«ԵՍ ՇԱՏ ԼԱՒԱՏԵՍ ԵՄ»

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին հարցազրոյց մը տալով յայտարարեց, որ ինք շատ լաւատեսօրէն տրամադրուած է ընտրութեան հարցին շուրջ։

Գերմանիայէ վերադարձին տեղապահ սրբազան հայրը թերթիս յայտարարութիւններ ըրաւ՝ ընտրութեան գործընթացի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Իր բացակայութեան օրերուն կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպման անդրադառնալով ան կրկնեց կուսակալութեան տեսակցութենէն վերջ իր կողմէ կատարուած հրապարակումը։ «Այո՛, ի պահանջել հարկին՝ յառաջիկայ շաբաթներուն ժամադրութիւն մը խնդրելու համար կրնամ դիմել կուսակալութիւն», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը՝ հաստատելով արտասահմանի մէջ գտնուած օրերուն իր կատարած յայտարարութիւնը։ Իրեն հարց տուինք, որ իր վերադարձի դրութեամբ համայնքային շրջանակները այս հարցին վերաբերեալ շատ աւելի արագ եւ հրատապ նախաձեռնութիւններու սպասումի մէջ են։ Ի պատասխան՝ տեղապահ սրբազան հայրը յայտնեց, որ ինք աճապարելու անհրաժեշտութիւն չի զգար եւ այդպիսի դիմում մը կրնայ կատարել, երբ որ պահը հասունցած տեսնէ։ «Մնացեալը իրենք գիտեն. ժամադրութիւնը կու տան կամ ոչ՝ սա իրենց գործն է», ըսաւ ան։

Նորին սրբազնութեան նկատառման յանձնեցինք նաեւ, որ կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն անմիջապէս վերջ հրաժարած են Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետն ու շարք մը անդամները։ Թէ ի՞նչ կը մտածէ նորին սրբազնութիւնը այս մասին։ Ան պատասխանեց. «Նախաձեռնարկ մարմնի հրաժարեալ անդամները պէտք է սպասէին իմ Պոլիս վերադառնալուս։ Սա աւելի պատշաճ պիտի ըլլար։ Որովհետեւ, որքան որ ալ ընտրուած մարմնի մը անդամները ըլլան՝ իրենց աշխատանքի բնոյթով պատասխանատուութիւններ ունին ինծի հանդէպ։ Բայց եւ այնպէս, հիմա արդէն հրաժարած են, ընելու բան մը չկայ։ Այս օրերուն մենք անհրաժեշտ արժեւորումները կ՚ընենք եւ այդ հիման վրայ ալ մօտակայ օրերուն այս մասին պիտի ընենք յայտարարութիւն մը»։

Առկայ մթնոլորտին եւ իրադրութեան վերաբերեալ իր գնահատականը փոխանցելով՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յայտնեց, որ այս պահու դրութեամբ կան նուազագոյն երաշխիքները՝ որպէսզի ուշ կամ կանուխ մեր համայնքը ձեռնարկէ պատրիարքական ընտրութեան, հետեւաբար ինք տակաւին յարմար կը նկատէ սպասել։ «Ես շատ լաւատես եմ», մեզի յայտնեց նորին սրբազնութիւնը։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կարծիքը շօշափեցինք նաեւ իր վերադարձէն անմիջապէս վերջ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած սրբազաններու ժողովին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, նախընթաց օր (Երեքշաբթի) Գումգաբուի մէջ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած էր Պատրիարքական Աթոռի երեք սրբազաններուն մասնակցութեամբ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած այս տեսակցութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս՝ թէեւ միայն տարածում գտնելով անպաշտօն լսումներու ձեւաչափին մէջ։ Երէկուան մեր զրոյցին ընթացքին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան դիտել տուաւ, որ Աթոռի եպիսկոպոսներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները, յարաբերութիւնները եւ ամէն տեսակ շփումը պէտք է համարուի բնականոն։ «Այսպէս է, որ պէտք է ընթանան մեր Աթոռին գործերը։ Ես միշտ ըսած եմ, որ երեք սրբազաններս պէտք է ըլլանք միասին։ Այստեղ արտասովոր, արտառոց բան մը չկայ։ Ես ուրախ եմ այդ հանդիպման համար», ըսաւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ աւելցուց, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պէտք է աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն բերէ պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին վրայ առկայ խնդիրներու յաղթահարման գործին։

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ «Հ1»ԻՆ

Միւս կողմէ, կը տեղեկանանք, որ տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Հ1»ի՝ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան աշխատակիցը, որուն տուաւ հարցազրոյց մը պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Կը նախատեսուի, որ նորին սրբազնութեան յայտարարութիւնները «Հ1»ի կողմէ սփռուին այս շաբաթավերջին։ 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2017