«ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉ»ՆԵՐԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ» մրցանակաբաշխութիւնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, մայրավանքի համալիրէն ներս, «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆայեան» Հայորդեաց տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ, Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի համատեղ ջանքերով 2003 թուականէն ի վեր կ՚իրականացուի այս տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը, որու բարերարն է Սիլվա Տէր-Ստեփանեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ)։ Ծրագրի ծիրէն ներս կը պարգեւատրուին՝ հայոց պատմութեան, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, հայոց լեզուի եւ գրականութեան եւ այլ գիտական առարկաներու ուսուցիչներ եւ դասվարներ։ Երէկուան հանդիսութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան, նախարար Լեւոն Մկրտչեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի մշտական յանձնաժողովէն Ռուզաննա Մուրատեան։

Վեհափառ Հայրապետը եւ նախարար Լեւոն Մկրտչեան ելոյթներու աւարտին բաժնեցին կրթական մշակներու պարգեւները։ Մրցանակաբաշխութեան աւարտին արտայայտուեցաւ նաեւ այս տարուան դափնեկիրներէն Գոհար Հայրունի։

Յայտագիրը ունէր նաեւ գեղարուեստական բաժին մը, որու ծիրէն ներս Կիւմրիի Հայորդեաց տան երգչախումբը եւ «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆայեան» Հայորդեաց տան նուագախումբն ու պարախումբը հանդէս եկան կատարումներով։

Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի պատգամով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2017