ԱԶԴՈՒ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐ

Թուրք զինեալ ուժերը շաբաթավերջին ռմբակոծեցին Սուրիոյ սահմանամերձ շրջանները։ Ազատ Սուրիոյ բանակին կողմէ Իտլիպի մէջ ձեռնարկուած գործողութիւններուն նեցուկ կը կանգնի բանակը։ Ազատ Սուրիոյ բանակին կողմէ ձեռնարկուած գործողութեան առաջին փուլին այդ ռմբակոծումները կատարուեցան՝ որպէս սկզբնական մաքրութիւն։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ Աստանայի գործընթացէն ներս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կը գործադրուին Իտլիպի մէջ։ Իր կարգին, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ շեշտեց, թէ Անգարա այս նիւթին շուրջ կ՚ընթանայ Մոսկուայի հետ զուգահեռ։ Ըստ իրեն, Իտլիպի պարագային անվտանգութիւնը պիտի երաշխաւորուի Ռուսաստանի հետ։ Այդ քաղաքը կը հանդիսանայ տարածքաշրջանի կղպանքը։

Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան հասած են եռակողմանի համաձայնութեան մը՝ որպէսզի Սուրիայէ ներս ստեղ-ծըւին բախումներէ զերծ գօտիներ։ Ներկայ պայմաններով կը նախատեսուի, որ Սուրիոյ մէջ 400 քառակուսի մեթր տարածք մը վերահսկուի Թուրքիոյ կողմէ։ Այդ տարածքէն ներս պիտի հաստատուին 14 դիտարկման կէտեր։ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի երկայնքով զինեալ ուժերը կ՚իրականացնեն խտացեալ վերահսկողութիւններ՝ զրահապատ սարքաւորումներու օգտագործմամբ։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին զանազան առիթներով անդրադարձաւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։ «Երբ որ մենք չենք երթար Սուրիա, ապա Սուրիան կու գայ մեզի։ Մենք պարտաւոր ենք խանգարելու այն ահաբեկչական նըր-բանցքը, որու ստեղծման համար աշխատանք կը տարուի։ Նոր Քոպանի մը ապրիլ չենք ուզեր», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ ՓԵՏ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը կը ձգտի ուղղակիօրէն Միջերկրական հասնիլ եւ Թուրքիա չի կրնար թոյլ տալ այս բանին։

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընն ալ պաշտպանեց Թուրքիոյ կողմէ խրախուսուած գործողութիւնները։ Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան Մերձաւոր Արեւելքի բաժանմունքի բանբերը այս առթիւ ըսաւ. «ՆԱԹՕ-ի մեր դաշնակից Թուրքիոյ կողմէ՝ իր սահմաններուն պաշտպանութեան եւ ահաբեկչութենէ զերծ գօտի մը ստեղծելու ուղղեալ ջանքերը կը պաշտպանենք»։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2017