ՏԵՂԱՊԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՔՈԶ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեան եւ անդամուհիներ՝ Սիլվա Տէյիրմենճիօղլու եւ Հերմանս Չիչէքէքէր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին նորին սրբազնութիւնը, որ տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ եկեղեցիէն ներս վերջերս իրականացուած բարեզարդման եւ ընդհանուր մաքրութեան աշխատանքներու արդիւնքին։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մօտալուտ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ փափաքած էր այցելել Վոսփորի Ասիական ափի ծայրամասի մեր այս եկեղեցին։ Այցելութեան ընթացքին թաղային խորհուրդի անդամներուն հետ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց նորին սրբազնութիւնը, որ կանգ առաւ Պէյքոզի պատմական հարուստ անցեալին վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ ան գնահատեց թաղային խորհուրդի անդամները, որոնք ջանքեր կը գործադրեն Պէյքոզի եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու եւ մանաւանդ կ՚աշխատին մեր այս գողտրիկ սրբավայրը պայծառ պահելու ուղղութեամբ։

Այցելութեան աւարտին տեղապահ սրբազան հայրը թաղային խորհուրդի անդամներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը՝ գնահատելով անոնց կողմէ տարուած աշխատանքը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017