ՈՐՈՄՆԱՑԱՆՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽԸ՝ ՅԱՋՈՂԱԿ ՎԵՐԵԼՔԴ
Առաջադէմ ու առաջատար դէմք մը ըլլալու փափաքը մարդ արարածին ամենաբուռն բաղձանքներէն մին կարելի է համարել։ Նախնադարուն ապրող մարդը իր ժամանակաշրջանին որքա՜ն ճիգ թափած է այլոց ուշքը իր վրայ գրաւելու ու կեդրոնացնելու եւ իր իսկ մտքին հանճարով, այս պարագային իր մտքի կութքով՝ ստեղծագործութեամբ ու գիւտարարութեամբ բարձրանալու եւ նորանոր յաջողութիւններ ձեռք ձգելու։
Համատարած սովորոյթներ են վերոբը-նութագրեալները, որոնք դարերն ի վեր գոյութիւն ունեցած են եւ պիտի շարունակեն իրենց «այժմէականութիւնը» մինչեւ աշխարհի վախճանը։ Այնքան ատեն որ այս աշխարհին վրայ գոյ ես ու կաս, կ՚ապրիս ու կը շնչես, ուրեմն՝ պիտի արարես, ստեղծագործես եւ կարողութեանդ սահմաններուն մէջ մասնակի բաժինդ պիտի բերես ընկերային թէ հաւաքական կեանքէդ ներս։
Իւրաքանչիւր դարաշրջան ու ժամանակահատուած ունեցած է եւ ունի իր բազմաշերտ դժուարութիւններն ու տարաբնոյթ «հանգոյցները»։ Դժուարութիւնները ժամանակի ընթացքին շրջանցուած են, ան-խըզելի թուացող «հանգոյցները» հանգուցալուծուած են, իսկ անլոյծ ներկայացող հարցադրումները լուծուած են շնորհիւ մարդ էակի մտքին։ Մի՛տքն է, որ անկարելին կարելի կ՚ընէ, անպարփակելին պարփակելի կը դարձնէ եւ զայն կը դնէ ի շահ հանրութեան եւ յօգուտ ընկերութեան։ Մտքով յաղթահարուած ու իրագործուած բոլո՛ր դժուարամատչելի նուաճումներն ու ստեղծագործութիւնները յանկարծակի չեն յայտնուած, այլ մաշեցուցած են աչքի լոյս, հազարումէկ դռներ թակած, բազմազան փորձարկումներ կատարած ու ձախողած, աներեւակայելի յոյսերով սնած ու ապա ջրուած, բայց վերջաւորութեան՝ յաջողութեամբ պսակուած։ Այսպէ՛ս եղած են գիտական աշխարհն ու գիւտարար միտքը. պրպտել, զննել, տքնիլ եւ ստեղծագործել։
Դիւրին չէ արդիւնքի մը հասնիլ։ Մինչեւ աշխատանքիդ պտուղը քաղելը ի՜նչ-ի՜նչ սաղարթախիտ ճամբաներէ ու տափաստաններէ կ՚առաջնորդուիս՝ կամքի անկախ պատճառներով։ Ձախողութիւնը մէկդի թողած, այդ փորձարկման շրջանիդ ԱՆԿՈՉ ՀԻՒՐԵՐՈՒ տիրական ներկայութիւնը եռանդուն կամքդ կը խանգարէ եւ տարած աշխատանքդ կը պարունակազրկէ։ Երէկուան դեռ աղուամազով տղան, երբ այսօր անհատական դիմագծութեան ճամբուն մէջ կը մտնէ, անպայմանօրէն կը հանդիպի նախանձոտ մարդոց։ Դէպի ինքնավստահութիւն գացող ու ինքնատիպ նկարագիր կերտել ուզող երիտասարդը եւս անմասն չի մնար չարակնոտ մարդոց տհաճ ներկայութենէն, որոնց թշնամին դուն չես, այլ՝ ՅԱՋՈՂԱԿ ՎԵՐԵԼՔԴ։ Ի՞նչն են դրդապատճառները, որոնք մարդս այս զազրելի աստիճանին հասցուցած են ու ամբողջապէս զայն դիմափոխած։ Մարդ, որ կոչուած է բարիին հետամուտ ու նախանձախնդի՛ր ըլլալու, բարիի՛ն ձգտելու եւ միայն բարի՛ք կատարելու, ինչո՞ւ այսքան յաչաղկոտ արարած մը դարձած է։ Ո՞վ է զինք հրահրողը եւ դէպի նենգամտութիւն ու չարակամութիւն մղողը…։ Պատասխանը յստա՛կ է եւ լուսաբանութեան չի կարօտիր։
Տեսնուած է, թէ նման մտայնութիւն ունեցող մարդիկ այլոց ամենահամեստ յաջողութիւններն անգամ չեն հանդուրժեր, չեն կրնար ընդունիլ ճշմարտութիւնը եւ հաշտուիլ անոր հետ, կը տրտմին յաջողածի ուրախութեամբ եւ կ՚ուրախանան անոր տխրութեամբ կամ զայն պատուհասող չարիքներով։ Զարմանալին այն է, որ դէպի առաջ իրենց շարժումին մէջ իսկ հայեացքները կը պահեն մի՜շտ ետեւ՝ իրենց գոյութիւնը պայմանաւորելով խաւարամտութեամբ, չարախօսութեամբ, բամբասանքով, լոյսէ հեռու գործարքներով եւ սադրանքներով։ Մարդիկ, որոնք կոչուած են օրինակ դառնալու իրենց շրջապատին, սակայն ափսոսալի է, երբ կը տեսնես իրենց անարդիւնք եւ մանաւանդ ատելավառ վերաբերմունքը, որոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` ՆԱՆՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ու ԶՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ։ Խղճալի՜ վիճակ…։
Նմանատիպ որոմնացաններու սրտերը շատ յաճախ նախանձի թոյնով լեցուն կ՚ըլլան, որուն պատճառով ալ անոնց ողջ էութիւնը բարոյական արժէքներէն դատարկուած, ցամքած եւ անէացած կ՚ըլլայ։ Բարոյական արժէքներու ոտնահարման պատճառով՝ նախանձը կը սկսի իր տեսակաւոր բոյները դնել անոնց երաշտացած հոգւոյն մէջ։ Բոյներ, որոնք անձնամոլութեան, ինքնասիրութեան եւ ընչաքաղցութեան մոլութիւններն են։ Նախանձողը երբեմն չի՛ գիտակցիր, որ ան իր թունաւոր նախանձով ինքզի՛նքն է որ թունաւորած կ՚ըլլայ։ Մարդիկ իրենց փոխյարաբերական կեանքին մէջ երբ դատարկութեամբ «զբաղուած» են՝ կը սկսին վատ զգացումներով տոգորուիլ եւ նախանձալլկութեամբ իրենք զիրենք տոչորել։ Ինքնզինք նախանձաբոյն դարձուցած մարդը սովորական գերիէն ո՛չ մէկ բանով կը տարբերի։ Այս տեսակի «գերութիւնը» սակայն աւելի տանջող ու հրկիզող է, որովհետեւ ինքնակամ, յօժարութեամբ ընդունուած «գերութիւն» է։ Ունսուր Մաալին իր խօսքը ուղղելով նախանձոտ մարդոց՝ կ՚ըսէ. «Եթէ չես ուզեր տառապիլ, նախանձոտ մի՛ ըլլար»։ Իսկ ֆրանսացի մեծ երգիծաբան Ժան Բաթիսթ Մոլիէրը կ՚ըսէ. «Նախանձողները կը մեռնին, նախանձը՝ երբեք»։
Նախանձը մարդուս մէջ կը գոյաւորուի թերարժէքութեան զգացումի հենքի վրայ։ Նախանձոտ մարդը, որ մանրադիտակով իւրաքանչիւր քայլափոխիդ, յաջողութեանդ ու վերելքիդ կը հետեւի, չի՛ գիտակցիր, թէ իր նախանձը իրեն թոյլ չտար, որ ինք խաղաղ եւ ներդաշնակ կեանք մը ապրի եւ ընկերային նոր յարաբերութիւններ կառուցէ։ Նախանձոտներու մտայնութեան մէջ հետեւեալ սահմանումը կայ. «Ամէն բան ներելի է՝ բացի յաջողութենէն»։ Նպատակասլաց, վեհանձն եւ ողջմիտ մարդը երբեք չի՛ նախանձիր, այլ կը հաւատայ այն սկզբունքին, որ մարդը յաջողութեան աստիճանները կամաց-կամաց կը բարձրանայ։ Բարձրանալու ժամանակ խոչընդոտներու, անկոչ հիւրերու կը հանդիպի, սակայն ան ինքնավստահութեամբ ու ջլապնդութեամբ կը շարունակէ իր յաղթական գոյերթը։ Նախանձովդ որեւէ շահ կամ բարիք ձեռք չես բերեր, առաջընթաց ապրելու փոխարէն՝ յետընթաց կ՚ունենաս, ընկերային շրջանակդ կը նօսրանայ եւ ինքնակղզիացած աշխարհ ունեցող մենակեացէ մը չես տարբերիր։ Իմաստուն մը ըսած է. «Նախանձը ոսկորներու փտութիւն է»։
Ատելութիւնը նոյնպէս իր չարատունկ ու չարաբոյս սերմերը մնայուն կերպով կը ցանէ «երաշտացած» հոգի ունեցող մարդու սրտի հողին վրայ։ Եթէ հողը չունենայ իր հողագործը, շուտով ցորենին կողքին որոմները կը բուսնին եւ արգելք կը դառնան ցորենահատիկին ծլարձակման ու փթթումին։ Բարեբեր հողը մարդուն սիրտն է, ցորենահատիկը առաքինութիւններն են, իսկ որոմները՝ մեղքերը, որոնք աճելով կը վերածուին հաստաբուն ծառի մը։ Քրիստոսի կողմէ արտասանուած «Որոմի առակը» լաւագոյնս կը պատկերէ չարին մնայուն ներկայութիւնը մեր կենսընթացին մէջ։ Առակին համաձայն՝ որոմ ցանողը գիշեր ատեն կու գայ եւ ցորենին կողքին որոմ կը ցանէ։ Ժամանակ մը ետք մշակները կու գան ու արտի տիրոջ իմացնելով՝ կ՚ըսեն. «Տէ՛ր, դուն միայն լաւ սերմեր չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. ուրկէ՞ հապա եկաւ որոմը» (Մտ 13.27)։ Տէրը կը պատասխանէ. «Ասիկա թշնամի մարդու գործ է» (Մտ 13.28)։ Մշակները կ՚առաջարկեն երթալ եւ քաղել որոմները, սակայն ան չ՚արտօներ, զգուշանալով որ զանոնք խլած միջոցնին, կրնան նաեւ ցորեններու ծիլերուն վնաս հասցնել։ Ուստի, կը թելադրէ մինչեւ հունձքի ժամանակ համբերել։ Որքա՜ն շատցած է թիւը որոմաբոյսերու նմանող եւ որոմնացաններու նկարագիր ունեցող մարդոց, որոնք տիւուցայգ կ՚երթեւեկեն մեր արտին մէջ, իրենց չարախինդ որոմները՝ չարապատիր ու չարախօս գործերը հասցէագրելով մեզի։
Քրիստոնէական ըմբռնումով աշխարհը կ՚ատէ Աստուծոյ զաւակները, կը հալածէ Ամենակալին երկրպագուները եւ կ՚անուանարկէ Անոր հետեւորդները։ «Եթէ այս աշխարհին պատկանած ըլլայիք՝ աշխարհ ձեզ պիտի սիրէր, որպէս իրմէ եղող մէկը։ Բայց աշխարհը ձեզ կ՚ատէ, որովհետեւ ես ձեզ այս աշխարհէն զատեցի, եւ դուք այս աշխարհին չէք պատկանիր այլեւս» (Յհ 15.19)։ Աշխարհը կը գթայ անգութին եւ անգութ կը դառնայ գթութեան ու օգնութեան կարօտ մարդոց հանդէպ։ Աշխարհը նեցուկ կը կանգնի կեղծաւորին ու ստախօսին եւ կը վտարէ անկեղծ մարդիկն ու անկեղծութիւնը։ Աշխարհը չի՛ սիրեր իրմէ զատորոշուողներն ու հեռացողները, այլ կը սիրէ իրեն կամակատարներն ու հնազանդողները։
Ցաւալին այս չէ միայն. աշխարհաշէն ու նպատակասլաց բառերը վաղուց վերացած են 21-րդ դարու երիտասարդին «բառարան»էն եւ անոնց փոխարէն տեղ գտած են հաճոյապաշտութիւն, հաճոյամոլութիւն ու հաճոյասիրութիւն անուանեալ ցանկազարթոյց մոլութիւնները, որոնց շնորհիւ դերակատար երիտասարդը իր շուրջ համակիր-շրջանակ մը կազմելով, կը դեգերի տարփանքալից աշխարհէն ներս՝ կամայաբար ուղղուելով դէպի անդունդ։ Ա՞յս պէտք է ըլլայ մերօրեայ երիտասարդ-երիտասարդուհիին նպատակակէտը…։
Ժամանակին աղջնակ մը կար, որ շարունակ կը դժգոհէր իր ապրած կեանքէն։ Ըստ անոր՝ կեանքը փորձութիւններով լեցուն էր եւ կարելի չէր զանոնք յաղթահարել։ Իր հայրը, տեսնելով եւ լսելով իր դուստրին դժգոհութիւնները, կեանքի դաս մը տալու նպատակով՝ զինք տան խոհանոցը կը տանի։
Հայրը երեք սրճաման կ՚առնէ եւ զանոնք ջուրով կը լեցնէ ու կրակի վրայ կը զետեղէ։ Երբ եռալու կը սկսին, իւրաքանչիւր սրճամանին մէջ գետնախնձոր մը, հաւկիթ մը ու սուրճի հատիկ մը կը դնէ։ Աղջիկը ո՛չ մէկ կը հասկնայ եւ կ՚ուզէ վայրկեան մը առաջ տեսնել արդիւնքը։ Քսան վայրկեան ետք, հայրը բոլոր սրճամաններուն կրակը կը մարէ։ Առաջին եւ երկրորդ սրճամաններէն գետնախնձորն ու հաւկիթը կը հանէ ու պնակի մը մէջ կը դնէ, իսկ վերջին սրճամանին ջուրը, որ սուրճի գոյն ստացած էր, գաւաթի մը մէջ կը լեցնէ։ Ապա աղջիկին դառնալով՝ կը հարցնէ. «Ի՞նչ կը տեսնես»։
-Գետնախնձոր, հաւկիթ եւ սուրճ,- կը պատասխանէ աղջիկը։
-Գետնախնձորին եւ հաւկիթին դպի՛ր եւ ջուրի գոյնին նայիր,- կ՚ըսէ հայրը։
Աղջիկը կը նկատէ, որ գետնախնձորը կակուղցած էր, հաւկիթը կարծրացած էր, իսկ ջուրը սուրճի գոյն ստացած էր, սակայն այս բոլորէն ոչ բան կը հասկնայ։
-Այս բոլորը ի՞նչ իմաստ ունին, հայրի՛կ,- հարց կու տայ աղջիկը։
Հայրը կը պատասխանէ. «Ջուրը այս օրինակին մէջ նեղութեան խորհրդանիշն է, իսկ գետնախնձորը, հաւկիթը եւ սուրճի հատիկները մարդ արարածը կը խորհրդանշեն։ Գետնախնձորը նախապէս կարծր կը թուէր, բայց եռացող ջուրին մէջ մտնելով՝ կակուղցաւ։ Իսկ հաւկիթը՝ դիւրաբեկ էր, անոր դուրսի պատեանը հազիւ հեղուկը կը պահպանէր, բայց եռացող ջուրին մէջ մնալով՝ կարծրացաւ։ Միայն սուրճի հատիկները տարբեր երեւոյթ ունին. եռացող ջուրին մէջ մնալով՝ ո՛չ միայն տարրացան, այլ՝ ջո՛ւրն ալ փոխուած էր եւ նոր բան մը դուրս եկած էր։ Դուն ո՞րմէկն ես։ Երբ նեղութիւն մը դուռդ թակէ՝ ինչպիսի՞ կեցուածք կ՚ունենաս։ Գետնախնձորին պէս կակուղնալով՝ կը ճզմուի՞ս, կամ հաւկիթին պէս սիրտդ կը կարծրացնե՞ս, թէ՞ ոչ առիթ կու տաս, որ սուրճի կուտերուն պէս գլուխդ եկած ամէն մէկ պատահար՝ զգացումներդ գերապատկէ եւ կեանքիդ տարբեր «համ» մը տայ»։
Սիրելի՛ ընթերցող, «անկոչ հիւրերու» անախորժ ներկայութիւնը անկասկած կ՚ընդվզեցնէ քեզ ու ջղագրգիռ կը դարձնէ։ Այդպիսիք նոյնիսկ եթէ գործ ունենան, ամէն բան մէկդի կը թողուն եւ ակնապիշ նայուածքով ու մանրազնին կը հետեւին իւրաքանչիւր քայլափոխիդ ու շարժումներուդ, այնքան աստիճան՝ որ շինածդ կ՚աւերեն, իսկ աւերուածը կ՚աւարեն։ Ի՞նչն է որ քեզ կ՚անհանգստացնէ ու արգելք կը հանդիսանայ յաջողութեանդ. անոնց ներկայութի՞ւնը, հասցէագրուած խօսքե՞րը, այստեղ-այնտեղ կատարուած շաղակրատութիւններն ու բամբասանքնե՞րը, տարած աշխատանքներուդ արժեզրկո՞ւմը եւ այլոց վերագրո՞ւմը…։ Նման անարդար խօսքերու դիմաց կարելի չէ չանհանգստանալ ու խօսք մը չարտասանել։ Սակայն այս բոլորը երբ փորձես դիտել «դրական» ակնոցով, դուն քեզ աւելի հզօրացած ու գոհունակ պիտի զգաս, որովհետեւ թշնամիներդ վերելքդ տեսնելով՝ աւելի եւս պիտի տժգունին, մրոտին ու «չմարսեն» քեզ։
«Անկոչ հիւրերու»՝ որոմնացաններու լեզուն չի՛ դադրիր դատարկօսելէ ու թշնամութիւն սերմանելէ։ Աւելի լաւ է նախանձի առարկայ դառնալ, քան՝ մարդոց խղճահարութեան «արժանանալ»։ Առ այդ, երբեք մի՛ ընկրկիր, կեանքդ ապրէ եւ առջեւդ նայէ…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ