ԾԽԵԼՈՒ ՎԱՐԺՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ - Գ -
Կը պատմուի, թէ ծխախոտը՝ սիկառէթը օր մը, ընդհանուր դատախազին կողմէ ամբաստանուած էր բովանդակ մարդկութեան չարիք հասցնողի յանցանքով։ Ահաւասիկ, ամբաստանագիրը՝ զոր կը կարդար ընդհանուր դատախազը դատավարութեան ընթացքին.
«Ես կը ճանչնամ մարդեր, որոնք իրենց զաւակներուն ամսական քանի մը ոսկի դպրոցական թոշակը չեն կրնար վճարել, եւ սակայն նո՛յնքան գումար մը կը վատնեն այս բռնակալին՝ սիկառէթին խուակ ծխելու համար»։
Եւ կը շարունակէր դատախազը. «Ես կը ճանչնամ ընտանիքի հայրեր, որոնք իրենց անգործութիւնը առաջ քշելով՝ իրենց տան վարձքը բարերար անձերէ կը ստանան, մինչդեռ եթէ հաւաքէին այս բռնապետին իրենց մատուցած 15-20 տարուան տուրքը, կրնային իրենց փոքրիկ տուն մը ապահովել։ Ես կը ճանչնամ մարդիկ, որոնց երբ դիմում ըլլայ տարեգլխի առիթով բարենպատակ հաստատութեան մը ի նպաստ պզտիկ նուէր մը ընել, սարէն ձորէն հազար փաստ բերել կ՚աշխատին ոսկի մը չտալու համար, մինչդեռ զայն անձեռնմխելի՛ նկատած են իրենց այս «քուրմ»ին «պաշտամունք» մատուցանելու համար, եւ այսպէս համայնքին բեռը վերցնելու համար իրենց մատին ծայրովն իսկ չեն դպչիր, անտարբե՛ր կը մնան…»։
Ընդհանուր դատախազը յետոյ խնդիրին աւելի խորը մտնելով շարունակեց կարդալ ամբաստանագիրը։
«Աստուած մարդուն մէջ դրած է կերակուրի, քունի եւ սեռի բնական ախորժակներ, փափաքներ, որոնց պաշտօնն է մարդուն կեանքը պահպանել եւ մարդկային սերունդը յաւերժացնել։
«Բայց», ըսաւ. «սիկառէթին պաշտամունքը, արուեստական, շինծու փափաք մըն է, որ ո՛չ մարմինը կը սնուցանէ, եւ ոչ ալ սերունդը կրնայ զարգացնել եւ յաւերժացնել», եւ աւելցուց. «չեմ ուզեր ծանրանալ անմաքրութեան, գարշահոտութեան, անհաճոյ եւ զզուելի շունչի այն չարիքներուն վրայ, որոնք կը վնասեն սիկառէթին ծառայողներուն անխուսափելիօրէն, եւ որոնց պատճառով ընտանիքներու եւ հանրութեան մէջ յաճախ վէճեր եւ կռիւներ կը ծագին եւ անոնց կործանումը կը պատրաստեն։
«Դարու մը մէջ՝ ո՛ւր բռնապետութիւնը ոճի՛ր մը կը նկատուի, եւ ազատութիւնը երկնային վիճակ մը, թողուլ որ սիկառէթին նման բռնապե՛տ մը կեղծ ու վնասաբեր հաճոյակատարութեամբ մը իր ճանկերուն ներքեւ պահէ մարդկութիւնը, նախատի՛նք մըն է մարդկային բարոյականութեան դէմ, եւ սիկառէթին եւ իր զանազան զարմիկներուն անսանձ ազատութիւնը հեգնա՛նք մը մարդկութեան երեսին նետուած։ Ուստի, կը պահանջեմ, որ այս ապօրէն ծնունդը, դո՛ւրս հանուի աշխարհի սահմաններէն»։
Ընդհանուր դատախազը այսպէս վերջացուց իր ճառը եւ դարձաւ, գրաւեց իր աթոռը։
Պաշտպան փաստաբանը ոտքի ելաւ՝ իր դատին վրայ վստա՛հ եղող անձի մը ժպիտովը եւ ինքնավստահութեամբ ու սկսաւ սապէս խօսիլ.
«Չորս դարէ ի վեր աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող նեղմիտ բարոյախօսներ եւ անձկամիտ մաքրակրօններ սովորութիւն են ըրած յարգելի պաշտպանեալս ամբաստանել, բայց նախ կ՚ուզեմ մատնանիշ ընել սա ճշմարտութիւնը, թէ հակառակ այս բոլոր բարբանջանքներուն՝ ափեղցփեղ խօսքերուն եւ ցնդաբանութիւններուն, պաշտպանեալիս ժողովրդականութիւնը տարուէ տարի եւ դարէ դար աճած է կանոնաւորապէ՛ս։
«Աս մէ՛կ։
«Արդարեւ մարդ ծայրայեղ միամիտ մը, եթէ ո՛չ խելագար մը ըլլալու է չտեսնելու համար այն մեծամեծ ծառայութիւնները՝ զորս յարգելի Սիկառէթը կը մատուցանէ ազգերու եւ պետութիւններու։
«Ուստի, այս իրողութեան համոզուելու համար բաւակա՛ն է միայն աչքի առջեւ բերել այն միլիոնաւոր ոսկիները զորս տարուէ տարի ան կը մատուցանէ ամէն երկրի՝ իր կատարած մշակութիւններով եւ արտածումներով։ Յետոյ, քանի՜ միլիոններ կ՚աշխատին, կը գործեն, օրապահիկ կը հայթայթեն եւ հանգիստ ապրուստ կ՚ապահովեն եւ նոյնիսկ հարստութիւն կը դիզեն անոր հիմնած եւ վարած հսկայ գործարաններուն միջոցով։
«Վտարեցէ՛ք զինք, ինչպէս կը պահանջեն իր ժողովրդականութեան նախանձորդները, եւ արդէն գոյութիւն ունեցող միլիոնաւոր անգործներուն վրայ ուրիշ միլիոններ պիտի աւելցնէք, լացի, կոծի, թշուառութեան եւ յուսահատութեան մատնելով այսօր հանգիստ եւ երջանի՜կ ապրող բիւրաւոր ընտանիքներ։
«Բայց ասկէ աւելի՛ն կ՚ընէ ան, մեր հակառակորդները մտածա՞ծ են երբեք այն ներ-շընչումներուն վրայ, զորս պաշտպանեալս կը մատուցանէ բանաստեղծներուն, գրագէտներուն, գիտուններուն, հնարիչներուն, գիւտարարներուն, արուեստագէտներուն, եւ առհասարակ ամէն մարդոց։ Իր խնկամանին ծուխէն ներշնչուած՝ գրական ի՜նչ հրաշալիքներ են արտադրուած։
«Քաղաքական, առեւտրական ի՜նչ հսկայ եւ կարեւոր ծրագիրներ յղացուած են, աշխարհի զարգացման եւ քաղաքակրթութեան նպաստող ի՜նչ քայլեր են առնուած իր ներշնչումներուն շնորհիւ։
«Վաւերական աղբիւրներէ կրնանք ապացուցանել, թէ Մարէշալ Ֆօշի սիկառէ՛թն էր որ անոր յղանալ տուաւ իր վերջին ռազմական ծրագիրը, եւ որ ապահովեց աշխարհի ամենամեծ յաղթանակներէն մին։ Եւ անոր պատճառած երանաւէտ հաճոյքը յոգնած ի՜նչ ջիղեր կը հանգչեցնէ։ Ուրիշ օգուտ մը, զոր փիլիսոփայ միտք մը պիտի տեսնէր, սա՛ է թէ ան տկար կամքերուն մեծագոյն մարզիչն է։ Երբ կը տեսնես, թէ անոր գերութեան ներքեւ ես ինկեր եւ կ՚ուզես իր տիրապետութիւնը ձգել, կամքդ կը զօրացնես եւ կը ձգես, եւ ահա՛ կամքի կարեւոր մանզա՛նք մը…։
«Կը վերջացնեմ ինչպէս սկսայ.- Մարդ կոյր, միամիտ, եւ խելագար ըլլալու է մեծահռչակ եւ աշխարհապատիւ սիկառէթը ամբաստանելուն համար իբր ոճրապարտ եւ ուստի պաշտպանեալիս բացարձա՛կ անմեղութեան վրայ պնդելով, անոր անպարտ արձակուիլը կը պահանջե՛մ»։
Ընդհանուր դատախազը վերջին անգամ խօսք առաւ պաշտպան փաստաբանին պատասխանելու համար եւ ըսաւ.
«Իրա՛ւ է թէ այսօր Պ. Սիկառէթը ամէն երկրի մէջ դրամ եւ գործ կը հայթայթէ, բայց երբ բռնապետ մը ի վնաս մարդկութեան եղած գործառնութեամբ մը դրամ կը մատուցանէ, կաշա՛ռք է այդ, եւ անմաքո՛ւր դրամ։ Գերութիւնն ալ գործ եւ դրամ կը հայթայթէր, բայց քաղաքակրթութիւնը դատապարտեց եւ ջնջեց այդ անբարոյ վաճառականութիւնը։
«Յետոյ, հարցուցէ՛ք, կը խնդրեմ, իրենց կեանքին մէջ Պ. Սիկառէթը երբեք չճանչցող անձեր նուա՞զ արժէքաւոր ներշնչումներ ունեցած են, քան այն ներշնչումները որոնք կը վերագրուին այս կասկածելի բարոյականի տէր ամբաստանեալին։
«Դարձեալ, հարցուցէ՛ք, կը խնդրեմ այն բոլոր անձերուն, որոնք անգամ մը Սիկառէթին գերի՛ն էին, բայց կրցան կերպով մը ձերբազատուիլ անոր բռնապետութենէն, ո՛րեւէ զրկում կը զգա՞ն, աւելի՛ հանգիստ, աւելի՛ ազատ, աւելի՛ մաքուր եւ երջանիկ չե՞ն զգար, եւ ֆիզիքապէս ե՛ւ բարոյապէս աւելի՛ արժէք չե՞ն ներկայացներ։
«Իսկ գալով կամքի մարզիչ ըլլալու հայեցողական փաստարկումին. աշխարհի մէջ ընկերային եւ բարոյական ա՛յնքան զանազան միջոցներ եւ պատեհութիւններ կան կամքը մարզելու, եթէ անշուշտ փափաք ըլլայ, որ այդ տեսակ անբնական ազդակներուն մարզանքին պէտք չկա՛յ»։
Դատավարութիւնը վերջացաւ։ Եւ դատաւորները խորհրդակցութեան սենեակը քաշուեցան, ուրկէ վերադարձան քիչ վերջ։ Վճիռը կարդացուեցաւ, եւ մեծամասնութեան քուէով անպա՛րտ կ՚արձակուէր Սիկառէթը՝ որ սրահէն մեկնեցաւ ուրախ ու ոստոստուն՝ իր համակիրներուն ծափերուն եւ շնորհաւորութիւններուն մէջ։
Ընդհանուր դատախազը, որ այս վճիռէն դժգոհ էր բնականաբար, իր բարեկամներուն կ՚ըսէր խոստովանաբար.
«Այս վճիռը անսպասելի չէր, քանի որ գիտէի, թէ դատաւորներուն մեծամասնութիւնը իրենց բանականութեան եւ խղճին ձայնէն աւելի՛ իրենց հաճոյքին ձայնին պիտի անսային։ Հետեւաբար տակաւին երկա՜ր տարիներ այս բռնակալը գերի պիտի վարէ իր բազմաթիւ խնկարկուները, յաճախ հակառակ իրենց փափաքին եւ ջանքին…»։
Ընդհանուր դատախազը սա հարցումով վերջացուց իր խօսքը.
«Բայց պէ՞տք էր որ այսպէս ըլլար»։
Եւ մենք ալ միամիտօրէն, անմեղօրէն հարցնենք սիրելի՜ բարեկամներ, սրտակիցներ.
«Եթէ չըլլար սա ծխախոտը, ի՞նչ կը պակսէր մարդոց…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 11, 2017, Իսթանպուլ