ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԴԵՐԸ ԵՒ ՏԵՂԸ - Գ -

Ընդհանուր առումով մամուլը եւ յատկապէս օրաթերթը կարեւոր դեր մը եւ տեղ մը կը գրաւէ ընկերութեան մտաւոր կեանքին մէջ եւ պահանջք մըն է, քանի որ մարդ էակին ամենէն բնազդային վարմունքն է հետաքրքրուիլ եւ տեղեկութիւն ստանալ, սորվիլ իր շուրջը պատահած դէպքերէն՝ զինք ուղղակի շահագրգռէ կամ ո՛չ։

Այս ուղղութեամբ, յաճախ կը կրկնենք Վիքթոր Հիւկոյի նշանաւոր խօսքը, թէ՝ մամուլը ընկերային աշխարհի լո՛յսն է, եւ ուր որ լոյս կայ, հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը։ Եւ ուրեմն ընդհանուր առումով այն ամէն միջոց, որ մարդուս տեղեկութիւն քաղելու, սորվելո՛ւ պահանջքին գոհացում տալու կը ծառայէ, կարեւոր է եւ մեծ արժէք կը ներկայացնէ։

Եւ անշուշտ իր յատուկ իմաստով, օրաթերթը այս «նուիրական» ծառայութեան առաջնակարգ դերակատա՛րն է, ո՛չ միայն լուրերով, այլ նաեւ իր մտաւոր կեանքի ծառայութիւններով՝ գիրի տուած սպասարկութեամբ։ Տեղեկանալու, սորվելու իրաւունքը՝ մարդուս ամենէն նուիրական իրաւունքներէն է, որուն միջոցն է մամուլը, մանաւանդ օրէ օր լուր տուող օրաթե՛րթը։

Ուստի, այսօր ճշմարտութիւն մըն է մամուլին ուժը ընկերային կեանքին մէջ, ուժ մը՝ որ ուղեցոյց կ՚ըլլայ ընկերական եւ քաղաքական կեանքին, եւ ընթացք կ՚որոշէ մեծ մասամբ։ Մամուլը ընթացք կու տայ նաեւ ընկերութեան մտաւոր կեանքին եւ կ՚օգնէ մշակոյթի զարգացման։

Այսպէս, լրագրութիւնը, հետզհետէ կը դառնայ հաղորդակցութեան միջոց մը՝ որով զանազան մշակոյթներ կը կապուին իրարու եւ կը հետեւին ամբողջ աշխարհի կեանքին։ Այս իմաստով, լրագրութեան այն մասը որ ընդհանրապէս ճանչցուած է իբր ամենէն լուրջը եւ ամենէն աւելի միջո՛ց մըն է ժողովուրդներու ձեռքը, իրարու վիճակի եւ գործունէութեան տեղեակ ըլլալու համար, չոր լուրեր չէ որ կը հրատարակէ, պարզապէս իր ընթերցողներուն հետաքրքրութիւնը գոհացնելու համար, երբե՛ք, այլ իրողութիւնները հաղորդելէ վերջ, կ՚աշխատի անոնց հոգեբանութիւնը պարզել, եւ յետոյ թեր ու դէմ քննադատել իրաղութիւնները, ցոյց տալու համար ի՛նչ որ ՃՇՄԱՐՏԱՊԷՍ ՕԳՏԱԿԱՐՆ Է ընկերութեան տեսակէտէն եւ ասով օգտակարին համար հանրային կարծիք մը գոյացնել իր շուրջ։

Պարզ է, թէ այս տեսակ ուղղութեամբ օրագրութիւն մը մանաւանդ երբ կը կատար-ւի ձեռնհաս անձերու կողմէ, որոնց մասին ամենէն քիչ հաւանականութիւնը կրնայ ըլլալ որ իրողութեան մը հետեւանքները սխա՛լ կերպով դատեն, պէտք է նկատուի քաղաքակրթող միջոցներէն մին եւ կարեւորագո՛յնը։

Եւ այս կէտին, կ՚արժէ պահ մը խորհիլ, եւ հարցնել, թէ գոյնզգոյն նկարներով լեցուած եւ որպէս մտային օգուտ ո՛չինչ ներկայացնող «երկրորդական» հրատարակութիւններ, ուր ո՛չ գաղափար, ո՛չ միտք, ո՛չ իսկ քննադատութիւն եւ բացատրութիւն պարունակելէ զատ՝ ո՛չինչ կը ներկայացնեն ընթերցողներու մտաւոր եւ հոգեւոր կեանքին, ո՞րքան կը համապատասխանեն «մամուլ»ի օգտակարութեան։ Իրապէս կ՚արժէ՛ խորհիլ այդ մասին, թէ այդպիսի «մամուլ» մը կը ծառայէ՞ իր իսկական նպատակին։ Արդարեւ, օգտակարութիւնը եթէ նպատակ է, ուրեմն յաջողութի՛ւն է, եւ յաջողութեան մը արժէքը կը չափուի այդ նպատակին հասնելու համար կատարուած զոհողութիւններով։ Թերթ մը գոյնզգոյն ներկելով միա՛յն «նե՛րկ» ներկայացնել ո՞րքան զոհողութիւն կը պարունակէ եւ ո՞րքան օգտակար կրնայ հանդիսանալ «դիտող»ներուն եւ ո՛չ թէ ընթերցողներուն, քանի որ գոյնը միա՛յն կրնայ դիտուիլ։ Եւ ուրեմն օգտակարութեան չափանիշով եթէ չափուի թերթի մը յաջողութիւնը, ապա ուրեմն կարելի՞ է միայն «գոյն»ով հասնիլ նպատակին…։

Եւ երբ կը խորհրդածենք մամուլի դերին եւ տեղին մասին եւ կը յիշենք Վիքթոր Հիւկոյի խօսքը, թէ՝ մամուլին մէջ կա՛յ Նախախնամութեան մատը, ուրեմն պէտք է նկատի ունենալ լուրջ, իր նպատակին ծառայող եւ մանաւա՛նդ օգտակար մամուլը, այն՝ որ ժողովուրդին մտաւոր կեանքը կը ճոխացնէ։

Այս շեղումէն ետք շարունակենք իսկական արժէք ներկայացնող մամուլի վրայ խորհրդածելու, քանի որ մամուլին սկզբնական պաշտօնը «ներկարարութիւն» չէ՛, այլ մտաւոր օգտակարութի՛ւն։

Ճշմարիտ եւ հարազատ մամուլին պարտականութիւնն է՝ քաղաքակրթե՛լ։ Աւելի կամ նուազ քաղաքակրթող միջոցներ են այն ամէն բան, որ մարդուս գիտակցութեամբ եւ ճի՛շդ դատողութեամբ գործել կու տան, իր ձեռնարկութիւններուն մէջ յաջողելու տեսակէտէն իրեն անհրաժեշտ միջոցները ստեղծելու եւ կամ արդէն ստեղծուածները կիրարկելու եւ օգտագործելու համար։

Լուրջ օրագրութեան համար երբե՛ք կարելի չէ՛ ըսել, թէ անոնք իրենց ընթերցողներուն հետաքրքրութիւնը գոհացնելու նպատակով է միա՛յն որ գոյութիւն ունին։

Լուրջ մամուլը առաջնորդող դիրք մը ստացած է ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ, մանաւա՛նդ խնբագրական յօդուածներու մասովը նաեւ ա՜յնքան կարեւոր՝ երկրին ներքին քաղաքականութեան համար։

Լուրջ թերթերու խմբագրական յօդուածներու ձգտումը կ՚ըլլայ անխտիր խօսելով մարդկային կեանքի բովանդակ երեւոյթներուն եւ իրողութիւններուն վրայ, տալ իր ընթերցողներուն այդ բոլորին ճշգրիտ բացատրութիւնը եւ յետոյ վարժեցնել զանոնք, որ սկսին կեանքի տնտեսական, բարոյական եւ մտաւորական երեւոյթներուն առջեւ փոխանակ կրաւորապէս ամէն ինչ ընդունելու՝ քննելով ինքնուրոյն գաղափար մը գոյացնեն անոնց մասին։

Ուստի քննադատութեան առարկայ կ՚ըլլայ նաեւ գիտական եւ գեղարուեստական հակումներ, որոնք ընկերութեան մէջ կամ դուրսը, կը թուին մարդկութեան աշխարհահայեցողութիւնը կազմելու մէջ կարեւոր դեր մը եւ տեղ մը ունենալ։

Զուտ գրական մասն ալ իր շատ կարեւոր տեղը ունի օրագրութեան մէջ։

Այս կերպով մամուլը, յատկապէս օրագրութիւնը կրցած է սատարել քաղաքակըր-թութեան՝ ինչ աստիճան որ կը սպասուէր տպագրական գիւտէն, որ կու գար նոյնիսկ յեղաշրջել մարդկային ճակատագիրը։

Վերջացնելէ առաջ պէտք է ըսել, որ յառաջդիմութիւնը եւ բարեշրջումը բնական ընթացք մըն է, եւ պէտք է համակերպիլ այդ ընթացքին։ Բայց «նոր»ը երբեք չի նշանակեր «հին»ը բոլորովին ոչինչ համարել, քանի որ «նոր»ը՝ «հին»ին, այսինքն նախորդին բարեշրջուած ձեւն է, եւ օրագրութեան մէջ ալ արդի համացանցային դրութիւնները որքան ալ օգտակար նկատուին, պէտք չէ դասական լրագրութեան արգելք հանդիսանան, քանի որ հինը պաշտպանել որքան որ յետամնացութիւն կամ յետադիմութիւն նկատուի ոմանց կողմէ, նոյն աստիճան պարզամտութիւն է՝ անցեալի արժէքները ուրանալ եւ ո՛չինչ նկատել, քանի որ յառաջդիմութիւնը եւ բարեշրջումը կը սկսի միշտ «նախո՛րդ»ով մը, նախապատրաստութեա՛մբ մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2, 2017, Իսթանպուլ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017