ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԵՒ ՀԻՄՆԱՒՈՐԵԱԼ

Ե­րէկ հա­ղոր­դած էինք, որ «Քա­լի­ֆոր­նիա քու­րիըր»ի հրա­տա­րա­կիչ-խմբա­գիր Յա­րութ Սա­սու­նեան վեր­ջին օ­րե­րուն յօդուած մը գրի ա­ռած է պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան տագ­նա­պին շուրջ՝ ամ­փոփ ձե­ւով ներ­կա­յաց­նե­լով բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։ Կը տե­ղե­կա­նանք, որ այդ յօ­դուա­ծի լոյ­սին տակ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­մակ մը ու­ղար­կած է սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի մեկ­նա­բա­նին։ Նո­րին սըր-բազ­նու­թիւ­նը այդ նա­մա­կին պատ­ճէ­նը այս ա­ռա­ւօտ փո­խան­ցած է նաեւ հա­մայն­քա­յին մա­մու­լին։ Ծա­ւա­լուն եւ հիմ­նա­ւո­րեալ գրու­թիւն մը հաս­ցէագ­րուած է նո­րին սրբազ­նու­թեան կող­մէ Յա­րութ Սա­սու­նեա­նին։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հան­գա­մա­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձած է պատ­մա­կան եւ ի­րա­ւա­կան պա­րա­գա­նե­րու, նաեւ մեր հա­մայն­քէն ներս ստեղ­ծուած կա­ցու­թեան, ո­րոնց լոյ­սին տակ կա­տա­րուած ճշդում­նե­րը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նին պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան տագ­նա­պի ներ­կայ փու­լը ամ­փո­փե­լու տե­սա­կէ­տէ։ Ստո­րեւ նոյ­նու­թեամբ կը հրա­տա­րա­կենք Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ Յա­րութ Սա­սու­նեա­նին ու­ղար­կուած նա­մա­կը։

*

ՄԵ­ԾԱ­ՅԱՐԳ 
ՏԻԱՐ ՅԱ­ՐՈՒԹ ՍԱ­ՍՈՒ­ՆԵԱՆ
ՀՐԱ­ՏԱ­ՐԱ­ԿԻՉ ԵՒ ԽՄԲԱ­ԳԻՐ «ՔԱ­ԼԻ­ՖՈՐ­ՆԻԱ ՔՈՒ­ՐԻԸՐ»Ի 
ԼՈՍ ԱՆ­ՃԵ­ԼԸՍ
Ա­ՄԵ­ՐԻ­ԿԱ­ՅԻ ՄԻԱ­ՑԵԱԼ ՆԱ­ՀԱՆԳ­ՆԵՐ

Յարգելի Պարոն Սասունեան,

Ուրախ ենք Ձեզ ողջունել արեւմտահայ մշակոյթի պատմական կեդրոնէն՝ Պոլիսէն, ուր մեր ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւնները ծանօթ են Ձեզի։ Հետաքրքրութեամբ եւ ուշադրութեամբ կարդացինք Ձեր վերջին գրութիւնը՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի ներկայ տագնապալի կացութեան շուրջ։ Մեր խնդիրները ներկայիս համայն հայութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։ Իբր այդ, շատ դրական կը համարենք, որ Ձեզի նման հեղինակաւոր մտաւորական մը անդրադարձած է այս հարցերուն։ Ձեր կողմէ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը, վստահաբար, կարեւոր գործօն մըն է՝ որպէսզի հայկական հանրային կարծիքը ամբողջական ձեւով ձեւաւորուի այս խրթին հարցին շուրջ։

Ձեր վերջին գրութեան ի շարունակութիւն որոշած ենք այս նամակը յանձնել Ձեր նկատառման։ Սա հերքում մը չէ, այլ յարմար նկատած ենք առիթը օգտագործելով ճշդումներ ներկայացնել՝ որպէսզի խնդիրները աւելի յստականան բոլոր առումներով։ Ուստի, Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք հետեւեալ կէտերը.

1- 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութիւնը հաստատուած է օրէնքով եւ վաւերացուած՝ օսմանեան սուլթանին կողմէ։ Ըստ Սահմանադրութեան, հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը պէտք է վաւերացուէր սուլթանին կողմէ։ Սահմանադրութեան գործադրութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը։ Առաջին աշխարհամարտի շրջանին Օսմանեան պետութիւնը դադրեցուց անոր գործադրութիւնը՝ դարձեալ օրէնք մը ընդունելով։ Սահմանադրական կարգերը վերահաստատուեցան զինադադարի շրջանին, երբ այդ ժամանակուայ մայրաքաղաք Իսթանպուլը բռնագրաւուած էր արեւմտեան հիմնական տէրութիւններուն կողմէ՝ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի գլխաւորութեամբ։ Սահմանադրութեան վերահաստատումն ալ եղաւ դարձեալ օրէնքի մը ընդունումով։

1923 թուականին, երբ հիմնուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, Սահմանադրութիւնը տակաւին ուժի մէջ էր սկզբունքօրէն։ Բայց եւ այնպէս, Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական համակարգը լրջօրէն փոփոխութեան կ՚ենթարկուէր։ Երկրին մէջ կը հաստատուէր աշխարհավար (լաիք) դրութիւն մը, որով բոլոր քաղաքացիները օրէնքի առջեւ հաւասար էին անկախ ամէն տեսակ խտրականութենէ։ Սա օսմանեան շրջանին բաղդատմամբ հիմնական տարբերութիւն մըն էր։ Արդարեւ, Օսմանեան պետութիւնը թէոքրաթիք էր իր բնոյթով եւ իր հպատակները կը դասաւորէր՝ ըստ իրենց դաւանանքին։ Այս հիման վրայ հայոց պատրիարքը, ինչպէս միւս ոչ-իսլամ հպատակներու հոգեւոր պետերը, ոչ միայն կրօնապետ մըն էր, այլ նաեւ ազգապետ։

Հանրապետական շրջանի համակարգային փոփոխութիւններուն մէջ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները կարողացան հնարաւորինս պահպանել իրենց առանձնայատկութիւններով պայմանաւորուած հիմնական հաւաքական իրաւունքները՝ շնորհիւ Լոզանի դաշնագրին։ Նոյն հիման վրայ Ազգային Սահմանադրութենէն բխած մեր ղեկավարման դրութիւնը՝ թէեւ որոշ կրճատումներով, սակայն վերջին հաշուով ոգիի ու տարրի պահպանումով, շարունակուեցաւ մինչեւ 1960 թուականի զինուորական յեղափոխութիւնը։ Այդ փուլէն սկսեալ, Սահմանադրութիւնով նախատեսուած, ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ընդհանրական իրաւասութեամբ աշխարհականներէ բաղկացեալ գործադիր մարմնին՝ Ազգային կեդրոնական վարչութեան գոյութիւնը դադրեցաւ եւ սահմանադրական մեր համակարգը գործնական գետնի վրայ անշրջադարձելի հարուածի մը ենթարկուեցաւ։

Այս բոլորով հանդերձ, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը չէ ընդունած օրէնք մը, որով Ազգային Սահմանադրութիւնը գոյութիւն ունենալէ կը դադրի կամ պաշտօնապէս կը ջնջուի։ Այո՛, ճիշդ է, որ գործնականօրէն մեր Սահմանադրութիւնը առկախուած է, սակայն հանրապետական շրջանի մեր բոլոր պատրիարքները ընտրուած են անոր ոգիին ու տարրին համապատասխան։ Աւելի՛ն, ի տարբերութիւն օսմանեան շրջանէն, Հանրապետութեան շրջանին մեր պատրիարքներուն ընտրութիւնը ուղղակիօրէն չի վաւերացուիր պետութեան կողմէ։ Տրամաբանութիւնը այն է, որ աշխարհավար պետութիւն մը սկզբունքօրէն պէտք չէ վաւերացնէ կամ հաստատէ հոգեւոր առաջնորդի մը ընտրութիւնը։ Ասոր փոխարէն, Նախարարաց խորհուրդի որոշմնագրով մը ընտրեալ պատրիարքին կը յղուի պետութեան շնորհաւորութիւնը, եւ իրեն կը վերապահուի արտաքոյ եկեղեցիէ սքեմ կրելու իրաւունք, ինչ որ ձեւով մը կը փոխարինէ վաւերացումը։ Այսպէսով, պետութիւնը որպէս երկխօս կը ճանչնայ պատրիարքը՝ այդ ալ այն պարագային, երբ հանրապետական շրջանին փոքրամասնութիւններու հոգեւոր կեդրոնները զուրկ են իրաւական կարգավիճակէ եւ միայն հոգեւոր պետերը՝ մեր պարագային պատրիարքը որպէս երկխօս կ՚ընդունուի պետութեան կողմէ։ Այսպիսի յարաբերութեան դրուածքի մը հիման վրայ պատրիարքը հետամուտ կ՚ըլլայ իր գահակալութեան երդման, որով կը նախատեսուի պաշտպանել մեր համայնքի բարենպատակ հաստատութիւններու շահերն ու իրաւունքները։

Սահմանադրութեան գործնականօրէն առկախուած ըլլալու պայմաններուն ներքեւ, 1961 թուականէն ի վեր մինչեւ այսօր տեղի ունեցած պատրիարքական ընտրութիւններու պարագային, Պատրիարքարանի դիմումին ընդառաջ պետութիւնը ուղարկած է կանոնագրութիւններ, որոնք գրեթէ նոյնութեամբ կը համապատասխանեն Ազգային Սահմանադրութեան նոր պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ յօդուածներուն։ Իւրաքանչիւր ընտրութեան ժամանակ պետութիւնը միայն մէկ անգամուան գործառութեան համար ուղարկած է այդ կանոնագրութիւնները՝ հոգ չէ, որ ամէն անգամ ուղարկուածին բովանդակութիւնը եղած է գրեթէ նոյնանման։

Տասնամեակներէ ի վեր, երբ Ազգային Սահմանադրութիւնը գործնականօրէն առկախուած է, մեր մեկնութիւնը եղած է շատ յստակ։ Որքան ատեն, որ վաւերացուած նոր կանոնագրութիւն մը գոյութիւն չունի, հինը՝ այս պարագային Ազգային Սահմանադրութիւնը կը համարուի ի զօրու։ Պատրիարքական Աթոռը բոլոր գործառոյթներու պարագային հաւատարիմ մնացած է այս մեկնակէտին։

Էնսթիթիւսիոնէլ այս խոցելի կացութեան առջեւ, հանրապետական շրջանի գրեթէ բոլոր պատրիարքական ընտրութիւններուն ժամանակ մեր համայնքը ապրած է որոշ ալեկոծումներ ու վերիվայրումներ։ Վարչական գետնի պարապութիւնները պատճառ դարձած են սուր պայքարներու եւ պառակտումներու։ Դարձեալ հանրապետական շրջանի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ պատրիարքական ընտրութիւններու ժամանակ պետութիւնը խուսափած է գործնական քայլերը խրախուսելէ՝ համայնքէ ներս նուազագոյն քոնսենսիւսի մը բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ։ Այստեղ ալ պետութիւնը այնպիսի տրամաբանութիւնով մը առաջնորդուած է, որ փորձած է խուսափիլ կողմ ըլլալէ եւ նախընտրած է սպասել, ժամանակ շահիլ՝ մինչեւ մեր համայնքէ ներս հաւասարակշռութիւններու յստակ ձեւաւորումը։ Տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ, նման իրավիճակներէ ներս կատարուած զանազան կարգադրութիւններով ձեւաւորուած են շարք մը նախընթացներ, որոնք կը պայմանաւորեն յաջորդ փուլերը։ Ինքնաքննադատաբար պէտք է ըսենք նաեւ, որ պատրիարքական ընտրութեան կանոնագրութեան մը պակասը միշտ հնչողութիւն ստացած է նախընտրական իրավիճակներու մէջ։ Մինչդեռ, շատ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար, եթէ պատրիարքի մը գահակալութեան շրջանին նման որոնումներ կատարուէին եւ հանրային կարծիքը այս առումով հետեւողական ըլլար բնականոն ժամանակներու պայմաններուն ներքեւ։ Ինչ որ է, վերջին հաշուով մեր առջեւ եղած իրողութիւնը դժբախտաբար այսպէս է։

2- Հանրապետական շրջանին ձեւաւորուած նախընթացներով՝ մեր պատրիարքները կը գահակալեն ցկեանս։ Պաշտօնապէս ի զօրու որեւէ փաստաթուղթի մէջ չէ նախատեսուած պատրիարք մը գահընկէց ընելու կարգը։ Մնաց որ, պատրիարքը ընտրած մարմինը՝ Ազգային պատգամաւորական ժողովն ալ գումարուած է միայն մէկ անգամուան համար եւ աւելի վերջ ցրուած։ Անորոշութիւններով եւ հարցականներով լեցուն նիւթ մըն է այս մէկը։ Հանրապետական շրջանին մեր մղումը միշտ եղած է ապահովել Պատրիարքական Աթոռի գոյութիւնը եւ գործունէութեան նուազագոյն կայունութիւնը։ Գահակալներու փոփոխութեան խնդիրները արդէն ճոխութիւն կը համարուէին մեր իրականութեան տեսակէտէ։

Այժմ հանգստեան կոչուած մեր պատրիարքին՝ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հիւանդութեան պարագան մեր Աթոռի կեանքէն ներս տագնապ յառաջացուց՝ էնսթիթիւսիոնէլ առկայ խոցելի պարագաներուն հետեւանքով։ Արդարեւ, 2008 թուականի դրութեամբ մեր պատրիարքը ի կեանս էր, սակայն ի զօրու չէր իր առաքելութիւնը իրականացնելու։ Մենք գործնականօրէն պատրիարք չունէինք, սակայն պաշտօնապէս չէինք կրցած թափուր հռչակել Աթոռը։ Այսօրուան կացութեան խորքային պատճառները կը հասնին մինչեւ այդ օրերու իրավիճակին մէջ ստեղծուած անելներով։

3- Ձեր յօդուածին մէջ նշած էք, որ պետութիւնը դէմ եղած է աթոռակից պատրիարքի մը ընտրութեան։ Իրականութիւնը հետեւեալն է. իշխանութիւնները մեր կողմէ յղացուած որեւէ առաջարկ չեն մերժած։ Խորքին մէջ, համայնքէ ներս քոնսէնսիւսի պակասը արգելք հանդիսացած է այդ առաջարկներու գործադրութեան։ Ազգային Սահմանադրութեան մէջ չէ նախատեսուած աթոռակից պատրիարքի մը պարագան։ Յամենայնդէպս, գործընթացի սկիզբին Մենք անձամբ դիմած էինք Հանրապետութեան նախագահ պարոն Էրտողանին (այդ ժամանակ վարչապետ) եւ ապահոված էինք իր հաւանութիւնը այդ ուղղութեամբ։ Սկզբնական շրջանին նոյնիսկ կազմած էինք Նախաձեռնարկ մարմին մը, որ պաշտօնի կոչուած էր աթոռակից պատրիարքի մը ընտրութեան կազմակերպման համար։ Անմիջապէս յաջորդող փուլին Նախաձեռնարկ մարմինը սկսաւ առաջնորդուիլ այն սկզբունքով, թէ աշխատանք պէտք է տանի ուղղակի նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Այդ տարակարծութիւններու մթնոլորտին մէջ թէ՛ Նախաձեռնարկ մարմնին եւ թէ Կրօնական ժողովին կողմէ երկու դիմումներ կատարուեցան յաչս պետութեան։ Դիմումներէն մին կը նախատեսէր ընտրել ուղղակի նոր, իսկ միւսը՝ աթոռակից պատրիարք մը։ Քանի որ այդ երկու դիմումները հակասական էին, իրերամերժ, ապա պետութիւնը զերծ մնաց անոնցմէ որեւէ մէկուն ընթացք տալէ։

2009 թուականին Պատրիարքական Աթոռի Եկեղեցական համագումարը որոշած էր հիւանդ պատրիարքը ցմահ պահել իր հանգամանքին մէջ։ Այս էր պատճառը, որ մենք որպէս լուծման եզր մը համարած էինք աթոռակից պատրիարքի մը ընտրութիւնը։ Հետեւաբար, տարիները սահեցան անցան՝ այդ որոշման նկատմամբ հաւատարմութեամբ։ Հակառակ այդ սկզբունքի նկատմամբ Մեր նախանձախնդրութեան, մերազն համայնքի ակնկալութիւններուն ականջ տալով 2015 թուականին դարձեալ նահանգապետարան պաշտօնագիր մը ուղարկեցինք՝ խնդրելով աթոռակից պատրիարքի մը ընտրութեան արտօնութիւնը։ Այս բոլորը կը բացատրենք՝ թէ՛ այս գործընթացի հիմքերու լաւ պատկերացման եւ թէ մեզի վերագրուած՝ ընտրութիւնը արգելափակելու վերաբերեալ մեղադրանքները բիւրեղացնելու մղումով։

4- Միայն 2016 թուականի հոկտեմբերին Եկեղեցական համագումարը որոշեց հանգստեան կոչել հիւանդ պատրիարքը։ Միջանկեալ նշենք նաեւ, որ Եկեղեցական համագումարի կողմէ պատրիարքի հանգստեան կոչուիլը կրնայ համարուիլ վիճելի, որովհետեւ համագումարը իրականութեան մէջ չունի այդպիսի լիազօրութիւն մը։ Միայն պատրիարքը ընտրած՝ Ազգային պատգամաւորական ժողովը ունի այդպիսի իրաւասութիւն մը, սակայն այդ ժողովն ալ ընթացիկ առումով գոյութիւն չունի։ Պատրիարքը ընտրող ժողովին մէջ աշխարհականները կը կազմեն բացարձակ մեծամասնութիւն, հոգեւորականներու մասնակցութիւնը կը համապատասխանէ շուրջ մէկ եօթներորդի։ Հետեւաբար, Եկեղեցական համագումարի կողմէ պատրիարքի հանգստեան կոչուիլը օրինական կամ իրաւական առումով, կանոնական տեսակէտէ կրնայ համարուիլ խնդրայարոյց։ Եկեղեցական համագումարը բարձր ռիսքով այդ որոշումը առած է՝ նկատի ունենալով մեր համայնքէն ներս հասունցած՝ նոր պատրիարք մը ունենալու պահանջը։

Այդ փուլէն սկսեալ մեր համայնքին եւ Աթոռին առջեւ ուրուագծուեցաւ նոր պատրիարք մը ունենալու հեռանկարը։ Բայց եւ այնպէս, անցնող տարիներուն ընթացքին կուտակուած խնդիրները, պառակտումներու ծանր հետեւանքները դժուարացուցին, գրեթէ անկարելի դարձուցին գործընթացի տրամաբանական շարունակութիւնը։ Ներքին տարաձայնութիւններու եւ այդ փուլէն սկսեալ մրցակցութիւններու հետեւանքները այնպիսի համեմատութիւններու հասան, որ մենք նոյնիսկ չկարողացանք պետական պատկան մարմիններուն հետ սովորական ընթացակարգով  նախատեսուած աշխատանքը տանիլ, հաղորդակցութիւնը մշակել։ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան Նախարարաց խորհուրդի որոշմնագրով ճանչուած էր՝ որպէս պատրիարք, սակայն մենք կարելիութիւն չունեցանք իր հանգստեան կոչուիլը պատշաճ ձեւով տեղեկացնել պետութեան։ Տակաւին նախընտրական գործընթացի վերաբերեալ տարրական հանգամանքներէն ալ պատկան իշխանութիւնները Պատրիարքարանի կողմէ պաշտօնապէս վերահասու չեղան՝ մեր ներքին խնդիրներուն հետեւանքով։ Այս բոլորը Ձեր նկատառման կը յանձնենք որպէս առարկայական տուեալ, առանց ակնարկելու մէկու կամ միւսի պատասխանատուութեան բաժնին, առանց մեղաւոր փնտռելու։ Մենք իւրաքանչիւր քայլափոխին մեր առաւելագոյնը ըրած ենք՝ որպէսզի յաչս պետութեան Պատրիարքարանը չունենայ թերացումներ, սակայն մեր միակողմանի աշխատանքը դժբախտաբար եղաւ անբաւարար։

Այս թերութիւններուն եւ բացթողումներուն հետեւանքով է, որ պետութիւնը ընթացք չի տար նոր պատրիարքի մը ընտրութեան աշխատանքներուն։ Այս պատճառով է, որ 15 մարտին, Եկեղեցական համագումարէն անմիջապէս վերջ Պատրիարքարան պաշտօնագիր մը հասաւ նահանգապետարանէն։ Այդ պաշտօնագիրը հասցէագրուած չէր Մեր անձին, այլ ուղարկուած էր Պատրիարքարան։ Որքան որ ալ շատ յաճախ քարոզչական նպատակներով հակառակը պնդուի, պաշտօնագիրը Պատրիարքարան հասած է տեղապահի ընտրութենէն անմիջապէս վերջ, ո՛չ թէ ընտրութենէն առաջ։ Ընդ որում, այդ պաշտօնագիրը չէ յղուած Նախաձեռնարկ մարմնին, ինչպէս գրած էք Ձեր յօդուածին մէջ, որովհետեւ այդ պահու դրութեամբ արդէն տակաւին գոյութիւն չունէր այդ մէկը։ Պաշտօնագրի ուղարկման շարժառիթն էր Եկեղեցական համագումարի ժողովը՝ տեղապահի մը ընտրութեան օրակարգով։ Պաշտօնագրին մէջ յստակ նշուած էր, թէ պատրիարքի ընտրութեան համար անհրաժեշտ իրաւական հիմքերը չեն գոյացած։

Ցայսօր Մեր հասցէին շրջանառութեան մէջ դրուած են դիտումնաւոր զրպարտութիւններ, ըստ որոնց Մենք այդ գրութիւնը երեւան բերած ենք տեղապահ ընտրուած չըլլալու պատճառով։ Կը ցաւինք, որ այս զրպարտութիւնը ցայսօր տարածում գտած է եւ այն աստիճան, որ նոյնիսկ Ձեր նման լուրջ մեկնաբանի մը յօդուածին մաս կազմած։ Մենք տեղապահի ընտրութենէն օրեր առաջ երկու ազդու քահանաներու հետ բաժնած ենք այս խնդիրը։ Զգուշացուցած ենք, որ նահանգապետարանը յարմար չի դատեր տեղապահի մը ընտրուիլը, որովհետեւ կը մատնանշէ ընթացակարգի թերութիւնները։ Բացի Մեզմէ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ տիար Պետրոս Շիրինօղլուն ալ յառաջատար ազգայիններու նկատառման յանձնած է նոյն պարագան, սակայն անոնք ալ ականջալուր գտնուած են։ Այսինքն, գործնականօրէն, կամայ թէ ակամայ, մենք բոլորս գործեցինք նահանգապետարանի կողմէ փոխանցուած պետութեան կամքին հակառակ եւ ընտրեցինք տեղապահ մը։ Հետեւանքները յայտնի են դժբախտաբար։ Ազգային Սահմանադրութեան տրամադրութիւններով, նոյնիսկ ընտրուած տեղապահը պէտք է վաւերացուէր Բարձրագոյն դրան կողմէ։ Ցայսօր նահանգապետարանը որեւէ ձեւով երկխօս չէ նկատած տեղապահը, իրեն ժամադրութիւն չէ տրուած, ոչ ալ պատասխան ունեցած են իր կողմէ ուղարկուած նամակները։

Տեղապահի ընտրութենէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանին Մեր միակ նպատակը եղած է՝ յաչս պետութեան առանց երկխօսի, անտէր չթողուլ մեր Պատրիարքարանը։

5- Մենք շուրջ ինն տարուան այս խրթին գործընթացին մէջ պետութեան հետ Պատրիարքարանի յարաբերութեան կայունութիւնը երաշխաւորել փորձած ենք, նաեւ իւրաքանչիւր քայլափոխին անմիջական շփման մէջ գտնուած՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Երբեք չենք փափաքած մեր տեղական խնդիրներուն մէջ ներքաշել Նորին Սրբութիւնը, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ գլուխն է ու մեր բոլորին տեսակէտէ միանշանակ արժէք մը կը մարմնաւորէ։ Ձեր յօդուածի արտայայտութիւններու լոյսին տակ կը փափաքինք մատնանշել, որ Վեհափառ Հայրապետը Մեր վրայ ճնշում չէ բանեցուցած որեւէ ձեւով ու որեւէ ժամանակ։ Մեր յարաբերութիւններու կառուցուածքը, մեր Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը աւելորդ կը դարձնեն Վեհափառ Հայրապետի կողմէ ճնշումները, որովհետեւ Մենք քաջատեղեակ ենք Իր կամքին ու մեր Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնաց նկատմամբ անսակարկ նախանձախնդրութեան։ Նորին Սրբութիւնը տեղեակ եղած է, որ Մենք առաւելագոյն ջանքերը կը գործադրենք՝ կանխելու համար մեր եկեղեցական կանոններու եւ Թուրքիոյ պետական ընթացակարգերու միջեւ հակասութիւնները։

6- Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ունի շուրջ 550 տարուան անցեալ մը։ Պատմութեան մէջ մեր Սուրբ Աթոռի գահակալները զանազան իրավիճակներու մէջ, ինչ-ինչ անելներու դէմ յանդիման փորձած են հանդէս գալ որոշ ճկունութեամբ։ Ի վերջոյ, Պատրիարքարանը հոգեւոր կեդրոն մըն է, սակայն միեւնոյն ժամանակ՝ կրօնա-վարչական հաստատութիւն մը։ Վարչական մարմինները միշտ չէ որ կը յաջողին քաղաքական ազդեցութիւններէ կամ ակնկալութիւններէ զերծ մնալ։

Ձեր գրութեան մէջ խօսած էք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի՝ որպէս պատրիարք «պետութեան հետ կնքած գործարքներուն» մասին։ Մենք նպատակայարմար չենք գտներ մեկնաբանել այս բոլորը եւ հակուած ենք դատողութիւնը թողել պատմութեան եւ Աստուծոյ։ Մեր համայնքը ցայսօր չէ կրցած հաշտուիլ հանգստեան կոչուած պատրիարքին բաժին հասած ծանր ողբերգութեան հետ։ Հետեւաբար, եկէ՛ք, խնայենք իր բարոյական կերպարը հանրութեան ու պատմութեան առջեւ։ Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան կ՚ունենայ իր առանձնայատկութիւնները եւ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի առաջնորդները կ՚ընեն իրենց առաւելագոյնը՝ իրենց վստահուած հաստատութեան ապագան երաշխաւորելու եւ իրենց վստահուած հօտը ապահով պահելու ուղղութեամբ։

Մեր Պատրիարքարանը թրքահայ համայնքի խղճի ազատութեան երաշխաւորն է։ Մեր Աթոռը կը գուրգուրայ մեր բոլոր հաստատութիւններուն վրայ, նաեւ իրաւայաջորդը կը համարուի արեւմտահայ մեր ամբողջ ժառանգութեան։ Այս հանգամանքներուն բերումով մեր Պատրիարքարանը շփման մէջ է Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատկան մարմիններուն հետ՝ հաշուի առնելով, որ պետութիւնն ալ կ՚երաշխաւորէ իր հայազգի քաղաքացիներու իրաւունքները։

Եւ տակաւին պատմութենէն ալ կրնաք քաղել զանազան դասեր։ Այսօր, ինչ որ ունինք որպէս աւանդ, որպէս ժառանգութիւն՝ մեզի մնացած է այնպիսի շրջաններէ, երբ մեր պատրիարքներն ու տուեալ ժամանակաշրջանի իշխանաւորները ունեցած են ներդաշնակ կապեր եւ այդպիսի պահերու դրական արդիւնքները ներկայիս մենք կը պահենք որպէս ժառանգութիւն։

7- Վերադառնալով պատրիարքական ընտրութեան առկայ անելին, նահանգապետարանի կողմէ խորքին մէջ հրահանգ մը գոյութիւն չունի։ Դժբախտաբար, մեր համայնքի գործելաոճը այնպիսի իրավիճակ մը ստեղծած է, որ մեր Աթոռը արտաքոյ եկեղեցիէ միջամտութիւններու առջեւ ծայր աստիճան խոցելի դարձած է եւ այս խնդրայարոյց երեւոյթը յաճախ կը ստեղծէ միջամտութիւններու տպաւորութիւնը։ Նահանգապետարանի մէջ մենք վերահասու դարձած ենք, թէ պետութիւնը մեր ընթացակարգային սայթաքումներէն ու թերացումներէն վերջ՝ ինչպիսի լուծման հեռանկար մը կը տեսնէ։ Ակնկալութիւնը այն է, որ գործընթացը վերսկսի մեկնակէտէն եւ ամէն ինչ յառաջ տարուի ներդաշնակութեամբ եւ ըստ պատշաճի համակարգուի, համաձայնեցուի պետութեան հետ։ Սա է մեզմէ ակնկալուածը։ Եթէ լուծումը պիտի գտնենք պետութեան հետ աշխատելով, ապա անտրամաբանական է պետութեան սպասումներուն անտեսուիլը։ Բայց եւ այնպէս, պարտադրանք մը չկայ։ Եթէ այլ ճանապարհով երթալ որոշենք, մեր ազատութիւնն է՝ սակայն վերջին հաշուով չենք կրնար ունենալ նոր գահակալ մը։ Սա՞ է մեր ուզածը։ Պէտք է հասկնալ, որ պաշտօնական մարմիններուն հետ հակադրուելով չենք կրնար ցանկալի արդիւնքի մը հասնիլ եւ այստեղ ոչինչ կայ վիրաւորական։

Ազգային Սահմանադրութեան պարագային պետութեան ունեցած վերաբերմունքի լոյսին տակ հակասութիւններէ օգտուելու խնդիր մը գոյութիւն չունի մեր համայնքի օրակարգին վրայ՝ ինչպէս նշուած է Ձեր յօդուածին մէջ։ Պատրիարքական Աթոռը կը ջանայ փոխադարձ վստահութիւնով մը համակարգել յարաբերութիւնները, իսկ մեր համայնքը գիտէ իր բոլոր իրաւունքները։ Մեր Սուրբ Աթոռը պաշտպանն է մերազն համայնքի իրաւունքներուն եւ բոլոր գետիններու վրայ հանդէս կու գայ համապատասխան յանձնառութեամբ։ Ո՛չ ռազմավարական, ոչ ալ մարտավարական առումով մեր Աթոռը բացթողում մը ունեցած է Ազգային Սահմանադրութեան վերաբերեալ նուրբ խնդիրներուն շուրջ։

8- Շուրջ ինն տարուան այս գործընթացին եւ զուգորդուած պառակտումներու մթնոլորտին մէջ մեր համայնքի զանազան շրջանակներուն կողմէ դարձուած ենք քաւութեան նոխազ։ Մեզի դէմ ծաւալուած է ու կը շարունակուի ծաւալուիլ հակաքարոզչական արշաւ մը։ Խումբ մը տխուր շրջանակներ կը ջանան մեզ մրոտել։ Մենք ցայսօր այդ բոլորին փոխարէն պահած ենք լռութիւն ու կը շարունակենք պահել՝ միեւնոյն ժամանակ Մեր համախոհներուն միշտ ուղղելով հանդուրժողութեան եւ պաղարիւնութեան կոչ։ Սա կը պահանջէ մեր Աթոռին ու համայնքին շահը։

Կարգ մը լրատուամիջոցներ դարձած են մեզի դէմ սանձազերծուած քարոզչական արշաւի խօսափողը։ Ցաւով կը վկայենք, որ Ձեզի բնորոշ շրջահայեացութիւնով ու հեռատեսութիւնով հանդերձ, հարթակ տրամադրած էք այդ տխուր հակաքարոզչութեան։ Ի՞նչ հիմքի վրայ կամ ի՞նչ ապացոյցներով կը պնդէք, թէ պոլսահայութեան մեծամասնութիւնը չի փափաքիր Մեր խոնարհ անձը տեսնել պատրիարքական գահին վրայ։ Գիտէ՞ք, թէ ընդամէնը 100-150 հոգիէ բաղկացեալ խմբակ մըն է, որ մեզի դէմ հանդէս կու գայ հայհոյանքներով եւ զրպարտութիւններով։ Իսկ մեր համայնքի անդամներուն թիւը կը գերազանցէ քանի մը տասնեակ հազարը։ Մեզի համար տհաճ ստիպողութիւն մը եղած է՝ ընկերային ցանցերու վրայ նուազագոյն պատասխան մը տալ այդ բոլորին։ Մեր համայնքի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը լուռ է այսօր՝ գերադասելով հաւաքական պատասխանատուութիւններու նկատմամբ հաւատարմութիւնը, ենթակայական նախասիրութիւններէ աւելի։ Մենք այդ բոլորին դէմ կը դիմադրենք Մեր յամառ զսպութեամբ եւ աղօթքով։ Որպէս հայ հոգեւորական՝ Մենք կ՚աղօթենք նաեւ Մեր այդ «ընդդիմադիրներուն» համար։ Անոնք թէեւ սկզբունքային ընդդիմութիւնով մը հանդէս չեն գար, սակայն Մենք Մեր աղօթքներէն անպակաս կ՚ընենք զանոնք՝ որպէսզի ի վերջոյ իրենք ալ անդրադառնան մեր համայնքէն ներս միութիւն ու միասնականութիւն հաստատելու ճանապարհին վրայ իրենց վիճակած պատասխանատուութեան եւ հասունութիւն դրսեւորեն պառակտումներու հետեւանքներու յաղթահարման նպատակով։

Պարոն Սասունեան,

Մեր այս երկարաշունչ նամակին վերջ կու տանք՝ կանխաւ շնորհակալութիւն յայտնելով Ձեր համբերութեան համար։ Կը յուսանք, որ Ձեր նկատառման յանձնուած վերոյիշեալ մանրամասնութիւնները անպայման հաշուի պիտի առնէք՝ թէ՛ Ձեր վերջին յօդուածի պարագային եւ թէ մանաւանդ յառաջիկային մեր Պատրիարքական Աթոռի վերաբերեալ հարցերուն շուրջ խորհրդածելու ժամանակ։

Ձեզի կը յղենք Մեր անկեղծ զգացումները, բիւր օրհնութիւնները, նաեւ յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքը՝ Ձեր առաքելութեան մէջ։

Աղօթարար՝ 

 

           

ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ

 

 

 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2017