Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ. «ԵՍ ՄԻՇՏ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԿԸ ՄՆԱՄ ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔԻՆ, ՄԻՇՏ ԱՆԿԵՂԾ ԿԸ ՎԱՐՈՒԻՄ ԻՄ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ԵՒ Ի ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՄԱՏՆԱՆՇԵՄ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»

Պատրիարքարանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած սրբազաններու ժողովին առընչութեամբ շօշափեցինք կարծիքը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը մեզի յայտնեց հետեւեալը.

«Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Գերմանիայէ վերադարձին երեք սրբազաններով ունեցանք խորհրդակցութիւն մը։ Նախապէս ծրագրուած հանդիպում մը չէր այս մէկը, սակայն պահու տակ որոշեցինք ի մի գալ։ Ըստ իս, դրական հանդիպում մըն էր։ Այսօր այնպիսի վիճակի մը մէջ ենք, որ ամէն տեսակ երկխօսութիւն օգտակար է եւ անհրաժեշտ։ Իմ տեսանկիւնէս եղբայրական սիրոյ եւ յարգանքի  մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած զրոյց մըն էր։ Երբ եղբայրական կ՚ըսենք՝ թող թիւր տպաւորութիւն մը չստեղծուի։ Մեր նպատակը չէ խնդիրներ թաքցնել։ Ճիշդ է եւ անուրանալի, որ այսօր մենք ունինք հարցեր եւ երեք սրբազաններս այդ խնդիրներու պարագային կ՚ապրինք տարակարծութիւններ։ Մեր դիտարկումները, մեկնաբանութիւններն ու արժեւորումները իրարմէ շատ տարբեր են։ Մեր մտածելակերպերը եւ լուծման հեռանկարներու ընկալումները դժբախտաբար հեռու են իրարմէ։ Չեմ գիտեր մինչեւ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս պիտի շարունակենք այսպէս եւ այս կացութիւնը ինչպիսի՛ նոր վիճակներու ծնունդ պիտի տայ։ Բայց եւ այնպէս, ես դարձեալ կ՚ըսեմ, որ եղբայրական հանդիպում մըն էր։ Եղբայրներու նման մենք նստանք ու խօսեցանք։ Անկեղծօրէն, սրտբացօրէն խօսեցանք, իրարմէ ոչինչ թաքցուցինք։ Իրարու տարակարծութիւններու հետ առերեսուելու համարձակութիւնը ունեցանք։ Եղբայրութիւնը նախեւառաջ կ՚ենթադրէ սրտբացութիւն եւ ճշմարտասիրութիւն։ Ես միշտ հաւատարիմ կը մնամ եղբայրութեան սկզբունքին։ Միշտ անկեղծ կը վարուիմ թէ՛ իմ հոգեւոր եղբայրներուն եւ թէ իմ ժողովուրդին հետ։ Ի շարունակութիւն կը մատնանշեմ ճշմարտութիւնները։ Ես ճշմարտութիւնները կը դնեմ սեղանի վրայ՝ առանց հաշուի առնելու ամբոխավարական հանգամանքներ կամ համայնքին հաճոյանալու ճղճիմ հաշիւներ։

«Մինչեւ մօտաւոր անցեալը բոլորը կը կարծէին, թէ ես արգելք կը հանդիսանամ պատրիարքական ընտրութեան եւ զիս կը մեղադրէին, անխնայաբար կ՚ամբաստանէին։ Այսօր յայտնի դարձած է, որ պատրիարքական ընտրութեան խոստումներով, այլ տեսակի պոռոտախօսութիւններով պաշտօնի գլուխ եկած, պատասխանատուութիւն ստանձնած մարդիկ ի վիճակի չեն ընտրութիւն ապահովելու, ի վիճակի չեն իրենց խոստումը յարգելու։ Ճշմարտութիւնը այս է։ Երբ ես վերապահութեան խորհուրդներ կու տայի՝ մարդիկ զիս կը զրպարտէին՝ վերապահութեան քօղի ետին թաքնուելով անձնական հաշիւներ մղելու մէջ։ Հիմա բոլորը տեսան, որ իրականութիւնը ինչ է եւ ինչպէս է։

«Թող ոչ ոք կարծէ, թէ ես այսօրուան կացութենէն գոհ եմ, յառաջացած բարդութիւններուն առջեւ կ՚ուրախանամ, առկայ դժուարութիւններուն միջոցաւ կը ջանամ արդարանալ մեր համայնքին առջեւ։ Ո՛չ, այդպէս չէ։ Անոնք, որոնք զիս մօտէն կը ճանչնան, գիտեն՝ թէ այդպէս չէ։ Պատրիարքական Աթոռի այսօրուան վիճակը մեծ ցաւ կը պատճառէ ինծի։ Մօտաւորապէս չորս տասնամեակէ ի վեր ես հաւատարմօրէն կը ծառայեմ այս Աթոռին եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ինչո՞ւ մենք մատնուէինք այսպիսի վիճակի մը։ Մեր ժողովուրդը միթէ արժանի՞ է այս բոլորին։

«Ես ամիսներէ ի վեր քաշուած եմ իմ անկիւնս։ Միակ բանը, որուն նկատմամբ ուշադիր եղած եմ՝ այն է, որ Պատրիարքական Աթոռը անտէր եւ առանց երկխօսի չմնայ յաչս պետութեան։ Սա արդէն այլ տեսակի անպատեհութիւններ կրնայ ունենալ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին ալ առաջին իսկ օրէն ըսած եմ, որ երբ ինք պաշտօնական ճանաչում կամ վաւերացում ունենայ՝ ապա անմիջապէս այդ դիրքէն ալ պիտի հրաժարիմ։ Դժբախտաբար, ամիսներէ ի վեր անորոշութեան մէջ ենք։ Իւրաքանչիւր փուլին ինծի քաւութեան նոխազ դարձնել փորձած են։ Ես համբերած եմ ու կը համբերեմ։ Իմ նկարագիրը այդպէս է։ Պոռթկումներու մարդ չեմ, թէեւ երեք սրբազաններով մեր ունեցած վերջին հանդիպման ընթացքին որոշ չափով պոռթկացի։ Երեւակայեցէք, Ազգային պատգամաւորական ժողովի կողմէ ընտրուած Կրօնական ժողովի անդամ եմ, սակայն նիստերուն չեմ հրաւիրուիր։ Զարմանալի պահանջներ կը դրուին իմ առջեւ, որպէսզի ես վերստին մասնակցիմ Կրօնական ժողովի նիստերուն։ Ես ազգի ներկայացուցիչներուն կողմէ ընտրուած ժողովական եմ եւ այլ որեւէ պահանջ կամ սպասում բաւարարելու կարիքը չունիմ։ Մէկ կողմէ անձիս դէմ այսպիսի վերաբերմունք ցոյց կը տրուի, միւս կողմէ ալ կ՚ակնկալուի, որ ես խնդիրներու լուծման նպաստ բերեմ։ Բնականաբար, Պատրիարքական Աթոռին ղեկը շուրջ ինն տարի ստանձնած ըլլալով ունիմ որոշ փորձառութիւն մը։ Սա կ՚ըսեմ ամենայն համեստութեամբ։ Բայց եւ այնպէս, եթէ մէկ կողմէ անձ մը շարունակ կը վարկաբեկէք, ապա միւս կողմէ ինքզինքնիդ կը զրկէք այդ անձի փորձառութենէն օգտուելու բարոյական իրաւունքէն։ Այսպիսի հակասութիւններէ պէտք է փրկուինք։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանն ալ պաղարիւնութեամբ պէտք է հաշուի առնէ ներկայ ճշմարտութիւնները եւ իր մէջ ուժ պէտք է գտնէ առնելու համար պատշաճ քայլերը։

«Մեր բոլոր վերլուծութիւնները եւ արժեւորումները կ՚ընենք բաւական ծանր իրավիճակի մը մէջ։ Բայց, եկէք մեր յոյսը ու մանաւանդ իրարու նկատմամբ սէրն ու հաւատը չկորսնցնենք։ Խաւարէն վերջ անպայման պիտի ծագի արեւը եւ մենք ձեռք ձեռքի տալով պիտի յաղթահարենք այս դժուարութիւնները։ Այսօր գրեթէ յայտնի դարձած է, որ ինչեր պէտք է կատարուին եւ մենք երբ հաշտուինք այդ իրականութիւններուն հետ, ապա անպայման պիտի ապրինք մեր պատրիարքական դարաւոր Աթոռին վրայ ազգընտիր նոր գահակալ մը ողջունելու հոգեւոր ուրախութիւնը։ Աստուած մեր բոլորին օգնական ըլլայ»։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2017