ՀԱՄԱՏԵՂ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Փե­քին, ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սի Ծին­փի­նի կող­մէ։ Զինուո­րա­կան պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղա­կար­գով Սերժ Սարգ­սեան դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Փե­քի­նի մէջ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու նա­խա­գահ­նե­րու հան­դի­պու­մէն վերջ, պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին Սերժ Սարգ­սեան եւ Սի Ծին­փին ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­տեղ հռչա­կա­գիր մը։ Հա­յաս­տա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի բա­րե­կա­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ զար­գաց­ման եւ խո­րաց­ման ուղ­ղեալ այս հռչա­կագ­րով անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ կող­մե­րու հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գի գրե­թէ բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րուն։ Նա­խա­գահ­նե­րու կող­մէ ստո­րագ­րուած հռչա­կագ­րին մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։ Այս­պէս, չի­նա­կան կող­մը հան­դէս կու գայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ եւ ար­դար կար­գա­ւոր­ման ի նպաստ՝ ՄԱԿ-ի Կա­նո­նադ­րու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րուն եւ սկզբունք­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի հա­մընդ­հա­նուր ճա­նա­չում գտած չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան։ Նա­խա­գահ­նե­րը հա­մո­զուած են, որ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը եւ ստո­րագ­րուած փաս­տա­թուղ­թե­րը նոր թափ պի­տի հա­ղոր­դեն հայ-չի­նա­կան բա­րե­կա­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ զար­գաց­ման ու խո­րաց­ման, պի­տի ծա­ռա­յեն եր­կու եր­կիր­նե­րու ա­ւան­դա­կան բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման, ինչ­պէս նաեւ պի­տի նպաս­տեն եր­կու եր­կիր­նե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մա­տեղ զար­գաց­ման ու բար­գա­ւաճ­ման։ Սերժ Սարգ­սեան հրա­ւէր ուղ­ղեց, որ­պէս­զի իր պաշ­տօ­նա­կի­ցը այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Սի Ծին­փին հա­ճոյ­քով ու ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ըն­դու­նեց այս հրա­ւէ­րը։ Սոյն այ­ցե­լու­թեան ժամ­կէ­տը պի­տի յստա­կե­ցուի դի­ւա­նա­գի­տա­կան մի­ջոց­նե­րով։

Բա­ցի այս հռչա­կագ­րէն Ե­րե­ւա­նի եւ Փե­քի­նի մի­ջեւ ե­րէկ ստո­րագ­րուե­ցան շարք մը պայ­մա­նագ­րեր, հա­մա­ձայ­նագ­րեր եւ յու­շագ­րեր, ո­րոնք ուղ­ղուած են երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման՝ ա­մե­նա­տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։ Սերժ Սարգսեան Սի Ծին­փի­նի կող­մէ ըն­դու­նուե­ցաւ Չի­նաս­տա­նի Ժո­ղովր­դա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու պա­լա­տին մէջ։ Ե­րե­կո­յեան, չի­նա­ցի ղե­կա­վա­րը պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք մըն ալ կազ­մա­կեր­պեց ի պա­տիւ իր հայ պաշ­տօ­նակ­ցին։ Միւս կող­մէ, «Ար­մէնփ­րէս» գործա­կա­լութեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Չի­նաս­տան հե­տաքրք­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ կա­ռու­ցու­մը նա­խա­տե­սուած եր­կա­թու­ղիի ծրագ­րին նկատ­մամբ։ Ե­րե­ւա­նի «Չի­նա­կան կեդ­րոն»ի տնօ­րէ­նու­հի Ի­զա­պե­լա Մու­րա­տեան հա­մո­զուած է, թէ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պէտք է ա­պա­հո­վեն չի­նա­կան կող­մի այդ հե­տաքրք­րութեան ներ­գոր­ծու­թեան վե­րա­ծուի­լը, ինչ որ մե­ծա­պէս պի­տի խթա­նէ այս եր­կա­թու­ղիի շի­նա­րա­րու­թեան սկիզ­բը։ Ըստ ի­րեն, երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու սրըն­թաց զար­գա­ցու­մը պի­տի նպաս­տէ Հա­յաս­տա­նէ ներս չի­նա­կան դրա­մա­տու­նե­րու բաց­ման։ Ար­դա­րեւ, Հա­յաս­տա­նի հա­րե­ւան­նե­րէն Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ար­դէն եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը գոր­ծեն չի­նա­կան դրա­մա­տու­նե­րը, ո­րոնք կը գան­ձատ­րեն զա­նա­զան նա­խա­գի­ծեր. օ­րի­նակ՝ ճա­նա­պարհ­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­ներ։ Որ­պէս օ­րի­նակ կեդրոնի տնօրէնուհի Ի­զա­պե­լա Մու­րա­տեան մատ­նան­շեց, թէ Ղա­զա­խիս­տա­նի մէջ ճա­նա­պարհ­նե­րու նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար Չի­նաս­տան նա­խա­տե­սած է յատ­կաց­նել ա­ւե­լի քան 14 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լար։

Մաս­նա­գէտ­ներ ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րեն այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ Չի­նաս­տան սկսած է փո­խել մի­ջազ­գա­յին ա­ռեւ­տու­րի հիմ­նա­կան հոս­քե­րուն ուղ­ղու­թիւ­նը։ Հա­յաս­տան պէտք է հա­շուի առ­նէ այդ կա­րե­ւոր ե­րե­ւոյ­թը, որ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն պի­տի անդ­րա­դառ­նայ ա­նոր գտնուած տա­րած­քաշր­ջա­նին վրայ։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2015