ԵՆԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գումգաբուի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էին նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Ենիգիւղի թաղականները, որոնք փափաքած էին խմբովին այցելել Գումգաբու, զրոյցի տեւողութեան նորին սրբազնութեան խորհուրդներուն դիմեցին՝ եկեղեցապատկան կալուածներու արժեւորման հարցերուն շուրջ։ Անոնք տեղեկութիւններ ալ փոխանցեցին իրենց տարած աշխատանքին մասին։ Արդարեւ, թաղային խորհուրդը վերջին շրջանին թափ տուած է իր նախաձեռնութիւններուն՝ եկեղեցապատկան կալուածները հնարաւորինս հասութաբեր դարձնելու համար։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ իրենց մշակած համապատասխան ծրագրերուն մասին։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան զրոյցի ընթացքին վերահասու դարձաւ նաեւ Ենիգիւղի թաղային խորհուրդի կարեւոր մէկ ծրագրին, սակայն Պատրիարքարանի հաղորդագրութեան մէջ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած այս մասին։ Հանդիպման աւարտին նորին սրբազնութիւնը փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2017