ԿՈԹՈՂԸ
Կամուրջին վրայ էինք ես եւ պատմաբանը: Կը քալէինք չորս կողմի դալարութիւնը ծծելով, թարմութիւն մը կը սահէր դալար այգիներէն դէպի մեր ներսիդին, ու զովութիւն մը կը գալարէր կամուրջին տակէն հոսող Եփրատի կարկաչին հետ միահիւսուելով: Կը քալէինք երկար կամուրջին ասֆալթապատ յատակին վրայ: Անձայն ճիչ մը կը գոռար մէջէս այս պահուն անվերջ ըլլալուն փափաքը յայտնելով: Պահ մը, ուր ես՝ այս վայրը քանիցս տեսնողս, ու ինք՝ այս վայրին մէջ պատահածները խորապէս իմացողը, կողք-կողքի բերած էր: Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, չէի իսկ հաւատար աչքերուս:
Ու կը խօսէր ան իւրաքանչիւր քայլի հետ տեղեկութիւն մը հաղորդելով, որ շատ դժուարութեամբ դուրս կ՚ելլէր, բայց կը ստիպէր ան, կը քաշէր, կը քաղէր կարծես խորունկ արմատներ նետած որոմները մէկիկ-մէկիկ, կը քաշէր, որ ելլեն միտքերը, թափին, արձակուին, տարիներով բանտի խուցին մէջէն մի առ մի ազատ արձակուող բանտարկեալներու նման:
Հառաչանք կար անոր հնչիւններուն մէջ, ան չէր ամէն օրուան մեր դասախօսը, որ ժպիտը դէմքին Լեռնային Ղարաբաղի պատմութիւնը հնչիւն առ հնչիւն կը դրոշմէր մեր մտքին մէջ: Մելիքները կու գային ու կ՚անցնէին մեր դէմէն իրենց յաղթանակներով, նուաճումներով, կառուցողական միտումներով: Ղարաբաղէն շրջաններ մերթ կը կառուցուէին, մերթ կը կործանէին, մինչեւ Շուշիի աննախընթաց ազատագրումը... հայրենասիրութեան դասեր էին անոնք կարծես, քաջ ղարաբաղցիին բերնէն հաղորդուող:
Նստանք նստարանի մը վրայ, վաթսուննոց այս մարդուն կոշտ ձեռքերը նշմարեցի յանկարծ, ինք ալ նկատեց նշմարս, ու՝
-Ղարաբաղցու ձեռքերը սենց կը լինեն, մենք ամբողջ ձմրան ձիւնի հետ ենք կռուում, իսկ ամրան էլ՝ արտի:
Տխուր էր ան, ճակտին կնճիռները կամար-կամար ցցուած էին ալ մազերուն ներքեւը, մինչ արեւուն շողը վարդագոյն ներկած էր անոր գունդ այտերը: Կը խօսէր անդադար, կը պատմէր ամէն ինչ որ գիտէր, լուռ մտիկ կ՚ընէի ու մտքիս դռները լայն-լայն բացած կ՚ուզէի ներս առնել ամէն հնչիւն, ամբարել պարապ շտեմարանս. կը խօսէր անընդհատ, մինչեւ որ նկատեց մեր նստած նստարանի նոր այցելուն, որ հայրիկ մըն էր, որուն ճաղատին վրայ կը փայլէին քրտինքի կաթիլները: Կողքին նստաւ 70-ի մօտ հայրիկը ու պահ մը ետք անոնք մտերիմներ էին արդէն, ես հիացած միայն մտիկ կ՚ընէի, կարծես քիչ առաջուան փափաքս գտած էր իր դրական պատասխանը, կը շարունակուէր օրը կամուրջին վրայ, կ՚երկարէր ուխտագնացութեան եկած երեք օտարներու մտերմութեամբ: Հիմա հայրիկը կը պատմէր, մենք կախուած էինք անոր հնչիւններէն...:
Հայրիկը ամէն տարի կը մասնակցէր այս ուխտագնացութեան, ան եղած էր այս քաղաքի վանքին շինարարներէն մին, ինչպէս նաեւ Մարկատէի մատուռին գլխաւոր շինարարներէն: Կը պատմէր մատուռի կառուցման ընթացքին անցուցած առանձին գիշերներուն մասին, թէ ինչպէս հոն, այդ ամայի բլուրին վրայ, գայլերու ու շուներու հետ մնացած էր, թէ ինչպէս մութ գիշերները լուսցուցած էր բլուրէն գտած ոսկորներու, նահատակ մասունքներու հետ, թէ ինչպէս ցնծացած էր իր հայրենասէր ու հայասէր հոգին, երբ աւարտուն մատուռին բացումը կատարուած էր մեծ շուքով:
Ալեհերն ու ճաղատը դէմ-դիմաց կը զրուցէին այս անգամ պատմութենէն, ալեհերը կը պեղէր ճաղատին ուղեղը ու կ՚արձանագրէր կարծես անոր կեանքի փորձէն օգուտներ քաղելով, կը լուսաւորէր մութ անկիւնները անոր գիտելիքներուն: Երկուքին ալ աչքերը կը փայլէին ու երկու զոյգ կոշտացած ձեռքերու շարժումներով հաղորդակցութիւնը կը շարունակուէր. արդեօք անոնք կ՚ակնկալէի՞ն այսպիսի հանդիպում մը:
Քալեցինք՝ մենք երեքս, դէպի վանք: Այս գողտրիկ քաղաքը լի էր մարդկութեամբ, կը ցնծար, սովորական ուխտագնացութիւն մը չէր այս անգամուանը: Յիշատակելի էր տարեթիւը՝ 2005, իննսունամեակն էր Եղեռնի, արար աշխարհէն հայ կղերականներ, ղեկավար անդամներ, օտար բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ուխտաւորներ ներկայ էին հոգեհանգստեան արարողութեան, յուշակոթող մըն ալ տեղադրուեցաւ վանքին բակին մէջ ի յիշատակ այս օրուան, լրատու գործակալութիւններ արձանագրեցին ու սփռեցին այս եզակի արարողութեան արձագանգները...:
Հիմա, հիմա եւս համացանցի միջոցաւ կը սփռուին այդ վայրին սիրտ պատառոտող պատկերները: Կը դիտենք կառոյցներ, սրբութիւններ փլատակներու վերածուած, բլուր-բլուր հողակոյտեր դարձած. հիմա եւս լրատու գործակալութիւններուն ուշադրութեան կեդրոնն է ան, միայն տասնամեակ մը անցած է, տասնամեակ մը միայն շքեղը փլատակի վերածելու...: Արդեօք տասնամեակ մը ետք ականատես պիտի ըլլա՞նք անոր վերականգնումին, նախկին ու նոր աճիւններու գերեզման այս սրբավայրին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ