ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ԱՍԻԼՎԱՅԻ ԳՈՐԾԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՆ ՄԱԿ-Ի ԺԸՆԵՒԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՅԱՆԷՆ ՆԵՐՍ
Ֆրանսահայ յայտնի նկարչուհի Ասիլվա վերջերս համագումարի մը մասնակցութիւն բերաւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնակայանէն ներս։
«Արարատ» գիտութիւններու միջազգային ակադեմիոյ նախագահ Փրոֆ. Յակոբ Քըրքեաշարեանի կազմակերպութեամբ՝ Ասլիվա մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնէն ներս կազմակերպուած Համաշխարհային գիտական 8-րդ համաժողովին։ Այս հաւաքոյթի բացման եւ փակման փուլերուն յայտնի արուեստագիտուհին արտայայտուեցաւ համաշխարհային խաղաղութեան նիւթին շուրջ։ Բաց աստի, համաժողովի օրերուն ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնակայանէն ներս ներկայացուեցան Ասիլվայի ստեղծագործութիւնները։
Նոյն օրերուն, Սեն Փեթերսպուրկի Հիմնական ուսումնասիրութիւններու միջազգային համալսարանի վերատեսուչն ալ Ասիլվան պարգեւատրեց իր հաստատութեան մետայլով։
Համաժողովի ընթացքին զանազան զեկուցումներ ներկայացուեցան հայերէնով, անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով՝ աշխարհի խաղաղութեան, տեւական զարգացման ապահովման, առողջապահութեան եւ հիմնական գիտութիւններու բնագաւառներուն, ինչպէս նաեւ լեզուաբանական նիւթերու շուրջ։