ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԸ

Գիտութիւնը իրական ուժ մըն է՝ գիտնալ, տեղեկութիւն ունենալ մարդուս ինքնավստահութեան զգացում կը ներշնչէ։ Գիտունը իր քայլը կը նետէ աւելի ապահով, քանի որ գիտակցութիւնը ունի իր նետած քայլին հետեւանքին, գիտէ, թէ ո՛ւր կը տանի իր նետած քայլը զինք։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, գիտութիւնը ապահովութի՛ւն է։

Ասիկա կարելի է տեսնել կեանքի ամէն մարզերու եւ իրադարձութիւններու մէջ. զոր օրինակ, որեւէ հարցի մը լուծում փնտռող ժողովի մը մէջ զօրաւոր է եւ վստահելի՛ այն՝ որ իրապէս գիտութիւն եւ տեղեկութիւն ունի խնդրոյ առարկայ հարցին շուրջ։ Եւ այն ժողովականները, որոնք պարզապէս որպէս «կերպար» մը տեղ կը գրաւեն ժողովին մէջ, եւ անուանեալ անդամ են, անոնք ո՛չ վստահութիւն կը ներշնչեն եւ ո՛չ իսկ որեւէ օգուտ կը ներկայացնեն։ Արդարեւ, գիտութիւն եւ տեղեկութիւն ունեցո՛ղն է որ օգտակար կրնայ ըլլալ, քանի որ ան է որ ո՛ւժ ունի, կարողութիւն ունի եւ ա՛ն է որ վստահութիւն կը ներշնչէ։ Այո՛, գիտութիւնը իրական ո՛ւժ մըն է…։

Ուստի մանեկեն ըլլալով, ո՛չ ոք կրնայ իրական եւ դրական օգուտ մը ապահովել, բայց միայն գիտութեա՛մբ։

Կը պատմուի, որ չորս ընկերներ իմաստունի մը աշակերտներն էին։ Անոնցմէ երեքը բաւական չափով գիտութիւն ունէին, բայց ողջամտութենէ զուրկ էին։ Իսկ չորրորդ ընկերը իմաստուն էր, բայց նաեւ օժ-տըւած էր ողջամտութեամբ։

Օր մը, երբ բոլորը հաւաքուած էին, ընկերներէն մին ըսաւ.

«Ի՞նչ կ՚արժեն մեր բոլոր գիտելիքները, եթէ չենք օգտագործեր զանոնք։ Ուրեմն, եկէ՛ք երթանք ուրիշ երկիր, առաջարկենք այնտեղի տիրակալին՝ որպէսզի մեր գիտելիքները օգտագործենք եւ այս կերպով հարստանանք»։

Այս առաջարկին վրայ, ընկերներէն ուրիշ մէկը թէեւ կ՚ընդունի երթալ ուրիշ երկիր եւ հոն օգտագործել իրենց գիտելիքները, բայց կ՚առաջարկէ նաեւ չտանիլ այն չորրորդ ընկերը իրենց հետ, քանի որ ան տգէտ է։

Բայց ուրիշ մէկը կ՚առարկէ, ըսելով թէ՝ կարելի չէ՛ չտանիլ իրենց չորրորդ ընկերը, քանի որ մանկութենէ ի վեր միշտ միասին են եղած, եւ երբեք չեն բաժնուած իրարմէ։

Բոլորը կը համաձայնին այս վերջինին, եւ չորսն ալ միատեղ ճամբայ կ՚ելլեն։

Երբ անտառէ մը կ՚անցնին, չորս ընկերներ, հոն կը տեսնեն առիւծի ոսկորներ։

«Ահաւասի՛կ եւ մեր գիտելիքները ցուցադրելու յարմար առիթ», կ՚ըսէ անոնցմէ մէկը, եւ կը շարունակէ. «եկէ՛ք, առիւծը վերակենդանացնենք մեր գիտելիքները օգտագործելով…»։

Չորրորդ ընկերը՝ ողջամտութեամբ օժտուածը կը փորձէ առարկել այս առաջարկին, եւ կ՚ըսէ.

«Եթէ կենդանացնես այս առիւծը, ան մեր բոլորն ալ կը բզկտէ։ Թքներ եմ քու այդ անիմաստ եւ վնասակար դատողութիւններուդ վրայ։ Հիմա կը տեսնես, թէ ի՛նչ ուժ ունին իմ գիտելիքներս»։

«Ուրեմն, սպասէ՛, մինչեւ որ ծառը վեր բարձրացնեմ, խնդրեմ…», կ՚ըսէ ողջամիտ ընկերը։

Գիտելիքներու ուժը ցուցադրել փափաքող ընկերը հազիւ աւարտելու վրայ էր իր «հրաշագործութիւն»ը, երբ արդէն վերակենդանացած առիւծը կը խոյանայ՝ կը յարձակի երեք «գիտուն»ներու վրայ եւ կը յօշոտէ զանոնք։

«Գեղեցիկ ապրելու գաղտնիքները»՝ խորիմաստ պատումներու գիրքէն քաղուած այս առակը մեզի ցոյց կու տայ, թէ գիտութեան ուժը պէտք է համընթաց ըլլայ նաեւ ողջամտութեան, իմաստութեան եւ հմտութեան։

Ուրեմն, այս կը նշանակէ, թէ գիտութիւնը առանձին այնքան ալ արժէք չի ներկայացներ, որքան ալ ո՛ւժ մըն է, եւ պէտք է գիտութիւնը զօրանայ ողջամտութեամբ, իմաստութեամբ եւ հմտութեամբ։ Այո՛, գրութեան սկիզբը ըսինք, թէ «գիտութիւնը ո՛ւժ մըն է», բայց տեղին չգործածուած ուժն ալ չի հասնիր իր նպատակին, եւ երբեմն օգուտէ աւելի վնա՛ս կրնայ պատճառել։ Կը կրկնենք՝ գիտութիւնը ո՛ւժ մըն է, եւ սակայն զայն յարմար կերպով օգտագործելու համար անհրաժե՛շտ է՝ իմաստութիւնը, ողջամտութիւնը եւ հմտութիւնը։

Եւ մանաւա՛նդ ողջամտութիւնը՝ այն հրաշագործ առաքինութիւնը, որ կը չափաւորէ, կը ներդաշնակէ, կը հաւասարակշռէ այն ամէն ինչ, որ մարդուս կը պատկանի եւ ընթացք կու տայ անոր կեանքին։ Զգացումներ, դատողութիւն, գիտութիւն, մինչեւ իսկ գութ եւ ողորմածութիւն, արդարութիւն, եւ բոլոր այն բարեմասնութիւնները, որոնք մարդս մա՛րդ կ՚ընեն, երբ տեղին եւ յարմար կերպով ու չափով իրագործուին։ Եւ ահաւասի՛կ, ողջամտութիւնն է որ պիտի կատարէ այդ պարտականութիւնը։

Խորհինք պահ մը, սիրելի՜ բարեկամներ, որեւէ ուժ եթէ չգործածուի յարմար կերպով՝ վնա՛ս կը պատճառէ փոխանակ օգուտի, ուրեմն գիտութիւնն ալ, որպէս «ո՛ւժ» պէտք է գործածել պատշաճ կերպով, որպէսզի օգտակար ըլլայ, եւ ասիկա կարելի է ողջամտութեան միջամտութեամբը միա՛յն։ Արդարեւ, ողջամտութիւնն է որ կը հակակշռէ ամէն արժէք, ամէն զօրութիւն, եւ զանոնք կը վերածէ օգտակարութեան։ Եւ երբ կ՚ըսենք ողջամտութիւն, եւ կը ծանրանանք անոր կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան վրայ, ուրեմն ի՞նչ է ողջամտութիւնը։

Ողջամտութիւնը, կամ ողջախոհութիւնը՝ անձին եւ արարքներուն յաջող համալրումն է։ Ուստի մարդկային ամէն արարք, ամէն գործառնութիւն իսկապէս «մարդավայել» ե՛ւ աստուածահաճոյ կը դառնայ, երբ ան անձէ անձ ուղի՛ղ ձեւով եւ պատշաճօրէն կը համալրուի։ Ողջամտութիւնը, այս իմաստով, բարոյական առաքինութիւն մըն է, Աստուծոյ մէկ պարգեւը, շնորհք մը, Հոգիին մէկ պտո՛ւղը։ Ուստի, ողջամտութիւնը կը բովանդակէ «ինքնատիրացո՛ւմ»՝ հասկցուած որպէս արտայայտութիւնը մարդու ազատութեան, ուղղուած՝ դէպի ինքնանուիրո՛ւմ։ Առ այս՝ անհրաժե՛շտ է ամբողջական եւ մշտատեւ դաստիարակութիւն մը՝ որ կ՚իրագործուի հանգրուանային աճումով։

Ողջամտութիւնը կ՚ամբողջացնէ գիտութեան զօրութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 23, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2017