ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԴԵՐԸ ԵՒ ՏԵՂԸ - Բ -
Ստորեւ կը շարունակենք «մամուլ»ի մասին խորհրդածել, անշուշտ միշտ յիշելով Վիքթոր Հիւկոյի այն խօսքը, թէ՝ «մամուլը ընկերային աշխարհի լո՛յսն է, եւ ուր որ լոյս կայ, հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը»։ Արդէն ամէն ինչ կը բացայայտէ այս խօսքը՝ մամուլին կարեւորութեան նկատմամբ մարդկային հասարակական՝ մտաւոր եւ հոգեւոր կեանքին մէջ։ Այս խօսքով մանաւա՛նդ կարեւորութիւն կը ստանայ մամուլին դերը եւ անոր գրաւած տեղը ընկերային կեանքին մէջ։
Երբ հռոմէական պետութիւնը կը տարածուէր Միջերկրականի բովանդակ ցամաքներուն վրայ, անոնց ուղղակի՛ տիրելով կամ զանոնք իր ազդեցութեան տակ առնելով, նաեւ պահանջքը կը զգացուէր այն տեսակ միջոցի մը, որ տիրող դասակարգին պատկանողներէն իբր պաշտօնատար, իբր հարկահաւաք, իբր վաճառական, իբր արուեստագէտ, իբր մտաւորական, իբր հոգեւորական դէպի զանազան գաւառներ գացողները իրարու հետ յարաբերութեան մէջ դնէր. ամէնքն ալ հաղորդակից ընելով ամբողջ պետութեան մէջ տեղի ունեցած կարեւոր պատահարներուն։
Նշանակութեան արժանի է սա կէտը, որ Կեսար, հռոմէական զինուորական միապետութեան եւ վարչութեան կեդրոնացուցման հիմնողը, նկատուած է այսօր նաեւ իբրեւ հիմնողը լրագրի նմանող հրատարակութեան մը։ «Լրագրի նմանող հրատարակութիւն մը» կ՚ըսուի, քանի որ հռոմէացիները արդի իմաստով լրագրութիւն մը չե՛ն ունեցած։
Գերմանական ժողովուրդները, որոնք հռոմէականներու տիրապետութենէն ետքը կը ստանձնէին Եւրոպայի պատմութիւնը վարելու գործը, հռոմէական պետութեան պատանջները չունէին, շարունակելու համար հռոմէական ձեւով լրագրական հրատարակութիւն մը։ Բովանդակ միջին դարու մարդերը իրենց ապրումներով, ապրելակերպով իւրայատուկ նկարագիր մը ունէին՝ անոնց կեանքը կը սահէր սահմանափակ, միօրինակ, գոցուած՝ ամուլ շրջանակներու մէջ՝ ընկերական եւ քաղաքական տեսակէտէն։ Կրթութեան համար խնամատարութիւնը վանքերու որմերէն ներս կը քաշուէր եւ ամբողջ դարերու ընթացքին, ընկերութեան մէջէն միայն սակաւներու զբաղումը կը մնար։
Տնտեսական-տնտեսագիտական փոխադարձ շահագրգռութիւն մը, որ վանքի մը կամ քաղաքի մը պատերէն դուրս ելլելով կրնար մարդիկը զիրար կապել, գոյութիւն չունէր այդ ժամանակներուն մէջ։ Այս շրջանէն վերջ է որ ծնունդ եւ սկիզբ կ՚առնեն ընդհանուր ընկերական կազմակերպութիւններ, իրենց հետեւանք ունենալով նաեւ բոլոր հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացումը։ Այդ միջոցներէն մէկը եղած է նաեւ միշտ լրագրութիւնը։
Իր ծնունդին մէջ, այս եղած է ահա սկզբնական պատկերը «լրագրութեան», այսինքն մաս մը՝ անդամ մը՝ որ փոխադարձ կերպով իրարմով շահագրգռուող անհատները, դասակարգերն ու յետոյ հասարակութիւնները իրարու հետ հաղորդակցութեան մէջ է դրած։
Սակայն, տակաւ մարդկութեան զանազան մասերուն մէջ հաղորդակցութեան աւելի՛ ներուժ դառնալովը, լրագրութիւնը եւս գործունէութեան մէջ բարդ հանգամանք մը ստացած է։ Զոր օրինակ, 20-րդ դարու սկիզբները, լրագիր մը՝ եւրոպականներու վրայ յատկապէս խօսելով, ամէն բանէ առաջ դրամական ձեռնարկութիւն մըն էր. որուն մէջ շատ անձեր՝ «աշխատութեան բաժանման օրէնք»ով իբր թղթակից, խմբագիր, գրաշար, սրբագրիչ, մեքենավար, ծանուցումներ հաւաքող, վարչական պաշտօնեաներ, ծառաներ, եւ այն. միակ ուղղութեան մը տակ, վարձքի մը փոխարէն կ՚աշխատէին ընթերցողներու անորոշ թիւի մը համար եւ իրենց բովանդակ ջանքը ո՛չ թէ անոր համար էր որ իրենց թերթը հաւնեցնեն հասարակութեան, այլ որպէսզի մրցին, լրագրական ասպարէզի վրայ գտնուող միւս հրատարակութիւններու հետ։
Ուստի մեծ օրաթերթի մը իւրաքանչիւր թիւը, որ այն շրջաններուն Եւրոպայի մէջ հրապարակ կ՚ելլէր, հրաշալիք մըն էր դրամական կազմակերպութեան, տնտեսական աշխարհի ու աշխատանքի բաժանման եւ արհեստագիտական կատարելագործութեան միանգամայն։ Եւ այս տեսակ օրաթերթ մը կը ներկայանար ընթերցող հասարակութեան իբրեւ «հաղորդակցութեան միջոց» մը մտաւորական եւ գիտական կեանքին։ Եւ որպէսզի օրաթերթ մը լիուլի կատարէր իր այս դերը, իրեն կ՚աջակցէին նաեւ երկաթուղիի ցանցերը, թղթատարական կազմակերպութիւնը, հեռագրական թելերը եւ հեռաձայնի հաստատութիւնները։
Մանաւանդ 20-րդ դարու քաղաքակրթութիւնը, որ ամենէն աւելի իր համաշխարհային ձգտումներով կը յատկանշուին, արդիւնքը եղած է ամենալայն ըմբռնումով հաղորդակցութեան մը։
Մարդկութեան տնտեսական կեանքը անցած է այն տեսակ շրջաններէ, որոնց մէջ անիկա խումբ մը մարդոց, յետոյ քաղաքի մը, յետոյ ազգութեան մը սահմաններուն մէջ պարփակուած մնացած էր։
Եւ հետզհետէ, բովանդակ քաղաքակիրթ աշխարհի համար, որ հաղորդակցութեան ամէն միջոցներով, ճամբաներով, հեռագրական թելերով, համացանցային կարելիութիւններով, թղթատարական կազմակերպութեամբ օժտուած է, տիեզերական այն տեսակ կեանք մը գոյութիւն է ստացած, որ ո՛չ մէկ քաղաքակիրթ երկիր կրնայ այլեւս առանց միւսներէն ազդուելու եւ տպաւորուելու, իր անկախ տնտեսական կեանքը շարունակել ու գոյատեւել։
Ի՛նչ որ ճշմարտութիւն է այսօր ժողովուրդներու տնտեսական կեանքին համար, ճշմարտութի՛ւն է նաեւ անոնց բարոյական եւ գիտական կեանքին նկատմամբ։ Համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է դարձած։
Ուստի, հետզհետէ, առօրեայ լրագրութիւնն ալ դարձած է «հաղորդակցութեան միջոց» մը՝ որով նախ միեւնոյն երկրին զանազան կեդրոնները կը կապուին իրարու հետ բարոյապէս, եւ յետոյ կը հետեւին ամբողջ աշխարհի կեանքին, ուրկէ անկախաբա՛ր անկարող են իրենք իրենց գործառնութիւններուն ուղղութիւն մը, ընթացք մը տալ։
Բայց 20-րդ դարու սկիզբներու լրագրութեան այն մասը որ ճանչցուած էր իբր ամենէն լուրջը եւ ամենէն աւելի «միջոց» մըն է եղած ժողովուրդներու ձեռք, իրարու վիճակի եւ գործունէութեան տեղեակ ըլլալու համար, չոր լուրեր չէ՛ որ կը հրատարակէր, այլ իրողութիւնները հաղորդելէ վերջ, կ՚աշխատէր անոնց հոգեբանութիւնը պարզել…
- Պիտի շարունակուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 30, 2017, Իսթանպուլ