ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄՈՒՐՃԻՆ ԵՒ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՍԱԼԻՆ ՄԻՋԵՒ…

Սուրիոյ մէջ ընթացող զարգացումներու լոյսին տակ բացայայտ սկսած է դառնալ, որ սուրիական «մեծ խաղ»ին մասնակից գլխաւոր ուժերը կը փորձեն ամէն գնով նախապատրաստել երկրին համար «նախատեսուած» յաջորդ փուլը:

Ճիշդ է, որ տակաւին թէժ մարտեր կը մղուին Տէր Զօր նահանգի ծայրամասերուն ու յատկապէս Սուրիա-Իրաք սահմանային գօտիներուն վրայ, ուր թէ՛ սուրիական բանակը եւ թէ քիւրտերը կը փորձեն մահացու հարուածներ տալ ԻՇԻՊ-ին («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում): Յստակ է նաեւ, որ ԻՇԻՊ շատ արագ եւ յաճախ անսպասելի կշռոյթով մը բռնած է անկումի եւ «վերացման» ճանապարհը:

Օրինակ մը տալու համար խօսինք Ռաքքա նահանգին մասին, որ վերջին շուրջ երկու տարիներուն հանդիսացած է ԻՇԻՊ-ի Սուրիոյ գլխաւոր կեդրոնատեղին եւ Իրաքի Մուսուլէն ետք երկրորդ մայրաքաղաքը: Ճիշդ է, որ քրդական ջոկատներ շատ մեծ թափով կռուեցան ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութենէն ազատագրելու համար «բազմաչարչար» Ռաքքան, սակայն ծանր մարտերու վերջին փուլին ու անսպասելիօրէն ԻՇԻՊ-ի մեծաթիւ ուժեր «կ՚անհետանային» Ռաքքայէն՝ հեշտացնելով քրդական ջոկատներուն գործը:

Ռաքքայի ազատագրումէն անմիջապէս ետք սուրիացի մէկէ աւելի պատասխանատուներ յայտարարութեամբ հանդէս գալով ու եղած ազատագրումը համարելով «կիսատ» նուաճում մը այնքան ժամանակ, երբ Ռաքքայի մէջ չէ բարձրացած Սուրիոյ դրօշը: Բազմակողմանի իմաստներ ունեցող Ռաքքայի ազատագրման գործողութիւնը անպայման կը կրէ Միացեալ Նահանգներու «ստորագրութիւն»ը:

Արդիական զէնքեր, համապատասխան սպառազինութիւն եւ զինուորական ծրագրերու ամերիկեան մօտեցումներ… Այս բոլորը բնականաբար նորութիւն մը չեն Սուրիոյ մէջ պատերազմող քիւրտերուն համար:

Նոյնը կը կատարուի Գամիշլիի, Հասաքէի եւ Սուրիա-Թուրքիա սահմանային բոլոր հատուածներուն մէջ, ուր Միացեալ Նահանգներ, յատկապէս վերջին մէկ տարուան ընթացքին, յաջողեցաւ զօրակայաններ հիմնել եւ ստեղծել նոր իրավիճակ մը: Բնականաբար այդ իրավիճակին շնորհիւ քիւրտերը ստեղծեցին «ինքնակառավարման յատուկ մարմիններ», որոնք խորթ աչքով դիտուեցան Դամասկոսի կողմէ:

Յիշեցնելու կարգով պէտք է արձանագրել, որ շուրջ տարի մը առաջ ծանր մարտեր տեղի ունեցան Հասիչէի մէջ: Մէկ կողմէ սուրիական բանակը եւ միւս կողմէ տեղւոյն քրդական ջոկատները (որոնք հանդէս կու գան տարբեր անուանումներով) բախեցան իրարու: Սուրիոյ բանակը գետնի վրայ կարեւոր առաւելութիւն ունենալով հանդերձ մինչեւ վերջ չգնաց այդ մարտերուն մէջ: Ու ճակատումներէն քանի մը օր անց այս անգամ Մոսկուայի միջամտութեամբ մարտերը դադրեցան:

Այդ փուլէն անմիջապէս ետք բոլոր կողմերուն ուշադրութիւնը կը թեքուէր դէպի ԻՇԻՊ: Միջազգային «կանաչ լոյս»ի գոյութիւնը ահաբեկչական այդ մարմնին դէմ ընթացք առած մարտերը կը բոլորէին կարեւոր հանգրուան մը եւ այսօր «ունինք, ինչ որ ունինք»:

Սուրիոյ այսօրուան գետինը հիմնականին մէջ բաժնուած է եօթ խումբերու:

ա.- Սուրիոյ պետական զօրքերը, որոնք անցնող ամիսներուն կարողացան կարեւոր նուաճումներ կատարել:

բ.- «Չափաւորական» համարուած ընդդիմադիր ուժերը:

գ.- ԻՇԻՊ-ը, որ ներկայ պահու դրութեամբ եւ մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ իր «վերջալոյս»ը կ՚ապրին:

դ.- Միջազգային դաշինքի ուժերը:

ե.- Ռուսական, իրանեան եւ «Հիզպուլլահ»ի ջոկատները (Միացեալ Նահանգներ եւ ընկերներ)

զ.- Թրքական ուժերը

է.- Ամենատարբեր անուններով ներկայացող քրդական ուժերը:

Յառաջիկայ ամիսներուն կարեւոր տեղաբաշխումներ պիտի կատարուին Սուրիոյ մէջ ու յստակ է, որ գետնի վրայ ամենէն աւելի «խնդրայարոյց» ներկայութիւն ունեցող «Հիզպուլլահ»ը կը սկսի քաշել իր զօրքերը: ԻՇԻՊ եւս կը յայտնուի «վերացման» կամ նոյնիսկ «դիմափոխման» փուլի մը մէջ:

Կը լուծուի նաեւ (Անգարայի հովանիով) Իտլիպի «չափաւորական» ընդդիմադիրներու հարցը:

Իբր այդ ալ, գետնի վրայ կը շարունակեն մնալ Սուրիոյ բանակը, քրդական ուժերը եւ բնականաբար... ամերիկեան եւ ռուսական ուժերը:

Ու յստակ սկսած է դառնալ, որ թէ՛ Միացեալ Նահանգներ եւ թէ Ռուսաստան կ՚ուզեն կարեւոր գրաւ դնել Սուրիոյ տարբեր նաւթային ու «թէժ» գօտիներուն մէջ տեղակայուած քրդական ուժերուն վրայ: Զարմանալի ալ չէ, որ նոյն քիւրտերը կը փորձեն երկու գերտէրութեանց հետ «համագործակցիլ» ու մինչեւ վերջ երթալ իրենց ընտրանքներուն ու մօտեցումներուն մէջ:

Բացի շեշտ մը դնելէ ամերիկ-քրդական մերձեցման եւ յարաբերութեանց մասին, բնականաբար կայ Մոսկուայի մօտեցումը եւ քիւրտերուն հանդէպ Ռուսաստանի ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը:

Այդ յարաբերութիւններուն մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցեն արաբական լրատու գործակալութիւններ՝ նշելով, որ Մոսկուա յառաջիկայ օրերուն պիտի փորձէ մերձեցման կամուրջ հանդիսանալ մէկ կողմէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն, իսկ միւս կողմէ քրդական ուժերուն միջեւ:

Օրինակ՝ «Ալ Ախպար» պարբերականը կը նշէ, որ յառաջիկայ օրերուն «Հըմէմին» զինուորական խարիսխին մէջ կը սպասուի բարձր մակարդակի ժողով մը, որուն մասնակից պիտի ըլլայ սուրիական բանակի բարձրաստիճան զօրավարներ, ինչպէս նաեւ քրդական ջոկատներու ղեկավարներ: Մոսկուայի համար մասնաւորապէս այս հանգրուանին շատ կարեւոր է, որ երկու կողմերը բախումներու չերթան եւ յանգին որոշ պայմանաւորուածութիւններու: Անշուշտ այդ պայմանաւորուածութիւնները կրնան վերջ գտնել, երբ Սուրիոյ տարածքին կ՚աւարտին ԻՇԻՊ-ի դէմ ընթացող բոլոր մարտերը եւ սիւննի «չափաւորական» խմբաւորումներն ալ որոշ լուծումներու կ՚առաջնորդուին: Այստեղ պէտք չէ անտեսել այն փաստը, որ ներկայ հանգրուանին Միացեալ Նահանգներ կարեւոր նեցուկ կը ցուցաբերէ Սուրիոյ մէջ կռուող ջոկատներուն եւ այս մօտեցումին հիմնական ապացոյցը Ռաքքայի մարտերն են, որոնց ընթացքին զինուորական առաւելութեան եւ մարտական ունակութեան շնորհիւ յաջողեցան Ռաքքան ազատագրել ԻՇԻՊ-ի ճիրաններէն: Ու բնական է, որ քիւրտ խմբաւորումներուն եւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները «կարգի բերելու» Մոսկուայի ճիգերը կապ ունին ամերիկացիներու քայլերուն հետ, որոնց համար այս փուլին Սուրիոյ մէջ կռուող քիւրտերը վստահութիւն ներշնչող եւ ապագային համար գետին պատրաստող գլխաւոր գործօն են: Յառաջիկայ օրերուն աւելի յստակ պիտի դառնայ Մոսկուայի յառաջ քշած առաջադրանքը, սակայն յստակ է նաեւ, որ քիւրտերուն համար «երբեմնի երազ» հանդիսացող «Ռոճովա» անունը կրող տարածքն ալ նոյնիսկ եթէ ամբողջական անկախութիւն չունենայ, պիտի ունենայ բոլորովին նոր կարգավիճակ մը։ Այդ մէկը հաւանաբար Սուրիոյ պատերազմէն առաջ եղածէն շատ աւելի տարբեր իրավիճակ մը ըլլայ:

Այս ընդհանուր պատկերին մէջ յստակ սկսած է դառնալ նաեւ, որ քիչ չէ թիւը այն քիւրտերուն, որոնք կը զբաղեցնեն ազդեցիկ դիրքեր եւ որոնք «անկախութիւն» մը ստեղծելու փոխարէն կը հաւատան, որ «պարտաւորուած» են ամէն գնով լեզու գտնել պաշտօնական Դամասկոսի հետ: Այս գաղափարը նախ եւ առաջ սկսած է տեղ գտնել Գամիշլիի մէջ, որ այսօրուան դրութեամբ կը համարուի Սուրիոյ քիւրտերուն քաղաքական «ողնաշար»ը: Թերեւս անոնք ընդունին համաձայնութեան եզրեր գտնել եւ ապրիլ որոշ ինքավարութեան մը խորագրին տակ, բայց եւ այնպէս յստակ է, որ Սուրիոյ քիւրտերը պիտի չուզեն իրենց հարեւան Հիւսիսային Իրաքի սխալները կրկնել:

Բացի այդ, կայ նաեւ այն ճշմարտութիւնը, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական իրավիճակը աւելի բարդ է: Մինչ Հիւսիսային Իրաքի մայրաքաղաք համարուած Էրպիլը կը գտնուի իրաքեան ուժերու կրակի ազդեցութեան գօտիէն բաւական հեռու, անդին Հասաքէի, Գամիշլիի, Այն Արապի, Թել Ապեատի եւ նոյնիսկ Ռաքքայի քրդական ջոկատները կրնան շատ արագօրէն յայտնուիլ սուրիական ուժերու կրակներու ազդեցութեան տակ: Յստակ է նաեւ, որ Դամասկոս եւս չի պատրաստուիր նոր ճակատներ բանալ, մանաւանդ, երբ յառաջիկային տեղի ունենալիք որեւէ համաձայնութիւն կրնայ շահաբեր ըլլալ երկու կողմերուն համար ալ:

Այստեղ պէտք է նշել նաեւ, որ քիւրտ-սուրիական որեւէ համաձայնութիւն դրական պիտի դիտուի Անգարայի կողմէ, այնքան ատեն, որ քիւրտերը պիտի յարգեն Դամասկոսի արտաքին քաղաքականութեան մօտեցումները եւ զերծ պիտի պահեն Սուրիա-Թուրքիա սահմանը որեւէ ձեւի խլրտումներէ կամ նոյնիսկ «ըմբոստութիւններէ»:

Ամէն պարագայի եթէ ուշադիր հայեացք մը նետենք Հիւսիսային Իրաքի մէջ արձանագրուող դէպքերուն վրայ, ապա շատ հեշտութեամբ պիտի հասկնանք, որ շրջանային երկիրներու՝ քրդական անկախութիւն մը նոյնիսկ իր սաղմին մէջ խեղդելու համար եղած քայլերը հանգամանօրէն կը պատմեն այն մասին, թէ ներկայ փուլին Միջին Արեւելքի մեծ քարտէսին մէջ նոր եւ շլացուցիչ փոփոխութիւններ պիտի չըլլան:

Խօսքը փոքր առաւելութիւններով կամ առանձնայատկութիւններով կառավարուող շրջաններու մասին է, որ շատ հեռու է Սուրիան բաժնող կամ քանթոններու վերածող դրոյթներէ:

Ամէն պարագայի շատ կարեւոր է սուրիական նաւթահորերու «բաժանման» հարցը, որ այս օրերուն կը կատարուի «թուրով եւ արիւնով»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2017