ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՈՍՏՈՒՄ

Երէկ, համայնքային շրջանակները ժամադրուած էին Պաքըրգիւղի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղան։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Տատեան վարժարանին ի նպաստ կատարուած տարեկան հանգանակութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի Պաքըրգիւղի ընտանիքը համայնքի օրակարգին վրայ գայ իր նոր ու հեռահար ծրագրերով։

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր Պաքըրգիւղի եկեղեցին հաւատացեալներու կողմէ։ Տեղապահ սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ, օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որուն առընթերակայ էր Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ Սրկ. Պարոնեան եւ այլ դպիրներ։ Ներկայ էր նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Հրանդ Չիզմէճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Աւետիս Էօզտեմիրի։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, սիրոյ սեղան սարքուեցաւ յարակից Տատեան վարժարանի «Եէթքին Պէրպէրօղլու» մարզարանին մէջ։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Կարօ Փայլան, Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու, նախկին քաղաքապետ Աթէշ Իւնալ Էրզէն, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Պաքըգիւղի քաղաքապետարանէն հայազգի պատասխանատուներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Պաքըրգիւղի ընտանիքը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց սիրոյ սեղանի մասնակիցները՝ գլխաւորութեամբ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի եւ իր ընկերներուն։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ հայերէնի ուսուցչուհի Ժպտուն Զուռնաճըի։ Ելոյթներով հանդէս եկան Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, Թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու։ Աշակերտները խմբերգներ ներկայացուցին՝ Անիթա Եէօնտէմի եւ Մուրատ Իչլինալչայի մականին ներքեւ։ Տղաքը պարեր ալ ներկայացուցին՝ պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչի հսկողութեան տակ։ Դպրոցի սաներէն Օլիվիա Աչըքկէօզ, Լեռնա Պալճը, Նարէ Տինք եւ Աքսէլ Մարազեան հանդէս եկան արտասանութիւններով։ Թաղային խորհուրդը առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէր մը պատրաստած էր Փրոֆ. Արսէն Արշըքի համար, որ երկար տարիներ տիրաբար վարեց Տատեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչի պաշտօնը։ Հաշուի առնելով, որ ան իր պաշտօնը փոխանցած է Մարի Եանճըին՝ թաղային խորհուրդին կողմէ իրեն համար պատրաստուած յուշանուէրը յանձնուեցաւ տեղապահ սրբազան հօր ձեռամբ։ Յուշանուէրի յանձնումէն վերջ հաւաքոյթը աւարտին հասաւ հուսկ բանքով եւ աղօթքով։

Երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ Տատեան վարժարանը յառաջիկայ շրջանին պիտի օժտուի լիսէի բաժինով մը։ Սա կը համարուի կարեւոր իրադարձութիւն մը թաղի կրթական գործունէութեան տեսակէտէ, սակայն սահմանափակուած չէ այդքանով, որովհետեւ Պաքըրգիւղը մեր ամենահայահոծ թաղերէն մին է եւ այդ կրթական ծրագիրը կրնայ ընդհանրապէս նոր հարթութեան մը վրայ դնել մեր համայնքի կրթական կեանքը։

Միւս կողմէ, Պաքըրգիւղի ընտանիքը կը նախատեսէ նաեւ յառաջիկայ շրջանին հիմնական վերանորոգութեան ենթարկել թաղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցին։

            

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2017