ԾԽԵԼՈՒ ՎԱՐԺՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ - Բ -

Մեր նախորդ գրութեան մէջ ըսինք, թէ ծխելը վարժութիւն մըն է, ստացական վարմունք մը՝ որ ենթական կ՚ընդունի ներքին եւ արտաքին ազդեցութիւններով եւ ընդհանրապէս գիտակցաբար կը տարուի անոնց ստեղծած զօրաւոր հոսանքներէն։ Եւ դարձեալ հարցուցած էինք մենք մեզի, թէ՝ ծխելը «հաճոյք» մըն է՞ անդիմադրելի, եւ կամ սովորութեան մը «ստիպողական» հանգամանք ստացած ձեւը։ Բայց հոն՝ ո՛ւր ստիպողութիւն կայ, հոն, մարդ կը կորսնցնէ իր ազատութիւնը, ազատ գործելու կարողութիւնը, եւ կը դառնայ «գերի» մը՝ ինքն իրեն մէջ, ի՛նչ որ հակառակ է մարդկային արժանապատուութեան։ Իսկ եթէ «հաճոյք» է, ուրեմն ենթական հաճոյամոլ մը ըլլալու է, քանի որ այդ հաճոյքը վայելել կը փորձէ միշտ իր անսահման եւ չափէ դուրս պայմաններու մէջ։

Մասնագէտ բժիշկի մը՝ Տքթ. Վարդ Շիկահերի ուսումնասիրութիւններէն օրինակներ ցոյց տալ աշխատեցանք, քանի որ հարցը ո՛րքան ընկերային, նո՛յնքան ալ առողջապահական-մասնագիտական հարց մը ըլլալու հանգամանքը ունի։

Վերջապէս, առողջապահական, ընկերային եւ բարոյական տեսանկիւններէ դիտելէ ետք, ծխելու վարժութիւնը դիտել ջանացինք իրաւունքի եւ ազատութեան տեսանկիւններէն։

Ուստի, ծխելը, ըստ ծխողներու, չըսելու համար ծխամոլներու, եթէ իրաւունք մըն է եւ ազատութեան հարց մը, ապա ուրեմն պէտք է ճանչցուի նաեւ չծխողներու իրաւունքը եւ յարգուի անոնց չծխելու ազատութիւնը։ Եւ այս իմաստով պարզ հաւասարակշռութիւն մը կարելի է ներկայացնել, թէ ծխող մը պէտք չէ որեւէ կերպով նեղութիւն եւ անհանգստութիւն պատճառէ չծխողին, եւ առաւելագոյն զգուշութեամբ վայելէ իր իրաւունքը եւ գործածէ ազատութիւնը։ Այս կը նշանակէ փոխադարձ իրաւունքի եւ ազատութեան յարգանք եւ գիտակցութիւն կենցաղավարութեան։ Եւ ընդհանուր քաղաքակրթութիւնն ալ ա՛յս կը պահանջէ. զոհողութիւն եւ փոխադարձ հասկացողութի՛ւն։ Եթէ ծխելը իրաւո՛ւնք է, այդ իրաւունքը կարենալ վայելելու համար պէ՛տք է ուրիշներուն իրաւունքին ալ յարգանք ցոյց տալ եւ հաւասարակշռել իրաւունքները, ներդաշնակել ազատութիւնները։ Քաղաքակիրթ հասարակութեան մը անդամներուն ա՛յս կը վերաբերի։

Քաղաքակրթութիւնը, սակայն կ՚իրականանայ, կը տեւականանայ հմտութեամբ, իմացականութեամբ, իրերհասկացողութեամբ, եւ մանաւանդ իրաւունքի փոխադարձ ճանաչութեա՛մբ։

Արդարեւ, Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահեր, որպէս մասնագէտ, իր «Երեք ահաւոր փորձանք» ուսումնասիրութեան մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Եկեղեցին ծխախոտաբոյսերը -սատանի զէնք- կը նկատէր։ Եւրոպական ազգերու արքաները եւս՝ կ՚ընդդիմանային, ա՛յն պատճառաբանութեամբ, թէ անիկա կը վնասէ ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութիւններու…»։ Եւ դարձեալ, գիտականօրէն կ՚աւելցնէ. «Մեր մարմնոյն բոլոր գործարաններուն աշխատանքը -ջղա-բուսական դրութիւն-ն է որ կը կարգաւորէ։ Այս դրութեան վրայ ծխախոտի աննպաստ ազդեցութիւնը՝ այդ աշխատանքի ներդաշնակութիւնը կը խանգարէ»։

Ուրեմն կը տեսնուի, որ ծխելու վարժութիւնը ընդհանրապէս ունի մարմնական-ֆիզիքական անպատեհութիւններ, բարոյական կեանքի վրայ աննպաստ ազդեցութիւններ եւ նաեւ՝ իրաւական հարցերու ծագման առիթներ։

Այս կը նշանակէ, որ ծխելու հարցը պէտք է ուսումնասիրել բազմակողմանի տեսակէտներով։

Ուստի հարցը միայն առողջութեան հարց չէ, եւ ո՛չ ալ՝ ընկերային, բարոյական, յարգանքի կամ պատշաճ կենցաղավարութեան կամ կենցաղագիտութեան հարց, քանի որ ան իրաւական հարցերու ալ ծագման պատճառ կրնայ ըլլալ, եւ ինչպէս եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ։

Ծխախոտը, սիկառէթը՝ շփացած այս աշխարհաքաղաքացին, «ընդհանուր դատախազ»ին կողմէ ամբաստանուած էր բովանդակ մարդկութեան չարիք հասցնողի ծանր յանցանքով, եւ ուստի նստած էր ամբաստանեալի աթոռին վրայ։

Դատաւորները, որոնք կ՚ենթադրուէին ըլլալ անաչառ, անկաշկանդ եւ արդարադատ դատողութեան տէր եւ կանխակալ կարծիքէ զերծ արդար անձնաւորութիւններ, գրաւած էին իրենց տեղերը լուրջ արտայայտութիւններով։

Պաշտպան փաստաբանները իրենց նօթերը աչքէ կ՚անցընէին։ Նոյնքան լուրջ եւ ազդու պաշտպանողական մը պատրաստելու ջանքին մէջն էին։

Ամէն ազգէ, ամէն դասակարգէ, ամէն լազուէ եւ սեռէ ունկնդիրներու խուռն բազմութիւն մը լեցուցած էր դատաստանի սրահը, եւ անհամբերութեամբ դատավարութեան կը սպասէին։

Ամբաստանեալը անհոգ, անտարբեր եւ անհասկնալի ինքնավստահութեամբ, յաւակնոտ երեւոյթով մը իր չորս կողմը կը նայէր՝ ժպտելով իր բազմաթիւ «հաւատարիմ բարեկամ»ներուն, որոնք քաջալերական ակնարկներ կ՚ուղղէին իրեն։

Դատավարութիւնը սկսաւ։

Ընդհանուր դատախազը կարդալ սկսաւ իր ամբաստանագիրը, ըսելով թէ՝ ամբաստանեալ սիկառէթը 1558 թուականէն ի վեր, երբ Ֆրանչիսքօ Ֆէրնանտէզ անուն սպանիացի բժիշկի մը կողմէ Ամերիկայի հնդիկներէն Եւրոպա բերուեցաւ, աշխարհի մեծագոյն չարիքներէն մի՛ն է հանդիսացած։

Իբր պատմական իրողութիւն, ընդհանուր դատախազը յայտնեց թէ 17-րդ դարէն ի վեր իր չարիքը ա՜յնքան ահռելի, ա՜յնքան սարսափելի արագութեամբ ծաւալած է ամբողջ Եւրոպայի մէջ, որ կրօնականներ բանադրեցին զանիկա, պետական մարդիկ դատապարտեցի՛ն զայն, թագաւորներ, իշխաններ խիստ պատիժներ տնօրինեցին անոր համար, եւ նոյնիսկ Սուլթան Մուրատ Դ. զայն գործածողին մահուան պատի՛ժ սահմանեց։

Այս պատմական իրողութիւններէն յետոյ ընդհանուր դատախազը մասնաւորեց այն չարիքները՝ զորս ամբաստանեալ սիկառէթը մարդոց կը պատճառէ։

Բժշկական կարեւոր հեղինակութիւններու հաւաստումները մէջբերելով յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս կը վնասէ թոքերուն, շնչափողերուն, եւ մանաւա՛նդ սրտին մարդոց, թէ ինչպէ՛ս թոյնի մը դերը կը կատարէ մասնաւոր հիւանդութիւններու ժամանակ, եւ թէ ինչպէ՛ս անոր գերութեան տակ գտնուող հիւանդը, երբ չի կրնար ձերբազատուիլ անկէ, շատ յաճախ մահուա՛ն կը դատապարտուի դժբախտաբար։

Յետոյ անցաւ այն նիւթական վնասներուն՝ զորս սիկառէթը կը պատճառէ մանաւանդ անձուկ պիւտճէի տէր, համեստ ընտանիքներու։

Եւ հոս պերճախօսութեան ճշմարիտ թափով մը աւելցուց. «Կը ճանչնամ մարդիկ՝ որոնք զաւակներուն դպրոցական թոշակը չեն կրնար վճարել, եւ սակայն գումարը կը վատնեն այս բռնակալին «խունկ ծխել»ու համար…»։

- Պիտի շարունակուի «սիկառէթին դատավարութեան» պարագաները ներկայացնել։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 10, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017