«ԵՂԵԿԵՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ
Հազիւ մի քանի վայրկեան առաջ աւարտեցի Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի «Խորհէ՛ Եւ Մտիր…» գիրքը՝ ո՛ւր «խոհեր եւ հայեացքներ» կը ներկայացուի հոգեւոր ուսուցման եւ ընդհանրապէս «եկեղեցականութեան» մասին։ Սրբազան հեղինակը, որ «մշտահուր հնոց» կ՚անուանէ կրօնական ուսուցման օճախը, իր իրատես եւ շինիչ խորհրդածութիւններով կարեւորութեանը կ՚անդրադառնայ հոգեւոր դաստիարակութեան, որ հոգեմտաւոր ծառայութեան մը՝ նուիրականութեան հաստատ հիմերուն վրայ կը կանգնի՛։
Ուրեմն աւելի օգտակար պիտի ըլլայ՝ «Խորհէ՛ Եւ Մտիր…» գիրքէն հատուածներ ներկայացնել, քան այս մասին խորհրդածութիւններ կատարել։
1995 թուականին հրատարակուած «Խորհէ՛ Եւ Մտիր…» գրքին մէջ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս կ՚ըսէ.
«… Այսօր մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ հայոց լեզուն վիրաւո՛ր է։ Այսօր, երբ մեր դպրոցներէն շրջանաւարտ աշակերտներ Դպրեվանք կու գան եւ երբ երկու տող կը գրեն, Աստուած իմ, քանի՜ սխալներ կը վխտան անոնց մէջ, ի՜նչ հարուածներ կը տրուին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի հոգիին…։ Ի՞նչ ընենք ապրումները, զգացումները, իտէալները, երբ կամաց-կամաց մեր արժէքները, լեզուի, գրականութեան, պատմութեան արժէքները կը խամրին։
«Աշակերտներ, յատկապէս ձեզի՛ կ՚ուղղեմ խօսքս։ Օր մը Չըրչիլը, ամբողջ Անգլիոյ ներկայ դարու մեծագոյն մարդը, որ պատերազմներ ղեկավարեց, նոյնիսկ աշխարհը ժամանակ մը իր ազդեցութեամբը դրոշմեց, հետեւեալ տողերը գրեց իր կենսագրութեան հատորին մէջ.- Եթէ անգլիացի ուսանող մը Լատիներէնի մէջ տկար ըլլայ, կամ բնագիտութեան կամ բնալուծութեան մէջ տկար մնայ, ես այնքան չեմ նեղուիր։ Բայց խարազանը կ՚առնեմ, կը խարազանեմ մտրակով այն անգլիացին, որ անգլերէնի մէջ տկար կը մնայ։
«Չըրչիլի կենսագիրները կ՚ըսեն, թէ անգլերէն լեզուի ամենէն գեղեցիկ արտայայտութիւններէն մէ՛կն է իր գրականութիւնը։ Քաղաքական մարդ, վարչապետ եւ սակայն իր ազգի հոգին իր ազգի լեզուին մէջ կը տեսնէ…։
«Հետեւաբար, սիրելի՛ աշակերտներ, միաբան եղբայրներ, ուսուցիչներ, երբ դասարան կը մտնենք եւ կը սկսինք հայերէն լեզուն սորվիլ, ատիկա նկատենք մե՛րը եւ այնքա՛ն մերը, որ եթէ երբեք լաւ չսորվինք՝ մենք պակաս զգանք ինքզինքնիս։ Այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր ես յաճախ պտըտեցայ, տեսայ որ շատ բաներու մէջ հայը կը զարգանայ. տնտեսութեա՞ն մէջ, գիտութեա՞ն մէջ, արուեստի՞ մէջ։ Այո՛։ Նահանջողը մեր հայոց լեզուն է, հայ մշակոյթն է։ Նահանջողը հայոց արժէքներու իմացումն է մեր նոր սերունդին մօտ։ Եթէ հայը մակընթացութեան մէջ է աշխարհի՛ն հետ. տեղատուութեան մէջ է իր անցեալին հետ. իր ոգիին հետ, իր ինքնութիւնը կառուցող էատարրերուն մէջ…»։
Գարեգին Ա. Կաթողիկոս իր «Խորհէ՛ Եւ Մտիր…» գիրքին մէջ կ՚անդրադառնայ նաեւ քահանայութեան՝ ընդհանրապէս եկեղեցակութեան եւ կը խօսի հոգեւորականներու մասին։
Ահաւասիկ, հատուածներ՝ ուր կը վերլուծ-ւի եկեղեցականութիւնը եւ եկեղեցականը։
«… Աստուծոյ անունով բաժնել մարդոց վիշտը, հասնիլ մարդոց կարիքներուն, տառապանքներուն, տառապիլ անոնց տառապանքներովը. ա՛յս է գերագոյն երջանկութիւնը։
«Քահանայութիւնը, Աստուծոյ նուիրումը, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ինքնամոռացութիւն, իբրեւ անհատ, այսինչ այսինչեան մարդ, եւ ինքնընծայում Աստուծոյ եւ Իր ժողովուրդին։ Իսկ հայ քահանայութեան պարագային, դեռ աւելին՝ ծառայութիւն հայոց ազգին, հայոց մշակոյթին, զանոնք նկատելով իբրեւ գերագոյն սրբութիւն, բարձրագոյն արժէք եւ անձը անոնց ծառայութեան մէջ միայն ըմբռնելով իբրեւ արժէքաւոր գոյութին։
«Ընթացիկ մտայնութիւն մը դարձած է այն մտածելակերպը, որով եկեղեցականութիւնը կ՚ըմբռնուի որպէս հեշտ կեանք, դիւրակեցութեան, յարգանքի, պատիւի եւ փառքի տուեալներով կարծես դրասանգուած։ (դրասանգ=դրան վրայ կախուած ծաղկէ զարդ. «feston»)։
«Բայց Աւետարանը վկայ՝ եկեղեցականութեան երկնատիպ օրինակին եւ առաջնորդին կեանքին պատկերը այլ երեւոյթ կը պարզէ մեր աչքերուն դիմաց։ Քրիստոսի փառքը խաչի խորհուրդով է սնուցուած եւ կենսաւորուած։ Մեր եկեղեցւոյ ռահվիրայ դէմքերուն պատմութիւնը վկայ՝ հայ եկեղեցականին կեանքին ու գործին մեծութիւնը տառապանքի յանձնառումին մէջ ունի իր աղբիւրը՝ Խոր Վիրապին մէջ տառապած Լուսաւորչին արցունքին մէջ, Գողթն գաւառի քարանձաւներուն մէջ ճգնած Մեսրոպ Մաշտոցի աղիքներու գալարումին մէջ, Ղեւոնդ Երէցի չարչարալից նահատակութեան մէջ, Մովսէս Խորենացիի հալածանքին մէջ, Գրիգոր Նարեկացիի -հերետիկոս-ութեան մեղքով անտեսուած եւ մերժուած ըլլալու դառնութեան մէջ եւ դեռ այսպէս անհամար սուրբերու եւ մարտիրոսներու տառապախառն բայց հրճուալից արեամբ կամ կենդանի նահատակութեան մէջ…։
«Մեզի համար որքա՜ն քաղցր է անշուշտ այսօր տեսնել զիրենք պայծառազարդուած այս զգեստներուն մէջ։ Կը յիշենք թէ ինչպէ՛ս այս խորանին առջեւ անոնք իրենց շրթունքները բացին կարդալով -Խոնարհեցո-ն եւ -Ապրեցո-ն…։
«… Ո՞ւր է գաղտնիքը հրաշագործ կեր-պարանափոխութեան։ Ի՞նչ է գաղտնիքը, ուրեմն, կապար կապած զգայարանքները պատռող զօրութեան այդ պարզ մարդերուն՝ որով անոնք հասան իրենց անձնաւորութեան ներքին անտեսանելի եւ անշօշափելի զգայարանքին…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 23, 2017, Իսթանպուլ