ԿԱՄՈՒՐՋՆԵՐ

Հալէպէն դուրս, կամաց-կամաց, ամէն օր սկսաւ մեր մէջ սուզուիլ այն ուշացած գիտակցութիւնը, որ մեր գաղութն էր եւ կը շարունակէ մնալ սփիւռքի ամենէն կազմակերպուած, ամենէն աւելի ոգի ունեցող գաղութը՝ ոչ միայն երկրին խաղաղ օրերուն, այլ նաեւ, թերեւս զարմանալիօրէն, պատերազմի ընթացքին:

Այս խօսքերը կ՚ըսեմ, որովհետեւ պատերազմի առաջին երեք տարիներուն ես ալ շարունակեցի ապրիլ եւ աշխատիլ Հալէպի մէջ:

Երբեք չէինք մտածեր «դուրս»ին կամ «ներս»ին մասին. մե՛ր քաղաքն էր, գրեթէ հայրենիք էր մեզի համար իր մթնոլորտով, իր ջամբած ոգիով, ապրեցնելու իր թափով:

«Դուրս»ն էր հաւանաբար, որ «ներս»ին մասին մտածել տուաւ:

«Դուրս»ը ըլլալուն դրական գլխաւոր երեւոյթը այն է, որ կ՚անդրադառնաս ունեցածիդ արժէքին. այդ անդրադարձին հետ կու գան գիտակցութիւնը եւ ունեցածդ գնահատելու հրամայականը: Չափազանցօրէն գնահատելու, որովհետեւ պատերազմական պայմաններու մէջ կարելի չէ հաւասարակշռութիւն փնտռել. ծայրայեղ պայմաններու մէջ պէտք է դրականը չափազանց կերպով գնահատել: Այլ կերպով կարելի չէ առօրեան ապրելու հաւասարակշռութիւն ստեղծել:

«Դուրս»ը հայելիի պէս մեր եսը ցոյց տուաւ մեզի: Ըլլալով կատարելապաշտ՝ միշտ աւելին պահանջած եմ ինքզինքէս, շրջապատէս, գաղութէս: Ու յանկարծ տեսայ, որ իրաւունք չունիմ նման պահանջ դնելու, երբ գաղութը իր լաւագոյնը արդէն տուած էր եւ կը շարունակէր տալ:

Պատերազմը եւ անոր ընթացքին ամբողջ գաղութին կեցուածքը՝ իր մեծերէն մինչեւ յետին դպրոցականը, հաստատեց ա՛յն ներուժը, որ ունի հալէպահայ գաղութը: Աւելի՛ն. գաղութը ունի այնպիսի մարզուած նոր սերունդ մը, որ այսօր կը յուզէ եւ հպարտութեամբ կը լեցնէ զիս: Օրինակներ տալու կարիք չեմ զգար: Հալէպէն հասնող լուրերն ու նկարները կը հաստատեն ասիկա:

Իսկ անոնք, որոնք կրցան այպանել՝ ըսելով, որ «պատերազմին մէջ ինչպէ՞ս կարելի է հարսանիք, հանդէս կամ խրախճանք ընել», կարելի է ըսել՝ հալէպահայ գաղութը կեանքի եռանդով լեցուն է եւ այնքան իմաստուն դարձած է, որ կը հասկնայ, որ իւրաքանչիւր ապրուած օր կրնայ մեր իւրաքանչիւրին վերջին օրը ըլլալ: Հետեւաբար ոչ միայն ապրիլ, այլ՝ ապրիլ կազմակերպուած ձեւով, ապրիլ որպէս գաղութ, ապրիլ լաւագոյն ձեւով եւ լաւագոյնը տալով: Սփիւռքի այլ գաղութներ, խաղաղութեան մէջ իսկ, նման եռանդ եւ կազմակերպուածութիւն դժուար թէ ցուցաբերեն:

Հալէպը իւրայատուկ եղած է մի՛շտ իր ոգիով, մանաւանդ որ կրցած է այդ ոգին վառ պահել եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն՝ արդէն աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր: Պատերազմը չկրցաւ խախտել ատիկա, նսեմացնել հայ ոգիին ջահը: Այստեղ «հայ» եւ «ոգի» բառերը կը վերադառնան իրենց սկզբնական իմաստներուն, կը թօթափեն նախորդ տասնամեակներու «հնութիւնը» եւ նոր իմաստ կ՚առնեն. կա՞յ այլ գաղութ, որ նման ըլլայ Հալէպի գաղութին՝ իր եկեղեցիներու, դպրոցներու, երկրորդական վարժարաններու, ակումբներու, միութիւններու եւ այլ կառոյցներու թիւով, աշակերտութեան թիւով, ժողովուրդին եռանդով, երկրին եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած հաւատքով: Եւ այս բոլորը՝ պատերազմի ընթացքին աւելի յստակացած, բիւրեղացած:

Հալէպահայը մի՛շտ սիրած է նաեւ հալէպցի արաբը, որ իւրայատուկ տեսակի մարդ էր՝ ազնիւ, հիւրասէր, բարի, եւ որ ամենէն կարեւորն է՝ հայը գնահատող: Ափսո՜ս, որ այդ տեսակը գրեթէ ջնջուեցաւ քաղաքէն, եւ մարդու ա՛յդ տեսակին անհետացումը մեր կարեւոր կորուստներէն մէկն է՝ մարդկային զոհերէն ետք եւ նիւթական վնասներէն առաջ:

Տակաւին, Հալէպի նախկին խաղաղ կեանքն ու աշխատանքի առիթները կը ստիպեն, որ հալէպահայը կարօտով յիշէ իր օրերը եւ սպասէ անոնց վերադարձին:

Այս բոլորը նկատի առնելով է որ «ներս»ն ու «դուրս»ը կրնան նպաստել իրարու:

Շատեր վերադարձան, շատեր կը մտածեն վերադառնալ, շատեր պիտի չվերադառնա՛ն: Շատեր պիտի կարդան այս տողերը եւ կրկին այպանեն «լաւատեսութիւնը», որ կայ տողերուն մէջ, մոռցած, որ այսօրուան իրենց ապահովութիւնը եկած է երէկի իրենց քաղաքէն, իրենց գաղութէն:

Դժուար պիտի ըլլայ գալիքին մէջ երկխօսութիւն ստեղծել ո՛չ թէ «ներս»ին եւ «դուրս»ին միջեւ, այլ՝ դրսեցի դարձածներուն եւ տեղացի մնացածներուն միջեւ: Սակայն ըս-պասելի է ասիկա եւ հասկնալի:

Ինչպէս մեր բոլոր գաղութները պատմութեան ընթացքին դիմագրաւած եւ յաղթահարած են բազմաթիւ դժուարութիւններ, Հալէպի գաղութը եւս կը կրէ իրեն բաժին ինկած այս մեծ ցաւը, կը կրէ գաղութին հանդէպ իր անսահման սիրով եւ «անսրբագրելի» լաւատեսութեամբ:

Գիտեմ, որ կարօտը «սրբագրեր» է բոլոր ժխտականները եւ պահեր միայն դրականը:

Այդ դրականին հանդէպ հաւատքով է, որ կը շարունակենք, դուրսը ըլլանք թէ ներսը:

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 11, 2017