ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԻՐՔԸ
Ընդհանրապէս, հպարտութիւնը, յաւակնութեան հետ, կամ անկէ անկախ, պատճառ կ՚ըլլայ ընկերային յարաբերութիւններու, բարեկամութիւններու, նոյնիսկ ընտանեկան միջավայրի մէջ քայքայումներու եւ կործանումներու։ Արդարեւ, «հպարտութիւն» բառը ինքնին ա՛յնքան որոշ է՝ որ վերլուծման իսկ պէտք չունի։ Ուրեմն, մարդ երբ չունեցածը ունենալ կը ձեւացնէ՝ ասիկա «յաւակնութի՛ւն» է, իսկ երբ ունեցածը գործածելու մէջ անարգական վերաբերութիւն կ՚ունենայ՝ անոր նկատմամբ որ իր ունեցածին շատ պէտք ունի, ասիկա «հպարտութի՛ւն» է։ Ի՛նչ որ ունի մարդ, քիչ կամ շատ, խելքի կտոր մը, դրամի կտոր մը, ուժի կտոր մը, կարողութեան կտոր մը, ասոնք իրենց գոյութեան պատճառովը իսկ չե՛ն արդարացներ զինք, որ արհամարհէ, վարկաբեկէ զանոնք՝ որոնք չունին ատոնցմէ մին կամ միւսը։
Զոր օրինակ, մէկու մը սխալ ընթացքը տեսնելով քննադատելը եւ մինչեւ իսկ սաստելը բնական է, մարդկային իրաւունք մը եւ պարտաւորութի՛ւն մըն է՝ որ կ՚ենթադրէ կարողութիւն մը, բայց երբ այնքան հպարտ ըլլայ մարդ որ այդ իրմէ տկար մէկը սաստելու չափ չզիջանի, այլ արհամարհէ զայն, իր այդ կարողութիւնը իր գոյութեան իրաւունքը կը կորսնցնէ իր մէջ։ Հպարտութեան ամենէն մեծ եւ ամենէն վսեմ հակազդեցութիւնը խոնարհութիւն եւ համեստութիւն ցոյց տա՛լն է։ Ուրիշ խօսքով՝ հպարտութիւնը կարելի է պարտել խոնարհութեամբ։
Արդարեւ, կի՛րք մըն է հպարտութիւնը, որ պէտք է հակակշռուի, զսպուի, որպէսզի չվիրաւորուին արժանապատուութիւններ, եւ չվնասուին բարեկամութիւններու լաւ յարաբերութիւններ։
Ահաւասիկ, այս կիրքը կարելի է հակակշռել եւ զսպել կարգ մը «դեղթափ»ներով։ Զոր օրինակ, ինչպէս ըսինք, խոնարհութեամբ, նաեւ՝ հանդուրժողութեամբ, եւ վերջապէս համբերատարութեա՛մբ։ Եւ մանաւանդ այս երեքը կերպով մը կը զսպեն կամ կը սանձահարեն այս վտանգաւոր եւ վնասակար կիրքը։
Ուստի, ամբողջ մարդկային պատմութեան մէջ չեն պակսիր օրինակներ թէ՛ «մեծ»երու եւ զօրաւորներու, թէ՛ «պզտիկ»ներու եւ տկարներու, քանի որ միայն մեծ ու զօրաւոր ուժերը չե՛ն որ հպարտութեան կիրքէն բռնուելու եւ տարուելու ենթակայ են, այլ շա՜տ պզտիկ եւ տկար ուժեր ալ երբեմն պէտք եղածէն աւելի՛ հպարտ կ՚ըլլան իրենց աւելի պզտիկ, աւելի տկար եւ անկեալ նմանին նկատմամբ։
Ո՛ւժ մըն է, իրապէս, ուրիշէ մը քիչ մը աւելի կրթեալ, քիչ մը աւելի ուսեալ, քիչ մը աւելի խելացի՝ ուրիշէ մը քիչ մը աւելի տարիքոտ եւ փորձառո՛ւ ըլլալը, եւ դարձեալ ո՛ւժ մըն է ուրիշի մը նկատմամբ քիչ մը աւելի մաքուր բարոյական, քիչ մը աւելի հաստատ նկարագիր ունենալը։ Վերջապէս, պատահական ո՛ւժ մըն է՝ ուրիշէ մը աւելի իրաւունք եւ ազատութիւն ունենալը։
Բա՜յց բոլոր այս առաւելութիւնները, մանաւանդ «իրաւունք»ը եւ «ազատութիւն»ը միթէ մարդս պիտի հպարտացնէ՞ վարկաբեկելու եւ վիրաւորելու ուրիշներու արժանաւորութիւնը եւ արժանապատուութիւնը։
Մանաւանդ երբ դիմացինը պատրա՛ստ է եւ տրամադիր զիջանելու եւ իր թերութիւնը կամ տկարութիւնը դարմանելու, կարելի՞ է անոր դէմ հպարտանալ եւ աւելի եւս վիրաւորել զայն, եւ թերեւս արգելք ըլլալ անոր թերութիւնը կամ տկարութիւնը դարմանելուն, սխալը սրբագրելուն։ Սակայն հպարտութիւնը, այդ կիրքը այնքան զօրաւոր է մարդուս մէջ, որ կարելի է անուանել զայն «ախտ», հիւանդութիւն, երբեմն անդարմանելի, երբեմն անդիմադրելի՛։
Դժբախտաբար այդ կիրքը այնքան զօրաւոր է, որ կրնայ նոյնիսկ ազդել գիտակցութեան եւ բանականութեան վրայ, մինչեւ իսկ ոչինչ համարել սէրը, գութը, ողորմածութիւնը եւ ներողամտութիւնը։
Ահաւասիկ, հպարտութեան այս հանգամանքին պատճառով, երբ յաճախ պատահաբար «հաշտարար»ի դեր կ՚ունենայ մէկը որեւէ խնդիր մը, հարց կամ անհամաձայնութիւն մը լուծելու կամ կարգադրելու՝ երկու հոգիի կամ աւելիի միջեւ, կը զգուշանայ ընդհանրապէս յայտարարել, թէ անոնցմէ ո՞վ աւելի իրաւունք ունի, քանի որ, ո՜հ, գիտենք մենք բոլորս ալ, բաւակա՛ն է որ իրաւունքի մէկ փոքրիկ կէտը քօղի տակէն տեսնենք, ալ կարծես չենք զսպուիր, կարծես ամբողջ իրաւունքի տէ՛ր ենք, անիրաւողը մինչեւ մեր ոտքը համբուրել տալու աստիճան չզիջանինք՝ չենք գոհանար, չենք կշտանար։ Եւ ասիկա կ՚ենթադրէ՝ յանցանքներու եւ սխալներու համապատասխան պատիժներ ու հատուցումներ ունենալու անհրաժեշտութեան հարցը։ Մարդ, ընդհանրապէս, իրեն հանդէպ գործուած անիրաւութեան մը փոխարէն անհամապատասխան հատուցում կը պահանջէ։ Եւ ճիշդ այս անհամապատասխան վիճակը կարգաւորելու համար ըսուած է. «աչքի դէմ՝ ա՛չք, եւ ակռայի դէմ՝ ակռա՛յ»։ Այսինքն համապատասխան հատուցում՝ ո՛չ աւելին եւ ո՛չ պակասը, այլ նոյնը, որ է՝ համապատասխա՛նը։
Բայց հպարտ մարդը միշտ աւելի՛ն կը պահանջէ, քանի որ ինքզինք կը կարծէ անհամեմատ կերպով բարձր եւ արժէքաւոր քան ուրիշները։
Իրականին, հպարտ մարդիկ միամիտ մարդիկ են՝ խե՜ղճ ու անարժէք, քանի որ իրենք զիրենք կը խաբեն, իրենք ալ գիտեն որ իրենց ցոյց տուածին չափ բարձր եւ մեծ չեն. եւ ինքնախաբէութիւնը ամենամեծ միամտութիւնը, խղճալի վիճակն է մարդուն։
Եւ ահաւասիկ, ճի՛շդ այս կէտին հպարտութեան կը միանայ երկրորդ կիրք մը՝ «յաւակնութի՛ւն»ը։
Առանձին առնուելով իսկ՝ երբ ա՜յնքան վնասակար «ախտ» մըն է հպարտութիւնը, հապա ո՛րքան աւելի՛ գէշ կ՚ըլլայ, վտանգաւոր կ՚ըլլայ երբ յաւակնութեան հետ միանայ, այսինքն մէկը՝ գոյութիւն չունեցող՝ իր չունեցած կարողութեան կամ իրաւունքին վրայ հպարտանայ, այն ատեն չարի սեւ եւ մութ դէմքն ալ կ՚երեւի հոն, եւ իր նմանին զիջանելու խոնարհիլը՝ իրեն համար «ինքնասպանութիւն» կ՚երեւի։ Այլապէս «օճառի փրփո՜ւր» մը…։
Երբ կը խօսինք հպարտութեան եւ յաւակնութեան կիրքերու վրայ, պէտք է զգուշանալ ուրիշ ախտէ մըն ալ, որ անոնց նման վտանգաւոր հանգամանք մը ունի մարդկային փոխյարաբերութիւններու նկատմամբ։ «Յանդգնութի՛ւն»ն է այդ կիրքը՝ որ արգելք կը հանդիսանայ մարդուս զիջողութեան, համեստութեան, ներողամտութեան, եւ կամ կը դժուարացնէ անոր նմանին գործած սխալներուն դարմանը կամ համապատասխան հատուցումը։
Արդարեւ, վերջին աստիճան կենցաղագիտութիւն, քաղաքավարութիւն, խոհեմութիւն եւ չափաւորութիւն կը պահանջէ թերութիւն մը, տկարութիւն մը սրբագրելու, շտկելու գործը՝ թէ՛ մարդուս ի՛նքն իրեն համար եւ թէ ուրիշի մը համար։ Իրապէ՛ս, փափուկ եւ նուրբ խնդիր մըն է այդ մէկը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 18, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024