ՕՀԱՆԵԱՆ ՎՍՏԱՀԵՑՈՒՑ, ԹԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀՍԿԵՆ ՍԱՀՄԱՆԸ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ սահմանի վրայ լարուածութիւն ստեղծելու միջոցաւ Ատրպէյճան կը փորձէ լուծել քանի մը խնդիր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սէյրան Օհանեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ լրագրողներ իրեն հարց տուին, թէ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամակցիլը որքանո՞վ նպաստած է Հայաստանի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման։ Ի պատասխան նախարարը ըսաւ, թէ Հայաստան կը դիմագրաւէ թէ՛ քաղաքական եւ թէ տնտեսական նշանակութեամբ խնդիրներ։ Անկարելի է, որ Հայաստանի ԵՏՄ-ի անդամակցութեամբ այդ բոլոր խնդիրներու լուծումը ակնկալուի միանգամայն։ Միեւնոյն ժամանակ, նախարարին համոզմամբ, ԵՏՄ-ին չանդամակցիլը, համապատասխան համագործակցութիւն չունենալը Հայաստանի ռազմավարական գործընկեր Ռուսաստանի հետ, պիտի նշանակէր չմտածել ապագայի մասին։ Արդարեւ, Ռուսաստան կը հանդիսանայ Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւորներէն մին, յատկապէս Թուրքիոյ առումով։ «Ատրպէյճանի կողմէ սպառնալիքներու առումով Հայաստան խնդիր չունի անվտանգութիւնը ապահովելու հարցին մէջ, իսկ Ռուսաստան անվտանգութեան առումով կլոպալ աջակցութիւն ցոյց կու տայ Հայաստանին», ըսաւ նախարարը։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան վստահեցուց, թէ Հայաստանի զինեալ ուժերն ու Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը իրավիճակը լիովին կը վերահսկեն սահմանին ու շփման գծին երկայնքով։ Ըստ իրեն, չկայ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած որեւէ գործողութիւն, որուն դէմ հայկական կողմը համարժէք պատասխան տուած չըլլայ։
Սէյրան Օհանեան մատնանշեց, որ ներկայիս անհրաժեշտութիւն չկայ անընդհատ անդրադառնալու առաջնագծի կացութեան, որովհետեւ հայկական բանակը ինքնուրոյն ի վիճակի է իր առջեւ դրուած խնդիրները լուծելու։ Միեւնոյն ժամանակ ան մտահոգիչ համարեց Ատրպէյճանի սպառազինութեան աւելացումը։ Վերջին տասն տարիներուն ընթացքին Ատրպէյճան զգալիօրէն բարձրացուցած է իր սպառազինութեան քանակութիւնը։ Հարեւան երկրին մօտ կատարուածները, անկասկած, կը գտնուին հայկական զինեալ ուժերու վերահսկողութեան ներքեւ։ Սէյրան Օհանեանի խօսքով, Ատրպէյճանի սպառազինութեան քանակի տուեալները մտահոգութիւն կը պատճառեն հայկական կողմին, բայց նաեւ հայկական կողմը տեղեկութիւն ունի, թէ ժամանակ պէտք է, որպէսզի Ատրպէյճան կարենայ այդ սպառազինութիւնը կարգի բերել։
«Բազմիցս ըսուած է, որ իւրաքանչիւր երկրի կողմէ մեր հարեւանին վաճառուող սպառազինութիւնը մեզի կը մտահոգէ եւ այս ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանք կը տարուի։ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը այդպէս իր տեղը չէ նստած», ըսաւ Սէյրան Օհանեան եւ աւելցուց, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժայի Երեւան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին եւս շօշափուած են այս հարցերը։ Հայկական կողմը օրակարգի վրայ բերած է Ռուսաստանի կողմէ Ատրպէյճանի համար զէնքի վաճառման վերաբերեալ մտահոգութիւնը։
Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Արցախի ճակատին վրայ առաջնագծի իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Արցախի բաղդատմամբ կացութիւնը յարաբերաբար աւելի հանգիստ է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։