ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԱԽՃԱՊԱԿԻԻ ՄԱՍԻՆ

Լոնտոնէն ժամանած արուեստաբան Եոլանտ Քրոյին համաձայն, հայկական յախճապակին իւրայատուկ է։ Ան Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ՝ նուիրուած Կոմիտասի ծննդավայր Կուտինայի հայ վարպետներուն եւ 18-րդ դարու յախճապակիին։

«Կ՚ուսումնասիրէի 17-18-րդ դարերու Պարսկաստանը։ Պատկերագիրքերէն մէկուն մէջ զետեղուած էին յախճապակիի 500 նմոյշներ, որոնցմէ երեքին վրայ հայերէն տառեր կային։ Անոնք սպիտակ եւ կապոյտ ծաղիկներով էին։ Կ՚ուզէի հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս հայերէն տառերը յայտնուած են պարսկական յախճապակիի վրայ։ Երկար փնտռտուքներէ ու ուսումնասիրութիւններէ վերջ զիս տարին Կուտինա», նշեց Եոլանտ Քրոյին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ան շեշտեց, որ 18-րդ դարու սկիզբին Պարսկաստանի մէջ հայերու կեանքը բաւականին բարդ եղած է, եւ անոնցմէ շատեր, այդ կարգին բրուտագործները, հաւանաբար, գացած են Կուտինա, ուր քրիստոնեաներու կեցութեան համար աւելի բարենպաստ պայմաններ կային։ «Կուտինայի մէջ ապրած են հայեր, յոյներ եւ մահմետականներ։ Անոնք միասին ստեղծագործած են, գուցէ այդ է պատճառը, որ յաճախ յախճապակիի հայկական ըլլալու վերաբերեալ բանավէճեր կ՚ըլլան։ Երբ նոր սկսած էի ուսումնասիրել այդ ամէնը, կը կարծէի, որ տեղւոյն բոլոր բրուտագործները հայեր են, բայց տեսայ, որ կան նաեւ արաբական տառերով գործեր», ըսաւ ան ու ընդգծեց, որ երկու կամ երեք տարիէն նոր մասնաւոր հաւաքածոյի պատկերագիրք պիտի հրապարակուի։ «Յուսամ, որ անկէ յետոյ ամէն բան իր տեղը կը գտնէ», եզրափակեց արուեստաբանը։

Կուտինայի հայկական յախճապակիի արուեստը (16-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբ) կ՚առանձնանայ գեղարուեստական եւ ստեղծագործական ինքնատիպութեամբ։ Կուտինայի յախճապակիի արդիւնաբերութիւնը ծաղկած է շուրջ չորրորդ դարու ընթացքին։ Մեր օրերուն Կուտինայի յախճապակիի բազմաթիւ նմոյշներ կը պահուին աշխարհի մասնաւոր եւ հանրային հաւաքածոներու մէջ։

Դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ Muscari ընկերութեան հետ համատեղ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017