ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՏՄ-Ի ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀՆԵՐ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի կառավարութիւններուն միջեւ թեքնիկ աջակցութեան վերաբերեալ համաձայնագրի մը նախագիծը պատրաստուած է՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամակցութեան գործընթացի շրջանակներէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի կառավարութիւնը այս առաւօտ հաւանութիւն տուաւ սոյն նախագծին։ Կը նախատեսուի, որ Ռուսաստան 47 միլիոն ամերիկեան տոլար եւ 130 միլիոն ռուբլի անհատոյց օժանդակութիւն տրամադրէ Հայաստանին։
ԵՏՄ-ին եւ անոր յարակից Մաքսային միութեան ու միասնական տնտեսական տարածքին միանալու ուղղեալ ճանապարհային քարտէսով նախատեսուած են վեց ուղղութիւններ, որոնց միջոցառումներուն իրականացման նպատակով Հայաստան ակնկալած էր իրեն դրամաշնորհային միջոցներու տրամադրուիլը։