ՊՕ­ՂՈՍ ՆՈՒ­ՊԱՐ ՓԱ­ՇԱ

«Հա­յու­թեան սիրտն է միայն Պօ­ղոս Նու­պա­րի վեր­ջին հանգս­տա­րա­նը ու ա­նոր պատ­մու­թիւ­նը՝ այն շրջա­նա­կը, որ միայն պի­տի կա­րե­նայ ընդգր­կել իր պատ­կե­րը»
ԹՈՐ­ԳՈՄ ՊԱՏ­ՐԻԱՐՔ ԳՈՒ­ՇԱ­ԿԵԱՆ

 ԱՌԱՔԻՆԻ ՀԱՅՈՐԴԻՆ

Պօղոս Նուպար փաշա (1851-1930) առանց փառասէր ըլլալու, համազգային առումով եղաւ ամենէն առաջ իմաստուն, ողջմիտ եւ մանաւանդ գործնական հայորդին իր լիաբուռն առաքինութիւններով, զորս անվարան գործի վերածեց ճշմարիտ հայրենասիրութեան ոսկեայ շրջանակին մէջ, պայքարելով աղքատութեան եւ տգիտութեան դէմ։ Որպէս հիմնադիրը Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 110 տարիներ առաջ, Պօղոս Նուպար կը մնայ «երկնի անթիւ աստղերէն մե՛րը միայն»։ Ներկայ գրութիւնը կրնայ իրաւամբ կրկնութիւն համար-ւիլ բազում արժանի դրուատիքներու շարքին, որոնք գրուած են մեզմէ շատ առաջ եւ սակայն չմոռնալ եւ վերյիշել բացառիկ անձեր մեր որդիական պարտքն է, որոնք եղան հայ երկնակամարի անմար աստղերէն։ Անոնց փայլքէն ծնաւ մեր օրերու իսկական յաջորդը՝ բարերար եւ ՀԲԸՄ-ի իմաստուն, ողջմիտ եւ գործնական հայորդին՝ Նախագահ Ալեք Մանուկեան, որուն պատանիի մէկ իրական դրուագը Պօղոս Նուպարի մասին պիտի յիշեմ ստորեւ։

ԿԵԱՆՔԻ ԳԻԾԵՐԸ

Եգիպտահայ ազգային եւ հասարակական գործիչ, անձնուէր հայորդի եւ քաղաքական լուրջ եւ յայտնի դէմք Պօղոս Նուպար փաշա կը վախճանէր 1930 Յունիս 6-ին Փարիզի մէջ, 79 տարեկանին։ Ծնած էր Պոլիս 1851 թուի Օգոստոս 2-ին եւ որդին էր Եգիպտոսի վարչապետ Նուպար բաշա Նուպարեանի, Զմիւռնիոյ յայտնի գերդաստանէն, որ կը սերէր Ղարաբաղի Մելիքներու սերունդէն։ Մանկութիւնը Եգիպտոս անցընելէ ետք մեկնած է Եւրոպա ուսանելու՝ նախ Զուիցերիոյ եւ ապա Փարիզի համալսարաններուն մէջ, դառնալով երկրաչափական ճարտարագէտ։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՐՏԱՐԱԳԷՏԸ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆ

Պօղոս Նուպար Ֆրանսայի մէջ երկաթուղային ձեռնարկներու մէջ իր առաջին փորձառութիւնները ստանալէ ետք վերադարձած է Եգիպտոս եւ Գահիրէի մէջ ձեռնարկած՝ ճարտարագիտական գործերու, յատկապէս Հելիոպոլիս աւանի հիմնադիր ընկերութեան մէջ, որոնց որպէս վարչական ծառայած է փայլուն յաջողութեամբ։ Ապա կարգուած է Աղեքսանդրիոյ հանրակառքերու ընկերութեան հիմնադիրը։ Իր յաջողութեան եւ հարստութեան գլխաւոր աղբիւրը եղած են անբերրի եւ անմշակելի հողերը նոր գիտական մեթոտներով բերրի դարձնել։ Արժանաւոր որդին Եգիպտոսի մեծանուն վարչապետին, Պօղոս Նուպար որպէս պետական բարձր պաշտօնեայ եգիպտական պետութիւնը ներկայացուցած է զանազան միջազգային համագումարներու 1905-1906 տարիներուն։ Իր միջազգային ծառայութեան որպէս գնահատանք Պօղոս Նուպար արժանացած է պետական շարք մը բարձր շքանշաններու։

ՀԱՅ ԱԶԳԻՆ ԲԵՐԱԾ ԲԱՑԱՌԻԿ ՆՊԱՍՏԸ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՀԲԸՄ-Ի

Իր հայ ազգին մատուցած ծառայութեան մէջ Պօղոս Նուպար եղած է ու կը մնայ անգերազանցելի՝ որպէս քաղաքական, բարեսիրական եւ ազգային գործիչ միանգամայն, ցոլացնելով իր ազնուական ծագումը, կըր-թեալ եւ գիտակից մարդու նկարագիրը, ինչպէս նաեւ անկեղծ ու բարի հայորդիի համբաւը։ Գահիրէի մէջ 1906 թուականի Ս. Զատկի Կիրակի օր Պօղոս Նուպար հիմը դրաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, որ հայ ազգին համար դարձաւ նախախնամական եւ համազգային կազմակերպութիւն մինչեւ այսօր։

Փարիզի մէջ, ուր կանուխէն հաստատուած էր, իր վրայ առաւ հայ ազգին պետական ներկայացուցիչի դժուար պաշտօնը ամենադժուար տարիներուն, երբ Տ.Տ. Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իրեն վստահեցաւ նախագահութիւնը Ազգային պատուիրակութեան, թէ՛ թրքահայ գաւառներու բարենորոգումներու եւ թէ զինադադարէն ետք հայրենիքի վերակերտումի եւ զայն վերստանալու միջազգային յարաբերութեանց մշակման մէջ։ Նոյնիսկ 1915-ի Ապրիլին դարձեալ հայրապետական նշանակումով Պօղոս Նուպար փաշայի վստահուեցաւ այլապէս կարեւոր պաշտօն մը եւս՝ դաշնակից պետութեանց մօտ պաշտպան կանգնելու մեր ազգային շահերուն, զոր ինք կատարեց իր նախագահի հանգամանքով։ Ան լրջօրէն հոգածու եղաւ նաեւ Կիլիկիոյ հայութեան։

ՓԱՐԻԶԻ 1919 ԹՈՒԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Համահայկական քաղաքական շահերը միջազգային գետնի վրայ զգալի դարձնելու համար Պօղոս Նուպար Ազգային համագումար մը հրաւիրեց Փարիզի մէջ 1919 Փետրուար 24-էն մինչեւ Ապրիլ 22-ը։ Համագումարը կը զուգադիպէր Փարիզի Խաղաղութեան վեհաժողովին, որ սկսած էր 1919 Յունուար 18-ին եւ տեւած տարի մը, մինչեւ 1920 Յունուար 21-ը, Համաշխարհային պատերազմին պարտուած պետութիւններուն հետ հաշտութեան պայմանագիր մշակելու նպատակով։ Փարիզի վեհաժողովին պաշտօնապէս չէր հրաւիրուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն փոխարէն Ազգային համագումարը հրաւիրուեցաւ աշխարհի չորս կողմերէն եկող ներկայացուցիչներէն։

Ազգային համգումարը միացեալ ճակատով ներկայացաւ վեհաժողովին, այսինքն Ազգային պատուիրակութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ ներքին նահանգներու հայութեան։

Հայկական համագումարին մասնակցեցան քառասուն ներկայացուցիչներ՝ տասն երկիրներէ եկած, իսկ Պոլսէն՝ Եղիշէ Արք. Դուրեան, Գաբրիէլ Նորատունկեան եւ Փրոֆ. Աբրահամ Տէր-Յակոբեան։

Ի վերջոյ համագումարը միաձայնութեամբ փափաք յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները նշանակուին որպէս հոգատար Հայաստանի, որուն համար նախագահ Ուիլսըն պաշտօնապէս յայտարարած է Փարիզի մէջ երբ կը տեսակցէր նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս Նուպարի հետ՝ իբրեւ թարգման ունենալով Փրոֆ. Աբրահամ Տէր-Յակոբեանը։ Հակառակ անոր, որ Ամերիկայի նախագահը հաստատած էր, թէ «Ամերիկեան ժողովուրդին կամքն է, որ ես ապահովեմ հայոց անկախութիւնը եւ պաշտպանեմ անոնց իրաւունքները», Ուիլսընի գծած քարտէսը թուղթի վրայ մնաց եւ երբեք չիրագործուեցաւ։

ՊՕՂՈՍ ՆՈՒՊԱՐ ԵՒ ԱԼԵՔ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Որքա՜ն հարազատ հայորդիներ, անզուգական զոյգը, երկուքն ալ «երկնի անթիւ աստղերէն» փայլեցան հայ երկնակամարին վրայ եւ լոյս դարձած կը լուսաւորեն միշտ հայուն միտքն ու հոգին։ Կը յիշեմ Ալեք Մանուկեանի ինծի պատմած իր դպրոցական պատանիի յուշերէն մին, երբ յաճախ Ֆլորիտա կ՚այցելէր ձմեռնային եղանակին, ուր նաեւ բարերարը եղաւ Ս. Դաւիթ եկեղեցւոյ համայնքի դպրոցաշէնքին։

Երախտագէտ Պրն. Մանուկեան կը յիշէր Գասապայի (Զմիւռնիա) դպրոցական իր օրերէն, երբ կը կարդար հայոց պատմութեան իր դասագիրքը, սիրեր էր միջի նկարներէն լաւագոյնը՝ Պօղոս Նուպար փաշայի նկարը որպէս հիմնադիր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան։ Հաւնած էր եւ սիրած դէմքը այդ մեծ մարդուն եւ փափաքեր էր դիմագիծը պատրաստել, գծել եւ ներկայացնել ուսուցիչին։ «Յաջողած էի նմանցնել նկարին», կ՚ըսէր Ալեք Մանուկեան ներքին գոհունակութեամբ, երախտագէտ ժպիտը դէմքին։ «Դիմանկարը աւելի մեծ չափով գծելէս ետք, ըսի մեր ուսուցչին, որ եթէ գնող մը ըլլայ, դրամը դպրոցին յատկացուի», կ՚ըսէր իսկական յաջորդը հիմնադիր փաշային։

Ահա՝ իրական պատմութիւն մը հիմնադիր նախագահ Պօղոս Նուպարին եւ իր արժանաւոր յաջորդին՝ Ալեք Մանուկեանի մասին։ Եթէ առաջինը հիմնեց Մեծ Միութիւնը, երկրորդն ալ զայն արժեցուց լիովին։ Իմ կարգին սոյն յօդուածը կը փակեմ անմոռանալի այս գողտրիկ դրուագին վկայութեամբ։ Երկու երախտաւոր անձինք՝ գերազանց յարացոյցներ գալիք բոլոր սերունդներուն։

(Յապաւումներով)

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2017