ԶԱՆԳԱԿՆԵՐՈՒ ՀՆՉԻՒՆԸ

Ո՜րքան հաճելի է եւ տպաւորիչ եկեղեցւոյ մը զանգակին հնչիւնը, սիրելի՜ բարեկամներ։ Անիկա կոչ մը, հրաւէր մըն է խաղաղութեան, հաշտութեան եւ ինքնամփոփման։ Եկեղեցւոյ զանգակը կո՛չ մըն է անդրադառնալու կարգ մը ճշմարտութիւններու եւ գեղեցկութիւններու՝ որ կեանքի ամէնօրեայ զբաղումներուն մէջ յաճախ անտեսուած է։ Եկեղեցւոյ զանգակը առիթ մըն է՝ որ մարդ անդրադառնայ ինքն իր ներաշխարհին՝ գոնէ պահ մը հեռանալով արտաքին աշխարհի բազմաթիւ տաղտկալի եւ միօրինակ զբաղումներէն։ Եկեղեցւոյ զանգակը կոչ մըն է եւ հրաւէ՛ր՝ հանգիստ եւ ապահով ապաստարանի մը։ Ան «ազատարար գօտի՛» մըն է աշխարհային նեղութիւններու մէջ տատանող խե՜ղճ մարդուն։

Եկեղեցւոյ զանգակը երբ կը սկսի ղօղանջել՝ ամէն նեղութիւն, ցաւ ու տառապանք պահ մը գոնէ կը հեռանան հոգիներէ եւ հոն կը տիրէ ապահովութեան եւ խաղաղութեան քաղցր եւ հաճելի մթնոլորտ մը՝ ուր մարդ կը գտնէ ճշմարիտ երջանկութիւնը…։

Եկեղեցիի մը զանգակին հնչիւնը՝ մարդուս ականջին կը հնչէ մօր մը գորովագին քաղցր ձայնին նման։

Պատճառը թերեւս հոգիին խորն է քան բուն ինքն զանգակին մէջ։ Անոր հնչական թրթռումները՝ իւրայատուկ խորհուրդ մը ունին։ Արդարեւ, որեւէ ձայնի հնչական թրթռումները իրենք իրենց մէջ զուրկ են որեւէ նշանակութենէ։ Անոնց արձագանգն է՝ հոգիին մէջ, որ իմաստ կու տայ զանգակէ մը՝ կամ ուրիշ որեւէ ձայնական գործիքէ մը՝ արձակուած եւ տարածուած հնչական թրթռումներուն։

Արդարեւ, եկեղեցւոյ զանգակը միայն «ձայն» մը չէ՛ որ կ՚արձակէ, կը տարածուի եւ ականջով կը լսուի, աւելի՛ն կայ այդ ձայնին մէջ։ Ուստի, աղօթքի՝ հաւատքի, յոյսի, սիրոյ եւ պաշտամունքի դարաւո՜ր պատմութեան յուշարար մըն է այդ «ձայն»ը։

Յայտարար ձա՛յնն է Աստուծոյ սիրոյն եկեղեցւոյ զանգակին հնչիւնը՝ որուն մէջ մարդիկ կը գիտակցին իրենց էութեան, իրենց եղբայրութեան՝ իբրեւ որդիներ միակ Հօր մը՝ տիեզերքի ստեղծիչին եւ իրենց արարիչին՝ Աստուծո՛յ։

Զանգակը «պաշտամունքի հրաւէր» մը ըլլալէ աւելի հրաւէր է «միութեա՛ն»։

Արդարեւ, Եկեղեցին՝ իր բառական իմաստով, խորհրդանիշ մըն է միութեան. մէկ կողմէ՝ Աստուծոյ, եւ միւս կողմէ մարդոց իրարու հետ։ Զանգակը կը հրաւիրէ ժողովուրդը՝ կազմելու այս միութիւնը։ Միաբանութիւն մը՝ Աստուծոյ եւ իր զաւակներուն միջեւ, եւ միաբանութիւն մը՝ բոլոր զաւակներուն՝ մարդոց միջեւ։ Այս իմաստով, մեծ է եւ կարեւոր «զանգակ»ին դերը եւ պարտականութիւնը։

Տարակոյս չկա՛յ, թէ Աստուած մարդոց ո՛չ խունկին եւ ոչ ալ պատարագին պէտք ունի, եթէ անոնց սիրտը եւ միտքը անապաշխար է եւ մեղանչակա՛ն. կամ «կոտրած, խոնարհած» չէ՛, հապա՝ վէս ու խեռ, այսինքն ըմբոստ՝ անհաշտ եւ անձնապաշտ, ինքնամո՛լ։

Ուստի պաշտամունքի էութիւնը միաբանութի՛ւնն է, եւ առանց միաբանութեան, առանց համաձայնութեան՝ պաշտամունքը, թող ներուի մեզի, կատարեալ «կատակերգութիւն» է, կեղծաւորութեան մարմնացո՛ւմ, որ զզուելի՛ է Աստուծոյ եւ գայթակղելի՛ մարդոց։

Եւ Եկեղեցւոյ զանգակը, ահաւասիկ, այս միաբանութիւնը եւ համաձայնութիւնը կ՚ապահովէ։

Պահ մը երեւակայեցէք գիշեր ժամուն, մութին մէջ արձագանգող զանգակի մը հնչիւնը՝ մատուռի մը կամ եկեղեցիի մը զանգակատունէն, եւ որքան նուիրական պարտականութիւն մը կը կատարէ զայն հնչեցնողը, քանի որ զանգակը հնչեցնելու, շարժման անցընելու համար անհրաժեշտ է մէկու մը սրբացած ձեռքը…։

Եւ ո՜րքան երանելի են անոնք, որ կը հըն-չեցնեն եկեղեցւոյ զանգակը՝ կոչ ընելով, հրաւիրելով մարդիկ միութեան եւ միաբանութեան, ինչ որ կը պակսի ընդհանրապէս մարդոցմէ եւ մարդկութիւնը կարօտը կը զգայ անոնց։

Կարծես թէ Աստուած Ինքը՝ իր վեհափառութեամբը՝ կու գայ, կը բազմի մարդոց դէմը, գրեթէ կուրցնելով անոնք, իր շողշողուն փառքովը։ Յափշտակութեան առաքելական փորձառութիւն մըն է այդ պահը՝ բոլոր անոնց համար, որ կ՚անդրադառնան իրենց էութեան եւ կը զգան Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ կը միանան ու կը միաբանին Անոր եւ Անոր հետ բոլոր մարդոց հետ՝ անխտի՛ր։

Այդ պահուն վեհութեանը մէջ, մարդ աւելի ի՜նչ կրնայ ուզել, քանի որ հասած է իր նպատակին՝ երանութեա՛ն։

Ահա՛ այդ պահուն խաղաղութիւնն է որ մարդս կը միացնէ իր Արարիչին եւ իր նմաններուն, որոնք իրեն նման արարածներն են Արարիչին։ Եւ այս խաղաղութեան՝ իրենց ներդաշնակութիւնը կը միացնեն հնչող զանգակները եկեղեցիին, որոնք կ՚աւետեն իրենց թրթռուն խազերովը, Աստուծոյ անսահման սէրն ու ողորմութիւնը, որուն մէջ կա՛յ՝ Անոր տիեզերական «Հայրութիւն»ը, Ամենախնամութիւնը, Արդարութիւնն ու Իմաստութիւնը՝ համայն մարդկութեան համար։

Զանգակին հնչած պահուն, կարծես կը տեղափոխուին այն ամէն ինչ՝ որ կը շրջապատեն մա՛րդը, կը փոխուի ամէն ինչ ժամանակով եւ միջոցով, եւ երկնային հրեշտակներ կը բոլորուին հո՛ն։

Տպաւորուած մարդը՝ ներքին շտապի մը կը մղուի, տեսակ մը շուարումի կը մատնուի՝ Փրկիչը գտնելու եւ հոգին նուիրելու համար Անոր։

Եւ փարոսի մը նման՝ որ իր հեռարձակ եւ փայլուն լոյսովը կ՚առաջնորդէ նաւերը դէպի հանդարտ ու խաղաղ «նաւահանգիստ»ը, եկեղեցիին զանգակատունէն արձակուած եւ տարածուած հնչիւններուն ձայնը կը հանդարտեցնէ, կը խաղաղեցնէ եւ կը նորոգէ հոգիները՝ որ կը լեցուին նոր հաւատքով, աւելի ամո՛ւր հաւատքով, յոյսով եւ սիրով՝ Աստուծոյ պահպանութեան եւ պաշտպանութեան վրայ՝ ապահով եւ անկասկած, եւ խաղաղութեան հաւաստիք կու տան մարդուս այս ժամանակաւոր, անցաւոր կեանքին բոլոր օրերուն համար։ Եւ վստահութեան տուած քաջութեամբ կ՚ապրին այս ժամանակաւոր շրջանը…։

Եւ զանգակը անգամ մը եւս ուրախ՝ հանգիստի կը քաշուի, պարտականութիւնը լիովին կատարած ըլլալու հպարտութեամբ։ Պէտք է խոստովանիլ եւ ընդունիլ, թէ մե՛ծ է զանգակին դերը եւ պարտականութիւնը ծա՛նր է՝ մարդուս հոգեւոր կեանքին գոյապահպանման ու գոյատեւման գործին մէջ։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 3, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2017