ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Երէկ երեկոյեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի աւանդական հաւաքոյթը, որ նախատեսուած էր մնայուն բնակիչներուն համար։ Համայնքային շրջանակներն ալ լայն մասնակցութիւն բերին այս երեկոյթին։ Ներկայ էին Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան եւս մասնակցեցան ընթրիքին։
Սուրբ Փրկիչ Ազգայի հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա լուրջ ջանքեր գործադրած էր հաւաքոյթի անթերիօրէն կազմակերպման նպատակով։ Վահան Յակոբեանի եւ Արա Համբարեանի կողմէ գործադրուած երաժշտական յայտագիրը հաճելի պահեր պարգեւեց բոլորին։ Բաց աստի շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան Պետրոս Շիրինօղլու, հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան եւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։
Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը յուշանուէր մը պատրաստած էր մորթաբան Տքթ. Սարգիս Պարըշի համար, որ թեւակոխած է ասպարէզի մէջ 40-ամեակը։ Նկատի ունենալով, որ յոբելեար բժիշկը կը բացակայէր՝ յուշանուէրը յանձնուեցաւ բժշկապետ Արմենակ Մեծատուրեանին։
Անմիջական զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ երեկոյթը շարունակուեցաւ եւ աւարտին ներկաները հրաժեշտ առին՝ բարեմաղթութիւններ փոխանակելով Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։