ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս խաղաղութեան հաստատման եւ քրիստոնեաներուն նուիրուած յատուկ միջեկեղեցական աղօթքին։ Եւրոպայէ ներս Բարեփոխման (ռեֆորմ) 500-ամեայ յոբելեանին ձօնուած տօնակատարութիւններուն ծիրէն ներս Պերլինի մէջ վերջին օրերուն Վեհափառ Հայրապետի մասնակցութեամբ տեղի ունեցան շարք մը հանդիսութիւններ։
Վեհափառ Հայրապետը Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պետերուն եւ Գերման Աւետարանական եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց խորհուրդի նախագահ Հայնրիխ Եպսկ. Պեթֆորտ-Շթրոմի հետ միասին Պերլինի Աւետարանական Մայր տաճարի երդիքին տակ նախագահեց Մերձաւոր Արեւելքէ ներս խաղաղութեան հաստատման եւ քրիստոնեաներուն ձօնուած յատուկ միջեկեղեցական աղօթքին։ Սոյն արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Լերան քարոզի Երանիներու աւետարանական տեղիի վերաբերեալ իր մտածումները բաժնեց ներկայ հաւատացեալներուն եւ եկեղեցիներու պետերուն հետ։ «Աղօթքի այս պահուն մենք գոհունակ սրտով փառք կու տանք Աստուծոյ, որ մեզի առիթը շնորհեց Պերլինի պատմական այս Մայր տաճարին մէջ համախմբուելու եւ համատեղ աղօթքի ներշնչումով խորհրդածելու աշխարհի վրայ քրիստոնէութեան, ի մասնաւորի Մերձաւոր Արեւելքի մեր քրիստոնեայ եղբայրներու ու քոյրերու վիճակի մասին», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Ան յիշեցուց Մատթէոսի աւետարանի երանիները եւ շարունակեց. «Արդի մտածումով՝ երանիները, կարծես, իւրաքանչիւր քրիստոնեայի անձնագիրն են, փաստաթուղթը, որով քրիստոնեան իր կեանքին ու գործին մէջ կը ճանչցուի եւ կը նոյնացուի՝ իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդ։ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիները եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական ամբողջ աշխարհը այս իսկ հետեւողութեամբ, երանիներու տուած պատգամի լոյսին ներքեւ կառուցած են հաւատի իրենց հոգեւոր տունը՝ նմանուած եւ օրինակած երկնաւոր Վարդապետը՝ իբրեւ հոգիով աղքատ, իբրեւ սգաւոր, իբրեւ արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունեցող, իբրեւ սրտով մաքուր, իբրեւ խաղաղարար եւ վերջապէս՝ իբրեւ արդարութեան ու Տիրոջ անուան համար հալածուող։ Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, Եւրոպայի մէջ Մարթէն Լութէրի կողմէ նախաձեռնուած Ռեֆորմի 500-ամեայ յոբելեանի տօնակատարութեանց շրջագծով մեր հոգեւոր մէկտեղման այս պահուն եկէք նախ հոգիի աղօթական զօրակցութեամբ ելլենք Գալիլիայի ծովակին մերձակայ Լերան բարձունքին, ծնկենք Տէր Յիսուսի ոտքերուն առջեւ՝ եկէք մրմունջով ու աղօթքին յատուկ լեզուով այսօրուայ մեր եղբայրներու եւ քոյրերու համար նորովի կրկնենք երանիներու պատգամը.
«Երանի բոլոր անոնց, որոնք նիւթական ու մարմնական աղքատութեան մէջ չեն մոռնար հոգեւոր հարստութեան մասին՝ մշտապէս ձգտելով երկնաքաղաքացիութեան։ Երանի բոլոր անոնց, որոնք չեն մոռնար տառապեալներն ու հալածուողները՝ իրենց սրտով կարեկցելով եւ իրենց ձեռքերով բարձրացնելով անոնք իրենց դժուարութիւններէն։ Երանի բոլոր անոնց, որոնք ամէն անձի մէջ կը գտնեն Աստուած՝ մօտանելով իրեն ու իրականութիւն դարձնելով Տիրոջ պատգամը. «Այս է իմ պատուէրը, որ սիրէք զիրար, ինչպէս որ ես սիրելի ձեզ»։ Երանի բոլոր անոնց, որոնք խաղաղութիւն կը հաստատեն աշխարհի վրայ՝ ի խնդիր մարդկային հասարակութեան մէջ աստուածապարգեւ արժէքներու տարածման ու պահպանման։ Երանի բոլոր անոնց, որոնք անդարդուն կ՚աղօթեն ու կը տքնին քրիստոնեաներու միջեւ միութեան հաստատման ու աշխարհի վրայ կրօնական հանդուրժողութեան ամրապնդման համար։ Երանի անոնց, որովհետեւ անոնք բոլորն ալ Տիրոջ առաքեալներն ու աշակերտներն են, օրինակողները երկնաւոր վարդապետի կեանքի եւ գործերու։ Երանիներու պատգամը երբեւէ եւ առաւել եւս մեր օրերուն չէ փոխուած. ան միշտ մեր առջեւ կը բանայ սիրոյ եւ աստուածանմանութեան ուղին։ Մեր օրերուն, երբ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կրօնական անհանդուրժողութիւնն ու բախումները փաստերը դարձած են այնտեղ ապրող անկեղծ մարդոց կեանքի ու առօրեայի անբաժան մասը, երբ կրօնական ատելութեան հողի վրայ սպանութիւններն ու հալածանքները դարձած են կրօնական ծայրայեղականներու գաղափարախօսութիւն, երբ հազարամեակներու կրօնամշակութային արժէքներու ոչնչացումն ու քրիստոնէութեան բնօրրաններ հանդիսացող վայրերէն իրենց բնիկներու բռնի արտագաղթը կ՚իրականացուի կրօնի պատգամներու խեղաթիւրուած ու եղծուած հիմնաւորմամբ, երանիները կրկին ու կրկին մեր բոլորին առիթ կու տան, անկախ կրօնադաւանական պատկանելիութենէ ու քաղաքական հայեացքներու տարբերութենէ, վերանորոգելու մեր պատրաստակամութիւնը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մատնանշած երանութեան ու սրբութեան ուղին համատեղ անցնելու համար»։
Արարողութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետն ու Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պետերը հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցան դէպի Աւետարանական Մայր տաճարի հանդիսութիւններու սրահը՝ իրենց ընկերակից պատուիրակութիւններու անդամներուն հետ։ Քառօրեայ պաշտօնական այցելութեան ծրագրի աւարտին՝ այդ սրահի երդիքին տակ Գերման Աւետարանական եկեղեցւոյ բարձրագոյն ներկայացուցիչներուն կողմէ պաշտօնական ընթրիք մը սարքուեցաւ՝ ի պատիւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու նուիրապետներուն։
Միւս կողմէ, Պերլինի մէջ Վեհափառ Հայրապետը այցելեց նաեւ «Հաց աշխարհի համար» ընկերային ծառայութեան կեդրոնը, ուր նախագահեց «Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաները» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովին։ Վերոյիշեալ կեդրոնը կը գործէ գերման Աւետարանական եկեղեցւոյ հովանիին տակ։ Կեդրոնի պատասխանատու տնօրէնը՝ Քորնելիա Ֆիւլքրուկ-Վայցէլ այս առթիւ ողջունեց Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու նուիրապետները եւ համառօտ ներկայացուց կառոյցի պատմութիւնը, առաքելութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով մը, որու ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց սոյն կեդրոնը այցելելու առիթին բերումով եւ կարեւորեց անոր առաքելութիւնը քրիստոնէական եկեղեցիներու կեանքէն ներս։ «Ուրախ ենք հիւրընկալուելով եկեղեցական-ընկերային ծառայութեան մը կեդրոնին մէջ, որ այսօր աշխարհի վրայ տիրող սովի ու նեղութեանց մէջ իր քրիստոնէական նուիրեալ ծառայութիւնը կը բերէ մարդկութեան։ Մենք տպաւորուած ենք կեդրոնի աշխատանքով եւ ձեռքբերումներով։ Ինչպէս գիտէք, խորհըր-դային անաստուածութեան տարիներէն վերջ, անցեալ 25 տարիներուն մենք կարողացանք վերակազմակերպել ընկերային ծառայութեան բաժինը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Հայաստան այսօր կ՚ապրի տըն-տեսական շրջափակման եւ պատերազմական իրավիճակի մէջ։ Մենք կը փորձենք մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն համար հայթայթել անհրաժեշտ օգնութիւնը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, Պերլինի մօտ Հայաստանի դեսպան Ա. Սմբատեան այցելութեան օրերուն պաշտօնական ընթրիք-ընդունելութիւն մը կազմակերպեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին։ Բացի Գերմանիոյ իշխանութիւններու ներկայացուցիչներէն, դիւանագիտական շրջանակներէ դէմքեր եւ եկեղեցական առաքելութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ մասնակցեցան այս հաւաքոյթին։ Նորին Սրբութեան յատուկ հրաւէրով ընթրիքին միացաւ նաեւ Ասորի եկեղեցւոյ Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքը՝ իր ընկերակիցներով։