ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ՈՒ ՇԱՏ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը վերջերս նոր գիրք մը լոյս ընծայեց՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ։ Թովմա Մեծոփեցիի «Յիշատակարան»ն է այս մէկը։ Բնագրին զուգադիր՝ գործը կը բովանդակէ գրաբար եւ աշխարհաբար։ Գիրքը հրատարակութեան պատրաստուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի եւ Հրատարակչական բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեանի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան հմտօրէն կը կառավարէ Մայր Աթոռի Մատենադարանն ու հրատարակչական բաժինը եւ այս գործով ալ գիտական արտադրութեան տեսակէտէ կը համարուի լուրջ նպաստ մը։ Աշխատութիւնը գրաբարէ աշխարհաբարի փոխադրած է բանասէր Տքթ. Արշակ Մադոյեան։
Թովմա Մեծոփեցիի «Յիշատակարան»ը Կաթողիկոսական Աթոռի՝ 1441-ի Սիսէն Սուրբ Էջմիածին վերադարձին նուիրուած գլխաւոր վաւերագիրն է, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան նոր շրջափուլի խօսուն վկան, որով պայմանաւորուած է նաեւ պատմական անգնահատելի արժէքը։
Եկեղեցական
- 05/04/2024