ԴԱՏԱՐԱՆԸ ԴՊՐՈ՛Ց ՄԸՆ Է

Դատարանը գերազանցապէս շահեկան եւ հրահանգիչ վայր մըն է։ Հո՛ն է ընկերային աշխարհը իր բոլոր հարցերով եւ ցաւերով, իր արկածներով եւ բազմատեսակ երեւոյթներով։ Հո՛ն է կարծես մարդկութիւնը իր նեղութիւններով, թշուառութիւններով եւ ողբերգութիւններով, իր յաջողութեան յոյսերով եւ ձախողութեան վախերով։ Հոն է, զոր օրինակ, իր կինը լքած այրը, եւ զինք ձգող ամուսինէն իր աղջիկը պահանջող մայրը։ Հոն է ստացուածքի եւ պատիւի գողը։ Հոն է զեղծարարը, որ անհատներու եւ կամ պետութեան վստահութիւնը չարաչար է գործածած։ Հոն են, վերջապէս, իրաւունքի, օրէնքի եւ արդարութեան դէմ գործողներու «բանակ»ին բոլոր նմոյշները։

Դատարանը ո՛չ միայն իրաւագիտական դասերու դպրոց մը, այլ կեանքի դասերու համալսարա՛ն մըն է, յատկապէս ընկերային գիտութիւններու կատարեալ դասարան մը՝ իր անհրաժեշտ բոլոր նիւթերով եւ առարկաներով։

Դատարանը գտնուելու պատեհութիւնը եւ առիթը ունեցողներ, դատարանին նըր-բանցքներու մէջ վկայած են այս բոլորին՝ վէճեր եւ կռիւներ՝ որոնք կը պարունակեն կեանքի լուրջ դասեր։

Արդարեւ, դատարանը թատերաբեմ մըն է՝ ուր կը ներկայացուին աշխարհի եւ կեանքի բազմապիսի ողբերգութիւնները՝ որոնք ամէն մէկը դասեր են կեանքը բացատրող, մարդը ուսումնասիրող եւ մարդկային փոխյարաբերութիւնները վերլուծող։ Եւ այս թատերաբեմին գլխաւոր դերակատարներն են դատաւորը, դատախազը, ամբաստանեալը եւ փաստաբանը։ Կերպով մը այդ դպրոցին դաստիարակները, ուսուցիչները։ Տիպարներ՝ որոնց իւրաքանչիւրը ուսումնասիրութեան գերազանցօրէն շահեկան նիւթեր են։

Դատարանը, իրաւամբ աշխարհի ամէն կողմը կոչուած է «Արդարութեան Ատեան» կամ «Արդարութեան Պալատ», քանի որ իրապէ՛ս կամ խորհրդաբար, հո՛ն է՝ ուր «կը կշռուի» եւ «կը բաշխուի» իրաւունքը՝ օրէնքի եւ արդարութեան անշե՛ղ նժարով։

Պետութիւններու ամենէն անհրաժեշտ կազմակերպութիւններէն մէ՛կն է դատարանը, իր ամենալայն առումով եւ տեսակներով, որ կը գործադրէ անհատական եւ հանրային իրաւունքի օրէնքը, եւ որոնց դէմ գործուած մեղանչումները կ՚ուսումնասիրուին, կը չափուին, կը կշռուին եւ անոնց առաջ բերած անիրաւութիւնները կը դարմանուին իւրայատուկ միջոցներով, օրինաւորապէ՛ս։

Պետութիւններու հաստատութեան եւ ուժին կարեւոր յենակէտներէն մէ՛կն է Դատարանը, առանց որու կամայականութեան հովերը եւ անիշխանութեան փոթորիկները մզեզի պէս պիտի ցրուէին ամէն օրէնք, ամէն կարգ ու սարք։ Եւ որքան ատեն որ տգիտութիւնը եւ անոր անմիջական գործակիցը՝ չարութիւնը գոյութիւն ունենան, եւ կիրքը եւ ատելութիւնը ուզեն անսանձ եւ անարգել արշաւել, դատարանը իր ուղի՛ղ՝ թէեւ յաճախ ե՛ւ ծանր բազուկը զգալի պիտի ընէ մի՛շտ։

Եւ դատաւորը՝ որ կը բազմի հո՛ն, իր երեւոյթով, տեսքով եւ պաշտօնով պատկառազդո՛ւ, եւ իր հեղինակութեամբ նոյնիսկ ահաւոր, իր նժարով եւ սուրով կը յանձնարարէ եթէ ո՛չ զինք սիրել՝ այլ իրեն անսալ եւ հնազանդիլ, քանի որ իր անձէն, իր գիտութենէն, իր հեղինակութենէն եւ իր ազդեցութենէն շա՜տ աւելի ո՛ւժ մը կը մարմնացնէ, օրէնքին ո՛ւժը՝ որ անհատին իրաւունքը եւ երկրին բարօրութեան, անկախութեան եւ ազատութեան պայմանները ապահովելու եւ տեւականացնելու համար ժողովուրդին կամքին արտայայտութի՛ւնն է։

Իր երկրին ծառայող այս կարեւոր պաշտօնեան, որքան ալ անաչառ եւ արդարակորով եղած ըլլայ, ժողովուրդին համակրութեան առարկան եղող «ժողովրդական տիպար» մը չէ՛ կրցած հանդիսանալ ընդհանրապէս, եւ մարդիկ զարմանալիօրէն խոյս կու տան իրմէ՝ ինչպէս վտանգէ մը, եւ իրեն հետ «գործ ունենալ»ը անհաճոյ ստիպողականութիւն մը կը համարեն, քանի որ իր ձեռքը գտնուած խորհրդանշանական սո՛ւրը յաճախ, գուցէ հակառակ իր կամքին, դըժ-բախտութիւն, աւերում եւ մինչեւ իսկ մա՛հ կրնայ սփռել, եթէ այդպէս ընելով իր պարտականութիւնը կատարած ըլլայ նոյնիսկ արեւի պէս պայծառ պարագաներու տակ։ Եւ յաճախ նոյնը չէ՞ պարագան բժիշկի համար, որմէ ալ շատ անգամ կը խրտչին մարդիկ, մինչդեռ ա՛ն է որ պիտի բաշխէ առողջութիւն, եւ ա՛ն է որ պիտի դարմանէ հիւանդութիւններ կարելի չափով անշուշտ։ Բայց մարդիկ, ընդհանրապէս հեռու մնալ կը նախընտրեն իրենց կեանքը դիւրացնող այս երկու «հերոս»ներէն…։

Բայց ո՞վ կրնայ լիովին եւ անսխալ չափել զգայուն եւ խղճամիտ դատաւորի մը ներքին տագնապները, յուզումները եւ հոգեկան տառապանքը, երբ ինք, իր շրթունքին երկու բառովը դատապարտուած թշուառի մը մասին փոքր կասկած մը կամ խղճի խայթ մը ունենայ, քանի որ աւերումը եւ թշուառութիւնը, զոր իր վճիռը առաջ բերաւ, կարելի է որ հիմնուած ըլլայ սխալ վկայութիւններու եւ աննպաստ երեւոյթներու վրայ։

Արդարեւ, սուտ վկայութիւններ եւ սխալ փաստարկումներ ի՜նչ դժբախտութիւններու պատճառ հանդիսացած են՝ որոնց կը վկայէ պատմութիւնը։

Սակայն արդարութեան դատարաններէն աւելի՛ կատարեալ, աւելի՛ ստոյգ երկրորդ դատարան մը եւ անոնց հեղինակաւոր դատաւորներէն աւելի՛ անաչառ եւ արդարակորով, անսխալ ուրիշ դատաւոր մըն ալ կա՛յ. մարդուն ներքին ձայնը՝ խիղճը, որ ուղիղը եւ սխալը, բարին եւ չարը, շիտակը եւ ծուռը որոշելու պաշտօն ունի։

Որովհետեւ այս աստուածահաստատ ձայնը, եթէ մարդուս շարունակական եւ յոռի ընթացքով հետզհետէ նուազելու եւ մարելու դատապարտուած չէ, եթէ մարդուս սխալ արարքները ջանացած եւ փորձած չեն արդարացնել միջավայրը, դարը եւ աննախընթաց պարագաները իբր չքմեղանք ներկայացնելով, եթէ արդարութեան այդ գերազանցապէս զգայուն կշիռքը խաթարած չէ ուղղութենէն աւելի իր սխալ քմայքներուն, իր կամակորութեան, իր անձնական շահերուն եւ անսանձ կիրքերուն ձայնին անսալով, այլ մի՛շտ աշխատած է զայն ուղի՛ղ վիճակի մէջ պահել, ապա ուրեմն այդ «ձայն»ը մարդուս ամենէն վստահելի առաջնո՛րդն է՝ անշեղ եւ անսխա՛լ։

Քանի որ խիղճը, իր լուսաւորուած վիճակին մէջ, մարդուս կը պարզէ յստակօրէն, ի՛նչ որ կայ իր հոգիին ամենէն խոր ծալքերուն մէջ, որոնց Աստուծմէ զատ ո՛չ ոք կրնայ թափանցել։

Այդ «ձայն»ը այն ո՛ւժն է, որ անհատը անիրաւութենէ կը զգուշացնէ եւ իր ստորնաքարշ եւ վատ մտածումներէն կ՚ազատէ, ուղղութեան ճամբաներուն մէջ առաջ կը տանի զայն, միեւնոյն ժամանակ «ջա՛հ» մըն է՝ որ մարդկութեան ցոյց կու տայ ուղիղ, ապահով եւ լուսաւոր ճամբան։

«Ձայն» կոչել զայն, եւ կամ «ջահ» անուանել, ինչ անուն ալ տրուի անոր, խիղճը ամենէն արդար եւ անկաշառ դատաւո՛րն է, եւ մարդկութեան բարօրութեան եւ բարձրացման նպաստող զօրեղագոյն եւ վստահելի, ապահով ազդա՛կը։

Ուստի, թշուառ է այն մարդը որ իր այդ բարերար ձայնը լռեցուցած, կամ ջահը մարած է՝ շահերու, զգացումներու եւ կիրքերու աղմուկով կամ խափանարարութեամբ, քանի որ այս լռութիւնը կամ խաւարը մարդուս հոգեկան սնանկութի՛ւնն է, զոր ենթական ի՛նքն իսկ պիտի ստիպուի խոստովանիլ իր ներքնահայեցողութեան շատ հազ-ւադէպ րոպէներուն, երբ իր հոգիին մէջ ազնուութեան եւ ուղղութեան մնացորդ աղօտ մէկ նշոյլը ցոլացնէ իր կեանքին եւ իր արարքներուն վրայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 10, 2017, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017