2018-ԻՆ ԵՐԿՐԻՆ ՊԻՏԻ ՄՕՏԵՆԱՅ ԳԱՆԿԱՁԵՒ ԵՐԿՆԱՔԱՐ ՄԸ
Երկրին կը մօտենայ 700 մեթր տրամագիծով երկնաքար մը, որ կը նմանի մարդկային գանկի: Այս մասին կը հաղորդէ «Սայընստէյլի» կայքը՝ մանրամասնելով, որ երկնաքարը մեր մոլորակին քովէն պիտի անցնի Նոյեմբեր 2018-ին:
Նշեալ երկնաքարը առաջին անգամ Երկիրին քովէն անցած է Հոկտեմբեր 2015-ին՝ 499 հազար քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ: Անիկա ընթացած է ժամական 125.500 քիլօմեթր արագութեամբ:
Գիտնականներուն համաձայն, «2015 Թի.Պի.145» կոչուող գանկաձեւ երկնաքարին վերադարձը հրաշալի կարելիութիւն կ՚ընձեռէ զայն անգամ մը եւս հետազօտելու համար: Յայտնի է, որ այս անգամ գանկաձեւ մարմինը Երկիրին քովէն պիտի անցնի նախորդ անգամէն աւելի մեծ հեռաւորութեան վրայ:
Մասնագէտներուն համաձայն, երկնաքարը տեսնելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ դիտել շատ մեծ կամ տիեզերական աստղադիտարանէն: