ԼԵՒ ՆԻՔՈԼԱՅՈՎԻՉ ԹՈԼՍԹՈՅ՝ ՎԻՊԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՎԱՐՊԵՏԸ

«Իւրաքանչյուր մարդ կ՚ուզէ մարդկութիւնը փոխել. սակայն ոչ ոք կը մտածէ նախ ինքզինք փոխելու մասին»։

Լեւ Նիքոլայովիչ Թոլսթոյ ռուս եւ համաշխարհային խոշորագոյն գրողներէն, վիպասաններէն ու մտածողներէն մէկը։ Կենդանութեան օրօք, անոր արուեստը ռուսական եւ համաշխարհային ռէալիզմի զարգացման նոր փուլը նշանաւորեց՝ իւրայատուկ կամուրջ դառնալով 19-րդ դարու դասական վէպի եւ 20-րդ դարու գրականութեան աւանդոյթներու միջեւ:

Լեւ Թոլսթոյը ազնուական ընտանիքէ սերած է։ Ծնած է 1828 թուականին, Տուլսկի նահանգի Կրապիւենեան գաւառին մէջ։ 1830-ին, երբ տակաւին երկու տարեկան էր՝ իր մայրը կը մահանայ, իր քրոջ ծնունդէն կէս տարի ետք։ Որբացած երեխաներու դաստիարակութիւնը կը ստանձնէ հեռաւոր ազգական մը՝ Տ. Երկոլսկայան։ 1837-ին, ընտանիքը կը տեղափոխուի Մոսկուա։ Շուտով հայրը` Նիքոլա Իլյիչը յանկարծամահ կ՚ըլլայ։ Երեք կրտսերները ստիպուած կը վերադառնան Կազան՝ խնամակալ ունենալով Ա. Օստեն Սակէնը։

Թոլսթոյ պատանեկան տարիներէն ծանօթ էր Լիւպով Ալեքսանտրովնա Իսլավինային, յաճախ անոր երեխաներուն հետ կը խաղար՝ Լիզայի, Սոնիայի եւ Թանիայի հետ: Որոշ տարիներ յետոյ, Թոլսթոյ Ալեքսանտրովնայի միջնեկ դստեր՝ Սոֆիայի հետ իր ամուսնութիւնը կը կնքէ։ Ամուսնութիւնը իր կեանքի ամենալուսաւոր ժամանակաշրջանն էր։ Ան երջանիկ էր՝ մեծ մասամբ իր կնոջ գործնականութեան, նիւթական ապահովուածութեան, ստեղծագործական բացառիկ տաղանդի եւ եւրոպական ու համաշխարհային հռչակի շնորհիւ: Կնոջ մէջ ան կը գտնէ իսկական օգնական մը՝ բոլոր առումներով, քարտուղարի բացակայութեան ժամանակ՝ ան միշտ իր ամուսինին սեւագրութիւնները կը մաքրագրէր։ Սակայն շատ շուտով երջանկութիւնը կը խաթարուի անխուսափելի չնչին տարաձայնութիւններու, անցողիկ վէճերու եւ փոխադարձ անհամաձայնութեանց պատճառով։

Լեւ Թոլսթոյ մտադիր էր իրենց եկամուտի մէկ մասը յատկացնել աղքատներուն եւ դպրոցներուն. իսկ ընտանիքի կենսակերպը՝ կեանքը, սնունդը, հագուստը զգալիօրէն պարզեցնել, վաճառել եւ բաժնել «աւելորդ ամէն բան»՝ դաշնամուրը, կահոյքը, կառքերը…: Իր կինը՝ Սոֆիան այս բոլորին դէմ էր, որովհետեւ ան կ՚ուզէր, որ իր երեխաները բարեկեցիկ կեանք մը ապրին։ Ահա այսպիսի խօսակցութիւնները շարք մը անհամաձայնութեանց տեղի տուին, որոնց իրբեւ հետեւանք՝ 1892-ին Թոլսթոյ վաւերագիր մը կը ստորագրէ, որուն մէջ նշուած էր, որ ինք կը հրաժարի իր ամբողջ ունեցուածքէն եւ զանոնք կը յանձնէ իր կնոջ ու երեխաներուն։ Այդուհանդերձ, Թոլսթոյ ամուսինները շուրջ 50 տարիներ միասին սիրով կ՚ապրին։

Թոլսթոյ ամուսինները 13 երեխայ կ՚ունենան, որոնցմէ հինգը իրենց մանուկ հասակին կը մահանան։ Մեծ գրողը, ինչպէս անձնական կեանքին մէջ, այնպէս ալ արուեստին մէջ, իր ուշքը կը կեդրոնացնէ իր ընտանիքին վրայ։ Գրողի կարծիքով՝ մարդկային կեանքի գլխաւոր հաստատութիւնը միայն պետութիւնն ու եկեղեցին չեն, այլ՝ ընտանիքը: Թոլսթոյ իր ստեղծագործական կեանքի սկզբնաւորութեան շրջանին իսկ կլանուած էր ընտանիքի մասին մտքերով ու գաղափարներով եւ իր առաջին ստեղծագործութիւնը՝ «Մանկութիւնը» նուիրած է իր ընտանիքին: Ահա այս գործին կը յաջորդէ «Պատանեկութիւն» եւ «Երիտասարդութիւն» գործերը, որոնց մէջ ընթերցողը կը հանդիպի Թոլսթոյի հոգեբանական ինքնավերլուծութեան։

Երեք տարի անց. 1855 թուականին, կը գրէ յայտնի «Մարկիորի գրառումները» պատմուածքը, ապա կը ստեղծագործէ «Ընտանեկան երջանկութիւն» վէպը, որուն կնոջ եւ տղամարդու փոխյարաբերութիւնները զարմանալիօրէն Թոլսթոյի եւ Սոֆիայի ամուսնական յարաբերութիւններուն կը նմանէին: 1860-ական թուականներուն, ընտանեկան կեանքի երջանիկ տարիներուն եւ բանաստեղծական ներշնչանքի պայմաններուն տակ գրողի երկու մեծագոյն ստեղծագործութիւնները հրապարակուեցան՝ «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» եւ «Աննա Քարենինա»: Եթէ «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» վէպին մէջ Թոլսթոյ ամուր կանգնած էր ընտանեկան արժէքներու պահպանման դիրքերուն մէջ. հաստատակամ էր իր իտէալին հաւատարմութեան մէջ, ապա «Աննա Քարենինա» գործին մէջ այդ իտէալի հասանելիութիւնը կասկածի տակ կ՚առնէր: «Աննա Քարենինա» երկհատոր վէպին մէջ արծարծուած են ռուսական կեանքի ընկերային, տնտեսական, գաղափարական-հոգեբանական ամենաբարդ հարցերը: Աննայի դժբախտ սիրոյ եւ կործանման պատմութեան ընդմէջէն, հեղինակը քննադատած է վերնախաւի կենցաղն ու բարոյական ըմբռնումները. բացայայտած եկեղեցւոյ եւ դատարաններէ ներս տիրող կեղծիքն ու ապօրինութիւնները:

Թոլսթոյ նաեւ գրած է բազմաթիւ գործեր, որոնցմէ են՝ «Յարութիւն», «Կազակներ», «Իւան Իլյիչի մահը», «Կրէյցերեան սոնատ», «Հայր Սերկիյը», «Դեւը», «Հաճի Մուրատ» վիպակները, «Սեւաստոպոլեան պատմութիւններ», «Կենդանի դիակ» եւ «Խաւարի իշխանութիւն» տրամաները…։

Լեւ Թոլսթոյ ծնած էր ուղղափառ քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ։ Իր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներուն, եկեղեցւոյ եւ կրօնքի նկատմամբ անտարբեր եղած է։ 1870-ական թուականներու կէսերուն, կը սկսի մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ արարողակարգի հանդէպ։ Սակայն կարճ ժամանակ մը ետք՝ կ՚ընդդիմանայ եւ եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը կը մերժէ։ Թոլսթոյ կը հերքէր անմահութեան մասին եկեղեցական մեկնաբանութիւնները եւ համաձայն չէր եկեղեցւոյ այն տեսութեան հետ, որ մարդ ի ծնէ, իր էութեամբ մեղաւոր ու արատաւոր է, քանի որ իր կարծիքով՝ այդ տեսութիւնը «արմատապէս կ՚ոչնչացնէ այն լաւագոյնը, որ մարդկային էութեան մէջ գոյութիւն ունի»։ Նիքոլայովիչի կրօնական եւ բարոյական գաղափարները աղբիւր կը հանդիսանան թոլսթոյականութեան շարժման համար. որ հիմնուած էր երկու հիմնարար դրոյթներու վրայ՝ «պարզեցման» եւ «չարին բռնութեամբ չընդդիմադրելու»: Քրիստոնէութեան էութիւնը. ըստ Լեւի. կարելի է արտայայտել հետեւեալ կանոնով. «Բարի եղի՛ր եւ չարին բռնութեամբ մի՛ ընդդիմանար»։ Թոլսթոյի ուսուցման կարեւորագոյն հիմքը դարձած են Աստուածաշունչի՝ «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները» արտայայտութիւնը եւ «Լերան քարոզը»: Աստուածաշունչի քաղցրութեամբ համակուած՝ ստեղծագործած է «Ո՞րն է իմ հաւատքս», «Խոստովանութիւն» եւ այլ գիրքեր: Այս բոլորին առընթեր, Թոլսթոյ մշակած է ոչ բռնի անիշխանութեան յատուկ գաղափարախօսութիւն, զոր կարելի է բնութագրել որպէս քրիստոնէական անիշխանութիւն։ 1901 թուականին, եկեղեցական սինոդը տեսնելով Թոլսթոյի այլադաւան եւ այլախոհ գաղափարները՝ վերջնականապէս եկեղեցւոյ կեանքէն կը հեռացնէ զինք։

1862-ին, Լեւ կը հրատարակէ «Յասնայա Փոլիանա» մանկավարժական հանդէսը. դասագրքեր կը կազմէ. գիւղացի երեխաներու համար դպրոց եւ ընթերցարան կը հիմնէ եւ այնտեղ կը դասաւանդէ։ Նիքոլայովիչ նոյնպէս լաւ մանկավարժ ուսուցիչ էր։ Ան, ի հակադրութիւն գերմանական մանկավարժութեան դպրոցին, կտրականապէս կը մերժէր ամէն տեսակի կանոնակարգ եւ կարգապահութիւն։ Անոր կարծիքով, ուսուցման ընթացքին ամէն ինչ պէտք է անհատական ըլլայ՝ թէ՛ ուսուցիչը, թէ՛ աշակերտը եւ թէ անոնց փոխյարաբերութիւնները։ Այս դպրոցին մէջ դասաւանդման որոշակի ծրագիր գոյութիւն չունէր։ Ուսուցիչի միակ գործը երեխաները հետաքրքրելն էր:

Ականատեսներ կը վկայեն, թէ Թոլսթոյի հիմնած այս իւրայատուկ դպրոցի դասընթացքները շատ յաջող կ՚ընթանային։ Դասընթացքները Թոլսթոյ ինք՝ 4 ուսուցիչներու օգնութեամբ կը վարէր։ Դպրոցի աշակերտութեան թիւը 37 երեխայ էր՝ 7-15 տարեկան։ Անոր մանկավարժութեան նպատակը կը կայանար ստեղծագործ անհատի դաստիարկութեան մէջ: Հիմնարար սկզբունքներէն էր՝ երեխային լիակատար ազատութիւն տալ։ Աշակերտներուն տնային աշխատանք չէր յանձնարարուեր։ Դպրոցը առաւելաբար երեխայի ստեղծագործական աքթիւութիւնն ու նախաձեռնողականութիւնն էր, որ կը քաջալերէր: Թոլսթոյ ուսուցիչներուն յաճախ կը թելադրէր, որ իւրաքանչիւր մանուկի հնարաւորութիւններն ու հետաքրքութիւնները պէտք է նկատի առնուին:

Դպրոցին մէջ հետեւեալ առարկաները կը դասաւանդուէին՝ ընթերցանութիւն, քերականութիւն, թուաբանութիւն, բնագիտութիւն, նկարչութիւն, գծագրութիւն, երգեցողողութիւն, կրօն…: Երեկոյեան, Լեւ Նիքոլայովիչ երեխաներուն պատմութիւններ կը պատմէր ու կը կարդար։ Ան կը փորձէր երեխաներուն հայրենասիրութիւն ներշնչել եւ անոնց մէջ ազգային պատմութեան նկատմամբ հետաքրքութիւն արթնցնել, իսկ զբօսանքներուն բարոյագիտական թեմաներու շուրջ զրոյցներ կը վարէր: Դասերը շատ յաճախ դաշտի, այգիի ու զբօսայգիի մէջ կ՚անցընէին։ Երեխաները իր ղեկավարութեամբ գիւղեր կ՚այցելէին, բանահիւսական զրոյցներ գրի կ՚առնէին եւ պատմութիւններ կը գրէին, որոնք «Յասնայա Փոլիանա» մանկավարժական ամսագրին մէջ կը հրապարակուէին: Ըստ Թոլսթոյի՝ դպրոցը պէտք է բաւարարէր նաեւ հասարակ ժողովուրդին՝ աշխատող մարդու կարիքները. այդ իսկ պատճառով դպրոցէն ներս նաեւ աշխատանքի ուսուցում կը դասաւանդուէր եւ կը կիրառուէր. օրինակ՝ ատաղձագործութիւն եւ գիւղատնտեսական աշխատանք:

«Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» քառահատոր վէպը Թոլսթոյի ամենաշատ սիր-ւած ստեղծագործութիւնն է, որ կ՚արժէ համառօտ տողերու մէջ մեր ընթերցողներուն ներկայացնել եւ ընդհանուր բնութագիր մը տալ։ «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» վէպը կը պատկերէ ռուսական հասարակութիւնը 1805-1812 թուականններուն՝ Նափոլէոն Պոնափարթի դէմ պատերազմի տարիներուն։ Այս գլուխ գործոցը հեղինակի գեղարուեստական մտածելակերպի համապարփակ մարմնաւորումն է։ Վէպը 19-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներու եւրոպական պատմութեան նշանակալի դէպքերն է, որ կը ներկայացնէ, ինչպէս նաեւ ռուս ժողովուրդի՝ 1812-ի Հայրենական պատերազմի հերոսական դրուագները։ Սոյն ստեղծագործութիւնը ի սկզբանէ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ։ Բազում գրաքննադատններու կողմէ համարուելով եւրոպական նոր գրականութեան մեծագոյն վէպերէն մէկը՝ Թոլսթոյի այս ստեղծագործութիւնը բոլորը զարմացուցած է առաջին հերթին իր չափերով։ Վէպին մէջ ներկայացուած են հասարակութեան բոլոր հնարաւոր խաւերն ու տարիքային բոլոր խումբերը՝ կայսրերէն ու թագաւորներէն մինչեւ շարքային զինուորը։ Որպէս դիւցազներգութիւն՝ այս վէպի առաջին ու ամենակարեւոր արժէքը, բնականաբար, ռուս ժողովուրդի հոգեբանութեան աննկարագրելի ճշգրիտ պատկերումն է։ Թոլսթոյ վարպետութեամբ ներկայացուցած է «ամբոխի» մտածելակերպը, ապրումները եւ վարքուբարքը՝ զանոնք ընթերցողին հետ կիսելով եւ հոգւոյն մէջ ներթափանցելով։

Ամբողջ վէպի ընթացքին Նիքոլայովիչ փորձած է որսալ կեանքի բնականոն, անգիտակից սկիզբը։ Հեղինակը ազատօրէն օգտագործած է ռազմաքաղաքական, կենցաղային, բնութեան եւ հոգեբանական տեսարաններ, պատմափիլիսոփայական դատողութիւններ՝ զերծ մնալով հոգեբանական վէպի սովորական ձեւերէն։ Նախքան աշխատանքի անցնիլը, Լեւ ամենայն մանրամասնութեամբ ուսումնասիրած է ռուս-ֆրանսական պատերազմի բոլոր կողմերը, ընթերցած պատմական բոլոր հնարաւոր աղբիւրները՝ իր ապագայ վէպին ճշգրիտ բնոյթ հաղորդելու համար։ Վէպի երրորդ հատորի սկիզբի էջերուն մէջ Թոլսթոյ պատմութիւնը կերտելու վերաբերեալ իր գաղափարներն ու հայեացքները արտայայտած է։ Իր նպատակը եղած է վերացնել իրականութեան ու երեւակայութեան միջեւ կարծրացած սահմանները՝ անով իսկ իրականութեան մօտենալով։

Ուշագրաւ են վէպի լեզուական առանձնայատկութիւնները։ Չնայած վէպը գրուած է ռուսերէն լեզուով, սակայն հեղինակը նաեւ ֆրանսերէն բազմաթիւ բառեր օգտագործած է՝ յատկապէս երկխօսութեանց մէջ։ Հեղինակը զուր տեղը ֆրանսերէն բառեր չէ օգտագործած։ Թոլսթոյ ցոյց տուած է 19-րդ դարու Ռուսաստանի բարձր խաւի կեանքին մէջ ֆրանսերէն լեզուի ու մշակոյթի մեծ տարածումը։ Ֆրանսերէնը շատ աւելի հեղինակաւոր էր ազնուականներուն համար, քան՝ մայրենի ռուսերէնը։ Սա կապուած էր Եքաթերինա Բ.-ի կառավարման տարիներուն հետ, երբ Փարիզը եւրոպական քաղաքակրթութեան կեդրոնը կը համարուէր եւ կայսրուհին որոշեց ֆրանսերէնը իր արքունիքի գլխաւոր լեզուն դարձնել՝ պարտադրելով լաւ ճանչնալ նաեւ ֆրանսական մշակոյթն ու աւանդոյթները։

Վէպի գլխաւոր կերպարները Անտրէյ Պոլկոնսկին եւ Փիէռ Պեզուխովն են։ Անոնք հրաժարելով իրենց եսասիրական ձգտումներէն՝ կը զինուորագրուին ճակատագրի ու մարդու կեանքի իմաստութեան ըմբռնման վեհ գաղափարին: Կոմս Կ. Ա. Պեզուխովի արտամուսնական որդին՝ Փիէռը բարեսիրտ, կիրթ, խելացի անձնաւորութիւն մըն էր եւ չէր կրնար ազնուազարմ հասարակութեան մէջ ինքզինք լիարժէք զգալ։ Իր հօր մահէն ետք, ան մեծ ժառանգութեան ու տիտղոսի տէր կը դառնայ։ Ի տարբերութիւն այլ կերպարներու, Փիէռը ստոյգ նախատիպ չունի։ Շատեր կ՚ենթադրեն, որ այս կերպարը ստեղծելու ժամանակ՝ Թոլսթոյի համար նախատիպ ծառայած է իշխան Փիոթր Անտրեւիչ Վիազեմսկին։ Ինչ կը վերաբերի Պոլկոնսկիին, ան վէպի ամենալաւ մշակուած ու զարգացում ապրող կերպարներէն է։ Աթէիստ, ամուսնութենէն հիասթափուած, կնոջ միամիտ խառնուածքէն յոգնած՝ Անտ-րէյ ջանք կը թափէ բանակին մէջ բարձր կոչում ստանալու, ինչպէս նաեւ կ՚երազէ զօրքի հրամանատար դառնալու համար։ Թոլսթոյ ակնյայտ կը ներկայացնէ Պոլկոնսկիի Նափոլէոնի նկատմամբ տածած յարգանքը։ Մարտի ժամանակ վիրաւորուած Անտրէն իր «հերոսին» կը հանդիպի՝ աւելի լաւ պատկերացում կազմելով ֆրանսացիներու կայսրի մասին։ Տուն վերադառնալէն ու կնոջ մահուընէ ետք, Անտրէյ պատերազմի եւ քաղաքանութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը կը կորսնցնէ։ Քաոսային պատերազմի շնորհիւ կը հասկնայ, որ նոյնիսկ պատմական հզօր դէմքերը չեն կրնար կեանքի բնականոն իրադարձութիւնները փոխել։ Յետագային ընթերցողը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ հետեւիլ այս իւրայատուկ կերպարի բազմափուլ զարգացման։

Վէպը հարուստ է վառ կերպարներով, որոնց շնորհիւ պատմական այս ստեղծագործութեան գեղարուեստական արժէքը կը բարձրանայ։ Նաթաշա Ռոստովան, Սոնիան, Անաթոլ Կուրակինը, Ռոստովը, Մարիա Նիքոլայեւնան եւ շատ այլ հերոսներ իրենց կերպարներով ու խառնուածքներով այս վէպը աւելի հետաքրքրաշարժ կը դարձնեն։ Պէտք է առանձնացնել զօրավար Միխայիլ Կուտուզովի կերպարը, որուն հանդէպ Թոլսթոյ անթաքոյց համակրանք կը տածէր։ Կուտուզովը ուժեղ կերպար է ոչ թէ մարտավարական հմտութեանց տիրապետման ու հերոսութեանց համար, այլ Նափոլէոնը յաղթելու զուտ ռուսական, պարզ ու միաժամանակ արտասովոր տարբերակը զգալու եւ գտնելու շնորհիւ։

Լեւ Նիքոլայովիչ Թոլս-թոյ անասելի խորութեամբ ներկայացուցած է «ռուսական ոգին», ռուս ժողովուրդի էութիւնը, մտածելակերպը եւ մեծութիւնը։ «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» վէպին մէջ ժողովուրդը անդէմ զանգուած չէ, ընդհակառակը՝ անհատականութիւններու բազմութիւն մը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր դերի մասին կը գիտակցի։ Մեծն վարպետը կրցած է համադրել երկու ժանր՝ դիւցազներգութիւն եւ հոգեբանութիւն։ Թոլսթոյ մարդու մէջ կը գնահատէր ինքնակատարելագործման ու ինքնամաքրման ձգտումը։ Ան ռուս գրականութեան մէջ առաջին գրողն էր, որ ընթերցողին ներկայացուց հերոսներու ներքին աշխարհի բոլոր տատանումները եւ աշխարհահայեացքի աստիճանական փոփոխութիւնները։ Այս է պատճառը, որ այս վէպին մէջ հերոսներու ներքին մենախօսութեան մեծ տեղ կը յատկացուի։ Լեւի համար շատ հետաքրքրական էր միջանձնային յարաբերութիւններու ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդու էութեան դրսեւորումը հասարակութեան մէջ։ Կերպարներէն շատեր ընդունակ չեն իրենց ես-ը մէկ կողմ դնելու (Էլէն, Անաթոլ), ոմանք ստեղծուած են զուտ ընտանիքի անդամ դառնալու եւ միայն ընտանեկան սահմաններու մէջ ապրելու համար (Ռոստովներու ընտանիքի մայրը), ուրիշներ կը կարողնանան հասարակութեան մէջ լիարժէք ձուլուիլ (Մարիա Պոլկոնսկայա), իսկ սակաւաթիւ մարդիկ միայն կրնան դէպի յաւերժութիւն խոյանալ, որոնցմով հեղինակը ակնյայտօրէն կը հիանայ։

Ուշագրաւ է, որ հերոսներու հոգեբանական վերլուծութիւնը Թոլսթոյ նաեւ երազներու միջոցաւ կը ներկայացնէ։ Հեղինակը ստեղծած է փիլիսոփայական ամբողջ համակարգ մը՝ տիպային հերոսներով լի, եւ մի գուցէ այս է պատճառը, որ կերպարներէն շատեր ընթերցողին ծանօթ են։ «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» վէպը խորապէս կը ներթափանցէ ռուս ժողովուրդի հոգւոյն ամենամութ անկիւններն ու ծալքերը։ Ռոմէն Ռոլան խօսելով այս վէպի մասին՝ կ՚ըսէ. «Այս վէպը կեանքի պէս է. չունի ո՛չ սկիզբ եւ ո՛չ վերջ։ Վէպը կեանքի նման անդադար շարժման մէջ է»։

Ռուս գրող Մաքսիմ Կորքի կ՚ըսէ. «Թոլսթոյի ստեղծագործութիւնը հանրագումարն է այն ապրումներուն, զորս ռուս հասարակութիւնը 19-րդ դարու ընթացքին վերապրած է: Թոլսթոյ խորապէս ազգային է։ Ան ապշեցուցիչ ամբողջութեամբ իր հոգւոյն մէջ կը մարմնաւորէ ռուսական բարդ հոգեբանութեան բոլոր առանձնայատկութիւնները…»: Յովհաննէս Թումանեան Թոլսթոյի գրչին մասին խօսելով՝ կ՚ընդգծէ. «Թոլսթոյը իր ժամանակի գեղարուեստական գրականութեան այն հոյակապ ուժն էր, որ կարող էր մի հայեացքով ու մի գրուածքով ամփոփել կեանքը ահագին տարածութեան վրայ՝ վերեւից մինչեւ ներքեւ, արտաքին կեղեւից մինչեւ հոգու ամենածածուկ խորշերը…»: Իսկ Ստեփան Զօրեանի բառերով՝ «Լեւ Թոլսթոյը իրօք մի արտակարգ հսկայ է եւ մնում է չգերազանցուած: Վիպական արուեստի մէջ ոչ միայն ռուս գրողները. այլեւ աշխարհի գրողներից եւ ոչ մէկը չի կարող հաւասարուել նրան՝ իր ընդգրկումով. իր խորութեամբ. իր ճշմարտաշունչ արուեստով»:

Թոլսթոյ իբրեւ մեծ վիպասան օրինակ հանդիսացած է բոլո՛ր ժամանակներու գրողներուն եւ նոր տեսադաշտ բացած անոնց դիմաց։ Ահա այստե՛ղ կը կայանայ Թոլսթոյ գրողի, մտածողի եւ ստեղծագործողի իւրայատկութիւնը։

ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2017