ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐԹԱՇՐՋԱՆ
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութպեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները վաղը ժողով մը պիտի գումարեն Քիեւի մէջ։ Կազմակերպութեան նախարարաց խորհուրդի նիստին ընդառաջ տեղի կ՚ունենան աւագ պաշտօնեաներու հանդիպումները։ Վաղուան ժողովին պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Նախարարի ժամանման ընդառաջ Քիեւ մեկնած է նաեւ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։ Քիեւի մէջ վաղը Հայաստան պիտի ստանձնէ կազմակերպութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը՝ Ուքրայնայէն։
Եդուարդ Նալպանտեան վերջին օրերուն Աթէնք կատարած այցելութեան ընթացքին, նոյնպէս այս կազմակերպութեան անդամ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ ըսած է հետեւեալը. «Երկու օրէն պիտի մեկնիմ Քիեւ՝ ստանձնելու ՍԾՏՀԿ-ի նախագահութիւնը։ Հայաստանի նախագահութեան ընթացքին մենք պիտի ձեռնարկենք հնարաւոր բոլոր ջանքերուն, որպէսզի այս կազմակերպութիւնը լիարժէք ծառայէ անդամ երկիրներու միջեւ տարածքաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան խթանման իր նպատակներուն։ Մեր խորին համոզմամբ՝ անոնք, որոնք կը չարաշահեն այս հարթակը իրենց նեղ քաղաքական նպատակները տնտեսական համագործակցութեան հաշուոյն յառաջ տանելու համար, ոչ միայն կը հակասեն կազմակերպութեան նպատակներուն, այլեւ տարածքաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան զարգացման համար չունին իսկական շահագրգռութիւն։ Եւ անոնք, որոնք հաւատարիմ կը մնան ՍԾՏՀԿ-ի նպատակներուն՝ ինչպէս Հայաստան եւ Յունաստան, պէտք է ձգտին պահպանել այս կազմակերպութեան բացառապէս տնտեսական եւ ապաքաղաքական բնոյթը»։
Հարկ է յիշեցնել, որ ՍԾՏՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի վերջերս տեղի ունեցած նիստին ժամանակ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը հանդէս եկած էր քաղաքական շահարկումներով։ Որպէս բողոք՝ հայկական պատուիրակութիւնը լքած էր ժողովասրահը։
Հայաստան ՍԾՏՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը պիտի վարէ վեց ամսուան ժամկէտով։ Այդ ընթացքին, խիստ հաւանաբար դէպի պաշտօնավարութեան ժամկէտի աւարտը, Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպուի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հերթական ժողովը։ Շրջանային նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ վերջ պիտի հրապարակուին հայկական նախագահութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւնները։ Հայաստան ցայսօր մէկէ աւելի անգամներ վարած է այս կազմակերպութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը։ Ինչպէս ծանօթ է, ՍԾՏՀԿ-ի միջազգային քարտուղարութիւնը կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ Իբր այդ, միջազգային քարտուղարութեան հիւրընկալ երկրին՝ Թուրքիոյ մէջ Հայաստան ունի մշտական ներկայացուցչութիւն մը։