ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ՀՈԳԵՆՈՐՈԳ ԲՆԱԿԱՐԱՆԸ ԱՍՏՈՒԱԾՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ

Կարծիք յայտնողներու եւ կեանքի տեսութիւն պարզողներու թիւը ներկայ դարուս բաւականին աճած է։ Կարծիք յայտնողները, չունենալով հիմք ու նախընթաց, այստեղ-այնտեղ կը շաղփաղփեն եւ կը փորձեն անժամանցելի արժէքները իմաստազրկել։ Իսկ կեանքի տեսութիւն պարզողները անոնք են, որոնք ոգի ի բռին դարերու խորքէն եկող արժէքները կ՚արժեզրկեն ու կը փոխակերպեն։ Այսպէս, շատերու վերլուծումով Հայ Եկեղեցին հնացեալ վայր մըն է՝ ժամանակի շրջագիծին մէջ ձեւակերպուած։ Ուրիշներու դատողութեամբ՝ Եկեղեցին պատմական որոշ արժէք ներկայացնող եւ հաւաքական յիշողութիւնը թարմացնող ազդակ մըն է։ Այլոց կարծիքով՝ Եկեղեցին ներկայ ընկերութեան մտայնութիւններու եւ որդեգրած ուղիներուն հետ առընչութիւն չունեցող «թանգարան» մըն է, որ կը կաշկանդէ ազատութիւնը եւ կը սահմանափակէ ստեղծագործութեան կարելիութիւնը։ Իսկ ոմանք՝ Եկեղեցին կը համարեն անցեալին պատկանող համոզում մը, որ դադրած է շահեկան կենսանիւթ ըլլալէ՝ դառնալով ժամանակավրէպ հասկացողութիւն։

Հայ Եկեղեցին քրիստոսասէրներուն հաւատքին միջնաբերդն է, որ իր առաքելաշունչ քարոզութեամբ առողջ հաւատքի սերմնացանը կը հանդիսանայ։ Ինչպէս որ սերմանողը անշարժ վիճակի մէջ չի մնար, այլ կը շրջի եւ սերմնահատիկներ կը ցանէ, այնպէս ալ Եկեղեցին անխարդախ հաւատքի տարածիչն է։ Շատեր Եկեղեցին կը համարեն  կառոյց մը, որ դարձած է կրօնական աւանդոյթներու գանձարան, հոգեւոր մշակոյթի անդաստան կամ ծիսակատարութեան կեանքի վկայարան։ Արդեօք կարելի՞ է Եկեղեցի հասկացողութիւնը յիշեալ բնորոշումներով ըմբռնել, միթէ հնարաւո՞ր է Եկեղեցին ներկայացնել վերեւ նշուած բնութագրումներով։ Այս հաստատումները մասնակիօրէն որոշ տուեալներ են, սակայն ոչ Եկեղեցւոյ ամբողջական պատկերը նկարագրող սահմանումներ։

Եկեղեցւոյ քրիստոսահիմն հանգամանքը ինքնին կը պարզէ, թէ ան աստուածակերտ տապանն է փրկութեան։ Եկեղեցին Աստուծոյ սեփական ժողովուրդին պատկանելիութեան բնօրրանն է։ Դարեր շարունակ բազմաթիւ հայորդիներ անոր աւազանէն վերստին ծնունդ առին՝ Ս. Հոգիին տաճարը դառնալով եւ որպէս ճիւղ ճշմարիտ Որթատունկին միանալով։ Եկեղեցին այն ծաղկեստանն է, որ սրբաբոյր առաքելութեամբ հաւատաւորներուն կ՚ընծայէ նախաճաշակը արքայութեան, կ՚ուրուագծէ նախապատկերը լուսեղէն բնակութեան եւ կ՚արտոցալացնէ փառքը անմահութեան, կը մաքրազարդէ հոգիները ուղիղ դաւանութեամբ, կը լուսազարդէ միտքերը ողջմիտ վարդապետութեամբ եւ կը պսակազարդէ խաւարամիտներուն ճակատը հոգեւոր իմաստութեամբ։ Ինչպէս որ այգին առանց ցանկապատի ենթակայ է յափշտակող գազաններու յարձակումին, նոյնպէս ալ առանց Եկեղեցւոյ՝ շատ հեշտութեամբ կ՚ենթարկուինք չարանենգ գայլերու մահաբեր հարուածին։

Եկեղեցին երկնաքաղաքացիներուն դեսպանատունն է, առանց որուն պիտի զրկուէինք դէպի երկինք ճանապարհորդելէն եւ յաւիտենականութեան մէջ բնակութիւն հաստատելէն։ Եկեղեցին Տիրոջ կը պատկանի, որովհետեւ «Ան իր արիւնով գնեց» (Գրծ 9.20-28)։ Տիրոջ հետեւելու եւ Անոր «սեփականութիւնը» դառնալու համար՝ հարկ է Անոր Եկեղեցիին հպատակիլ, «որուն հիմը առաքեալներն ու մարգարէներն են, եւ որուն անկիւնաքարը՝ Քրիստոս Յիսուս է» (Եփ 2.20)։ Եկեղեցին «ճշմարտութեան սիւնը եւ խարիսխն է» (Ա. Տմ 3.15) եւ Աստուծոյ փրկագործական ծրագրին վերակացուն է։ Ան իր խնամքին յանձնուածները կ՚առաջնորդէ դէպի դալար արօտավայր։ Եկեղեցին Աւետարանի քարոզութեան մշտավառ ջահը բարձր պահելով, փրկարար խաչի դրօշը վեր բարձրացնելով եւ սրբութեան իւղը սրսկելով՝ իրեն վստահուածները կը խնամէ որպէս մայր։ Այս առընչութեամբ Ս. Կիպրիանոս կ՚ըսէ. «Ով որ չընդունի Եկեղեցին որպէս մայր, չի կրնար զԱստուած դաւանիլ որպէս հայր»։

Եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութեան եւ սրբազան ծառայութեան լուսապատկերը կը տեսնենք պատմութեան էջերուն մէջ։ Եկեղեցւոյ շրջահայեաց հսկողութեան եւ խորաթափանց զգուշաւորութեան շնորհիւ՝ խաւարասէր աղանդներ նզովուեցան եւ ուղիղ հաւատքի յաղթական նշանաբանը որպէս ծիածան պայծառացուեցաւ Եկեղեցւոյ երկնակամարին վրայ։ Եկեղեցին տուաւ հոյլ մը ընտրանիներ, որոնք որպէս մշակ ծառայեցին ի նպաստ հոգեշահ հունձքի։ Այդպիսիներէն էին՝ աղօթասաց հայրերը, շարականագիր սուրբերը, մեկնողական գրականութեան սպասաւորները եւ հաւատքի վկաները, որոնք քրիստոնէական հաւատքին հարազատ թարգմանը դարձան։ Պօղոս Առալեալ կ՚ըսէ. «Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը բերին ձեզի։ Նայեցէք թէ ի՛նչպէս ապրեցան եւ ի՛նչպէս մեռան անոնք, եւ օրինակ առէք անոնց հաւատքէն» (Եբր 13.7)։

Արտաւազդ Արք. Թրթռեան Հայ Եկեղեցւոյ նկարագիրը գեղեցկահիւս կերպով կը բնորոշէ՝ ըսելով. «Հայաստանեայց Եկեղեցին լուսեղէն ճանապարհն է երկինքին, դո՛ւռն է արքայութեան, յա՛րկն է սրբութեան, սրբութիւն սրբոցը հայութեան։ Հայաստանեայց Եկեղեցին միջնաբե՛րդն է ապահով, նաւահանգի՛ստը խաղաղ՝ հայոց ազգին հողմակոծ։ Հայաստանեայց Եկեղեցին ձուլարա՛նն է հայ հոգիին ու շունչին, որուն կրակն է անշէ՛ջ եւ բոցը՝ բո՛րբ, մշտավա՛ռ։ Հայաստանեայց Եկեղեցին յաւերժութեան խորա՛նն է սուրբ՝ հայութեան երկնապարգեւ ապաւէ՛նը, անվերջալոյս յաղթանակը ընդդէմ չարին ու չարիքին…»։

Ինչպէս որ Բարի Սամարացին, երբ վիրաւորը տեսաւ՝ վէրքերը փաթթեց, պանդոկ տանելով՝ զայն խնամեց եւ ապա պանդոկապետին յանձնարարեց՝ ըսելով. «Խնամէ զայն, եւ ինչ ծախս որ կ՚ընէք իրեն համար՝ յաջորդ գալուս կը վճարեմ» (Ղկ 10.35), նոյնպէս ալ Քրիստոս Իր զոհագործումով նախ փրկեց մարդը մեղքին պատճառած վէրքերէն։ Եսայի մարգարէ կը վկայէ. «Անոր վէրքովն էր որ բժշկուեցաք» (Ես 53.5)։ Իր աստուածային տնօրինումով՝ Քրիստոս հիմնեց Եկեղեցին, որպէսզի խնամէ եւ հովուէ նոր ուխտի ժողովուրդը։ Բարի Սամարացիին առակին մէջ յիշուած «պանդոկը» ակնարկութիւնն է Եկեղեցիին, որ Տիրոջմէ յանձնարարուած առաքելութեան կոչուած է, իսկ «յաջորդ գալուս» արտայայտութիւնը կը խորհրդանշէ Տիրոջ օրը, այսինքն՝ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը։

Եկեղեցին խաղաղութեան նաւահանգիստ առաջնորդող միակ նաւակն է։ Ինչպէս որ Քրիստոս նաւակ բարձրանալով Իր աշակերտները լիճին միւս կողմը առաջնորդեց, նոյնպէս ալ Եկեղեցին իր Նաւապետով՝ Քրիստոսով հաւատացեալը կ՚ուղղէ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։ Ուշագրաւ է, որ փոթորիկի խաղաղութեան հրաշքին մէջ կը կարդանք, թէ «հոն ուրիշ նաւակներ ալ կային» (Մր 4.36)։ Այո՛, շատ մը վայրեր կը նմանին այդ նաւակներուն, որոնք չունին Նաւապետ՝ զՔրիստոս։ Եկեղեցւոյ ղեկն ու գլուխը Քրիստոս Ի՛նքն է՝ «Աստուծոյ զօրութիւնը եւ իմաստութիւնը» (Ա.Կր 1.24)։ Եկեղեցին Քրիստոս է, որովհետեւ «Քրիստոսի մէջ ծածկուած կը գտնուի Աստուծոյ իմաստութեան եւ գիտութեան ամբողջ գանձարանը» (Կղ 2.3)։

Հայ Եկեղեցին միայն աւետարանչութիւն չքարոզեց, այլ հայ ժողովուրդը պահեց անվթար ու զօրեղ՝ դառնալով վահան ընդդէմ անօրէն թշնամեաց։ Մեր Եկեղեցի՛ն է, որ պատմութեան խաւարին ու մահուան դիմաց մեր ժողովուրդը առաջնորդեց դէպի ճշմարիտ ճանապարհ։

Հայ Առաքելական Եկեղեցին դարերու ընթացքին ո՛չ միայն ծնողը եղաւ հայ մշակոյթին, այլ նաեւ ներշնչողը, հովանաւորողն ու զարգացնողը։ Գիր, գրականութիւն, երաժշտութիւն, ճարտարապետութիւն, նկարչութիւն, քանդակագործութիւն եւ այլ արուեստներ սկիզբ առին ու զարգացան Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։ Վանականներ ու կղերականներ, իրենց վանական խուցերուն մէջ, պլպլացող մոմի կամ ձէթի պատրոյգի առկայծող լոյսին տակ յղացան ու ստեղծագործեցին, մարմնացուցին հայկական իւրայատուկ գոյնով ու երանգով, ձեւով ու ոճով, թռիչքով ու ոգեկանութեան օծուն գիր ու գրականութիւն, երաժշտութիւն, քանդակագործութիւն, ձեռագիր եւ մանրանկարչութիւն։ Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսելով Եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին՝ կ՚ըսէ. «Հայ Եկեղեցին հսկայ պատմութիւն կերտեց, ամբողջ ժողովուրդ մը անմահացուց, բայց ինք չդարձաւ պատմութիւն, այլ եղաւ կեանք։ Չմնաց ան իր պատմական հնացեալ գոյավիճակին մէջ, այլ քալեց հայ ժողովուրդի պատմութեան ճամբով, ապրեցաւ հայ կեանքի կշռոյթով ու հայ սրտի զարկով»։

Սիրելի՛ ընթերցող, համաշխարհայնացած 21-րդ դարը վստահաբար քիմքիդ քաղցր թուացող հաճոյքներ կը պարգեւէ։ Հաճոյքներ, որոնց պատճառով մեղքի մէջ կ՚իյնաս, ցոփապաշտ կեանք մը կ՚ապրիս եւ դուն քեզ կ՚օտարացնես։ Յիշէ՛, որ Եկեղեցւոյ ծոցէն վերածնած ես եւ անոր մայրական անխարդախ կաթով սնած ես։ Որդիական կապուածութիւնդ ցուցաբերէ Եկեղեցւոյ նկատմամբ եւ անով սնանիր։ Մի՛ մոռնար, որ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ արմատաւորուած ես։ Մի՛ խլեր դուն քեզ ուրիշ տեղ տնկուելու յոյսով։ Ինչքան ալ բարեբեր ըլլայ երազած հողդ ու պարարտ, գարուն պիտի չբերէ քեզի եւ անոր մէջ պիտի չծաղկիս, որովհետեւ արմատներդ իրենց նախկին հողին պիտի փափաքին վերամիանալ։ Այդ հողին մէջ չորնալն անգամ երանութիւն պիտի համարեն անոնք, որովհետեւ գիտեն, որ ցորենն ալ պարարտ հողին մէջ թաղուելով՝ մէկի տեղ երեսուն, վաթսուն եւ հարիւր արդիւնք կու տայ (Հմմտ. Մր 4.8)։ Եկեղեցիէդ մի՛ հեռանար, այլ անո՛վ ապրէ…

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2017