ՎԱՌ ՈՒ ԽՕՍՈՒՆ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ
Լուսանկարիչ Մուրատ Էզէր ներկայիս կ՚ապրի իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը կազմակերպած ըլլալու ուրախութիւնը։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մուրատ Էզէրի առաջին անհատական ցուցահանդէսը, որ խորագրուած էր՝ «Իսթանպուլի հայերը»։ Ծանօթ է, որ Մուրատ Էզէր մեր մամուլին կ՚աշխատակցի որպէս լուսանկարիչ եւ այդ աշխատակցութեան զուգահեռ մասնակցութիւն կը բերէ պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի զանազան իրադարձութիւններուն։ Այդ մասնակցութեան եւ դիտարկումներուն լոյսին տակ ան բազմատասնեակ գործեր պատրաստած է այս ցուցահանդէսին համար։ Վառ եւ խօսուն դրուագներ որսած է լուսանկարիչ Մուրատ Էզէր իր ոսպնեակով եւ այս ցուցահանդէսը իր այդ դիտարկման կարողութիւններուն արդիւնքն է եւ այցելու գեղարուեստասէրներուն վրայ գործած է դրական տպաւորութիւն մը։
Ֆէրիգիւղի մէջ երէկ երեկոյեան համախմբուեցան բազմաթիւ թիւով գեղար-ւեստասէրներ, որոնք հետեւեցան Մուրատ Էզէրի լուսանկարչական գործունէութեան ծիրէն ներս կատարուած ստեղծագործական աշխատանքի պտուղներուն։ Առաջին անհատական ցուցահանդէսը բնականաբար եկաւ նոր հարթութեան մը վրայ դնել Մուրատ Էզէրի լուսանկարչական գործունէութիւնը։ Ցուցահանդէսի այցելուներու շարքին էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, կրթական մշակներ, գեղարուեստասէրներ եւ Մուրատ Էզէրի անմիջական շրջանակէն բազմաթիւ դէմքեր։ Հաղինակի կողքին էին նաեւ, բնականաբար, իր ընտանիքի անդամները եւ ան ցուցահանդէսի բոլոր մասնակիցները հիւրընկալեց շրջապատուած ըլլալով իր հարազատներուն կողմէ։
Մուրատ Էզէրի աւելի քան եօթանասուն լուսանկարները գեղարուեստասէրներուն ներկայացուեցան հայկական տոհմիկ երաժշտութեան կատարումներու զուգահեռ։ Սրահին մէջ ստեղծուած մթնոլորտը արդէն վկայութիւնն էր այն բանին, թէ Մուրատ Էզէր յաջողած էր իսկապէս ներգրաւուիլ մեր համայնքային կեանքին եւ այդպէսով ալ ցոլացնել իր դիտարկումներուն արդիւնքները, որոնք ունէին ուրոյն երեսակներ։ Բարձրասիճան եկեղեցականներէ սկսեալ մինչեւ պարզ հաւատացեալներու դիմանկարները, ինչպէս նաեւ մեր հիմնական եկեղեցական կամ կրթական հաստատութիւններու շէնքներու կամ գլխաւոր իրադարձութիւններու դրուագները ամբողջ մը կը կազմէին՝ ներկայացնելով մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին ընդհանուր դիմագիծը։ Մուրատ Էզէր յաջողած էր իր դրուագներուն մէջ հաւասարակշռութիւն մը ապահովել անհատներու եւ հաստատութիւններու պարագային եւ այդ հաւասարակշռութիւնը արդէն եկած էր ապահովել մեր համայնքային կեանքը իր ամբողջին մէջ ներկայացնելու յաջողութիւնը։
Մուրատ Էզէրի ցուցահանդէսը միօրեայ էր։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն բացումը կատարուած ձեռնարկը արդէն շուրջ չորս ժամուան ընթացքին հասաւ իր աւարտին։ Անոնք, որոնք կարելիութիւն ունեցան այդ չորս ժամերուն ընթացքին տեսնել Մուրատ Էզէրի գործերը՝ իսկապէս դրական տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին ցուցահանդէսի դահլիճէն։ Իսկ անոնք, որոնք չունեցան այդ կարելիութիւնը, հեղինակը իրենց համար պատրաստած է սկաւառակներ, որոնք կ՚ընդգրկեն Մուրատ Էզէրի ցուցահանդէսին շրջագծով ներկայացուած բոլոր գործերը։
Առաջին անհատական ցուցահանդէսին առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Մուրատ Էզէրը եւ իրեն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։