ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ՝ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ

Շաբաթավերջին Պաքըրգիւղի մէջ տեղի պիտի ունենայ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղան՝ ի նպաստ Տատեան վարժարանի։ Երէկ, աւանդական հանգանակութեան նախօրեակին հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդէն Գէորգ Էրքանն ու վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Մարի Եանճըն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկացուցին, որ Տատեան վարժարանը այս տարի ունի 393 աշակերտ, դպրոցէն ներս կը պաշտօնավարէ 50 կրթական մշակ եւ պաշտօնէութեան թիւն ալ հասած է 63-ի։ Ինչպէս ծանօթ է, Տատեան վարժարանը վերջին տարիներուն կը գործէ իր նորակառոյց համալիրէն ներս։ Սա բարոյական մեծ խթան մը եղած է Պաքըրգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ, որ տարիներէ ի վեր կը ծաւալէ օրինակելի, արդիւնաւէտ գործունէութիւններ։ Նոր կրթական համալիրը անշուշտ իր հետ բերած է նոր պայմաններ, նոր իրավիճակ եւ նոր կարիքներ։ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը շինարարութեան շրջանին դրսեւորած մեծ եռանդը կը տեւականացնէ նաեւ ներկայ փուլին՝ որպէսզի վարժարանը առաւելագոյն օգուտը քաղէ, ունենայ փայլուն արդիւնքներ՝ շնորհիւ ընդլայնուած ֆիզիքական հնարաւորութիւններուն։

Երէկուան զրոյցի ընթացքին թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ լուրջ աշխատանք կը տանին դպրոցի աշակերտներու ծնողներուն հետ ամուր յարաբերութիւններ մշակելու եւ մանաւանդ անոնց զօրակցութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ։ Գէորգ Էրքան եւ Մարի Եանճը շեշտեցին նաեւ, որ Պաքըրգիւղի ընտանիքը կ՚ապաւինի մեր համայնքի զօրակցութեան՝ Տատեան վարժարանի գործունէութիւնը կայուն հունի մը մէջ պահպանելու համար։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2017