիւնին, վիրաւորներու կոտտացող վէրքերուն ու հերոսներու դիակոյտին մէջէն բարձրացաւ հայկական Եռագոյնը՝ Երեւանի բարձունքին վրայ՝ միշտ տխրութեամբ դիտելով Արարատ լեռը։

Ահա թէ ինչո՛ւ Մայիս 28-ը մեր ազգային տօնացոյցին ամենամեծ տօնը դարձաւ, որովհետեւ ան խորհրդանշանն է վեց դարերու խաւարէն դուրս եկող հայութեան եւ հայոց պետութեան վերածնունդին, բայց եւ մանաւանդ՝ որովհետեւ ան խորհրդանիշն է Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ռազմաճակատներուն վրայ արիւնով արձանագրուած այն մեծադղորդ ու պատմական «ոչ»ին, որով հայութիւնը իր կոտորակուած ուժերու վերջին՝ գերագոյն լարումով կրցաւ շպրտել մարդկութեան երեսին եւ կասեցուց վերջին վճռական հարուածը…։

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կեանքը թէեւ երկար չտեւեց, բայց ան հիմք հանդիսացաւ միջազգային իրաւական ատեաններու առջեւ հայ ժողովուրդը ճանչնալու՝ որպէս ազգային պետականութեան իրաւատէր միաւոր։ Հայոց ազգային գաղափարախօսութեան եւ անոր նոր մարտավարութեան մեծագոյն, ամենավաւերական յաղթանակը կը սեպուի Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակումը։

***

Հայ ժողովուրդի կերտած փառապանծ յաղթանակէն ետք, 1988 թուականը եւս հայոց պատմութեան մէջ եղաւ շրջադարձային թուական մը։ Արցախեան շարժումով ծայր առած մեր նորագոյն պատմութիւնը առաջին հերթին կը բնորոշուի ու կ՚առանձնանայ պետականազուրկ կամ կիսանկախ վիճակէ պետական կացութակերպ անցնելու վճռական որոշումով ու գործընթացով։

Այդ օրերուն, Թորգոմեան տոհմի նորափթիթ երիտասարդները որպէս մէկ ազգի զաւակներ, որպէս մէկ հաւաքականութիւն արժանաւորապէս ապրելու, գոյատեւելու համար միազանգուած էին եւ այդուհանդերձ անկախութեան ձգտումը անհրաժեշտ դարձուցած էին իրենց հոգւոյն ու սրտին մէջ։

Շնորհիւ հայ ազգի քաջարի երիտասարդներու յախուռն կեցուածքին ու բռնցքաւորումին, 1988 Փետրուարին ընթացք առաւ Արցախի ազատագրական շարժումը, որուն պսակադրումը պիտի ըլլար բերդաքաղաք Շուշիի վերատիրացումը (9 Մայիս 1992)։ Երկարատեւ կռիւներէ եւ արիւնալի ճակատումներէ ետք Շուշին ազատագրուած էր։ Մեծ մասամբ վարձկաններէ բաղկացած ազէրի հրոսակախումբեր ամօթալի պարտութեամբ նահանջած էին։ Փախուստը կեանք էր անոնց համար եւ միակ ընտրանք։

Արցախեան ազատագրական շարժումը հայութեան մարտունակ բազուկին զօրութիւնը ամրապնդող, սեփական ուժերու եւ կարողութիւններու նկատմամբ յարգանք ու վստահութիւն ներշնչող եւ հայ քաղաքական մտածողութենէն պարտուողական ամէն թեքում կամ գաղափար դուրս վանող նուաճում մը կը համարուի։ Մերօրեայ ազգային պայքարը լիարժէք եւ ամբողջական պիտի չըլլար, ու մանաւանդ հնարաւոր պիտի չդառնար ազէրիին խաղաղութիւն պարտադրել, եթէ չյաջողէինք 26 տարիներ առաջ վերատիրանալ հայկական Արցախին։

Իսկ այսօր, ազէրիք թէպէտ «հեռացած» են հայկական Արցախէն, սակայն անոնց ոտնձգութիւնները, հրետանաձգութիւններն ու հրթիռարձակումները, փամփուշտի եւ կրակոցի ձայները անպակաս չեն Ղարաբաղի շրջանամերձ սահմաններէն։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումէն 26 տարի անց (2 Սեպտեմբեր 1991). Պաքուն չթաքցուց մեր անկախ պետականութիւնը ոչնչացնելու եւ Արցախի տարածքը բռնակցելու իր ոսոխալի մտադրութիւնները, զորս տեսանելի կերպով հաստատեց անցեալ տարուայ ապրիլեան պատերազմի ընթացքին: Թէկուզ բազմաթիւ հայդուկներ նահատակուեցան եւ անոնց անմեղ արիւնը հոսանուտ վտակի նման ցայսօր կը հեղու։ Հայ մայրեր հեծեծագին ողբացին իրենց որդիներուն դառնաղէտ մահը։ Երիտասարդուհի այրիներ ստանձնեցին հօր եւ մօր երկեակի ծանրագոյն պատասխանատուութիւնները։ Բայց եւ այնպէս հայոց բանակի բարձր մարտունակութեան եւ քաջարի կամաւորներու անձնուիրութեան շնորհիւ՝ Արցախի Հանրապետութիւնը կրցաւ պահպանել իր ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը:

Տարբեր բնագաւառներու (կրթական, մշակութային, տնտեսական, հասարակական, շինարարական եւ այլն) վերակազմակերպումով եւ վերաշխուժացումով արծուեբոյն Արցախը, իբրեւ անբաժանելի մասնիկը ազատ եւ անկախ Հայաստանին, արդէն իսկ սկսած է վերագտնել իր անցեալի հայադրոշմ դիմագիծը, ծաղկիլ եւ ուռճանալ հայեցի շունչով, տակաւ դառնալու համար վերանորոգ կենսունակութեան եւ հզօրանքի ամրակուռ ենթահող մեր ազգային հեռագոյն տեսլականի՝ ազատ, անկախ, ամբողջական եւ բարգաւաճ Հայաստանի կերտման լուսաշող ճանապարհին։

Ընթացիկ տարուայ Փետրուար 20-ին կայացած սահմանադրական բարեփոխման հարցով համաժողովրդական հանրաքուէն այդ նպատակը կը հետապնդէր՝ կատարելագործել պետական կառավարման համակարգն ու այդ հենքի վրայ շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետականութեան կառուցման ու ամրապնդման գործընթացը: Աներկբայ իրողութիւն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը երբեմն փորձերու ու սխալներու ճանապարհով. անցած է պետականաշինութեան բոլոր փուլերը եւ այսօր կը ներկայանայ որպէս կայացած պետութիւն, որ ինքնուրոյն կերպով կը վարէ ո՛չ միայն ներքին, այլեւ արտաքին քաղաքականութիւն, որուն առաջնահերթութիւններէն մէկը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հասնիլն է։

Ղարաբաղը հայ ժողովուրդո՛վ գոյութիւն ունեցած է ու կայ։ Մեզի կը մնայ մեր նախահայրերէն մեզի հրիտակուած այդ սուրբ աւանդը ջլապինդ պահպանել եւ մշտապէս անո՛վ ԱՊՐԻԼ ու ԳՈՐԾԵԼ…։

«Իբրեւ հասկացողութիւն. հայրենիքն ընդգրկում է ոչ միայն անցեալն ու ներկան. այլեւ՝ գալիքը: Դա ժողովրդի պատմական առաքելութիւնն է ըստ իր վախճանական նպատակի՝ զարգացող մի յաւերժութիւն է հայրենիքը: Դա եկող ու անցնող սերունդների անմահութիւնն է. որն՝ իբրեւ գաղափար եւ գործ. ժողովուրդը դրոշում է նիւթի վրայ. խօսքի մէջ եւ այն ապրեցնում իբրեւ յուշ. իբրեւ պատմութիւն…: Հայրենիք չէ կայսրութիւնը: Հայրենիքը խորացող էութիւն է: Դա արտաքին նուաճում չէ. այլ՝ ինքնանուաճում. ինքնամշակում» (Գարեգին Նժդեհ)։

1991-ին, Խորհրդային կարգերու լուծարումով Հայաստան վերանկախացաւ։ Քսան տարիներ առաջ մեր ժողովուրդը իր վճռական ընտրութիւնը կատարելով՝ Հայաստանը հռչակեց անկախ պետութիւն եւ այսպիսով իբրեւ ազատութեան ճառագայթող փարոս եւ անկախ պետականութեան ուղեցոյց, հայրենիք վերադարձան հայութեան նուիրական եւ անժամանցելի արժէքները՝ եռագոյն դրօշը, «Մեր Հայրենիք» քայլերգը, ու մանաւանդ՝ ազգային կենարար գաղափարախօսութիւնը։

ԱԶԱՏ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆ…

Անկախութիւնը անգնահատելի ձեռքբերում է, բարձրագոյն արժէք, որուն համար հայ ժողովուրդը ծայրագոյն զոհողութիւններ յանձն առաւ։ Անկախութիւնը չի՛ պայմանաւորուիր քաղաքացին յուզող ընթացիկ դժուարութիւններով եւ օրախնդիրներով, ոչ ալ պատանդ կրնայ դառնալ պետական պատասխանատուներու կողմէ թոյլ տրուած սխալներուն կամ երկիրը կառավարող վարչախումբի գործած անարդարութիւններուն։ Անկախութիւնը կ՚ամրապնդուի պետական կառավարման արդար համակարգ ստեղծելով՝ հեռու որեւէ բնոյթի շահարկումէ։ Ահա թէ ինչո՛ւ ազատ պայմաններու եւ միջավայրի բացակայութեան, առանց արդար հասարակութիւն կառուցելու՝ անկախ պետականութեան ստեղծումը անկարելի է։ Անկախութեան գաղափարը կը հարստանայ ու կը լիանայ ազատութեան եւ արդարութեան սկզբունքներու նուիրագործումով միայն։

Որեւէ ժողովուրդի համար անկախութիւնը կը մնայ գերագոյն ձգտում։ Անոր էականութիւնը, պահանջը աւելի կը շեշտուի, երբ կը կորսնցնենք զայն։ Անկախութիւնը ազատութենէ աւելի ազգային պարտաւորութիւններու յանձնառութիւն է։ Կրնայ պատահիլ, որ ոեւէ քաղաքացի իր անկախ հայրենիքին մէջ անազատ զգայ, սակայն օտարի լուծին տակ ոեւէ ժողովուրդ անկարելի է որ երջանիկ ապրի։ Անհատի ազատութիւնը որքան ալ կարեւոր ըլլայ, երկրի անկախութիւնը կը մնայ ծայրագոյն հարստութիւն։

Անկախութիւնը թէ՛ նպատակ է եւ թէ միջոց։ Անկախութիւնը համազգային նուաճում է, համաժողովրդական ձեռքբերում եւ ազգային հեռահար տեսլականներ կենսագործելու երաշխիք։ Մերօրեայ անկախ պետականութեան խրախուսիչ նուաճումները կ՚ապացուցեն, որ տառապանքներն ու զոհողութիւնները յումպէտս չեն վատնուած, այլ իմաստաւորուած, արդիւնաւորուած եւ պտղաբերած են։ Սակայն այս բոլորէն վեր, այսօր արդէն պէտք է շրջանցած ըլլանք անկախութեան երազանքով հրճուելու, վարդահեղեղ արշալոյսերու երջանիկ յոյսով ապրելու ժամանակները եւ արժանաւորապէս թեւակոխած՝ գերիշխանութեան պատասխանատուութեամբ հպարտանալու եւ մղձաւանջելու պատմակշիռ հանգրուան։

Մեր անկախութիւնը ամրակայելու ու որակապէս հզօր, բարգաւաճ պետութիւն կառուցելու բացառիկ հնարաւորութիւն եւ աննախընթաց պատեհութիւն ընձեռուած է այսօր մեզի՝ երիտասարդներուս։ Բայց ո՞ւր ենք մենք։ Երէկ մեր նախնիքն էին, որոնք հասան մինչեւ հոն՝ ուր հաւատքով պրկուած իրենց ծունկերուն ուժը կը հասնէր։ Իրենց քայլերը մեր հաւատապիրկ ծունկերուն կշռոյթովը այժմ կը շարունակե՞ն իրենց հայրերուն գնացքը։ Յարաշարժ այդ ուղեւորութեան մէջ յամրագնա՞ց է մեր ընթացքը, թէ՞ արագասահ։ Հաւատարի՞մ է քայլընթացի հայատիպ ոճին։ Անշեղ կը հայի՞ նոյն հեռակէտին։ Նոյն հոգեխառնութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ կը քալե՞նք, թէ՞ փոխուած են մեր շարժառիթներն եւ արժեչափերը։ Հարցումներու շարանը շա՜տ երկար է։

Այսօրուան հայ երիտասարդութիւնը պէտք է համարձակ. առանց վարանելու ազդեցութիւն դառնայ մեր երկրին մէջ, պէտք է կարողանայ սխալի ու անարդարութեան դէմ պայքարիլ եւ մեր երկիրն ու մեր հասարակութիւնը փրկել այն օտարածին ու օտարընկալ արատներէն. որոնք կը խոչընդոտեն դէպի զարգացում տանող մեր ժողովուրդի յաւերժագնաց ճանապարհը:

Ամէնուրեք կը խօսուի «Մէկ Ազգ Մէկ Հայրենիք» կարգախօսի մասին։ Սակայն ո՞րքանով զայն կեանքի կոչած ենք։ Իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ. ո՛ւր ալ ապրի. ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ գտնուի. պէտք է զգայ. որ սրբազան պատասխանատուութիւն մը ունի ողջ հայ ժողովուրդի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան նկատմամբ: Հայ երիտասարդը պէտք է նաեւ ըմբռնէ, որ ինք պարտաւոր է ոգի ի բռին ընդդիմանալ բոլոր այն հակադիր քայլերուն, արարքներուն ու քարոզչութեանց. որոնց միջոցաւ հայ ժողովուրդի «բարեկամները» կը փորձեն օձտել հայ ազգը, սեպ խրել անոր տարբեր հատուածներուն միջեւ։ Ամերիկայի նախագահներէն Ճոն Քենետի հայրենիքի նկատմամբ պարտականութեան մասին խօսելով՝ հետեւեալը կ՚ըսէ. «Մի՛ հարցներ թէ հայրենիքը ի՞նչ կ՚ընէ քեզի, այլ հարցուր թէ՝ դուն ի՞նչ կ՚ընես հայրենիքին համար»։

***

Մշակոյթը եւս իր կենսական դերը ունի հայը հա՛յ պահելու գործընթացին մէջ։ Հայ երիտասարդին համար մշակոյթ հասկացողութիւնը լոկ անցեալէն եկող ժառանգութիւն մը պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ ոգեղէն ձգտում մը, մտքի սլացք մը, սրտի տրոփիւն մը ու հոգիի ճախրանք մը։ Հայ երիտասարդը պէտք է հայ մշակոյթի հասկացութիւնը ըմբռնէ որպէս հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ նիւթին, ժամանակին ու ժամանակաւորին վրայ տարուող յաղթանակ մը, արդիւնք՝ ա՛յն գոյութենական ճիգին, որ մարդ ի գործ կը դնէ իր հոգեկան անմահութիւնը շինելու համար, ինչպէս նաեւ ապրեցնելու իր կեանքին մէջ իր ժառանգած ու ստեղծագործած անկորնչելի արժէքները, այնքան ատեն որ կ՚ապրի պատմութեան քառուղիներուն վրայ։

Հայ ժողովուրդը, մանաւանդ Սփիւռքի տարածքին վրայ բացաստանի մը նման, տարաբնոյթ ազդեցութիւններու ենթակայ՝ գունաթափումի ու ուծացումի ամենէն սպառնալից այս վտանգին մղձաւանջը կ՚ապրի։ Հայաստանի հողի ընդերքէն կազմաւորող ու վերաժայթքող աւիշէն կտրուած սփիւռքահայ մարդը, իր արմատներուն մէջ իսկ ցնցուած՝ իր գոյութիւնը ինքնօրէն պահելու համար, պէտք է շարունակ իր հարազատ սեփական մշակոյթին ակունքներուն հետ հաւատարիմ հաղորդութեան մէջ մնայ եւ զայն ապրեցնէ իր կենսընթացով։

Ճի՛շդ է, մեր մշակոյթը, մեր հաւատքը եւ մեր հողը իրենց ներքին ուժականութեամբ ու խորհուրդով դարձան մեր գոյապայքարներու երեք առանցքները, սակայն անոնք իմաստ ու արժէք ստացան, կեանքի ու անմահութեան ճանապարհ դարձան, անոնց նկատմամբ հայուն ունեցած հետեւողական նախանձախնդրութեամբ ու աներեր հաւատարմութեամբ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Ազգեր կ՚ապրին ու կը գոյատեւեն հայրենիքո՛վ միայն։ Ու հայրենիքը սոսկ հող ու ջուր, զգացում ու երազ չէ, հայրենիքը ժողովուրդն է իր պետականութեամբ։ Պետութեան հզօրացումը ժողովուրդին հզօրացումն է, եւ՝ փոխադարձաբար։ Պետութիւնը ժողովուրդին ձայնն է, կամքն է, իսկ ժողովուրդը՝ պետութեան ամուր յենարանը։ Հայրենիքին հզօրացումը կարելի չէ ապահովել գեղեցիկ մտածումներով, զգացական արտայայտութիւններով եւ շինիչ թելադրութիւններով։ Հայրենիքը կը զօրանայ իր բոլոր զաւակներուն գործօն մասնակցութեամբ ու ամբողջական զոհողութեամբ, քրտինքով ու արիւնով միայն»։

Նայի՛նք մեր անցեալին։ Անցեալը անցած իրականութիւն մը չէ, ան ազգերու կեանքին մէջ իր վճռադրոշմ տեղն ու որոշադրիչ դերը ունի։ Պատմութիւնը մնայուն ընթացք մըն է, ուր անցեալը եւ ներկան ներքին փոխյարաբերակցութեան մէջ են՝ պայմանաւորելով ու ճշդելով ազգի մը ապագան։ Արդ, անհրաժեշտ է ստէպ նայիլ մեր անցեալին, որպէսզի ճիշդ ըմբռնենք մեր ներկան ու ճիշդ տեսնենք մեր ապագան։

Աներկբայ իրողութիւն է, որ Հայոց Պատմութիւնը մեր մեծագոյն դաստիարակն է, մեր կեանքին ուղղութիւն տուող մեծագոյն առաջնորդը։ Ան լեցուն է Մովսէս Խորենացի պատմահօր բառերով այնպիսի «արութեան գործերով», որոնք մեր հայրենիքը պահեցին անվթար ու զօրեղ՝ հին աշխարհի մեծ կայսրութեանց դիմաց։ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը էապէս գոյապայքար է, այլ խօսքով՝ զինք շրջապատող թշնամի ուժերու դիմաց մնալու պայքար մը։ Եւ աւելին՝ ոչ թէ սոսկ գոյատեւելու պայքար, այլ ստեղծագործ գոյութեան յարատեւ ճիգ մը եղած է հայու կեանքը։

Ո՞վ կը մտածէր, որ դարեր շարունակ անհայրենիք մնացած հայը դարձեալ հայրենիք պիտի ունենար։ Ո՞վ կը մտաբերէր, որ Ցարական ու Օսմանեան տիրապետութեան տակ ճնշուած մեր ազգին ցրուած բեկորները օր մը դարձեալ հաւաքաբար պիտի կանգնէին աշխարհի թատերաբեմին վրայ իրենց արդար պահանջատիրութեամբ։ Հետեւաբար, «միշտ նայինք մեր անցեալին, ո՛չ թէ սոսկ մեր ծանօթութիւնը խորացնելու, այլ մեր ներկայ կեանքը շարունակուող հայոց պատմութեան մէջ գիտակցօրէն ապրելու համար» (Արամ Ա. Կաթողիկոս)։

***

Աշխարհաքաղաքական բեւեռացումներու խաչմերուկին կանգնած մեր երկիրը այսօր աւելի քան երբեւէ կարիքն ունի արտաքին, ներքին թէ միջազգային քաղաքական ոլորտներուն համար մշակելու ազգային ուրոյն ռազմավարութիւն՝ յենարան ունենալով հայութեան բոլոր հատուածներու միասնութիւնը։ Հայութիւնը ճգնաժամող բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու, մեր ազգային վերադաս շահերը պաշտպանելու, մեր ժողովուրդի մեծագոյն եւ ամենահրատապ խնդիրները լուծելու համար առաջնային անհրաժեշտութիւն կը կազմեն հաւաքական ջանքը, ներազգային համերաշխութիւնը, հանդուրժողականութիւնը, մեծահոգութիւնն ու տարբեր հատուածներու միջեւ փոխադարձ յարգանքը։ Սակայն դժբախտաբար նման վերաբերում ու վարքագիծ առայսօր հազուագիւտ երեւոյթներ են մեր իրականութեան մէջ։ Նեղ-անձնական եւ նեղ-խմբակային շահերը, անհանդուրժողութիւնը, պառակտուածութիւնը, քէնը, ոխակալութիւնը եւ օտար ուժերու ծառայութիւնը իսկութեան մէջ մեր շինիչ ու հայամէտ գաղափարները կրծող որդեր են եւ հայատրոփ զգացումները ջլատող ազդակներ։

Ան որ չունի ինքնիշխան պետութեան քաղաքացի ըլլալու գիտակցութիւն, չի՛ կրնար զգալ այդ քաղաքացիութեան ուժն ու պատասխանատուութիւնը։ Մեր մայիսեան բոլոր ռազմայաղթանակները առաջին հերթին իրականացան մեր գիտակցութեան եւ սրտերուն մէջ։ Այդ սխրանքները նախապատրաստուած ու հասունցած էին դարերու ընթացքին մեր ժողովուրդի անհաւասար պայքարով ու ողբերգական փորձով։ Իսկ 1991 Սեպտեմբերի 21-ը վերահաստատեց աննկարագրելի ծով զրկանքներ տեսած ու վերընձիւղուած մեր ժողովուրդի ապրելու անկոտրում կամքը։

Պէտք է գիտակցինք պետականութեան անգնահատելի արժէքին, անոր անփոխարինելիութեան։ Չկայ կառոյց, որ կարենայ փոխարինել պետութիւնը, չկայ որեւէ գաղափարախօսութիւն, որ գերադաս ըլլայ պետական շահերէն։ Երբ կը տկարանայ երկիրը՝ ոչ ոք կը շահի, ոչ ոք յաջողութիւն կ՚արձանագրէ, այլ կը տուժեն ու կը ձախողին բոլորը։ Ապրիլ ազատ, ապրիլ արժանապատիւ։ Ապրիլ ոչ թէ պարզապէս չմեռնելու, գոյութիւն քաշքշելու, այլ ապրիլ բարգաւաճման եւ զարգացման համար, ապրիլ համաշխարհային քաղաքակարթութեան յառաջընթացին ու ոգիին համաքայլ եւ համահունչ։

Ականջ ունեցողը թող լսէ՛։

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անկախութեան 26-ամեակ…

26 տարիներ անցած են այն յաղթապանծ օրէն, երբ հայորդիք ձեռք-ձեռքի, սիրտ-սիրտի, միահամուռ կերտեցին նորանկախ պետութիւնը հայոց, որոնց համար նորակերտ պետութիւնն ու անկախութիւնը ազգային նորանոր տեսլականներ կենսագործելու երաշխիք հանդիսացան։

19-րդ դարու յայտնի մտաւորականներէն Գրիգոր Օտեան միաբանութեան մասին հետեւեալը կ՚ըսէ. «Անմիաբանութեամբ մեծերը կը փոքրանան. իսկ միաբանութեամբ փոքրերը կը մեծնան»։ Մեր ժողովուրդի պատմական փորձառութենէն եկող անժխտելի ճշմարտութեան մը հաստատումն է սա։ Մենք «փոքր ածու» մըն ենք, չունինք ոսկիի ու քարիւղի հանքեր։ Մեր մեծութիւնը հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն մէջ է, իսկ մեր զօրութիւնը՝ մեր միասնականութեան մէջ։ Միասնականութեան առաջնորդող ապահով ճամբան փոխադարձ հասկացողութեան, փոխադարձ վստահութեան ու համագործակցութեան ճանապարհն է։

Եւ ահա ա՛յն ատեն անմահանուն Յովհաննէս Թումանեանի գրիչէն կեանքի կոչուած բառերը վերստին մարմին պիտի զգենուն ու գոչեն ամէնուր.

«Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած,

Հազա՜ր-հազա՜ր լուսապայծառ հոգիներով ճառագած,

Ու երկնահաս բարձունքին, Արարատի սուրբ լանջին,

Կենսաժպիտ իր շողերը պիտի ժպտան առաջին.

Ու պոէտներ որ չեն պղծել իրենց շուրթերն անէծքով,

Պիտի գովեն քո նոր կեանքը, նոր երգերով, նոր խօսքով,

ԻՄ ՆՈ՜Ր ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՀԶՕՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ»։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017