ՆԱՐԻՆԷ ԹՈՒԽԻԿԵԱՆ. «ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԸ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆ Է»
Նարինէ Թուխիկեանը, ոչ միայն Երեւանի Թումանեան տուն-թանգարանի տնօրէնուհին է, այլ նաեւ Հայաստանի բազմերանգ մշակութային կեանքին քաջածանօթ անձնաւորութիւն մը: Վերջին ամիսներուն Հայաստանի լրատուական դաշտին մօտէն հետեւողներուն համար Նարինէ Թուխիկեանի անունը դարձաւ յաճախակիօրէն հնչող եւ երեւցող անուն մը:
Շարժառիթը 1937 թուականի տխրահռչակ դէպքերուն նուիրուած ցուցահանդէսի մը հարցն է, որ ցայսօր ալ անյայտ պատճառներով առկախուեցաւ:
Աւելի ուշ Նարինէ Թուխիկեան հաւատարիմ մնալով իր ընկալումներուն, վերակազմակերպեց «Խաւարում» խորագրեալ ցուցահանդէսը եւ բացի Երեւանէն, ան կը ցուցադրուի Կիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ:
Ուշագրաւ է, որ Նարինէ Թուխիկեան, որ վերջին տասը տարիներուն կը վարէ Թումանեանի տուն-թանգարանը, իր պարտականութիւնները կատարողի գոհունակութեամբ գործող եւ ապրող գործիչ մը չէ, այլ աւելին: Ան լաւ գիտէ Հայաստանի մշակութային կեանքին ամենատարբեր մանրամասնութիւնները, մօտէն կը ճանչնայ մշակոյթի ոլորտին մէջ անուանի անուններն ու դէպքերը ու այդ ծանօթութիւն-կապը հիմք ընդունելով կը փորձէ զարկ տալ մշակութային գործունէութեան մը, որ սկիզբ կ՚առնէ Թումանեան փողոցին վրայ գտնուող վեհանիստ թանգարանին մէջ եւ կը տարածուի Երեւանի ու ապա ամբողջ Հայաստանի մէջ:
Եթէ քննական ակնոցով նայինք, մեզի համար ալ յստակ պիտի դառնայ, որ այսօր գործող հրապարակի վրայ գտնուող մշակութային գործիչներէն կը պահանջուի շատ բան ու ամենակարեւորը աշխատանքներու համադրումն ու կապեր ստեղծելու միջոցաւ առաւելագոյն չափով թարմ ուռերու, նոր անուններու, կարող դէմքերու տըւ-եալ գործին մէջ ներգրաւումը:
Ու առանց հեռու երթալու յստակ կը դառնայ, որ Նարինէ Թուխիկեան անոնցմէ մին է, որ կը հասկնայ մեր մշակութային կեանքի պիտանի տուեալները ու հոնկէ ընթացք առնելով է նաեւ, որ կը փորձէ յառաջ երթալ ու յաջողութեամբ պսակել տուեալ գործ մը:
Այսօրուան աշխարհին մէջ շատ կենսական ու կարեւոր հանգամանք ստացած է այն, որ մշակոյթի ոլորտին մէջ իր ստորագրութիւնը թողել փորձող անձը չըլլայ «փղոսկրեայ աշտարակ»ներու բնակիչ: Այս կ՚ըսենք, որովհետեւ մեր հեռու եւ մօտ շրջապատին մէջ ալ կը կարծեն ու կը հաւատան, որ որեւէ մասնագիտական ոլորտի մէջ գործող անձնաւորութիւն պէտք է ապրի եւ շարժի յատուկ մօտեցումով մը, յաճախ պատ շարելով իր եւ հանրութեան միջեւ ու այդպէսով կարծելով, որ իր վարմունքն ու պահուածքը լաւագոյնս պիտի ծառայեն իր «մեծ» կամ «կարեւոր» մէկը ըլլալու դրոյթին: Բայց իրականութեան մէջ, ահա այդպիսի մարդոց գոյութեան պատճառով է, որ կը տուժէ մեր մշակութային կեանքը:
Այս չի նշանակեր, որ գործիչը, այս պարագային մշակութային գործիչը պիտի չունենայ իր սեփական-անձնական կեանքը, բայց եւ այնպէս ան պարտաւոր է ամէնուն համար «հասանելի», հասկնալի, պարզ ու դիւրահաղորդ մէկը ըլլալ:
Ու դրական է նաեւ, որ Նարինէ Թուխիկեանը այդպիսի կերպար մըն է:
Հաւատալով անոր ձայնի, «տեսակ»ի, գործելաոճի եւ ըսելիքի կարեւորութեան՝ յաջողեցանք Թուխիկեանի հետ կատարել հարցազրոյց մը, որու ընթացքին բացի յայտնի ցուցահանդէսի օրակարգէն, զրուցեցինք մերօրեայ մշակութային կեանքի հիմնախնդիրներու եւ այսօր Հայաստանի մշակութային կեանքը յուզող տարբեր երեսակներու շուրջ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ ծաւալուն եւ բաւական շահեկան հարցազրոյցի երեք մասերէ բաղկացող առաջին նիւթը:
*
-Տիկին Թուխիկեան, ե՞րբ ստանձնեցիք այս պատմական թանգարանի տնօրէնի պաշտօնը։ Գիտէք Թումանեանը մեծ արժէք է ո՛չ միայն արեւելահայութեան, այլ նաեւ՝ ողջ հայութեան համար: Որովհետեւ իր մեծ սիրտը եւ ոգեղէն ներկայութիւնը, նախ որպէս մարդ, ապա՝ որպէս մեծ գրող, շատ մեծ արժէք կը ներկայացնէ:
-Տասը տարի առաջ էր, որ այս գործը վստահուեցաւ ինծի, եւ շատ ճիշդ կ՚ըսէք, որ Թումանեանը միայն արեւելահայութեան մեծութիւնը չէ եւ այս խօսքին հիմնական ապացոյցը, 1914 թուականին իր ողջութեանը դէպի պատմական Հայաստան, կատարած առաջին այցելութիւնն է: Ան Վան քաղաքին մէջ մեծ ընդունելութեան արժանած է, նոյնիսկ այդ պատերազմական շրջանին, եւ ժողովուրդը ծաղիկներ փռած է Թումանեանի ոտքերուն տակ: Թումանեան երկու անգամ գտնուած է պատմական Հայաստան եւ յատկապէս անոր «Սասունցի Դաւիթ» գործը մեծ ընդունելութիւն գտած է Վանի մէջ ու անով ոգեւորուած՝ ժողովուրդը զինք գրկաբաց ընդունած է:
-Այսինքն Թումանեան արդէն ծանօթ անուն էր պատմական Հայաստանի համար:
-Այո՛, յատկապէս ու մանաւանդ Սասունցի Դաւիթի կերպարի իր մատուցումով: Թումանեան համահայկական եւ համամարդկային էր, եւ մենք պէտք է ժամանակին այնքան խելացի, խելամիտ ու շրջահայեաց ըլլայինք եւ թարգ-մանէինք, բարձրարժէք թարգմանութիւններ ունենայինք եւ օտարներուն ներկայացնէինք այս ստեղծագործութիւնը: Վերադառնալով թանգարանին՝ ըսեմ, որ այն կը գործէ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ, այսինքն թանգարանը պետական հիմնարկ է: Ստեղծուած է Սովետական Միութեան տարիներուն եւ բացումը կատարուած է 1953 թուականին: Թէպէտ սովետական տարիներ էին, բայց, բարեբախտաբար, ունէինք ազգային մտածողութեամբ օժտուած ղեկավարներ, որոնք ջանք չեն խնայած այս թանգարանը կառուցելու, անշուշտ Թումանեանի ընտանիքի համաձայնութեամբ: Այնուհետեւ թումանեանական հարստութիւնը՝ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ նիւթական (տան կահ-կարասիներ եւ այլն) Թիֆլիզէն Երեւան տեղափոխուեցան: Շէնքին երկրորդ յարկը վերակառուցուեցաւ Թումանեանի Թիֆլիզի վերջին բնակարանի ձեւով եւ ներկայիս ամէն բան ճիշդ նոյնութեամբ է: Այդ առթիւ ճարտարապետներ Երեւանէն Թիֆլիզ գացին ու Թումանեանի տան պայմաններուն ծանօթանալէ եւ անհրաժեշտ չափագրութիւնները ընելէ ետք նոյն չափերով կերտեցին անոր տուն-թանգարանի սենեակները: Այստեղ պէտք է նշել, որ Թումանեանի կինն ու դուստրերը մեծապէս օժանդակած են այս բոլորը իրականացնելու համար:
-Ինչո՞ւ թանգարանը այս փողոցի վրայ կառուցուած է:
-Ճիշդն ըսելու համար այս փողոցը, որ հիմա Թումանեան կը կոչուի, երեք փողոցներու անկիւնային փողոց մըն է: Նախքան՝ ուրիշ անուն ունեցած է փողոցը, սակայն վերջը կոչուած Թումանեան դարձած է: Ես կը կարծեմ, որ քաղաքի այս հատուածին վրայ թանգարանը կառուցելու մտադրութիւնը ճարտարապետական մտայղացում էր: Այսինքն թանգարանը պիտի ըլլար բարձունքի վրայ, ինչպէս Մատենադարանը, այսինքն շատ գեղեցիկ դիրքի մը վրայ, սիւնազարդ եւ հայող քաղաքի կեդրոնական մասին:
-Բայց Թումանեան այս շրջանին մէջ չէ ապրած, այնպէս չէ՞:
-Այո, Թումանեան այստեղ երկար ժամանակով չէ ապրած, բայց կարճ ատենով գտնուած է Երեւանի մէջ:
-50-60 տարուան կեանք ունի այս շէնքը. յատկանշական համալրումներ կատարուա՞ծ են:
-Նախ, որ իր ընտանիքը պարբերաբար իր մօտ պահուող նիւթերը տրամադրած է, կամ այլ ճանապարհներով յանձնած է պետութեան եւ բնականաբար՝ թանգարանին: Նաեւ մենք մինչեւ այսօր ձեռքբերումներ կ՚ունենանք իր անձնական գրադարանի գիրքերէն, որոնց մէջ իր մակագրութիւնները կան, ինքնագրերը կան: Անոնք շատ արժէքաւոր եւ կարեւոր մասունքներ են:
-Իսկ ինչ կը վերաբերի անցեալի այս թանգարանի ունեցուածքին եւ ներկայիս։ Կրնա՞նք ըսել որ շատ աւելի հարստացած է իր կառուցման օրէն ի վեր:
-Հազիւ թէ, աւելի շատ ձեռագիրներու առումով, կահ-կարասիի առումով գրեթէ ոչ: Որովհետեւ ընտանիքը մեծ էր եւ ընտանիքի անդամները՝ ամէն մէկը մասունք մը պահած էր իր մօտ եւ անոնց մէջէն որոշ բաներ վերադարձուած են թանգարանին, իսկ միւսները տակաւին կը գտնուին իրենց մօտ: Այնպէս որ համալրման գործողութիւնը տակաւին կը շարունակուի, այսինքն դեռ կան իրեր, որոնք ընտանիքին մօտ են: Վաղ թէ ուշ այդ իրերը կա՛մ կ՚երթան Դսեղ՝ Թումանեանի տուն-թանգարան, կամ՝ մեզի կը յանձնուին:
-Դսեղի տուն-թանգարանին հետ աշխոյժ կապ ունի՞ք:
-Իրաւական առումով՝ ոչ, բայց բարոյական եւ հոգեւոր առումով՝ անշուշտ: Որովհետեւ Դսեղի տուն-թանգարանը «Գրականութեան եւ արուեստի թանգարան»ին մասնաճիւղն է, բայց մենք շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունինք անոնց հետ եւ յաճախ կը համագործակցինք:
-Ձեզմէ պիտի ուզէինք լսել թանգարանի այցելուներուն մասին: Ուրկէ՞ են ընդհանրապէս եւ ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով:
-Ունինք այցելուներ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքէն: Վերջին տարիներուն Պոլիսէն ալ շատ մը հայրենակիցներ կու գան եւ այս մէկը շատ ուրախալի երեոյթ է: Մեծ թիւով այցելուներ ալ կ՚ունենանք սփիւռքի տարբեր գաղութներէն, մենք կը դասակարգենք մեր հիւրերու ցուցակը ու անոնց եկած քաղաքներէն բացի կը նշենք նաեւ, որ ի՛նչ գիտեն Թումանեանի մասին: Գաղտնիք չէ, որ աշխարհով մէկ տարածուած հայ վարժարաններուն մէջ սկսեալ նախակրթարանէն երեխաներուն կը սորվեցնեն Թումանեանի եւ անոր ստեղծագործութիւններու մասին: Այս երեւոյթը չափազանց ուրախալի է: Անկախ այն բանէն, որ անոնք հայերէն կը խօսին կամ ոչ, Թումանեանի մօտ կու գան, Թումանեանը կը կանչէ...
-Տիկին Թուխիկեան շատ խօսուած է Հայաստանի գործող թանգարաններու իրավիճակին մասին: Տակաւին կայ մօտեցում, որուն համաձայն մեր թանգարաններէն շատերը կը գտնուին «մեռելային վիճակ»ի մը մէջ: Ինչքանով ճիշդ է այդ մօտեցումը, եւ ինչ կ՚ուզէք ըսել այդ մասին:
-Միշտ այդ կարծրատիպը կար, թէ թանգարանը «մեռած» վայր է, ուր շատ ալ հետաքրքրական չէ գտնուիլը, կամ ուր ընդունելութիւնը բարեհամբոյր չէ եւ ուր «յոգնած» մարդիկ կ՚աշխատին, դժգոհ են, քիչ աշխատավարձ կը ստանան եւ այլն: Բայց այդ կարծրատիպը անմիջապէս փոխուեցաւ, քանի որ, երբ դուն նպատակ կը ձեւակերպես եւ խնդիրներ յառաջ կը քաշես, կը հասնիս նպատակներուդ: Մեր նպատակը շատ կենսունակ, աշխոյժ, շատ ուրախ եւ հաճելի միջավայր մը ստեղծելն էր: Բայց այդ չի նշանակեր, որ այդ իրականացուած է կամ կ՚իրականացուի գիտական ուսումնասիրութիւններու հաշւոյն: Թանգարանը բազմաշերտ է՝ կայ գիտական բաժին, ուր ակադեմական աշխատանքներ կ՚իրականացաուին եւ ունինք այցելուներու հետ շփում ունեցող աշխատակիցներ, որոնք աւելի ճկուն են ու ամէն անգամ կը մտածեն, թէ ինչպէս հրապուրեն այցելուները, որպէսզի մեզի մէկ անգամ այցելողը կրկին եւ կրկին ուզէ այցելել: Հաւատացէք, որ մեր մօտ այդպէս ալ եղաւ, որովհետեւ մարդիկ գիտեն, թէ եթէ յառաջիկայ տարի կրկին այցելեն մեր թանգարանը նորութիւն մը եւս պիտի աւելնայ իրենց գիտելիքներուն վրայ: Մենք նաեւ կը փորձենք քայլ պահել ճարտարարուեստական արդի միջոցներու հետ ու այդ բոլորը ծառայեցնել, որպէսզի մեր թանգարանը դառնայ աւելի հրապուրիչ: Այսինքն անընդհատ պէտք է մը-տածել՝ ինչպէս օգտուիլ թուային աշխարհի նորութիւններէն, որովհետեւ աշխարհը կ՚ընթանայ արագ քայլերով եւ դուն չես կրնար ընդվզիլ անոր դէմ: Ուրեմն պէտք է համակերպիլ ու տեսնել, թէ ո՛ւր է քու տեղդ այս նոր իրավիճակին մէջ: Ես կը հաւատամ, թէ մենք մեր տեղը գտած ենք, մեր այցելուներու թիւը կրկնապատկուած է եւ մատուցման եղանակի եւ ճարտարարուեստի բերած նորութիւններուն շնորհիւ: Այսօր երիտասարդութիւնը կը մեղադրուի, որ գիրք չի կարդար, բան մը որ ճիշդ չէ: Երիտասարդութիւնը կը փափաքի, որ մենք իրենց լեզուն հասկնանք եւ իրենց լեզուով խօսինք: Մեր նպատակը գիտելիքը հաղորդելն է: Մենք կը փորձենք մատուցել աւելի հաճելի եւ ընկալելի ձեւով:
-Մշակութային միջոցառումներ տեղի կ՚ունենան թանգարանին մէջ:
-Անշուշտ կը կատարուին՝ եւ հիմա շատ արդիական է կրթութեան ոլորտ ալ թանգարաններ տեղափոխելը: Այսինքն՝ թանգարանային միջավայրը ինչպէս կարելի է կրթական միջավայր դարձնել, ընդ որում, կրթութիւն ոչ միայն երեխաներու համար, այլ նաեւ՝ մեծահասակներու համար: Թանգարանը նաեւ միջավայր ստեղծելու, միտքերու փոխանակման վայր մըն է, որուն մասնակիցները պէտք է որոշ գիտելիքներ ունենան, ընթերցեն ու ճանչնան, որպէսզի հաճոյք ստանան: Եւ անկեղծ ըսելու համար այս մէկը Թումանեանի մեթոտն է:
Կրթական առումով Թումանեան երբեք մանկավարժութեամբ չէ զբաղած: Անգամ մը իր բարեկամուհիներէն մէկը՝ իշխանուհի Մարիամը իրմէ խնդրած է, որ իր զաւակներուն հայերէն ուսուցանէ, սակայն վերջը հրաժարած է, ըսելով, թէ Թումանեան մեթոտ չունի: Բայց Թումանեան մանկավարժական առումով, հրաշալի մեթոտաբանութիւն ունէր եւ նոյնը կրնանք ըսել նաեւ Կոմիտասի համար՝ անոնց մեթոտը խաղն էր, խաղով սորվեցնել:
Խաղը ամենաճիշդ ձեւն է, որուն շնորհիւ կարելի է նոյնիսկ ամենաբարդ բաներու մասին խօսիլ: 1915-ին Թումանեան իր երեխաներուն համար ինը մտային սեղանի խաղեր ստեղծեց եւ բոլորը՝ հայրենագիտական:
Երբ ինք այցելած էր պատմական Հայաստան, ապշած էր տեղւոյն գեղեցկութեամբ: Այդ մասին նամակներ ունի Վանէն եւ ապշած էր պարզապէս՝ ըսելով, թէ ինք այդքան ընթերցասէր ըլլալով տեղեակ չէր այդ բոլորէն ու մեղադրած էր ինքզինք եւ ըսած էր, թէ երբ վերադառնայ եւ ամէն ինչ հանդարտի, այնպէս պիտի ընէ, որ երեխաները եւ նոյնիսկ մեծերը ծանօթանան գոնէ գետերուն, լիճերուն, լեռներուն, քաղաքներուն, այսինքն՝ պատմական Հայաստանին: Ան իր խոստումը կատարեց, նոյնիսկ չսպասեց, որ խաղաղի իրավիճակը: Երբ ամենասոսկալի ժամանակաշրջանը կ՚ապրէր մեր ազգը, ստեղծեց այդ խաղերը՝ հայոց գետերու խաղ, հայկական առածներ, հայկական հանելուկներու խաղ, աստղերու խաղ, գոյներու խաղ եւ այլն: Հետաքրքրական էր, որ այդ ըրաւ, երբ պատմական Հայաստանէն վերադարձաւ 1915 թուականին: Նոյն թուականին նաեւ Էջմիածինի մէջ բացաւ որբանոց եւ հիւանդանոց՝ գաղթական որբուկներու համար եւ ստացաւ «Ամենայն հայոց որբերու հայրիկ» տիտղոսը: Այդ ժամանակ տեսաւ, որ թէպէտ այս երեխաները մազապուրծ կրցած են փրկուիլ մահէն, սակայն կեանք չկար անոնց մէջ: Ան ըսած էր, որ եթէ հոգեւոր առումով չգրկենք այս երեխաները՝ նոյն բանն է, մեռած են...: Եւ այս խաղերը նաեւ անոնց համար ստեղծեց: Օր մը դայեակներէն մէկը կը մօտենայ անոր դժգոհութեամբ, որովհետեւ այդ երեխաները սկսած էին չարանալ... Այն ատեն է, որ Թումանեան յուզուեցաւ եւ աչքերը լեցուեցան, ըսելով, թէ փառք Աստուծոյ, անոնք կեանքի վերադարձան...
-Ո՞վ էր Թումանեանը ձեզի համար երբ դարձաք այս թանգարանի տնօրէնը եւ ո՞վ է ան տասը տարի անց՝ այսօր:
-Տասը տարի առաջ ես զինքը, իբրեւ շատ մեծ գրող կը ճանչնայի, իսկ հիմա՝ կը ճանչնամ իբր մեծ մարդ: Ես չեմ կրնար հիմա մէկ բառով ըսել, թէ ո՞վ է Թումանեանը: Թումանեանը քաղաքացի է նախ, Թումանեանը հաւաքական կերպարն է մեր ինքնութեան: Իսկապէս, երբ միայն որպէս գրող ներկայացնենք զինք, փոքրացուցած կ՚ըլլանք, թէեւ ան հանճարեղ գրող է, սակայն միայն այդքանը չէ... Երբ ըսենք հասարակական գործիչ, նոյնպէս թերի է: Եթէ ըսենք փառահեղ հայրիկ տասը զաւակներու՝ կրկին չի բաւեր, հրաշալի ընկեր, քէֆ սիրող, չի բաւեր: Երբ ըսենք բժիշկ, որ իր զաւակները կը բժշկէր եւ Ամիրտովլաթ Ամասիացիի գիրքին շնորհիւ, դարձեալ թերի պիտի ըլլայ: Այսինքն Թումանեան ամբողջութիւն մըն է՝ թարգմանիչ, զինուոր եւ դիւանագէտ ու ամենակարեւորը՝ ամենավստահելի մարդ:
1906 կամ 1907 թուականներուն Թիֆ-լիզի մէջ պարսից հիւպատոսը իր ձեւաթուղթի վրայ նամակ կը գրէ Թումանեանին, խնդրելով օգնել ինչ որ պարսիկի մը, որմէ ձիերը գողցած էին եւ այդ ձիերը ինչ որ ձեւով հասած էին Դսեղ: Հիւպատոսը ոստիկանութեան չէր դիմած, ոչ ալ այլ մարդոց, միակ վստահելի մարդը, որուն հետ կրնար բանակցիլ, Թումանեանն էր:
Երբ հայ-թաթարական բախումները բորբոքեցան՝ 1905-1906 թուականներուն թաթարական կողմէն, միայն Թումանեանը կ՚ընդունէին բանակցութիւններու համար, որովհետեւ հարեւան գիւղերը գիտէին, թէ ան ազնիւ անձնաւորութիւն է:
Թումանեան, ճիշդ է, կ՚երթար սպիտակ դրօշով, իբրեւ խաղաղասէր, բայց նաեւ՝ ատրճանակը մէջքին կախած եւ զինուած խումբով: Նախ խաղաղութիւն կ՚առաջարկէր, սակայն կ՚ըսէր՝ եթէ խաղաղութիւն չէք ուզեր, կը պատերազմինք: Չմոռնանք նաեւ, որ իր նախնիները շատ հզօր զինուորականներ էին եւ սպայական կոչումներ ստացած են ռուսական կայսրութեան կողմէ, նոյնիսկ ազնուական տիտղոս ստացած են այդ կապակցութեամբ, եւ իբրեւ այդպիսին ստացած են կալուածներ: Թումանեան ժառանգած էր այդ յատկութիւնը եւ ան նոյնիսկ մատանիի մէջէն կրնար կրակել ճիշդ թիրախի մը: Այսինքն շատ լաւ դիպուկահար էր:
Չորս մանչ զաւակ ունէր Թումանեան եւ պատերազմի ժամանակ չորսն ալ կամաւոր ճակատ մեկնեցան: Արտաւազդը նահատակուեցաւ Վանի մէջ, 1918 թուականին՝ գաղթի ժամանակ, եւ այդ մէկը շատ մեծ հարուած էր Թումանեանի համար: Արտաւազդը Կարմիր խաչի մէջ կ՚աշխատէր՝ կը հաւաքէր որբերը Հայաստան ուղարկելու համար: Արտաւազդի մահը շատ ծանր տարաւ Թումանեան եւ երբեք չուզեց հաւատալ, թէ Արտաւազդ ա՛լ չկայ, որովհետեւ դիակը չկար: Ան մահուան մահիճին մէջ անգամ ընտանիքին ըսած է, թէ եթէ յանկարծ Արտաւազդը յայտնուի ողջ առողջ՝ ես այդտեղ՝ երկինքի մէջ ամենէն երջանիկը կ՚ըլլամ, իսկ եթէ անոր դիակը գտնէք, իմ կողքը թաղեցէք:
-Արտաւազդ իր անդրանի՞կ որդին էր:
-Ոչ, Մուշեղն էր անդրանիկը: Ան երկրորդ, շատ տաղանդաւոր նկարիչ որդին էր, որ նաեւ թատրերգութիւններ կը գրէր:
-Իսկ ինչ կը կարծէք, տարիներ ետք հայ ժողովուրդը կարողացաւ արժանին մատուցել Թումանեանին:
-Այս մէկը բարդ հարց է, որովհետեւ ժողովուրդին սէրը Թումանեանին հանդէպ զօրաւոր է, եւ այդ զգացումը շատ հարազատ ու ընկալելի է իւրաքանչիւր հայու համար, ո՛ւր որ ալ ապրի ան: Բայց նորէն կը կրկնեմ՝ ամբողջապէս չենք կրնար ճանչնալ եւ աւելի զգացական կ՚ընկալենք Թումանեանը: Եթէ փորձենք աւելի խորքային ձեւով հասկնալ, թէ ինչ ըսել կ՚ուզէր՝ մենք կը վերափոխուէինք եւ աւելի լաւ կ՚ըլլայինք՝ աւելի արդարամիտ, աւելի ազնիւ, աւելի բարի կ՚ըլլայինք: Ես կը կարծեմ, որ յուզական առումով իտէալական հաղորդակցութիւն կայ Թումանեանի եւ մեր միջեւ, բայց գիտակցական առումով տակաւին կայ շատ տեղ, որ Թումանեանի մօտեցումները մտնեն մեր մէջ ու մաքրեն մեր հոգին: Բարոյական դաշտի վրայ մենք ընելիք շատ ունինք, մենք լաւ չենք հասկցած զինք: Ոչ միայն գրականութիւնը, այլ նաեւ՝ իր ամբողջ ապրած կեանքը, իր փիլիսոփայութիւնը, իր մեծ մարդու տեսլականը...
-Ի՞նչ խնդիր ունի այսօր Հայաստանի մշակութային դաշտը: Յատ-կապէս, որ անկախութենէն ի վեր մենք աշխարհին կը ներկայանանք, որպէս մշակութային ազգ: Չունինք այդ մեծ հումքը, չունինք նաւթ, չունինք ծով, չունինք այնպիսի հզօր զէնք մը, որքան ունինք մշակոյթ՝ երաժշտութիւն, արուեստ, պար, նը-կարչութիւն եւ այլն: Ի՞նչ կը պակսի այսօր Հայաստանին: Ճիշդ է մեծ գործընթացներ կ՚իրականացուին, մշակութային կեանքը կը ծաղկի, սակայն «ինչ որ տեղ, ինչ որ բան պակասաւոր է»: Ես այստեղ վերափոխեցի Սարոյեանի մէկ խօսքը, իրավիճակին ճիշդ բնութագրումը կատարելու փորձով մը:
-Ճիշդ էք, ես կ՚ենթադրեմ, որ մշակութային ազգ ըլլալը՝ հազարամեայ պատմութեամբ, մեզ քիչ մը կը հան-գըստացնէ, մեզ շատ եսասէր կը դարձնէ՝ աւելի ճիշդը շատ մեծամիտ դարձած ենք... Մենք կը սպառենք այդ հազարամեայ մշակոյթը եւ գրեթէ նոր բան մը չենք տար. չենք տար, որովհետեւ մենք մշակութային առումով չենք ձեւակերպած մեր նպատակը, իբրեւ պետութիւն, ի՞նչ կ՚ուզենք, ո՞ւր կ՚ուզենք երթալ...
1913 թուականին Թումանեան թուղթի վրայ նախագիծ մը պատրաստած էր, թէ մշակութային առումով ինչպիսի՞ ընթացք պիտի ունենանք, ի՞նչ նպատակակէտ պէտք է ունենաք եւ յետոյ ան զարգացուց այդ ծրագիրը մինչեւ 1917 թը-ւականը: Հայկազեան ընկերութիւնը հիմնեց, ճիշդ հարիւր տարի առաջ եւ այդ Հայկազեան ընկերութեան նպատակներէն մէկը Հայկազեան անուան տակ, որ համահայկական անուն է ըստ էութեան՝ առանց կուսակցական պատկանելիութեան, հասկնալ, թէ ինչ է մեր մշակոյթը, մեր մշակութային գանձերու գոյքագրում ընել՝ աշխարհով մէկ սփռուած, վերլուծել, ստեղծել ակադեմիա, ստեղծել պատկերասրահ եւ այլն: 1917 թուականին արդէն ան ունէր մշակութային այդ ծրագիրը, բայց պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը խափանեց ամէն ինչ: Ան փորձեց մեր մշակութային արժէքներու հետքերը որոնել ու ճամբորդեց դէպի ռուսական կայսրութեան կեդրոն համարուող քաղաքներ, սակայն իրավիճակը ահաւոր էր եւ այդ գործը կիսատ մնաց: Թումանեան այդ ժամանակ ալ, երբ ազգային անկախ պետութիւն մը ստեղծելու խնդիրը տակաւին շատ հեռու երազ մը կը համարուէր, ինք կը զգար, թէ այդ երազը անպայման պիտի իրականանայ: Մեր խնդիրը այսօր ծրագիր չունենալն է:
Յետոյ մենք անընդհատ կը խօսինք դուրսի բարբարոսներու մասին, որոնք կը փճացնեն մեր մշակութային գանձերը, բայց մենք ալ այդ մէկը կ՚ընենք: Եւ այդ մէկը շատ ահաւոր է, երբ դուն քու ձեռքովդ կ՚ոչնչացնես քու գանձերդ...
Երեւանի Սեւան մայրուղիին վրայ Դաւիթ Պեճանեանի մետաղէ քանդակը կար, սակայն հիմա պարզապէս կմախք մնացած է.... Այդ քանդակի ճակատագրով ոեւէ մէկը՝ ո՛չ մշակոյթի նախարարութիւն, ո՛չ այդ շրջանի տեղական իշխանութիւններ, ո՛չ ոք հետաքրքուեցաւ... Եւ մարդիկ օր ցերեկով թալանեցին քանդակը մետաղը վաճառելու եւ դրամ ստանալու համար:
Ի հարկէ, այս միայն օրինակ մըն է այն մասին, որ մենք եւս պակաս մեղաւորներ չենք:
Անկասկած մեր լեզուն է մեր ամենամեծ մշակոյթը եւ փրկութիւնը եւ տեսէք ո՛ւր հասաւ այսօր մեր լեզուն. օրինակ՝ ժամանակակից «արուեստի» շարժապատկերներու մէջ...
-Ունինք փայլատակող անուններ, յատկապէս երգարուեստի, երաժըշ-տութեան, ունինք նկարիչներ, որոնք շատ հզօր բարձրունքներ կերտած են… Բայց ի՞նչն է պատճառը, որ հաւաքական սլացք մը չունինք:
-Նպատակը՝ նպատակը ձեւակերպողը: Այդ մարդիկը իրենց համար առանձին կ՚աշխատին, կը կերտեն, կը ստեղծագործեն եւ յետոյ, երբ պէտք ըլլայ պետութիւնը կը փորձէ անոնց կերտածը «իրը ընել»: Չկայ գիտակցութիւնը, որ պետութիւնը ծնողաբար պէտք է իր թեւերը փռէ, պաշտպանէ, պահպանէ, նպաստէ մեր մշակոյթի զարգացման եւ տարածման: Որովհետեւ յաճախ տէր կանգնելու զգացողութիւնը չունինք ու հարազատութեան խնդիր մ՚ալ կայ:
-Վերջին ամիսներուն ընթացքին ձեր անունը դարձաւ լրահոսի գըլ-խաւոր ներկայութիւն. անշուշտ լաւ իմաստով: Ակնարկս ցարդ անյայտ պատճառներով խափանուած ցուցահանդէսին մասին է: Ի՞նչ պատմութիւն էր ատիկա: Երկրի մը մէջ, որ աշխարհին կը ներկայանայ մշակութային հայցագրով՝ Աւրորա մրցանակով, Կոմիտասով, կամ ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասումով, միւռոնօրհնէքով եւ այլն...: Ինչն էր պատճառը ձեր կարծիքով, ի՞նչ ժամանակներ կ՚ապրինք մենք եւ ինչո՞ւ այդ ցուցահանդէսը փակ-ւեցաւ:
-Ցուցահանդէսը նուիրուած էր Թումանեանի երեք զաւակներուն, մէկը, ինչպէս ըսի՝ զոհուեցաւ Վանի մէջ, իսկ միւս երեք զաւակները՝ Ստալինեան-պոլշեւիկեան ահաբեկման տարիներուն զոհերը դարձան: Անոնցմէ մէկը չդիմացաւ Սիպիրիոյ դաժանութիւններուն եւ մեռաւ, իսկ միւս երկուքը՝ գնդակահարուեցան: Այսինքն մենք չէինք կըր-նար անոնց 80-րդ տարելիցին վրայէն հարեւանցի անցնիլ եւ այդ ցուցահանդէսը յղացանք, որ կը կոչուի «Խաւարում»: Բացի Թումանեանի զաւակներէն, մենք կորսնցուցինք մեր ազգի ամենէն արժէքաւոր անուններէն շատ-շատերը՝ Զապէլ Եսայեան, Եղիշէ Չարենց, Ակսել Բակունց, Մահարի, Լեռ Կամսար եւ ուրիշներ: Կացինահարուեցան Սարդարապատի հերոսները, այո՛, բառին բուն իմաստով կացինահարուեցան Ստալինի ժամանակ: Հայկական ազգանունով մարդիկ, որոնք Պաքուի մէջ կ՚ապրէին, որոշեցին ռուսական՝ պոլշեւիկեան կուսակցութեան ջատագովը ըլլալ եւ օգտուելով շրջանային այդ իրավիճակէն, իրենց հրէշային ծրագիրները իրականացուցին: Մեզ շրջապատող երկու պետութիւնները «կը կարմրէին» ու անոնց ծրագիրները խանգարողը Հայաստանի առաջին անկախ պետութիւնն էր, որուն հիմնական ղեկավարները դաշնակցական գործիչներ էին: Եւ ահա Սարգիս Կասեան Մոսկուա գաղտնի լուր կ՚ուղարկէր, թէ՝ «մենք պէտք է դասալքութիւն յառաջ բերենք հայկական գործող բանակին մէջ, պէտք է կործանի Հայաստանը...»: Մէկ ուրիշը կ՚ըսէ, որ այդ 300 հազար հայերը, որոնք փրկուեցան եւ մտան պատմական Հայաստան՝ պէտք չունին Հայաստանի մէջ հաւաքուելու, քշեցէ՛ք զանոնք ռուսական կայսրութիւն, դէպի տափաստաններ: Միկոյեան կը խնդրէ Ստալինէն, որ թոյլ տայ եւս 700 հոգի գնդակահարել Հայաստանի մէջ... Այս մարդիկ կապ չունէին Հայաստանի հետ, հայութեան հետ: Անոնք իրենց շահը, իրենց կոչումները, իրենց պաշտօնները կը պաշտէին: Ու այդ մարդոց ձեռամբ ամբողջ սերունդ մը կ՚ոչնչացուէր:
Ցուցահանդէսը բնականաբար այս բոլորին մասին էր եւ այն կը փակուէր 22 օր անց: Ես կը համարուէի գլխաւոր «մեղադրեալ»: Այստեղ կ՚ուզեմ յստակեցնել, որ մենք իբրեւ թանգարանի տնօրէնութիւն մեր տարեկան ծրագիրը կը ներկայացնենք եւ այս տարի ալ նոյնը ըրած էինք: Ցուցահանդէսին համար, որպէս խորագիր ընտրած էինք «Եթէ չըլլար 37 թիւը» խորագիրը, որ Թումանեանի մեծ հարսին արտայայտութիւնն էր, որովհետեւ այդ թուականին ամբողջ ընտանիքը կործանեցաւ: Եւ այդ մէկը պայմանական վերնագիր էր, որ աւելի ուշ դարձաւ «Խաւարում», որովհետեւ եղածը իսկապէս խաւարում էր հայութեան համար, մեր ինքնութեան համար, մեր ազնուական տեսակին համար: Ու այս բոլորէն ցուցհանդէսի բացումէն ետք ալ մեզի համար ցարդ անհասկնալի պայմաններու տակ ցուցահանդէսը կը փակուէր: Եղածը ծիծաղելի էր, որովհետեւ մեծ ճիգեր դրած էինք իրականացնելու համար այդ արժէքաւոր ցուցահանդէսը։ Բայց չփակուեցաւ... ատկէ յետոյ գրքոյկը տպուեցաւ, ոչ մեր կողմէ: Կրնային զիս աշխատանքէն հեռացնել ու չփակել ցուցահանդէսը, բայց այդպէս չեղաւ...
Եղածը խորքին մէջ անարգանք էր Թումանեանի ընտանիքի առջեւ... ու ես իրապէս հասկցայ, թէ ինչ ըսել է 1937 թուականը...
-Ինչո՞ւ սակայն խնայեցին ձեզ, ինչո՞ւ այսօր այստեղ էք...
-Ես երախտապարտ եմ լրատուամիջոցներուն եւ հասարակութեան աջակցութեան, որովհետեւ եթէ այդ աջակցութիւնը չըլլար, եթէ անոնք դէմ չկենային այս երեւոյթին, ես այսօր չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր կ՚ըլլայի: Այսինքն ստեղծուեցաւ պաշպանիչ շերտ մը, որուն համար ես անչափ երախտապարտ եմ: Երախտապարտ եմ, որ ոչ միայն զիս պաշպանեցին, այլ նաեւ հիմք մը դրին, որ ապագային ալ նման արգելքներ եւ անմեղ զոհերու յիշատակին ոտնձգութիւններ չկատարուին:
Ինծի կ՚ըսեն այս մէկը քաղաքական էր, սակայն այս մէկը մշակոյթի օճախ է եւ ինչ կապ ունի քաղաքական թեմայի հետ, ուրեմն այդ պարագային ինչու եղեռնի մասին ֆիլմ կը նկարահանեն, գիրքեր կը գրեն, ի վերջոյ 1937 թուականի ողբերգութիւնն ալ քաղաքական թեմա է:
-Այս բոլորէն ետք դուք յաջողեցաք վերստին բանալ ցուցահանդէսը: Կը պատմէք այդ մասին:
-Ճիշդ էք: Շնորհիւ «Սարգիս Մուրատեան»ի անուան ցուցասրահին, մենք կարողացանք վերստին բանալ «Խաւարում» ցուցահանդէսը:
-Այսօր ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել պոլսահայ մեր ընթերցողներուն, տրուած ըլլալով, որ Պոլիսը այսօր ալ կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայկական սփիւռքի մեծ քարտէսին վրայ:
-Պոլիսը եղած է Թումանեանի ճակատագիրին մէջ: Թումանեան յատուկ վերաբերում մը ունէր Պոլսոյ հանդէպ: Ան այցելած էր այդ քաղաքը ու հոն տեսած էր Կոմիտասն ու Երուանդ Օտեանը: Պոլիսը արեւմտահայոց կեդրոնն էր, ինչպէս Թիֆլիզը արեւելահայութեան: Պոլիսոյ ամէն մէկ նրբանցքը, ամէն մէկ փողոցը յուշ է: Ես մէկ անգամ գտնուած եմ Պոլիս, շատ անգամ՝ Թիֆլիզ եւ Թիֆլիզը միշտ երջանկացուցած է զիս: Երբ ես Պոլիս գացի, ճնշող բան մը զգացի ու պարզ է ինչու համար: Այդ մեր քաղաքն էր. Զօհրապը այնտեղ էր, Վարուժանը այդտեղ էր, Ասատուրները այնտեղ էին եւ եթէ գիտես այդ պատմութիւնը՝ քեզի համար տարբեր բան մը կ՚ըսէ այդ քաղաքը:
Մեր ամբողջ անձնակազմը կը փայլի, երբ Պոլիսէն հիւրեր կ՚ունենանք: Եւ մենք ունինք արեւմտահայերէնով բացատրող աշխատակիցներ, որոնք կ՚ուղեկցին ոչ միայն Պոլիսէն եկող հայերուն, այլ նաեւ՝ սփիւռքի զանազան երկիրներէն եկողներուն եւ իրապէս շատ շնորհակալ ենք, որ կ՚այցելեն Թումանեանի թանգարանը:
Մեզի մէկ բան պէտք է՝ ամուր ըլլալ, առաջ երթալ եւ անշուշտ՝ միասնական ըլլալ ու այդ մանր-մունր անհասկացողութիւնները մէկ կողմ ձգել եւ Թումանեանի նման նայիլ...
Ինչպէս ինք՝ Թումանեան կ՚ըսէ. «Եթէ բարձրունքէն նայիս շատ ճղճիմ կը մնան այս բոլորը»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան