ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԽՈՆՋ ՆՈՒԻՐԵԱԼԸ՝ ՖՐԵՏԵՐԻՔ ՖԷՅՏԻ
Ընդհանրապէս ժողովուրդներու պատմութեան մէջ մեծութիւնները չեն մեռնիր, այլ կ՚ապրին իրենց ձգած ժառանգութեամբ, տուեալ ժամանակաշրջանին իրենց արծարծած հայեացքներով ու տեսութիւններով, գիտութեան ու գրականութեան անդաստանին իրենց տուած բերքով։
Այդպիսի մեծութիւն մըն էր Փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտին։ Այսօր ոչ միայն լեզուագիտութիւնը զինք կը յիշէ որպէս հայագէտ, այլ հայերուն համար այս գիտնականը կը մնայ որպէս հայ ժողովուրդի անկեղծ բարեկամ։ Ճշմարիտ հայասէր մը, որ կրցաւ Հայոց ազգային պատմութեան մէջ գրաւել իր իւրայատուկ տեղը։
Փարիզի յեղափոխական անցեալը, վաղ պարմանիական օրերուս, արդարութեան յաղթանակի հաւատքը ներշնչած էր մէջս։ Քաղաք մը, որ եղած է գաղափարի հերոսներու, Հայ դատի պաշտպան մեծ հոգիներու հայրենիքը։ Այդ հաւատքն էր, որ կը վերա-ծընէր մէջս, երբ անդիմադրելի մղում մը զիս կը հանէր դէպի լուսաւորութեան այդ փայլուն կեդրոնը, վսեմ գաղափարներու եւ ազնիւ միտքերու իսկական դպրոցը։
Տարիներ առաջ, 70-ական թուականներուն սկիզբը, Երեւանի Պետական համալսարանէն շրջանաւարտ դառնալէ ետք, հայերէնի լեզուաբան Գէորգ Ջահուկեանի յանձնարարութեամբ, Եւրոպայի լեզուական դպրոցներու մեթոտներուն ծանօթանալու, համեմատական լեզուաբանութեան մէջ խորանալու միտումով, մեզի առիթ ընծայուեցաւ աշակերտելու մեծանուն հայագէտ Ֆրետերիք Ֆէյտիին, Փարիզի Արեւելեան կենդանի լեզուներու դպրոցին մէջ, այնտեղ իր ղեկավարութեամբ պատրաստելու արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մասին գիտական աշխատանք մը։
Առաջին տպաւորութիւնը որ կը ստանայի, Ֆէյտիին անթաքոյց մեծ համարումն ու խորին յարգանքն էր հայրենի լեզուաբաններուն, եւ յատկապէս ակադեմիկոս Գէորգ Ջահուկեանի նկատմամբ։ Զարմանալի չէր երբ հայրենի գիտնականները զինք կ՚առանձնացնէին որպէս ջերմ հայասէրն ու նուիրեալ հայագէտը։
Ուրախ էի, որ բախտը կ՚ունենայի մօտէն ճանչնալու հայ ժողովուրդին հանդէպ հիացմունքով ու անսահման սիրով լեցուած ազնիւ հայագէտը, լայն ձիրքերու եւ խորունկ մտածողութեան տէր գիտնականը։
Մէկը, որուն մէջ հայագէտի եւ հայասէրի սքանչելի գիծերը, ամբողջական դարձուցած էին ուսուցիչի իր կերպարը։
Մէկը, որ լայնօրէն կը տրամադրէր իր գիտելիքներն ու թանկագին ժամանակը ջանասէր ու պարտաճանաչ ուսանողներուն, որոնք կու գային իր կարծիքը առնելու կամ խորհուրդ հարցնելու։
Բարութիւնն ու համեստութիւնը իր բնաւորութեան կայուն գիծերն էին։ Մեծ զգուշութեամբ կ՚օգտագործէր քննադատութիւնը, առանց վիրաւորելու ուսանողին ինքնասիրութիւնը, առանց սպաննելու անոր եռանդն ու ինքնավստահութիւնը։ Այլ բացայայտելով աշակերտին իմացական կարողութիւնները, ինքնուրոյնութիւն կը ներշնչէր անոր՝ աւելի զարգացնելու իր գիտելիքները։
Ֆէյտին այն հայագէտն է, որ բուռն ու հզօր թափով իր աշակերտներուն մէջ սէր ու հիացմունք կ՚արթնցնէր հայոց լեզուի հանդէպ։ Պաշտամունքի հասնող այդ սէրը զինք դարձուցած էր հայերէնի եւ գրաբարի սիրահար մը, երբեմն նոյնիսկ ստուերի մէջ ձգելով հարուստ ֆրանսերէնը։ Լեզուագէտի տեսանկիւնէն կը հաստատէր հայերէնի բնորոշիչ առանձնայատկութիւնները այսպէս՝ «Իմ գիտցած լեզուներուն մէջ, հայերէնը բացառիկ է… նախ, որպէս զարմանալի տրամաբանական լեզու, ապա նաեւ՝ իր ճկունութեամբ, նոր բառեր կազմելու դիւրութիւններով։
«Զարմանալի մասնաւոր շնորհ ունեցող լեզու է հայերէնը, որ այսօր իսկ զօրութիւն ունի ազատօրէն եւ ստոյգ արտայայտելու գիտական խստորոշ միտքը, փիլիսոփայական գաղափարները եւ բանաստեղծական նրբին, բազմերանգ կիսաստուերները միաժամանակ»։
Իսկ ինչ որ կեանքիս մեծագոյն պատիւներէն մին կը համարեմ, որ բացի համալսարանի դասերէն, մեծահոգի գիտնականը հայրական համակրութեամբ մը քաջալեր հանդիսացած է յառաջանալու մեր կատարած ուսումնասիրութիւններուն մէջ, յաճախ թերութիւններ ուղղելով, առաջնորդ եւ զօրավիգ դառնալով։
Իր թելադրութիւններէն եւ շինիչ նկատողութիւններէն յաճախ կը յիշենք իր հետա-քըրքիր մէկ խորհուրդը՝ թէ գիտական աշխատանքը հեղինակէն կը պահանջէ ինքնաքննադատութիւն մը կատարել, ինչպէս պիտի ընէր հեղինակին ուժեղ թշնամին, որ ամենայն խստութեամբ կը փորձէ անճշդութիւն եւ անստուգութիւն մը գտնել հեղինակին աշխատանքին մէջ։
Եւ այսպէս, տարիներու թաւալքը չկրցաւ մոռցնել տալ ներհուն գիտնականին օգտաշատ խրատները, որոնք տարօրինակ կերպով միշտ վառ ու կենդանի կը մնան յուշերուս մէջ։
Այսօր ոչ ոք կրնայ ուրանալ, թէ ինչպիսի մեծ երախտիք ունի Ֆէյտին իր ուսանողներուն վրայ։ Ան պատրաստեց տարբեր երկիրներէ եկած հայագէտ աշակերտներ, որոնք դարձան անուանի գիտնականներ հայագիտական հիմնարկներէն ներս։ Ինչպէս Ժան Փիէռ Մահէն, որ 1978-ին կու գար փոխարինելու իր ուսուցիչը։
Այդպիսով ֆրանսացի հայագէտներու շարքը կ՚երկարէր Փարիզի պատմական այդ հաստատութենէն ներս, երբ 1718-ին կը հիմնուէր Սորպոնի Արեւելեան կենդանի լեզուներու դպրոցը։ Հոն, ուր հայոց լեզուն արժանացաւ օտարազգի եւ յատկապէս ֆրանսացի գիտնականներու բազմակողմանի հետազօտութեանց եւ յատուկ ուշադրութեան։ Հաստատութիւն մը, որուն փառքը հիւսեցին աշխարհահռչակ հմուտ լեզուագէտներ։
Անցած տարիներու յուշերը իրենց անջնջելի տպաւորութիւններով չեն կորսնցներ իրենց թարմութիւնը։ Երբ անցեալի յիշատակելի օրերէն կը մտաբերենք 1991-ի Յունիս ամիսը։ Այդ օրերուն, Մարսէյլի Սուրբ Սահակ-Մեսրոպ Սրբոց Թարգմանչաց Մայր եկեղեցւոյ 60-ամեակին առիթով հրաւիրուած էր դասախօսելու՝ «Հայ կինը պատմութեան հետքերով» նիւթին շուրջ։ Կը մտածէինք, թէ վերադարձի ճամբուն վրայ առիթ կ՚ունենանք հանդիպելու Ֆէյտիներու ընտանիքին։ Երբ յանկարծ այդ մտածումը ռումբի մը ուժգնութեամբ կը բերէ մահուան բօթը մեր սիրելի ուսուցչին։ Հեռաձայնի լսափողէն կը լսեմ Տիկին Ֆէյտիին մեղմ հեծկլտոցը, որ զգացնել կու տար ամուսնին դառն կորուստը։ Ազնուազարմ տիպար հայուհի մըն էր Տիկին Հերմինը, որ իր մէջ խտացուցած էր հայ կնոջ բարեմասնութիւնները։ Ան որ իր ջերմ բարեւները կ՚ուղարկէր Հալէպ պարբերաբար մեզի հասնող նամակներով։ Հոգեկան այդ փոթորկումին մէջ, երբ կը պատմէր իր ամուսնոյն ազնիւ զգացումներուն մասին, չէր մոռնար մէջընդմէջ վերյիշելու հայագէտին ունեցած ջերմ հոգատարութիւնը իր աշակերտներուն նկատմամբ։
Որքան թախիծ ու տխրութիւն կար Տիկին Ֆէյտիի ձայնին մէջ, նոյնքան եւ խորունկ սէր ու անկեղծութիւն կը բուրէին իր խօսքերը։ Երբ կը յիշէր հայագէտին սերտ կապերը Հայաստանի գիտնականներուն հետ։ Այդ մասին կը խօսին մեզի ուղղուած իր ձեռագիր նամակին յիշուած հետեւեալ տողերը.- «Հիմա, որ Երեւան պիտի երթաք, կ՚աղաջեմ որ բարեկամներուս տանիք իմ ամենասրտագին բարեւները, ի մասնաւորի Գէորգ Ջահուկեանին եւ Եդուարդ Աղայեանին»։
Միթէ՞ նամակին վերոյիշեալ տողերը բաւարար չեն ըսելու, որ լեզուագէտի իր մտաւոր կարողութիւնները ներդաշնակօրէն միացած են իր հոգեկան բարեմասնութիւններուն։ Ֆէյտիին բարձր մարդկայնութիւնը եւ նրբանկատ վերաբերմունքը, ինքնին կը խօսին ազնուական գիծերով օժտուած անբասիր մարդու մասին։
Եթէ հայութեան ըմբռնումը պայմանաւորուած է հայ ըլլալով, հայ ազգով ու հայերով միայն, ապա ինչ կարելի է ըսել հայութեամբ ապրող օտարազգի մարդու մասին, որուն մտածումներուն եւ խօսքին առանցքին կայ միայն ու միայն հայերէնն ու հայ ժողովուրդը։ Որուն մօտ հայութեան գոյութիւնը այնքան իրաւ է ու զգալի, որ մոռցնել կու տայ իր ֆրանսացի ըլլալը։
Այս առումով կարելի է ըսել, որ Ֆէյտիի համբաւը կը կայանայ ոչ միայն իր լեզուական հմտութեան մէջ, այլեւ հայոց պատմութեան դէպքերը վերլուծողի իր խոր դատողութեան մէջ։
Հայոց լեզուի պատմութեան մէջ Ֆէյտին կը մնայ այն հայագէտը, որ կրցաւ հաստատել եւ անմոռանալի դարձնել հայ մշակոյթի սէրը արծարծողի, հայոց լեզուի զարգացման նպաստողի իր անուրանալի դերը։ Որքան իմաստալից ու պարտաւորեցնող են հայրերէնի մասին իր հետեւեալ խօսքերը.- «Կեանքիս ամէն մէկ վայրկեանը նուիրուած է հայերէնի ուսումնասիրութեան, զգաղումներուս գլխաւոր նիւթը, մէկ ու միակը՝ հայերէնն է, գրաբարը եւ հայոց բարբառները», որ պատգամ մը ըլլայ կարծես ուղղուած սերունդներուն։ Պատգամ, որ կու գայ յիշեցնելու, թէ հայոց լեզուն սիրելու եւ արժեւորելու համար պէտք է լաւ ճանչնալ լեզուն։ Պէտք է խորանալ ու թափանցել լեզուի առանձնայատկութիւններուն եւ գաղտնիքներուն մէջ, գիտնալու համար, թէ ինչպիսի մեծ հարստութիւն ամբարած է հայ ժողովուրդը։
Այսօր 26 տարիներ անցած են, երբ վաստակաշատ լեզուագէտը, հայագիտութեան մեծ երախտաւորը, իր յառաջացած տարիքին մէջ հրաժեշտ կու տար կեանքին, ետին թողլով հսկայ աւանդ մը եւ հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ անմար յիշատակ մը։
Ան իր անձնուէր ծառայութեամբ, հմուտ գիտնականի ու մանկավարժի իր արժանիքներով, կը հանդիսանայ Փարիզի Հայագիտական կեդրոնի մեծ երախտաւոր մը։
Ճիշդ է, որ մեծութիւնները չեն մեռնիր՝ կ՚ապրին իրենց գաղափարներով, գիտնականի մտքի լարումով իրագործուած իրենց իտէալներով։ Անոնք կ՚ապրին իրենց մտածումներով ու ոգեշունչ խօսքերով։
Ահա թէ ինչու իրաւունք ունինք հաւատալու, որ Սահակ-Մեսրոպեան գանձով սքանչացած Ֆէյտիի հոգին, Ջահուկեաններու եւ Աղայեաններու հոգիներուն հետ, պիտի չդադրին թեւածելէ, ինչպէս Հայաստանի նոյնպէս Սփիւռքի տարածքին, փորձութիւններէն հեռու պահելու ու պահպանելու մեր ինքնութիւնը հաստատող հայոց լեզուն։
ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
«Պայքար», Պոսթոն
Հալէպ