ՀԱՑԸ՝ ՏՕՆԱԿԱՆ ՍԵՂԱՆԻՆ ԻԲՐԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻԲՐԵՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ

«Կաղանդ պապային մօրուքը ճերմակ է ալիւրի նման,

«Ըսէ, Կաղանդ պապա, մօրուքէդ հա՞ց կը շինուի»

Այս փոքրիկ, ընդամէնը երկու տողնոց բանաստեղծութեան մէջ պոլսահայ անուանի բանաստեղծ Զահրատ հացի խորհուրդը կ՚առընչէ Կաղանդ պապային՝ շեշտելով հայոց մէջ հացի նկատմամբ եղած յատուկ վերաբերմունքը: Ոչ միայն հայոց մէջ, այլ մարդկութիւնն առհասարակ, հացը շատ պարագաներու կը նկատէ իբրեւ ճաշ ու վայելք՝ ընդգծելով անոր հնադարեան ծագումը եւ անբաժան ըլլալը մարդկութեան զարգացման հանգրուաններէն:

Հայոց մէջ հացը դարերէ ի վեր նոյնացած է ճաշի, հիւրընկալութեան, խաղաղութեան, հաշտութեան եւ մանաւանդ՝ ուրախութեան եւ տօնի հետ: Տօնական այս օրերուն եւս հացի խորհուրդը անպակաս չէ մեր մէջէն. հացը իբրեւ ուտելիք եւ հացը իբրեւ օրհնութիւն, հացը իբրեւ մարդու ազնիւ վաստակի արդիւնք փառաբանուած է դարեր շարունակ՝ հասնելով մինչեւ սրբացման:

Հին Հայաստանի մէջ հացը, յատկապէս՝ ցորենի անխառն ալիւրէն պատրաստուած հացը, եղած է առատութեան, հիւրասիրութեան եւ խաղաղութեան խորհրդանիշ։

Եթէ հայը հիւրին առջեւ հաց կը դնէր, այդ մէկը կը նշանակէր, թէ իր տան դռներն ու սիրտը բաց են եկողին համար։ Այդտեղէն ալ ծագած է աղուհացով դիմաւորելու հին հայկական եւ մինչեւ օրս պահպանուած սովորութիւնը։ Պատահական չէ, որ մենք՝ հայերս, ունինք «աղուհացով մարդ է», «աղուհաց կայ մեր միջեւ» արտայայտութիւնները եւ միաժամանակ, ուրացող եւ երախտամոռ մէկու մը մասին կ՚ըսենք՝ «անուղահաց է»:       

Հացին կարեւորութիւնը, դերն ու արժէքը շեշտուած է նաեւ Աստուածաշունչին մէջ։ Տէրունական աղօթքի «...զհաց մեր հանապազօրեայ...» արտայայտութիւնը վերածուած է թեւաւոր խօսքի։ Սուրբ Հաղորդութեան նիւթերէն հացը՝ նշխարը, որ կը բաշխուի Սուրբ Պատարագի ժամանակ, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ դաւանանքի համաձայն, անթթխմոր է եւ կը պատրաստուի ցորենի մաքուր ալիւրէ:

Մինչեւ օրս ալ հայերու սէրը հացին հանդէպ կը հասնի պաշտամունքի։ Հայաստանի հեռաւոր գիւղերուն մէջ այսօր ալ հնաբնակները հացը դանակով չեն կտրեր, այլ կը բաժնեն ձեռքերով՝ հաւատալով, թէ՝ «հացը ցաւ կը զգայ դանակի սուր շեղբէն» եւ կը մտածեն, թէ Աստուծոյ հաճելի չէ, երբ հացը դանակով կը կտրուի, եւ կը հաւատան, թէ ատկէ ետք սղութիւն կ՚ըլլայ երկրին մէջ: Հայոց աւանդական հարսանեկան արարողութեան մէջ նոյնպէս հացը գլխաւոր դեր ունի. փեսային մայրը տան շեմին մէկական լաւաշ կը փռէ նորապսակներու ուսերուն, որպէսզի «հարսը հացով մտնէ տուն»։ Հայ աւանդապաշտները հաց կը զետեղեն նաեւ նորածին երեխայի կուրծքին՝ ըսելով, թէ հացը կը պաշտպանէ զայն չարիքէն...

Մինչեւ վերջերս Հայաստանի մէջ սովորոյթ մը պահպանուած է, երբ հաց թխելու ժամանակ օգնութեան հրաւիրած են դրացի, նաեւ՝ ազգական կիներ՝ փոխադարձ օգնելու պարտաւորութեամբ կամ գիւղի չքաւոր կիները, որոնք ատոր դիմաց վարձատրուած են թխած հացով:

Առաջին թխած հացը տուած են չքաւորներուն կամ բարեկամներուն: Հակառակ պարագային, ինչպէս հաւատացած են հայերը, տանտիրոջ կինը կը մեռնէր, եւ ան այնուհետեւ քանի մը կիներ կը փոխէր: Հացը գետին նետելը մեղք նկատուած է, հացը կարելի չէր գլուխին դնել՝ անբերրիութիւն կը յառաջանար:

Թոնիրէ հանած առաջին հացը ղրկուած է այն տունը, որ հիւանդ ունէր: Հացը տեսնելով` հիւանդը ուժ կ՚առնէր եւ ժամ առաջ ապաքինուելու հաւատով կը լեցուէր: Հայերը սուրբ նկատած են թոնիրը, որուն մէջ հացը թխուած է:

Գրեթէ բոլոր գիւղերուն մէջ թոնիր շինելու ժամանակ կանչած են քահանան, որպէսզի օրհնէ: Թոնիրին առաջին մեծարանքը մատուցած են նորապսակներուն:

Հայերը հացասէր ժողովուրդ են նաեւ այդ ուտելիքը ճաշակելու առումով, մենք կը նկատուինք հաց շատ ուտող ժողովուրդներէն մին: Եւ հակառակ անոր, որ սննդագէտները այսօր հացն ու հացամթերքը հանած կամ անոր գործածութիւնը նուազագոյնի իջեցուցած են առողջ սննդականոնէն, այնուամենայնիւ հայերը տակաւին չեն հրաժարիր առատ հաց եւ հացեղէն գործածելու սովորութենէն: Բայց միանշանակ կարելի չէ խօսիլ հացի, իբրեւ ուտելիքի վնասակարութեան մասին։ Ճիշդ եւ աւանդական եղանակով պատրաստելու պարագային (ցորենէն զտուած ալիւրէն հասունցած խմորէն) հացը օգտակար սննդամթերք մըն է՝ սպիտակուցի լիարժէք աղբիւր։ Բարձր սննդառութեան, գերազանց համայն յատկութիւններով, լաւ իւրացուելու եւ յագեցնելու, պատրաստման դիւրութեան եւ աժանութեան շնորհիւ՝ հացը այսօր մեծ տարածում գտած է։

Հացաբոյսերու մշակումը հայկական լեռնաշխարհի մէջ սկսած է տակաւին նոր քարէ դարուն (Ն.Ք. Դ. հազարամեակներ), այնուհետեւ լայնօրէն տարածուած է նէոլիթեան դարաշրջանին։ Այս ժամանակաշրջանի կարգ մը հնավայրերէն (Շէնգաւիթ, Մոխրաբլուր, Էլար, Նախիջեւան եւ այլն) յայտնաբերուած են հացահատիկի հորեր՝ գարիի եւ ցորենի մնացորդներով։ Գիտնականներ հաստատած են, որ հայոց լեռնաշխարհի մէջ հաց թխած են տակաւին Ն.Ք. Գ.-Բ. հազարամեակներուն։

Միջնադարեան կարգ մը հնավայրերու պեղումներու ընթացքին բացուած են հաց թխելու բազմաթիւ թոնիրներ։

Որոշ գիտնականներ (գերմանացի Ալեքսանտր Համպոլտ եւ ուրիշներ) ցորենի բուն հայրենիքը կը նկատեն Հայաստանը, որ աշխարհի մէջ մրցակից չունի վայրի ցորենի միահատ եւ երկհատ տեսակներու հարստութեամբ (մինչեւ քսան տեսակ): Այդ կը վկայեն Շէնգաւիթի, Մոխրաբլուրի, Լճաշէնի պեղումներէն յայտնաբերուած աղօրիքներն ու թոնիրները, պահեստարաններու մէջ յայտնաբերուած հացահատիկային մթերքները: 1948 թուականին կատարուած պեղումներու ժամանակ յայտնաբեր-ւած են Արարատեան թագաւորութեան ժամանակ խոշոր աղացած կորեկի ալիւրէ թխած ձուաձեւ, հաստ պատեանով, կեդրոնին վրայ անցք ունեցող հացի մնացորդներ: Ըստ հայկական հաւատալիքի՝ հացահատիկի առաջին արտերը եղած են Մասիսի լանջին, հացահատիկի աստուածուհի Աշորան առաջինը նկատած է դեղնահասկ ցօղունները եւ մարդոց սորվեցուցած է հաց ուտել: Աշորայի անուան հետ կապուած են Աշան գիւղի, Արշարունիք (Աշորնիք, Աշարունիք) գաւառի անունները: Ցորենի դաշտը կը կոչուի աշորա, ըստ հայկական աւանդազրոյցի նաեւ Աշորայի անուանումէն ծագած են Շիրակ եւ Շարուր դաշտերու անուանումները:

Ծանօթ է, որ Հին Հայաստանի մէջ հացթուխը չէին դատեր ու չէին սպաններ, ան անձեռնմխելի էր։ Դատարանի մէջ հայերը երդուած են հացով, քանի որ ան սուրբ է:

Հայկական ամենափառաբանուած հացը՝ լաւաշը, կը նկատուի աշխարհի ամենէն երկարակեաց հացը. անիկա իր թարմութիւնը կը պահպանէ վեց ամիս։ Լաւաշը կարելի է չորցնել, ապա տեղ-տեղ ջուր ցանելով վրան՝ ստանալ նախկին փափկութիւնն ու թարմութիւնը։ Ահաւասիկ՝ քանի մը պատմութիւն, որոնք կ՚առընչուին հացին եւ ցոյց կու տան անոր զօրութիւնն ու փառքը։

ՀԱՑԸ ՃՇՄԱՐՏԱԽՕՍ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ

ԺԹ. դարուն Հայաստանի մէջ ստեղծագործող Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունին սովորութիւն ունէր որեւէ բան գրելու ժամանակ կտոր մը հաց դնելու իր առջեւ եւ ապա գրիչը շարժել մագաղաթին վրայ։ Ատիկա նշան էր, որ ան ամէն ինչ ճիշդ կը գրէր. «Հացին նայելով՝ մարդ եօթնապատիկ ճշմարտախօս կը դառնայ», կ՚ըսէր ան։

ՀԱՑԸ ԿԻՍԵԼ ԱՐԾԻՒԻՆ ՀԵՏ

Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցիի հրաշակերտ տաճարը կառուցելու ժամանակ հայոց ճարտարապետ Մանուէլը ամէն օր կտոր մը հաց կը վերցնէր, ծայրէն կը խածնէր եւ կը դնէր Րաֆֆի քարին, որուն վրայ մեծ վիպասանը գրած էր «Ձայն տուր, ով ծովակ» բանաստեղծութիւնը։ Հեռաւոր միջնադարուն եկեղեցին կառուցելու ընթացքին, կէսօրին, երկինքին մէջ կը յայտնուէր արծիւ մը, որ գեղեցիկ ճախրապտոյտներ ընելէ ետք, վայրէջք կը կատարէր քարին վրայ, կ՚ուտէր հացին պատառիկը եւ կրկին վեր կը սլանար... Օր մը Գագիկ Արծրունին Մանուէլ ճարտարապետին կը հարցնէ, թէ պատառը արծիւին տալը ի՞նչ խորհուրդ ունի. «Արծուաթռիչք կոթող կառուցելու համար մարդ պէտք է իր հացին պատառը կիսէ արծիւին հետ», կը պատասխանէ հայոց արարչագործ ճարտարապետը։

36 ԼԱՒԱՇ՝ ՄԱՇՏՈՑԻՆ

405 թուականին Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդավայր Հացեկացի գիւղացիները Վաղարշապատ գտնուող իրենց անուանի հայրենակիցին՝ Մեսրոպ Մաշտոցին, ուղարկած են 36 լաւաշ՝ ի նշան անոր ստեղծած 36 տառերուն։

Ի դէպ, Մաշտոցի ծննդավայր Հացեկացը այդպէս անուանուած է բերքառատութեան եւ հացառատութեան պատճառով։ Յայտնի էր թէ՛ Հացիկ եւ թէ՛ Խասիկ անուններով։

Այսօր Հացիկ անունով գիւղ մը կայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ախուրեան քաղաքէն 9 քիլօմեթր դէպի հիւսիս-արեւմուտք։ Այդ գիւղացիներուն նախնիները 1820 թուականին հոս հաստատուած են Բասէնէն, Մուշէն եւ Կարսէն։

Իրենց հացառատութեան շնորհիւ հայկական բազմաթիւ գիւղեր նոյնպէս իրենց անուանումին մէջ ունեցած են «հաց» արմատը:

Պատմական Հայաստանի Խարբերդ վիլայէթի Արաբկիր գաւառին մէջ նոյնպէս եղած է ծաղկուն գիւղ մը՝ Հացկնի (կամ Հասկնի) անուամբ։ 1915 թուականին այս գիւղը ունեցած է 115 ընտանիք, Եկեղեցի (Ս. Գէորգ) եւ հայկական վարժարան:

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին կան «հաց» մասնիկը իրենց անուանման մէջ պարունակող հետեւեալ գիւղերը. Հացաւան (Աբովեան քաղաքէն 15 քիլօմեթր հարաւ-արեւելք), ուր 1964-1968 թուականներու պեղումներու արդիւնքին յայտնաբեր-ւած է հնագոյն դարաշրջանի մեծ ամրոց մը։

Հացաւան անունով ուրիշ գիւղ մըն ալ կայ Սիւնիքի մարզին մէջ՝ Սիսիանի շրջան։

Հացաշէն (Թալին քաղաքէն 10 քիլօմեթր հիւսիս-արեւմուտք), որուն ներկայի բնակիչները 1918-20 թուականներուն գաղթած են Մուշէն։

Հացառատ (Գաւառ քաղաքին մօտ)։ Այս գիւղին մէջ պահպանուած է Ե. դարու սրբատաշ, խաչաձեւ գմբէթաւոր Ս. Աստ-ւածածին եկեղեցին։

ՀԱՑԵԱՑ ԴՐԱԽՏ

Հայոց պատմութենէն յայտնի է «Հացեաց դրախտ»ը։ Անիկա ձիթենազգիներու ընտանիքին պատկանող տերեւաթափ ծառերու՝ հացենիի փարթամ անտառապուրակ էր՝ Մեծ Հայքի Տուրուբերան նահանգի Տարօն գաւառի Աշտիշատ աւանին մէջ, ուր, ըստ աւանդութեան, կը գտնուէր Վահագնի մեհեանը։ Ըստ Փաւստոս Բիւզանդի, Գրիգոր Ա. Պարթեւը (Լուսաւորիչ), Աշտիշատի մեհեանը փոխելով մայր եկեղեցիի՝ Հացեաց դրախտի սրբազան աղբիւրի ջուրով մկրտած է հայոց զօրաբանակը։ Նոյն պատմիչին հաւաստմամբ, Հացեաց դրախտը բնակած է ասորի քարոզիչ Դանիէլ Եպիսկոպոս, որ Գրիգոր Լուսաւորիչը կարգած էր Տարօնի եկեղեցիի գլուխ, ինչպէս նաեւ՝ Մեծ Հայքի եկեղեցիներու վերակացու։ Յուսիկ Ա. Պարթեւի մահէն ետք (347 թ.) հայոց կաթողիկոսական գահու յաւակնորդ Դանիէլը սպաննուած է Տիրան թագաւորին հակառակելուն համար եւ թաղուած է Հացեաց դրախտի մէջ։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՑԻՆ ԱՌՋԵՒ

Իր փառքի օրերուն Աղեքսանդր Մակեդոնացին պաշարած էր հայկական բերդերէն մին:

Տեսնելով, որ հայերը բերդի աշտարակէն ճերմակ լաւաշ կախած են, ան զօրքը ետ կը քաշէ: Ճերմակ լաւաշը նշան էր, որ հայերը ո՛չ թէ անձնատուր կ՚ըլլան, այլ կը պահանջեն հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն:

Նոյնիսկ մեծն բռնակալը լաւ հասկցած է, որ հացին դէմ նիզակ ճօճելը լաւ չէ։

ՉԱՐԵՆՑԸ ԱՄՉՑԱՒ ՀԱՑԷՆ

Գրական ասուլիսի մը ժամանակ գրականագէտ Հայկ Գիւլիքեւխեան կծու խօսքեր կ՚ըսէ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի մասին։ Լուրը կը հասնի Չարենցին, եւ ան կ՚որոշէ հանդիպիլ եւ վիրաւորել Գիւլիքեւխեանը։ Ան գիտէր, որ Աբովեան փողոցը գրականագէտին հիմնական ճամբան է, կը կանգնի փողոցը եւ ծանօթ-անծանօթներուն կը պատմէ եղելութիւնը. «Թող գայ, հիմա ըսելիքս կ՚ըսեմ, ամբողջ Երեւանն ալ թող լսէ»։ Վերջապէս կ՚երեւի գրականագէտը՝ ձեռքին թարմ հաց մը՝ մատնաքաշ տեսակի:

Չարենցի հայեացքը կ՚իյնայ մատնաքաշին եւ կարծես լեզուն կը կապուի։ Հայկ Գիւլիքեւխեանը սովորականի պէս կը բարեւէ Չարենցը եւ կը շարունակէ ճամբան։ Երբ քիչ մը կը հեռանայ, Չարենցի շուրջինները կ՚ըսեն. «Դուն քու խօսքիդ տէրը չեղար»։

«Հացը խանգարեց զիս։ Ես չեմ կրնար թէկուզ մէկ չոր խօսք ըսել այն մարդուն, որուն ձեռքին հաց կայ։ Կ՚ամչնամ հացէն», կը պատասխանէ Չարենց։

ՈՍԿԵՄԱՅՐ ՈՒ ՈՍԿԵԾՂԻ

Հեթանոս հայերը կը սիրէին աստուածուհի Անահիտը, զոր կը կոչէին ոսկեմայր ու ոսկեծղի։ Բոլոր արտերը հնձելէ ետք, առաջին բերքի հասկափունջերը կը տանէին ու ատով կը ծածկէին Անահիտին արձանը։ Անոնք համոզուած էին, որ զոհաբերութեամբ կ՚ապահովէին իրենց բերքի պահպանումը աղէտներէն ու արհաւիրքներէն։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՀԱՑՈՎ

Սուրիահայ երիտասարդ բանաստեղծ Յարութ Վարդանեան կը գրէ «Խաղաղարար Կաղանդ» խորագրով բանաստեղծութիւններու շարքը՝ համացանցի միջոցով տարածելով աշխարհի բոլոր անկիւնները՝ իբրեւ խաղաղութեան պատգամներ։ Ան պատմութեան ակունքներէն վեր կը հանէ այն Կաղանդ պապան, որ իր ողջ ունեցուածքը վաճառած եւ բաժնած է աղքատներուն ու մանուկներուն՝ քարոզելով սէր, խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն.

Երկնաքարն ուսին,
Ոտքի տակ գացող աղքատին
Ալիւր-ալիւր աղալով
Հալէպ պիտի հասնի խաղաղարար Կաղանդ պապան
Կէս գիշերի մաղէն անցած այս տարի։

Յարութ Վարդանեանի Կաղանդ պապան կը շարունակէ Զահրատի Կաղանդ պապայի խաղաղութեան երթը, խօսելով միակ նուէր-փափաքի մասին, ինչ որ ունինք այս օրերուն, այն է՝ խաղաղութիւն։ Տօները կրկնակի իմաստ կը ստանան, երբ խաղաղութիւն կ՚իշխէ…

ՀԱՑԱՆՈՒՆՆԵՐ

Հայերը ստեղծած են հացի բազմաթիւ տեսակներ՝ լաւաշ, բլիթ (մանրիկ-մանրիկ հաց), գարեհաց, գուկար, ժենգեալով հաց (խառն կանաչիներով հաց) անեկ (անթթխմոր հաց), բոկեղ, բոքոն (ուռուցիկ ու հաստ կամ կլոր բլիթանման հաց), դոն կամ դոնիկ (երկարաձեւ բոքոն հաց), թերուն, թալուկով հաց (կը թխեն բուսաիւղով, համեմունքներով եւ նուռի հատիկներով), զեմպիկ, մատնաքաշ (30 սմ. երկարութեամբ, մատներով գծեր քաշած հաց), բաղարջ (չթթուած խմորէ թխած հաց), փուռնիկ (վերեւը կլոր, ներքեւը տափակ, կրակախառն մոխրի վրայ թխուող հաց), ալրեփշրիկ (փուռնիկի մէկ այլ տեսակ), պիշի (կտաւատի իւղի կամ այլ բուսաիւղի մէջ եփած թթխմորով հաց), զանգակ, ճաթ (կորեկի կամ եգիպտացորենի հաց), խորիսխ (իւղով եւ մեղրով թխած հաց, մեղրահաց), կոլոճ, նկանակ (կլոր հաց, բլիթ), նողլ, կուտհաց, կլիկ (կլոր հաց), կողին, կոկուծ, կորեկհաց, պան (փափուկ հաց), պաստաճիկ, ճարճրուկով հաց (կը թխեն եղջերաբոյսի տեսակով մը՝ ճարճարուկով եւ համեմունքներով), պուռմա, տողիկ, բմբոշ, հուսք, խաշխաշով հաց, խլրտիկ, կաթնահունց, մեղրահունց, պան, տամպուզ, բլիթ կրկեն (ջրաղացի մէջ՝ մոխրի վրայ եփած հաց), կուտանա (թոնրի մոխրի մէջ ինկած եւ այդպէս թխուած հաց), ճղրտակ, ճաղ (ոլորուած եւ հիւսուած հաց) ճմուռ (տաք իւղի մեջ բրդած նոր թխած հաց), սաճին կամ իծիմորեն (կը թխուի սաճի վրայ), եուխան (սաճի վրայ թխուող լաւաշ), սոմին, շրեշով (կը թխուի բուսաիւղով եւ համեմունքներով), շոթ (երկար հաց), եղինջով հաց, քոմպա (կը թխուի ջրաղացի տաք քարին վրայ), ըղըճրով (երկու կողմը սոխ քսած տաք հաց), քուլիճան, պահոց քուլիճան, պիտեն, բեսմետ, փարայով հաց, փափուճ, փուռիդ (փուռի հաց), տփալոշ (լաւաշ թխելէ առաջ թոնիրի մէջ թխուող հաց), ֆաթիր (սաճի վրայ եփուող կլոր հաց) եւ այլն:

Անտառային շրջաններու գիւղերուն մէջ կլոր հացը կը կոչուէր «պոմպ», հին հայերը զայն անուանած են «պան»: Նոյնպիսի հացը, բայց աւելի հաստ՝ անուանուած է «շաւթ» կամ «շոթ»:

ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՑԸ՝ ՏԱՐԵՀԱՑ

Հայաշխարհի մէջ սկսած են վերականգնիլ եւ աւելի յաճախակի թխել Կաղանդի ծիսական հացերը: Հին ժամանակ ալ Ամանորի պատրաստութիւնները սկսած են ծիսական հացի պատրաստութեամբ: Այս հացը կը կոչուի տարեհաց (նաեւ՝ տարի, տարի հաց, կրկենէ, կրկենի եւ այլն):

Տարեհացը կ՚ըլլայ կլոր կամ հաւկթաձեւ, մեծութիւնը՝ ըստ ընտանիքի անդամներու թիւին: Երբեմն զատ տարեհաց պատրաստած են նաեւ հիւրերու համար եւ զայն կիսած են հիւրերու ներկայութեամբ: Սովորութիւն էր տարեհացին երեսը զարդարել սերմերով եւ չոր, մանր պտուղներով:

Հացին մէջ կը դնեն «միջինք»՝ լուբիա, սիսեռ, պզտիկ կորիզ կամ մետաղեայ դրամ: Միջինքը տան այդ տարուան հարստութեան եւ բախտաւորութեան խորհրդանիշն է, ուտելու ատեն, որու որ բաժին իյնայ, այդ անձը կը դառնայ տարուան բախտաւորը:

Հայկական սովորոյթներու մէջ տարեհաց կը պատրաստեն նաեւ Զատկի տօնին եւ այլ ընտանեկան տօներու:

Ամանորեան հացերու երկրորդ տեսակը ասիլ-վասիլ, կամ ասիլ-բասիլ կը կոչուէր: Կը պատրաստուէր տղամարդու, կնոջ եւ երեխայի պատկերներով՝ դէմքերուն վրայ չամիչ դրուած:

Կաղանդին պատրաստուող հացի միւս տարբերակը՝ կլկալը կամ սամսան էր, որ կը ներկայացուէր անասուններու, քսակի, երկրագործական գործիքներու, մազի հիւսքի եւ այլ պատկերներով: Հայերը այդ կերպով հաւատացած են, որ տարին առատ եւ բարեբեր կ՚ըլլայ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2017