ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ-ԳԻՆԵՁՕՆ
Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտեմբերի 20-ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ կատարուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Ներկայ էին ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, Կիրակնօրեայի աշակերտներ, անոնց ծնողները ու մեծ թիւով հաւատացեալներ: Ներկայ էր նաեւ Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան տնօրէն Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանն ու իր տիկինը:
Ս. Պատարագէն ետք հաւատացեալները խճողուեցան եկեղեցւոյ ներքնասրահը, ուր կատարուեցաւ «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» գիրքին գինեձօնի արարողութիւնը: Այս հրատարակութիւնը իրագործած է Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութիւնը, որ կը գործէ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի տնօրինութեամբ:
Բացման խօսքը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Աստուծոյ խօսքը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու անհրաժեշտութեան, որպէս Մովսէսի միջոցաւ տրուած աստուածային պատգամ, որպէս Աստուծոյ պահպանութեան ու հոգատարութեան խոստումը, Իր օրէնքներուն ու պատգամներուն հնազանդող ժողովուրդին: Ապա, հրաւիրեց Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը, որպէսզի փոխանցէ իր սրտի խօսքը:
Հրայր Ճէպէճեան իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ այն ուրախութեան, որ այս հրատարակութիւնը կը բաժնուի հայ դպրութեան՝ Թարգմանչաց վարդապետներու տօնական օրերուն, երբ հայ համայնքները իրենց ազգային թէ կիրակնօրեայ վարժարաններու օրուան նիւթը հայ գիրի եւ գրականութեան սկիզբ տուած Մեսրոպեան սերունդի տարած աշխատանքին կը կեդրոնանան։ «Քուէյթի մէջ մենք կը բաժնենք այս օրերու պայմաններուն յատուկ, մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն մատչելի Աստուածաշունչ մը, որուն թէ՛ գրութեան ոճը եւ թէ պատկերներու ներկայացումը հաճելի պիտի ըլլայ բոլորին», ըսաւ ան ու որպէս Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, ամփոփ ձեւով ներկայացուց ընդհանրապէս ընկերութեան նպատակն ու տարած աշխատանքը, որ իրականութեան մէջ հերոսական աշխատանք է: «Աւելի քան 200 երկիրներու մէջ Աստուածաշունչի ընկերութեան գրասենեակներն ու աշխատակազմերը իրենց նպատակը դարձուցած են Աստուածաշունչը հասանելի դարձնել բոլորին՝ իրենց մայրենի լեզուներով: Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն է ունենալ Աստուածաշունչը մայրենի լեզուով: Ուրախ եմ, որ փոքրիկներու այս Աստուածաշունչը ամիսներու աշխատանքէ ետք, նաեւ գտնուեցան անոր թարգմանը, շարադրողը եւ տպագրողը, ինչպէս նաեւ բարերարները, որպէսզի այսօր, որպէս նուէր՝ բաժնուի բոլորին: Մենք վստահ ենք, որ մեծ հաճոյքով պիտի կարդան բոլորը, եւ ինչու չէ, շատերու կեանքը պիտի փոխուի այս ընթերցումներով եւ անոնք իրենց կեանքի ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մէջ օրհնութիւն պիտի գտնեն Աստուծմէ», ըսաւ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան: Ի վերջոյ, ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Չօպույեանին, որ առաջին օրէն, երբ գերմաներէն օրինակը տեսաւ, փափաքեցաւ եւ քաջալերեց, որ անպայման այս հրատարակութիւնը իր յաջողութիւնը ունենայ:
Իր կարգին, Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Չօպույեան բեմ բարձրանալով շնորհաւորեց Հրայր Ճէպէճեանը եւ իր անձնակազմը՝ իրենց տարած աշխատանքին համար: Անգամ մը եւս շեշտեց Աստուածաշունչի կարեւորութիւնը հայ նոր սերունդներու դաստիարակութեան համար, որպէս ամենօրեայ սնունդ, որուն պէտքը անփոխարինելի է: «Մեր համոզումն ու հաւաքն է, որ Աստուածաշունչը կը վերանորոգէ, կ՚երիտասարդացնէ մարդը, կը հանգստացնէ յոգնածը, կը գօտեպնդէ յուսահատը եւ կը բժշկէ հիւանդը», ըսաւ հայր սուրբը եւ գնահատեց Աստուածաշունչի ընկերութեան տարած աշխատանքը, ուժ եւ կորով մաղթելով անոնց:
Ապա բեմ հրաւիրեց տէր հայրը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Մունիր Դարբինեանը, Տէր եւ Տիկին Ճէպէճեանները եւ Աստուածաշունչի ընկերութեան Քուէյթի բաժնի տնօրէն Եուսէֆ Սապրին, որպէսզի ըստ հայկական սովորութեան կատարուի գրքին գինեձօնը՝ անոր առաջին օրինակին վրայ գինի հեղելով:
Արարողութենէն ետք բոլոր ներկաները իրենց օրինակները ստանալով՝ մեկնեցան եկեղեցիէն, իրենց հետ տանելով յիշատակելի օրուան մը տպաւորութիւնները եւ իրենց առօրեան լեցնող Աստուծոյ խօսքը՝ «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» գիրքը: