ԿԱԼԱԹԱՍԱՐԱՅԷՆ ԹԱՔՍԻՄ

Հաւանաբար չի՛ գտնուիր մէկը՝ որ քաղաքս բնակի եւ պատեհութիւնը ունեցած չըլլայ Կալաթասարայէն մինչեւ Թաքսիմ՝ պարզ պտոյտի մը համար եւ կամ գործի բերմամբ, եւ կամ այն պատճառով, թէ բնակարանը այդ կողմերն է, անցնիլ եւ դիտել իր շուրջը։

Ամէն եղանակի, իր յատկանշական շքեղութիւնը ունի այդ ճամբան՝ ըլլա՛յ դադարի մը ժամանակ, ըլլա՛յ աշխատանքի ատեն, եւ կարծես ամէն անգամուն տարբեր տեսարան մը կը պարզուի մարդուս առջեւ, մի՛շտ խորհրդաւոր, մի՛շտ հրապուրիչ եւ միշտ գեղեցի՛կ՝ մարդուս հոգեվիճակին համեմատ՝ տրտում եւ տխուր կամ ուրախ եւ զը-ւա՛րթ։ Սակայն մի՛շտ գրաւիչ եւ առինքնո՛ղ։

Հո՛ն, այդ ճամբուն վրայ կարելի է հանդիպիլ մարդկային այն մակընթացութեան, որով մայթերը կը յորդին։ Երկու սեռէ՝ այր եւ կին, ամէն կարգի մարդիկ, համեստ կամ ցուցամոլ անձեր՝ որոնք երբեմն կը դանդաղին ցուցափեղկերուն առջեւ, իսկ ուրիշներ կ՚աճապարեն առանց անդրադառնալու ճոխ ցուցափեղկերուն։ Բայց բոլորն ալ կ՚անցնին այդ ճամբայէն՝ Կալաթասարայէն դէպի Թաքսիմ։

Անցնող մարդոց մէջ կը գտնուին նաեւ դեռահասներ, երիտասարդներ, ուսանողներ, աշկերտներ, եւ երբեմն ալ աննպատակ շրջողներ՝ թափառողներ։

Բայց ամէնքն ալ կ՚անցնին, կ՚երթան Կալաթասարայէն դէպի Թաքսիմ, այդ պատմական, խորհրդաւոր, յիշատակներով լեցուն այդ ճամբուն վրայէն։ Ոմանք գործատեղիէն ելած՝ դէպի տուն, ոմանք տունէն ելած դէպի գործատեղի, բոլորն ալ կը քալեն, կ՚անցնին այդ ճամբայէն։

Երբ ուշադրութիւն դարձնէ մարդ, կը տեսնէ որ երիտասարդներ մեծամասնութիւն կը կազմեն այդ գնացքին, ընդհանրապէս վայելուչ արդուզարդով, նորաձեւութեան խի՛ստ հաւատարիմ, կը գրաւեն մայթերուն գրեթէ իւրաքանչիւր քառակուսի ոտնաչափը։

Բայց ուրիշ հետաքրքրական եւ յատուկ մանրամասնութիւն մըն ալ կարելի է նկատել Կալաթասարայէն դէպի Թաքսիմ ճամբուն գնացքին՝ կան անձեր, որոնք իրենց երիտասարդութեան՝ Կալաթասարայէն դէպի Թաքսիմ կը քալեն իրենց գործատեղիէն դէպի տուն, իսկ երբ անոնք հետզհետէ ծերանան, այս անգամ՝ եկեղեցիէն դէպի տուն։ Անփոփոխը միշտ տո՛ւնն է այդ գնացքին վրայ. գործատեղիէն կամ եկեղեցիէն՝ միշտ դէպի տուն՝ այն խաղաղ ապաստարանը՝ որ լեցուն է յիշատակներով։ Կալաթասարայէն դէպի Թաքսիմ կը քալէ մարդ ապահով եւ վստա՛հ, քանի որ այդ ճամբան զինք կ՚առաջնորդէ տո՛ւն, հոն՝ ո՛ւր խաղաղութիւն կը տիրէ, ընտանեկան ջերմ եւ անկեղծ սէր, հաւատարմութիւն եւ իրերհասկցողութի՛ւն։ Երիտասարդ կամ ծեր, միշտ այդ հոգեվիճակով կը քալեն այդ ճամբան շատեր…։

Կալաթասարայէն դէպի Թաքսիմ, կարծես կը խայտան մայթերը, կը ժպտին, կը բեկբեկին եղանակին համեմատ զուարթ եւ կամ տրտում շողերուն հետ։ Ճամբան նո՛յն ճամբան է, բայց կը փոխուին եղանակներ, տրամադրութիւններ, հոգեվիճակներ եւ անշուշտ անձեր։ Եւ ո՜վ գիտէ ի՜նչ վկայութիւններ կու տայ այդ ճամբան՝ երբ առիթ տրուի իրեն արտայայտուիլ այս մասին։ Բայց մարդիկ միա՛յն կը քալեն, կ՚անցնին եւ կ՚երթան Կալաթասարայէն դէպի Թաքսիմ, առանց առիթ տալու այդ ճամբուն, այդ պատմական իրականութեան, որ խօսի, արտայայտէ իր զգացումները, եւ թերեւս… գանգատի, բողոքէ կարգ մը անձերու եւ արարքներու, որոնք չեն համապատասխաներ Կալաթասարայէն դէպի Թաքսիմ խորհրդաւոր եւ իմաստալից գնացքին։ Եւ յատկապէս դժգոհութիւն յայտնէ փոխուած բարքերու, վարքագիծերու, վարմունքներու, կենցաղավարութեան հակառակ անարգ կեցուածքներու դէմ։

Ոմանք անտարբեր, ոմանք զգուշութեամբ կ՚անցնին, կ՚երթան Կալաթասարայէն դէպի Թաքսիմ եւ երբ կը քալեն, ընդհանրապէս ճամբու ընթացքին, վիշտի, ցաւի, տառապանքի, տնտեսական կամ ընկերային տագնապին պատճառած նեղութեան, անձկութեան առաջ բերած լուրջ մտահոգութիւններու նշոյլն իսկ չ՚երեւիր հոն։

Կարծես, արտաքնապէս, ամէն մարդ ուրախ է, երջանիկ է, գոհ է իր կեանքէն։ Գոնէ այդ ճամբուն վրայ, մարդուս ներաշխարհը կը մնայ ծածուկ, անյայտ, բացակա՛յ։

Կալաթասարայէն դէպի Թաքսիմ մարդիկ կարծես «երջանիկ մարդ»ու դիմակով կ՚անցնին. այդպէս կ՚անցնին, քանի որ այդ ճամբան, ընդհանրապէս կ՚առաջնորդէ տո՛ւն՝ խաղաղութեան եւ ապահովութեան ջերմ օճախը մարդուն։

Անիկա իր ամենէն լուրջ, իրապաշտական եւ խտացած ձեւերով մեկուսացած, կծկուած, թաղուած կը մնայ ուրիշ վայրերու, տարբեր անկիւններու մէջ, գուցէ դրացի այս զուարթ ու հաճելի սահմաններուն՝ ուր երթեւեկող բազմութեան, երիտասարդ կամ ծեր անձերու ինքնագոհ արտայայտութիւնը ուրախ եւ զուարթ տրամադրութիւնը կը ցոլացնեն միայն։ Եւ երեւութապէս շէնշող, ցնծուն եւ երջանի՜կ զոյգեր կամ խմբակներ կը լեցնեն մայթերը զբօսնելու, զուարճանալու համար, թատերական կամ շարժանկարի ներկայացումներուն եւ կամ նուագահանդէսներու ներկայ գտնուելու, մայթերուն երկայնքը գտնուած ցուցափեղկերը դիտելու, կամ հաճելի կիսանկար մը կազմող ժամադրութեան մը հասնելու նպատակով…։

Անշուշտ այս տեսարաններու շատերը այսօր մնացած են անցեալի մէջ, պատմութեան խառնուած եւ միա՛յն յիշատակներու մէջ ապրուած։

Այսպէս, այս հոծ բազմութիւնը հաճելի ժամանցի մը ծրագիրը գործադրել կը փութայ ընդհանրապէս։ Զուարճութեան զսպանակը շարժման մէջ դրեր է մարդկային այս հոսանքը Կալաթասարայէն Թաքսիմ ճամբուն վրայ, ինչպէս այդ ուժեղ զսպանակը բազմութիւնները կը շարժէ աշխարհի ամէն կողմը։

Եւ Կալաթասարայ-Թաքսիմ գնացքը, ոմանց համար ալ յատուկ նշանակութիւն մը ունի՝ երիտասարդութեան «Թոքաթլեան»էն դէպի «Էսայեան», իսկ ծերութեան տարիներուն՝ «Ս. Երրորդութիւն»էն դէպի «Ս. Յարութիւն»։

Վայրերը, արդարեւ, գեղեցիկ են եւ իմաստալից՝ անձերով, անոնց հետ որ կ՚ապրինք այն տեղերու գեղեցկութիւնը, այլապէս կեանքը կը վերածուի միօրինակ ընթացքի մը՝ ա՛յնքան ատեն որ չափուած է ենթակային…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 5, 2017, Իսթանպուլ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2017